Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՈՐՈՒՍՏ

Դէպի երկինք ուղղուած սեւ թնդանօթներ՝ կը ծըխան

Ծխնելոյզները հսկայ։

Կը սըգայ

Սիրտըս նորէն յոյսերու, կապոյտներու հին տըղան։

Կը սարսըռայ կիտրոնի գոյն հեռուն լոյս մը՝ սարդէն

Քամուած շերամ։

Ի՜նչ փարթամ

Կըրակներով ես եկայ եւ ի՜նչպէս խոնջ եմ արդէն։

Շամփուրներու անցըւած եզներու պէս յամրօրէն

Փողոցները կ’արիւնին։

Գիշեր։ Ձիւնին

Թոյլ փաթիլները կ’իյնան հովին կոտրած թեւերէն։

Ապակիէ փէշերով լոյսերը կոյս՝ կը պարեն

Տանիքներու եզրերուն։

Կայծերու պէս թրթըռուն՝

Կառքերն անվերջ կը ցայտեն խաւարին սեւ մարմարէն։

Ու ցնծութիւն է հեռուն, նուագ ու սէր ու կաղանդ…

Ծփանք մը վէս,

Աշխարհ մը պերճ` որուն ես

Կը նայիմ մերթ կարօտով եւ մերթ աչքով մը անխանդ։

Ի՜նչ խեղճութիւն, չարութիւն… Գըլուխըս թոյլ՝ կը կախեմ

Խորխորատին վըրայ այդ։

Եւ մէջս ձայն մը անյայտ

Կ’ողբայ երկինք մը մեռած… Օ՜ այս քաղաքը դժխեմ…