Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՎԻՆ ԲԱՇԱՆ

Սովէն ամէնէն աւելի տուայտողներ այրի կիներն էին։ Տառապանքը, անոր համանմանութիւնը իրարու մօտեցուցեր են այդ դասուն պատկանողները։ Յետոյ, շահակցութիւնը` աստիճանաբար դասակարգային գիտակցութեան մղած է այդպիսիները եւ կազմակերպութիւն տուած անոնց։ Այսպէս, այն չափով որ անոնք  իրարու կը միանան, այն չափով որ անոնք ուժ կը տեսնան միութեան մէջ, նոյն չափով կ՚աճի անոնց թիւը։ Ու ահա, որ մըն ալ կը տեսնեն  որ բանակ մըն են արդէն, բանակ մը առանց հրամանատարի։ Եւ հրամանատար կը ծնի այնպէս, ինչպէս կը ծնին առհասարակ կիսավայրենի ժողովուրդներու մէջ աշիրէթապետները, ամէնէն ուժովներէն, ամէնէն կարիճներէն։

Ամէնէն կտրիճը, համարձակը, լեզւով եւ ձեռքով-ոտքովը` այդ կիներու մէջ, Մարիամն է, որ անմիջապէս կ՚ստանայ համապատասխան տիտղոս եւ կը դառնայ Մարիամ բաշա։

Լեզուն մինակ չէր բաւեր անշուշտ։ Մարիամ բաշան թիկնեղ կին մըն է, բարձրահասակ։ Վիշտն ու տարիքը լայն ակօսներ բացած են անոր արեւահար դէմքին վրայ, բայց չեն կրցած ծռել անոր ձիգ հասակը` որ, ճերմակ լաչակներուն ներքեւէն փայլող անոր թուխ խոշոր աչքերուն հետ, արդէն հրաման արձակելու իրաւունք մը կուտար անոր։

Մարիամ բաշան` իր հաւատարիմներովըշուտով կը դառնայ ակնածելի ուժ մը, զոր կը սկսին լրջօրէն հաշուի առնել քաղաքին մեծատուները, փռապանները, Սովելոց Յանձնաժողովը, նոյն իսկ կառավարութիւնը։

Անօթութեան, յուսահատութեան ուժն է ան, որուն ժանիքներէն ամէնէն աւելի կը սարսափին երջանիկները։ Անոր ժանիքը այնքան սուր է որքան ստամոքսը պարապ։

Այդ ժանիքը, անոր ամէնէն սուր մէկ օրը, ան կը ցուցնէ օրուայ վալիին։

Մարիամ բաշան` այրիներու բանակին գլուխը, զոր, այդ օրը, ան ստուարացուցած էր անոնց որբերովը, կուսակալ Հասան բաշայի ճամբան կը բռնէ։

Դէմ դէմի կուգան երկու բաշաները, կուշտ բաշան եւ անօթի բաշան, երկրի օրէնքի բաշան եւ բնութեան օրէնքի բաշան։

Հա՛ց, կը հրամայէ Մարիամ բաշան, կուսակալի ձիու սանձէն բռնելով։

Կուսակալը` Մարիամ բաշան անօթիներու իր բանակովը` զինուորական կապալառուին կը ղրկէ եւ, զինուորներու պարէնէն հաց տալ կուտայ անոնց։

Բնութեան անգիր օրէնքը յաղթած էր մարդկանց գրաւոր օրէնքին։

Այդ օրէն, Մարիամի բաշայութեան տիտղոսը նուիրագործուած է այլեւս։ Անոր տիտղոսը այլեւս հեգնութեան իմաստը չտար։ Ան հիմա իսկական բաշան է, օրուայ բաշան։

Ու կը պատահաի որ իրիկուն մը, երբ Հայրիկ ձի կը նստի  Առաջնորդարանէն տունը վերադառնալու համար, Մարիամ բաշան բռնէ ձիուն սանձը։

Մարիամ բաշան եւ Հայրիկ զիրար կը ճանչնան։ Բաշան անոր հետ մտերմիկ թօնով կը խօսի,

Սրբազա՛ն, այս «տէլեր»ը այսօր բան մը չեն կերած կ՚ըսէ ան։

Վանի «արկօյ»ին մէջ «տէլ»ը շան էգն է, զոր առհասարակ կիներն են որ իրարու համար կը գործածեն որպէս անարգանքի, արհամարհանքի եւ կամ արգահատանքի արտայայտութիւն։

Ինչ ընենք, Մարիա՛մ կը պատասխանէ Հայրիկ, նոյնքան մտերմիկ թօնով։

Նախ ձիէն վար իջէք։

Հայրիկ կը հպատակի, ձիէն կ՚իջնայ, Առաջնորդարան կը բարձրանայ, Մարիամ բաշան ետեւէն։

Ի՞նչ կրնանք ընել կ՚ըսէ Հայրիկ, այս անգամ լրջօրէն։

Հայրիկ գիտէ որ բաշան որքան յանդուգն, նոյնքան խելացի, իր պաշտօնին եւ դերին գիտակից կին մըն է։

Այս օրուայ համար «պսակըն» է զատ ուրիշ ճար չկայ կ՚ըսէ վճռաբար հրամանատարուհին։

«Պասկըն» փորձուած գրութիւն մըն է։ Բանակը` փոքր խումբերով, գաղտագողի, մեծատուներէն մէկուն տան շրջակայքը գիրքեր կը բռնէ։ Այրիներէն  մէկուն պաշտօնը կ՚ըլլայ տան դուռը  բանալ տալ եւ կամ անոր բացուելուն սպասել։ Դուռը բացուելու պէս, այրին Դրան եւ սեմին մէջ կը մտնայ եւ նշանը  կուտայ։ Պահուըտող խումբերը մէջտեղ կ՚ելնեն անմիջապէս, դրան վրայ տը խուժեն, տունը կը գրաւեն  եւ ձեռքերնին կը դնեն հացի պաշարին վրայ։

«Պասկըն» իր սեփական օրէնքն ունի, այնպէս, ինչպէս գործարաններու գրաւումներու վերջին նորոյթը Ֆրանսայի մէջ։ Եփուած հացէն ի զատ, ոչ մէկ ուրիշ բանի, ոչ իսկ ալիւրի եւ կամ ուրիշ սննդեղէնի  դըպչելու իրաւունք չտար ան։ «Պասկըն» տեղի կ՚ունենայ, առհասարակ, նոր հաց թխողներու տան վրայ։

Գաւառներու մէջ, բարեկեցիկ դասակարգը, առհասարակ, փուռէ հաց չի դներ, այլ 2-3 շաբաթ անգամ մը տան մէջ կը պատրաստէ հացը։ Տան մը մէջ ամէն բան գաղտնի կարելի է ընել բայց ոչ հաց թխելը։ «Թաղա» հացին հոտը ամբողջ թաղը կը բռնէ։

Իրեն յատուկ կարգ կանոնովը եւ անհրաժեշտութեան նկարագրովը հանդերձ, «պասկըն» բռնութեան գործ մըն է եւ Հայրիկ բնականաբար չէր կրնար իր մեղսակցութիւնը բերել բաշայի ծրագրին։

Բայց Հայրիկ գիտէ որ բաշան իրմէն աւելի ծանօթ է դրութեան, նոյնիսկ Յանձնաժողովի միջոցներուն, որուն ինքը նախագահն է։

Բայց, ինչո՞ւ Մարիամ բաշան ինքնագլուխ չէր ձեռնարկած «պասկըն»ին  եւ եկած էր, առաջին անգամ ըլլալով, Հայրիկի խորհուրդը հարցնելու։

Այս հարցն էր ահա, որ Հայրիկ դրած էր ինքն իրեն։ Հարցին պատասխանը գտնելու իր դժուարութեան  առջեւ ան կ՚ուղղուի բաշային։

Հայրիկ ե՞րբ խառնուեր էք անոր խորհուրդը կը հարցընէք։

Հայրիկ մոռցեր է որ վերջին «պասկըն»` կատարուած քաղաքին երեւելիներէն Այազեանի տան վրայ, ահագին ըսի ըսաւներու տեղի տուած է։ Այազեան` Պօղոսեան կուսակցութեան շէֆերէն է եւ, Պօղոսեաններէն ոմանք այն կասկածն ունեցած են, թէ Հայրիկի գիտութեամբ  եղած է որ բաշան կոխած է Պօղոսեանի մը տունը։

Հայրիկ լսած է շշուկը, բայց կասկածէն փարսախներով բարձր, զայն մոռցեր է անմիջապէս։

Հրամանատարուհին սակայն խելացի եւ քաղաքագէտ կին, չէ մօռցած գրախօսութիւնները եւ եկած է Հայրիկին բերելու դիւանագիտական խորհուրդ մը։

Այսօր եկած եմ Հայրիկին ըսելու որ այս անգամ Ապօղոսեանի մը տունն է որ պիտի կոխենք։

Հայրիկ կ՚անդրադառնայ եւ կը ժպտի։

Հոտը որու տունէն առած էք։

Թարզիպաշոնց տունէն։

Հայրիկ` աչքերը ձեռքի համրիչին վրայ խոնարհած, ջղուտ մատներով կը դարձնէ անոր հատիկները։ Յայտնի է որ տալիք պատասխանը կը փնտռէ ան։

Մարիամ բաշան զուր տեղ վայրկեանները կը համրէ։ Գութը եւ դատողութիւնը պայքարի մտած են Հայրիկի մէջ։

Առաջնորդ, Սովելոց Յանձնաժողովի նախագահ, ինչպէ՞ս դաւակցութեան մէջ մտնել մէկու մը դէմ, որ անգամ է իր նախագահած  ժողովներէն  ե՛ւ Քաղաքականին, ե՛ւ Սովելոցին եւ որ բարեկամ մըն է միաժամանակ։

Ինչպէ՞ս թոյլ տալ որ այրիներ եւ որբեր, հարիւրներով, անօթութենէ լլկուին։

Պայքարէն, վերջապէս, լոյս մը կը ծագի Հայրիկի մէջ։ Ան գլուխը կը վերցնէ Բաշային հարցնելու,

Քանի՞ հոգի են անօթիները,

Հինգ հարիւր հոգիի չափ կան։

Հացին հոտը ե՞րբ առած էք։

Այսօր։

Քանի՞ հաց կրնայ գտնուիլ Թէրզիպաշեանի տան մառանը։

Օ՜, քանի մը անգամ հինգ հարիւր հաց։

Հայրիկ վստահ է թէ Մարիամ բաշայի պատասխանները մասնագիտական են, ճիշդ եւ լաւ հաշւուած։

Ան հրաման կ՚ընէ որպէսզի  ձին ախոռը քաշեն։

Այս գիշերը հոս պիտի մնամ կ՚ըսէ ծառային։

Յետոյ, բաշային դառնալով,

500 հաց քանի՞ հոգի կրնայ վերցնել։

Տասը հոգի կը բաւէ։

Լա՛ւ, տասը հոգի առէք ուրեմն եւ ետեւէս եկէք։

Ու ահա Հայրիկ, ժպիտը երեսին, մեր բակին մէջ, Մարիամ բաշան հետը, տասը օգնականները ետեւէն։

Ճշմարիտ անակնկալ մը։

Հայրիկի ժպիտը կը լրացնէ երեւոյթին բացատրութիւնը։ Հայրս րոպէապէս կ՚ըմբռնէ զայն, Հայրիկը վեր հանգչելու կը հրաւիրէ ան եւ կը հրամայէ անոր կարգադրութիւնը գործադրել անմիջապէս եւ նոյնութեամբ։

Երբ դուռը կը բացուի, ճամբայ տալու համար, որպէսզի տասը կիները իրենց հացի բեռներով դուրս ելնեն, դուրսէն կին մը դրան եւ սեմին միջեւ կը մտնայ եւ նշանը կուտայ, քովընտի փողոցներէն  տասը անգամ տասը ուրիշ կիներ անակնկալօրէն մէջտեղ կ՚ելնեն, տասներուն վրայ կը յարձակին եւ կը խլեն հացերը։ Այս յարձակումը առաջին նշանը կ՚ըլլայ։ Դուռը բացուած է անգամ մը ու անոր գոցուիլը արգիլուած, յարձակողները` կին, մարդ, երեխայ տունը կը խուժէն։ Մարիամ բաշայի հեղինակութիւնը մեծ հարուած մը կրած է։ Ամբոխին խառնուած են նոր տարրեր, մանաւանդ այրեր, որոնք Մարիամ բաշայէն աւելի իրենց ստամոքսին  ձայնն է որ կը լսեն։ Զուր կ՚անցնին բաշային սաստոցները, Հայրիկի յորդորները  անգամ ապարդիւն  կը մընան։ Հօրս գործանական ոգին է նորէն որ առաջքը կ՚առնէ բռնի միջոցներու։ Հինգ հարիւր հացերը գացեր են արդէն անորոշ  հասցէներով, Հայրիկի բլանը խանգարուած է։ Նոր կարգադրութեամբ իւրաքանչիւր այցելու հաց մը պիտի ստանար, ձեռքին վրայ մելանի նշանի մը փոխարէն (Սովելոցին կիրարկած միջոցը)։ Ժամերը կը սահին եւ սակայն առանց նշանի այցելուներու կարգը չվերջանար։ Սահող ժամերը` իրենց կարգին, կը ծառայեն նոր կարգադրութեան լուրը քաղաքին մէջ տարածելու։ Լուրը Հայկավանքը կը հասնի, այնտեղէն Այգեստան։ Այդ կողմերէն ալ կ՚սկսի հոսանքը, որուն խառնուած են հիմա Թուրքեր, Քիւրտեր, Գնչուներ, այնպէս որ ոչ միայն չեն բաւեր քանի մը անգամ 500 հացեր եւ դրացիներէն  փոխ առնուածները` այլեւ, գոհացնելու համար վերջին հասնողները` հարկ կ՚ըլլայ բանալ ալիւրի պարկերը եւ մէկ մէկ աման ալիւր  տալ անոնց։

Մարիամ բաշան անտարբեր չմնաց կարգը պահելու գործին։ Ան` մեղմելու համար աստիճան մը իր վրայ ծանրացող պատասխանատուութիւնը, մինչեւ վերջը մնաց պարտականութեան գլուխը։ Հայրս շնորհակալ եղաւ անոր, բայց ոչ Հայրիկ, որ մեկնելու պահուն, ըստ սովորութեանը, ձեռք առաւ անոր վրիպած հեղինակութիւնը, եւ երեսն ի վեր ըսաւ անոր։

Կնիկէ բաշան ալ այսքան կրնայ ըլլալ։

Յաջորդ օրը լուրը շրջան ըրաւ իր ամբոխային արձագանգներովը։

Հայրիկ եւ Մարիամ բաշան Թէրզիպաշեանի տանը վրայ «պասկըն» տուած են։

Հայրիկի եւ հօրս բարեկամները… լեցուն բերնով արձագանգ  տուին այս արձագանգներուն ։

Երբ քանի մը օր վերջ Հայրիկը այցելութեան եկաւ մեզի, հօրս եւ հօրեղբօրս հետ բաւական խնդացին թէ՛ «պասկըն»ի դրուագներուն եւ թէ՛ անոնցմէ ծնած լուրերուն վրայ։

Հապա հետեւանքնե՞րը։

Ձեր հացին ճերմակութեան պատճառաւ, կիները` առջի օրը, ծեծած են մեր պահեստապետը, եւ`

Մեր հացին ճերմակութեան մեղքն ի՞նչէ, հօրս հարցումին։

Ձեր հացը ուտելէն վերջ, հիմա մեր հացին վրայ ամէն մեղք կը գտնեն, յարդ, աւազ, կուսբ։