Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սիրելի Պարոն ԹԷՐԶԻՊԱՇԵԱՆ

Ոգեկոչեր էք Վանը, Հայութեան սիրելի այս քաղաքը, անոր հետ նաեւ մեր սիրելի Խրիմեան Հայիկը։ Եւ այս անունները իմ մէջս կ՚արթնցնեն յիշատակներ այնքա՜ն հեռաւոր որ կարծես կորսուած են ժամանակին մթութեան խորը։

Աչքիս առջեւ կուգան Բերայի մեր տունը, մեր ծերունի խոհարարը, վանեցի մը որ միշտ ինծի կարդացնել կուտար «երկրէն» հասած իր նամակները։ Կը յիշեմ որ այդ նամակները, անփոփոխ կերպով, կը սկսէին հետեւեալ բառերով. «Ձեզի շատ բարեւ Կիրակոսէն, Մարկոսէն, Գրիգորէն…», եւ այսպէս անվերջ անուններ ամբողջ էջի մը, երբեմն նոյն իսկ երկու էջերու վրայ։ Յետոյ, խոհանոց իջնելով, ես ալ իր հետ կը բոլորուէիխոշոր «մանղալ»ի մը շուրջը եւ կը ջանայի զինք հմայել իմ մանկական  պերճախօսութեամբս, խօսելով միջազգային քաղաքականութեան, մանաւանդ Կլատսթոնի եւ Սօլզպէրիի վրայ, որոնց մասին անսահման յարգանք կը սնուցանէր, որովհետեւ զանոնք կը  նկատէր Հայաստանի փրկիչներ։

Ի՞նչ պիտի ընեն, պէ՛յս, մեզի համար, կը հարցնէր անձկութեամբ, մինչդեռ յոյսի ցոլք մը կը շողար իր աչքերուն մէջ։

Ի՞նչ եղած են արդեօք այս պատուական մարդիկը, հայրենասէր, տոկուն, եւ այնքա՜ն հաւատարիմ որ ինքզինքնին իրապէս ընտանիքին անդամ կը համարէին եւ այդպէս ալ կը նկատուէին մեր կողմէն, կը սիրէին ըսել «մենք», կամ «մեր տունը» երբ մերիններուն կ՚ակնարկէին։ Շատ հաւանականաբար մեծ մասը կորան հուրի ու սուրի այն մեծ ուրականին մէջ որ այնքան դաժանօրէն իջաւ Հայաստանի վրայ, եւ իրենց քաղաքն ալ, Ձեր քաղաքը, աւերակ դարձուց ինչպէս ուրիշ այնքան չէն ոստաններ։

Աչքիս առջեւ կը յայտնուի նաեւ Խրիմեանը։ Մեծղի՞ էր իրօք։ Չեմ յիշեր։ Ամէն պարագայի մէջ, իմ մանկական աչքերուս առջեւ, հսկայ մը կը թուէր։ Յաճախ կուգար մեր տունը եւ կը գիշերէր մեր մօտ։ Մայրըս, հօրեղբայրս, եղբայրներս կը պաշտէին զայն, ես ու փոքր քոյրս նոյնպէս կը սիրէինք զինքը, բայց բոլորովին տարբեր պատճառով մը, որովհետեւ գրպանները միշտ լեցուն էին անանուխով թրծուն շաքարեղէններով զորս շռայլօրէն կը բաշխէր մեզի։ Երբ Էջմիածին գնաց Ս. Լուսաւորչի գահը բազմելու, հօրեղբայրս կարծեմ մեծ ու կարեւոր դեր մը խաղաց իր ընտրութեան մէջ, իր յիշատակը երկար ատեն անմար մնաց մեր մօտ, իր վեհաշուք պատկերը իսկոյն մարմին կ՚առնէր մեր աչքերուն առջեւ, երբ սեղանատան մէջ կը տեսնէինք այն մեծ թիկնաթոռը որ իրեն սահմանուած էր եւ զոր  «Հայրիկին աթոռը» կը կոչէինք։

Հաճոյքով կարդացի Ձեր գիրքը, որուն մէջ փոթորկոտ անցեալի մը յիշատակները կ՚ոգեկոչէք կեանքով ու լոյսով բաբախուն եղանակով մը որ այնքան հրապուրիչ կը դարձնէ զայն։ Խրիմեանի հանդիպումը, սովի եղերական օրերուն, այն զարմանալի կնոջ հետ զոր հանրային երախտագիտութիւնը «Մարիամ փաշա» կանուանէր, մեծութենէ զուրկ չէ։ Եւ այն միւս անցքը որուն մէջ կը յայտնուի Քիւրտի մը դիմումը Խրիմեանին` զինքն ու իր մարդիկը քրիստոնեայ մկրտելու խնդրանքով, պայծառօրէն կը պատկերացնէ փոխյարաբերութիւնները Հայ եւ Քիւրտ  ցեղերուն, որոնք կրնային իրարու ձեռք տալ, եթէ Ապտիւլ Համիտի դժոխային միտումները զանոնք իրարուն դէմ գրգռած չըլլային։ Ախորժով կարդացի նաեւ Վանայ երեւելիներուն գաւազանահարութեան դէպքը, ու մանաւանդ Խրիմեանի ապարդիւն ջանքերն ու հնարամտութիւնը այդ երեւելիներուն հոգածութեան առարկայ դարձնելու համար Վարագայ մէջ իր հիմնած երկրագործական վարժարանը, որ պիտի փակուէր անտարբերութեան պատճառաւ։ Այլապէս հաճելի ընթերցում մը եղաւ ինծի համար Վանայ նոյն ատենի երկու սուրբերուն, Յուսիկ վարդապետի եւ մեր մեծ Խրիմեանին նուիրուած գլուխը։ Տեղ, տեղ, անակնկալը ունեցայ հանդիպելու ինծի ծանօթ դէմքերու, ինչպէս Սրուանձտեանց Սրբազանին, մէկն մեր այն եկեղեցականներէն որոնք գիտէին իրենց կրօնական հաւատքին հետ ներդաշնակ պահել իրենց հայրենասիրական զգացումները, եւ որոնց թիւը, աւա՜ղ, այնքան ողբալի սակաւութեան մը իջած է այսօր։ Ու նաեւ Ռուսիոյ հիւպատոս Կամսարականին, որ մինչեւ իր խոր ծերութեան օրերը հաճոյասէր եւ լաւատես մարդ մը մնաց, եւ որ ինծի այնքա՜ն յանկուցիչ որամտութեամբ թրծուած անէկտօթներ պատմած է Ցարական Ռուսիոյ, ռուսեւթուրք քաղաքականութեան եւ Վանայ իր հիւպատոսութեան շրջանին նկատմամբ։

Յետոյ անկարծ, այս նշանաւոր դէմքերուն քով, աչքիս առջեւ պարզուեցաւ պատկերը ծերունի ղարիպ տէրտէրի մը, նոյնպէս Վանեցի, որ ամէն երկուշաբթի մեր տունը կը ճաշէր։ Բայց այնքան դողդոջուն էր, որ սեղանին մէկ ծայրը կը նստեցնէին զինքը միւսներէն առաջ մինակ, եւ իր առջեւ անձեռոց մը կը տարածէին սփռոցը մաքուր պահելու համար։ Եւ որովհետեւ, շատ պզտիկ ըլլալուս, չէի կրնար սպասել մինչեւ ընտանեկան ճաշի ժամը, ես ալ սովորաբար կը գրաւէի սեղանին  մէկ ուրիշ ծայրը ղարիպին հետ գլուխ գլխի, բայց փոխանակ ապուրս խմելու կամ դդմաճս  կլլելու, հակառակ յոյն ստնտուիս ճիգերուն, աչքերս չէի կրնար բաժնել տէրտէրին շրթունքներէն, որոնց վրայ կամ օրհնէնքմը կար կամ հայրենիքի կարօտը։

Յետոյ մեծցայ, հեռացայ Պոլսէն, եւ Վանը իմ աչքիս այլեւս ամէն նշանակութիւն կորսնցուց մինչեւ մեծ պատերազմը, որուն ընթացքին այնքան անդամներ Ձեր սիրելի քաղքին անունը այժմէութիւն ստացաւ։ Իր փրկութիւնը Ռուսերուն ձեռքով, որոնց այնքան նպաստած էին Վանեցիք իրենց հերոսական ինքնապաշտպանութեամբ, խանդավառութեամբ լեցուց մեզ, ինչպէս իր կորուստը, աւելի ետքը, արցունքով պիտի լեցնէր մեր աչքերը…։ Հինգ տարի առաջ, Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Էջմիածնի մէջ, շատ Վանեցիներու հանդիպեցայ։ Ա՜հ, բարի մարդիկը, հակառակ իրենց դժբախտութեան, հակառակ աքսորին, որովհետեւ Վանէն հեռու մնալը, նոյնիսկ ամենափարթամ վայրերու մէջ, աքսորի մը համարժէք է իրենց համար, անվթար պահած էին հայ ցեղին բոլոր յատկութիւնները, անոր տոկունութիւնը, յարատեւութիւնը, հաւատքը, աշխատութեան  ընդունակութիւնը, ինքնատպութիւնը։ Պէտք չէ յուսահատինք, քանի դեռ այս կարգի մարդիկ ունինք, կրնանք վստահութեամբ սպասել այն օրուան ուր մեր ժողովուրդը պիտի վերագրաւէ իր արժանաւոր տեղը եւ Մերձաւր Արեւելքի մէջ պիտի կատարէ այն պատմական  դերը որ իրեն վիճակուած է

Շնորհաւորութիւներով մնամ  Ձեզ բարեացակամ

ԼԵՒՈՆ Կ. ԿԵՐՏԱՆ

Փարիզ, 22 Ապրիլ 1938