Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՐ ԱՐԾԻՒԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ԱՆԳՂԻՆ

Նոյն շաբթուան կիրակին Խաչի տօնն է։

Աղթամարի Խաչատուր կաթողիկոսը քաղաքը կը գտնուի, եւ նոյն օրը, պիտի պատարագէ Սուրբ Նշան եկեղեցիին մէջ։ Պօղոս եւ Երեմիա եպիսկոպոսներն ալ պիտի սպասաւորեն պատարագին, իսկ Հայրիկ պիտի խօսի քարոզը։

Որպիսի՜ մեծ հանդիսութիւն։

Նման հանդիսութիւններ քառասուն տարին անգամ չեն պատահիր Վանի մէջ։ Եկեղեցին՝ եթէ տասն անգամ աւելի լայն եղած ըլլար, նորէն նեղ պիտի գար այդ օր, հոն խուժող ժողովրդեան համար։

Եթէ բաղդատութեանս մէջ քիչ մը առատ եղայ, գուցէ պատճառն այն է որ ես ալ իմ դերն ունէի օրուայ հանդիսութեան մէջ, շապիկ հագած էի եւ թափորին մէջ կաթողիկոսին ոսկեհուռ շուրջառին ծոպէն բռնած, յետոյ, քարոզի պահուն, որ կարճ տեւած չէր, կաթողիկոսին ոսկեպատ՝ բայց ծանր չաթալ-թագը՝ թեւերուս վրայ կրած էի, այնքան հաճոյքով, որքան միլիոնատէր մը իր ոսկիներուն բեռներն։

Հայրիկի քարոզը՝ այդ օրը քարոզ չէր, այլ ընտանի խօսակցութիւն մը՝ իր հօտին հետ, սրտաբաց, մտերիմ, որ առհասարակ ա՜յնքան դիւթական կ՚ընծայէր անոր քարոզները։ Քարոզին մէջ, սրամիտ ակնարկութիւններով՝ ան պատմութիւնն ըրաւ Մանտան գիւղի կողոպուտին առիթով իր քարոզին «Արձագանգ»ի մէջ կրած այլափոխուած արձագանգին եւ, «զորս դու պատուիրեցեր» խարանեց թերթն ալ, թղթակիցն ալ, մեթոտն ալ եւ կրկնելէ վերջ այն ամէնը ինչ որ ըսած էր կուսակալին, որպէս վերջաբան եզրակացուց թէ՝ պէտք է հրաժարինք անուղղիղ մեթոտներէ, չարամիտ հրատարակութիւններէ եւ մեր յոյսը դնենք մեր վրայ, մեր բարեխնամ կառավարութեան վրայ եւ անկէ սպասենք այն ամէնը՝ որուն պէտք ունինք։

Պատարագէն վերջ, մեր տունը ճաշի են կաթողիկոսը, Հայրիկ, երկու եպիսկոպոսները, ուրիշները։ Հայրս շատ կը սիրէ ընել այս տեսակ հիւրասիրութիւններ, որոնք առհասարակ կը յատկանշեն հիւրընկալին դիրքն ու ազդեցութիւնը։ Չէ՞ որ դիրքն ու ազդեցութիւնը խոտի պէս են, կը չորնան եթէ երբեմն երբեմն չոռոգես զանոնք։

Առաջին խօսքը՝ նման հանդիսութիւններէ վերջ, երբ ամէն ոք թէյի հետ շունչ կ՚առնէ քիչ մը օրուայ յոգնութիւնէն, կը դառնայ առհասարակ օրուայ քարոզին շուրջ։ Այդ առաջին խօսքը կաթողիկոսին կ՚իյնար եւ ան չուշացաւ։

Սքանչելի խօսեցաք Սրբազան հայր։ Միայն թէ… ա՜յ… ա՜յ…։

Կաթողիկոսը յօդացաւ ունէր եւ ճիշտ այդ րոպէին բռնած էր անոր ցաւը։ Այդ ցաւը կը բռնէր ոչ միայն հիւանդութեանը, այլ նաեւ կաթողիկոսին, իրեն ուզած ատեն, երբ պէտք ունենար անոր։ Ցաւը՝ իր ուզելով եղած ըլլար թէ հիւանդութեանը, բռնած ատեն, քարտուղարը, Պետրոս էֆէնտին, որ միաժամանակ լաւ մարձիչ մըն էր, անմիջապէս հիւանդին սրունքներուն վրայ կը խոյանար եւ արագ մարձումի մը կ՚ենթարկէր զանոնք, ցաւը կ՚անհետանար նոյն հետայն։

Կաթողիկոսին ա՜յ…երուն վրայ ուրեմն, քարտուղար-մարձիչը իր դերին անցաւ եւ ցաւը նուաճեց անմիջապէս։

Վեհափառը՝ ցաւը մոռցաւ, Հայրիկի քարոզին առիթով ըրած վերապահումին նախաբան՝ անոր հետ։ Հարկ եղաւ որ Հայրիկ յիշեցնէ զայն։

Միայն թէ… ըսիք, Վեհափառ,

Ե՞ս, քաւ լիցի, ատանկ բան մը չըսի։

Պէտք եղաւ որ Պօղոս եպիսկոպոս ալ վկայութեան գայ.

Այո՛, Վեհափառ ըսիք,

Այո՛, այո՛ յիշեց Վեհափառը քարոզը սքանչելի էր, միայն թէ ձեր մէկ խօսքը կրնայ չար մեկնաբանութիւններու տեղի տալ։

Յայտնի էր որ յօդին ցաւին պէտք ունեցած էր Նորին Վեհափառութիւնը։

Ո՞րը Վեհափա՛ռ,

Այն, որուն մէջ ըսիք թէ «ինչպէ՞ս ես կրնամ ձեզ զինել կառավարութեան դէմ, քանի որ գիտեմ թէ բան մը չենք կրնար ընել»։

Խաչատուր կաթողիկոս խելացի եւ խորագէտ մէկն էր։ Հայրիկ կը ճանչնար զայն։ Ան անմիջապէս ըսաւ։

Իրաւունք ունիք, Վեհափա՛ռ։ Բոլորովին աւելորդ էր այդ բացատրութիւնը։

Հիչ ալ աւելորդ չէր, ընդմիջեց յանկարծ Պօղոս եպիսկոպոս։

Ներկաները՝ զարմացմամբ՝ իրենց ակնարկները ուղղեցին դէպի պահպանողական եպիսկոպոսը, որ փոխանակ ընկրկելու՝

Այո՛, եթէ ես գիտնամ թէ հրացան առնելով, այս ժողովուրդը բան մը կրնայ ընել Օսմանցիին դէմ, ես ալ իմ հրացանը կ՚առնեմ եւ ժողովրդեան մէջ կը մտնեմ։

Ծօ՜, մուկն ալ օրօճ, բացագանչեց յանկարծ Հայրիկ։

Քահ-քահը բրդաւ։

Ոչ մէկ խօսք, այդ րոպէին, այնքան կը պատշաճէր հին գլուխ Առաջնորդին այդ անակնկալ ելոյթին, որքան Վանեցիի ֆօլքլօրին մէջէն Հայրիկի՝ վայրկենապէս գտած այդ ժողովրդական ասացուածքը։

Չէ՞ որ մուկին օրօճը  (պահեցողութիւնը) զարմանալիքներուն զարմանալին է, այնքան զարմանալի, որքան թրքասէր եկեղեցականին՝ թուրքի դէմ զինուիլը։

Այդ զարմացական եւ քիչ մըն ալ համարձակ օրինակովը, Հայրիկ բնորոշած էր պահպանողական եկեղեցականին՝ գուցէ գործնական ոգիէն բխող այդ անակընկալ արտայայտութիւնը, որ մաս կը կազմէր անոր հիմնական ուղղութեանը եւ զոր ան՝ որպէս տըվիզի, խտացուցած էր վեց բառի մէջ։

«Տէրութեան դէմ տէրութիւն միայն կրնայ ելնել»։

Հայրիկ թօնը փոխեց անմիջապէս։

Ինչ կ՚ըսէ թող ըսէ Սրբազանը։ Դուք իրաւունք ունիք Վեհափա՛ռ։ Փափաքը ուրիշ բան է, քարոզը ուրիշ։ Քարոզիչը պարտաւոր է իր խօսքերուն չափը պահել եւ զգոյշ մնալ։

Ճաշին պատրաստ եղած ըլլալու հրաւէրը ընդմիջեց խօսակցութիւնը։ Քարտուղար-մարձիչը տիրոջը  մօտեցաւ եւ վրայէն առաւ Շատախի շալէ՝ մանիշակագոյն եւ մետաքսի պէս փայլող վերարկուն։

Կաթողիկոսին վերարկուն անոր տեսակ մը րէքլամի տեղ կը ծառայէր օտարներու քով։ Առաջին անգամ զայն տեսնողը՝ անկարելի էր որ հիացումը չյայտնէր անոր գործուածքի նրբութեան մասին, որուն՝ խորագէտ եկեղեցականը իր պատրաստի պատասխանն ունէր։

Իմ թեմիս մէջ հիւսել տուած եմ։

Թօնով մը՝ որ կրնար մեկնուիլ թէ ինքն ալ դեր մը ունեցած էր թեմին մէջ գոյութիւն ունեցող այդ նուրբ ճարտարարուեստին ստեղծումին մէջ։

Ճաշասրահը անցնելէ առաջ, կէս կրօնական արարողութիւն մը կայ կատարելիք։ Վեհափառը ձեռքերը պէտք էր լուանար։

Աղթամարի կաթողիկոսին ձեռնալուան՝ Աւագ Հինգշաբթիի ոտնալուային պէս բան մըն է։ Ներկաները ոտքի պէտք է կենան եւ լուացանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին «Այսօր անճառ» շարականը պիտի երգեն։

Կոնքը իմ ձեռքիս մէջ, ջրամանը մեծ եղբօրս, երեսսրբիչները երկուքնուս թեւերուն վրայ, ամենայն երկիւղածութեամբ ներկայացանք վեհափառին։

Կաթողիկոսին հետ ամէնքը ոտքի ելան եւ Հայրիկ սկսաւ երգել շարականը։ Ոչ ոք ուզեց իր ընկերակցութեամբ խանգարել անոր զմայլելի ձայնը։

Կաթողիկոսը հպարտ եւ ինքնագոհ՝ երկարելով երկարեց զինքը փառաւորող արարողութիւնը։ Օճառը, իր օճառէն աւելի ճերմակ ձեռքերուն մէջ՝ ան կարծես  շարականին կշռոյթը կուտար իր լուացանքին։ Ձեռքերէն վերջ՝ ան լուաց իր նուրբ երեսը, գրեթէ կանացի, որուն նեարդէ զուրկ մորթը՝ ջուրին տաքութեան ազդեցութեամբ վարդի գոյն առաւ։ Երեսէն վերջ՝ ան ջուրի ցօղ մըն ալ իր մազերուն տուաւ։ Կարծես օծում մըն էր որ տեղի կ՚ունենար, եւ ես, անոր մէջ ունեցած դերովս, հակառակ՝ հետզհետէ ծանրացող կոնքին ինձ պատճառած նեղութեանը, կաթողիկոսին  չափ, եթէ ոչ աւելի, ինքնագոհ կը զգայի ինքզինքս, այդ րոպէին։ Խաչատուր կաթողիկոսը  չափազանց նուրբ դէմք մը ունէր, բայց մարմնով շատ փոքր էր ան։ Անոր մարմինը՝ կարծես ոչ ոսկոր ունէր, ոչ ալ մկանունք։ Հայրիկի եւ Մելիքեան  եպիսկոպոսի քով, ան՝ իր ճերմակ ֆանէլայէ պարեգօտին մէջ, Վանի խոշոր ճերմակ կատուի մը երեւոյթն ունէր։ Սեղանին վրայ, ընդմիջուած խօսակցութիւնը մէջտեղ եկաւ նորէն։ Պօղոս եպիսկոպոսն էր որ ուզեց միտքը լրացնել։

Բայց ես գիտեմ որ շարունակեց ան հրացան առնելով բան մըն ալ չենք կրնար ընել եւ կ՚ելնենք (կը զրկուինք) հէմ Սորբայ տանձէն, հէմ Կլաթայ խնձորէն։

Սորբ՝ Աղթամարայ թեմին ենթակայ մեծ գիւղ մըն է։ Կլաթ՝ Ախլաթն է, երկուքն ալ Վանի ծովի եզերքը։ Բայց, մինչ Կլաթի համբաւաւոր խնձորը՝ պատուաստով Վան եկած է եւ անոր պարտէզներուն մէջ մշակուած՝ Սորբի տանձը՝ վանեցի վերեւի առածէն միայն կը ճանչնայ։

Հայրիկ կը ձանձրանայ քաղաքական նիւթերէ։ Անոր հանաք հարկաւոր է եւ հանաքի նիւթ։ Առիթը կը բռնէ ան։

Նախ՝ սրբազանի տուած օրինակին ճշդութիւնը քննենք կ՚ըսէ ան՝ չարաճճի  ժպիտով մը, մենք չենք կրնար զայն հաստատել առանց Սորբի տանձին համը նայելու։

Տէվկանց եպիսկոպոսը կ՚ըմբռնէ անմիջապէս Հայրիկի նախաբանին «միտք բանին»։

Ատկէ դիւրին ի՞նչ կայ վրայ կը բերէ ան վեհափառ կողով մը բերել կուտայ, համը կը նայինք։

Վեհափառը լռութիւն պահեց։ Անոր լռութիւնը սակայն բնաւ հաւանութիւն չէր, ոչ ալ ոսկի։ Ընդհակառակն։

Վարագի փոխ-վանահայրը շարունակեց՝

Այնպէս չէ, վեհափառ, նաւավարներուն կը պատուիրէք, կողով մը կը բերեն, ճիշդ ալ եղանակն է։

Կաթողիկոսը գոհ չմնաց այս յանդուգն կրկնութենէն։ Ան զինքը նեղել ուզողին դարձաւ եւ կէս-կատակ՝

Արդէն թեմին տանձերը ո՞վ կ՚ուտէ, դուք կ՚ուտէք եւ Պօղոս սրբազան։

Քրքիջը պայթեցաւ սեղանակիցներուն մէջ։ Ամէնքն ալ հասկցած էին կաթողիկոսին ակնարկութիւնը՝ անոր ակնարկութեան մէջ հին ցաւ մըն էր որ կը պոռթկար։

Աղթամարի թեմին մէջ ամէնէն սուղ ապրանքը ամուսնութեան հրամանագիրն է։ Ան՝ ըստ պարագայի 5էն 20 անգամ աւելի սուղ է քան թեմին սահմանակից Վանի Առաջնորդարանի կամ Վարագի թեմերունը։ Այնպէս որ, հազուադէպ բան չէ որ Խաչատուր կաթողիկոսի պահանջած հինգ ոսկին վճարել չուզող կամ չկրցող զոյգը՝ Վարագի կամ Վանի թեմն անցնէր, եւ 1-2 մէճիտով ամուսնութեան հրամանագիր մը ձեռք բերելով՝ ամուսնութիւն կնքէր եւ վերադառնար գիւղը ու խնդար կաթողիկոսի քիթին։

Իրականութեան մէջ, Հայրիկն էր որ՝ որպէս թեմերէն մէկուն առաջնորդ, միւսին վանահայր, կը քաջալերէր այս մաքսախուսութիւնը։

Հայ երիտասարդին ամուսնութիւնը դիւրացնելով՝ անոր «ոտները հայրենի հողին կապելու» Հայրիկի տեսակէտը կը բխէր անոր քաղաքական սկզբունքներէն։ Ամէնը այս չէր սակայն։ Խրիմեան ունէր նաեւ իր ընկերային սկզբունքները, զորս քաղաքականին զուգընթաց, ան, որպէս ճշմարիտ արդիասէր մը մեթոտօրէն եւ յամառօրէն ջանաց կեանքի բերել։

Իր քարոզներուն մէջ, Հայրիկ խստօրէն կը խարանէր նախապաշարումի կարգը անցած կարգ մը հնամենի սովորութիւններ պսակի պահուն հարսին երեսը թանձր քօղով մը ծածկուած մնալը, նորահարսերուն՝ իրենց ամուսնոյն հօրը կամ եղբայրներուն հետ խօսելու անիմաստ արգելքը, ինչպէս նաեւ քաղաքներու մէջ օժիտի եւ գիւղերու մէջ գլխավճարի սակարկութիւնները, մանաւանդ առանց իրենց զաւակներուն հաւանութեան կամ առանց անոնց թոյլ տալու որ տեսնեն իրենց ապագայ կենակիցները, զանոնք ամուսնացնելու բիրտ սովորութիւնը։

Հայրիկ թէ կ՚ուսուցանէր եւ թէ «կ՚առնէր»։ Այսպէս, իր քարոզներուն չափ, գուցէ աւելի դեր կատարեցին իր ցոյց տուած օրինակները։ Երբ իր եղբօրորդին Խորէն՝ որուն բարձրագոյն կրթութիւն տալ տուած էր յօրինակ հայ ունեւորներուն, ամուսնութեան տարիքին հասաւ, Խրիմեան՝ անոր խորհուրդ տուաւ ուսման հետեւող օրիորդներու մէջ մտնալ եւ անոնցմէ իրեն համար ընել կենակցի մը ընտրութիւնը։ Ու երբ Պ. Խորէն իր ընտրութիւնը կայացուց ուսեալ օրիորդի մը վրայ, Հայրիկ՝ եղբօրորդին առաւ օրիորդին հօր տունը տարաւ, նախ հօրը, ապա աղջկան հաճութիւնն առաւ։ Օրիորդին հետ խօսեց եւ իր ներկայութեանը անոր խօսեցնել տուաւ իր ապագայ ամուսնոյն հետ։ Յետոյ, ամուսնութեան օրը, ան հրամայեց որ հարսը խորանին առջեւ ներկայանայ  առանց քօղի եւ այնուհետեւ գլուխը բաց մնայ առանց «եազմայ»ի ու իր նոր ազգականներուն հետ խօսի եւ խօսակցի համարձակ։

Հայրենաշինութեան առաջին պայմանը՝ Հայրիկի համար «աճեցէք եւ բազմացարուք»ի պատգամն էր։

Պատգամին դիւրացումն ալ հայրենասիրական առաջին գործ։ Այս էր Հայրիկի դաւանանքը։ Ան պարզապէս ապազգային գործ կը նկատէր ամուսնութեան դէմ ցցուած կաշկանդումները։ Այս ըմբռնումովը, ան չափազանց հակառակ էր նշանտուքի տուրքի պարտադրութեան, նոյնիսկ իր նուազագոյն չափին մէջ։ Եւ երբ սակարկութիւնը վէճի կը փոխուէր եւ վէճը իրեն կը հասնէր, անոր վճիռը միշտ ի վնաս Առաջնորդարանի գանձուն էր։

Սրուանձտեան, օր մը՝ գանգատելու  կ՚ելնէ։ Որպէս պատասխան, Հայրիկ՝ հարցը հիմէն քննելու առաջարկ մը մէջտեղ կը դնէ։

Եկէ՛ք չամուսնացողներու վրայ տուրք մը դնենք, կ՚ըսէ Հայրիկ լրջօրէն։

Ու Խառն ժողովի յաջորդ նիստին կը բերէ նշանտուքի յառաջատուական սակացոյցի մը ծրագիրը, հիմնուած՝ շուտ ամուսնացողներու համար զեղչի, իսկ ուշ ամուսնացողներու  համար բարդումի սկզբունքին վրայ։

Սկզբունքը կ՚ընդունուի, միջոց մըն ալ գործադրութեան կը դրուի։ Բայց առօրեայ պէտքերու ճնշումին ներքեւ, կամաց կամաց կը մօռցուի։

Այսուհանդերձ տնտեսական խորհրդոյ գանձապահին խստութիւններէն ճարերնին հատածները, մասնաւորապէս գիւղացի դասակարգէն, յաճախ շունչերնին կ՚առնէին Հայրիկի քով, որ սովոր էր միջամտել եւ երբ գանձապահը շատ յամառէր, յաճախ տարբերութիւնը գրպանէն կը հանէր կը վճարէր եւ կամ ներկաներէն  մէկուն կ՚ուղղուէր՝

Մէճիտ մը ունի՞ք վրանիդ, կ՚ըսէր ան աչքը բռնած անձին։

Այո՛, սրբազան։

Այս գիւղացիին տուէք, թող երթայ ամուսնանայ։ Սեպեցէք թէ անոր հարսնիքին գացեր էինք եւ շալ մը (գօտի) նուիրած անոր։

Տնտեսական ժողովոյ գանձապահը այնքան ալ դժգոհ չէ մեթոտէն։ Բայց երեւոյթին տարողութիւնը հետզհետէ կը փոխուի։ Մեթոտը կը տարաձայնուի եւ հետեւորդները կը շատնան։ Հայրիկ, ամէն անգամ, վրան մէճիտ մը չունենար, ոչ ալ միշտ, վրան մէճիտ մը ունեցող այցելու մը քովը։ Ու երբ նման օր մը, ամուսնութեան գիւղացի թեկնածու մը կը ներկայանայ,

Տղա՛ս, ի՜նչ ընեմ դրամ չունիմ ըսելով ճամբու կը դնէ զայն։

Ես ալ չեմ ամուսնանար կ՚ըսէ տղան ու կ՚առնէ կը քալէ։

Հայրիկ կը կանչէ երիտասարդը եւ գանձապահին ուղղեալ հետեւեալ տոմսը կը գրէ։

«Տարբերութիւնը վրաս գրէ»։

Թեկնածուն տոմսը կ՚առնէ եւ կ՚երթայ  կ՚ամուսնանայ. գանձապահն ալ տարբերութիւնը՝ Հայրիկի հաշւոյն կ՚անցունէ։

Հայրիկ՝ այնուհետեւ, այս դիւրին մեթոտը քանի մը անգամ եւս կը կիրարկէ, մինչեւ որ օր մը գանձապահը իրեն կը ներկայացնէ իր հաշիւը։ Ան՝ իր զարմանքը կը յայտնէ որ գանձապահը լուրջի առեր է իր «վրաս գրէ» յանձնարարութիւնները, զոր ինքը՝ որպէս արկօ՝ «մոռցիր», «վազ անցիր», «հրաժարէ» ի իմաստով գրած էր եւ լիաթոք կը խնդայ գանձապահին միամտութեան վրայ։

Գանձապահը կը ջնջէ Հայրիկի վրայ գրուածները. բայց անգամ մըն ալ Հայրիկի՝ Առաջնորդարան գըտնուած օրը պաշտօնատեղին չգար։ Այնուհետեւ, ոչ ոքի համար գաղտնիք չմնար   այլեւս, որ տնտեսական խորհուրդի  գանձապահը այն օր միայն Առաջնորդարանը  կը գտնուի երբ Հայրիկ Վարագ մեկնած կ՚ըլլայ։

Հայրիկի՝ այս քաղաքականութիւնէն էր որ մաքսախուսութիւնը հասեր էր իր ծայրագոյն աստիճանին։

Մաքսախուսութեան այս եղանակը մեծ հարուած մըն էր Աղթամարի թեմին հասոյթին եւ կամ, որ նոյն է, անոր կաթողիկոսի քսակին եւ երկար ատեններէ ի վեր վէճի նիւթ եղած էր դրացի թեմերուն միջեւ։ Վէճին արձագանգը հասած էր նոյնիսկ պատրիարքարանը՝ բայց ոչ կաթողիկոսի բողոքները արժէք ունեցած էին, ոչ ալ պատրիարքարանի հրահանգները։ Գիներու այնպիսի մեծ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունէր սահմանակից իշխանութեանց մէջ, որ մաքսանենգութիւնը անխուսափելի էր եւ անոր առաջքը առնելը անկարելի։ Խաչատուր կաթողիկոսը այս կսկիծն էր որ չէր կրցած պահել։ «Թեմին տանձերը» հրամանագրի հասոյթն էր, որ՝ ըստ իրեն՝ Աթոռին գոյութիւնն էր եւ կամ աւելի ճիշդը անոր գոյութեան միակ իրաւունքը։

Ըստ կաթողիկոսի ըմբռնողութեանը՝ Աթոռը (Մեծի տանն Աղթամարայ) մէկ դեր ունէր միայն, մէկ պաշտօն, ուշադրութիւն եւ հսկողութիւն, որպէսզի եօթը պորտէ (ազգակցութեան աստիճան) պակասի վրայ ամուսնութիւն տեղի չունենայ։ Դպրոցը, եկեղեցին, ծէսը անոր համար կարեւորութիւն չունէին կամ գրեթէ։ Ըստ իրեն՝ ազգականներու միջեւ ամուսնութենէ աւելի մեծ մեղք, աւելի մեծ ոճիր գոյութիւն չունր երկրի վրայ եւ, աշխարհը կ՚աւրուէր ու տակն ու վրայ կ՚ըլլար՝ եթէ՝ վեց պորտի վրայ ամուսնութիւն մը տեղի ունենար։

Ըստ Խաչատուր Կաթողիկոսի, աշխարհը՝ օրացոյցի փաստովը՝ որ միշտ ձեռքին ներքեւն ունէր, 6000 տարուայ կեանք ունի եւ որովհետեւ, առաջները, մարդիկ 1000 կամ ոչինչով պակաս տարիներ կ՚ապրէին, ինչպէս Ադամ, Մաթուսաղա, որոնց կենսագրականները պարունակող Ս. Գիրքին էջերը եւս՝ մետաքս ժապաւէնով նշանած՝ ձեռքին ներքեւն ունէր, կը հետեւի ուրեմն, միշտ ըստ իրեն, որ մարդկութիւնը 20 կամ առ առաւելն 30 սերունդներէ աւելի չէր կրնար հաշուել։ Անոր ամենամեծ մասը հետեւաբար իրարու մօտիկ ազգականներ են, որոնց մէջ եօթը պորտէ պակաս ամուսնական կապը եօթը մահացու մեղքերէն, անոնց ամբողջութենէն աւելի մահացու մեղք մը կ՚ըլլար։ Աղթամարի այդ վերջին գահակալին համար արդէն եօթը մահացու մեղքը գոյութիւն չունէր ոչ ալ եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդը, հակառակ որ ամուսնութիւնը՝ այդ եօթը խորհուրդներէն մէկն էր, այլ եօթը պորտ, եօթը պորտի անգիր օրէնքը, որուն մեկնաբանութիւնն ալ իրմէն էր կախուած եւ կամ աւելի ճիշդը ամուսնութեան թեկնածուներուն նիւթական կարողութենէն։ Թեկնածուներուն ունեւորութեան պարագային, եթէ նոյնիսկ անոնք աշխարհի երկու հակառակ ծայրերէն զիրար գտած ըլլային, անոնց պորտը անպատճառ եօթնէն պակաս եղած կ՚ըլլար, հետեւաբար ամուսնութիւնը անկարելի։ Պորտին աստիճանը՝ թեկնածուներու յօժարութեան հետ հետզհետէ կը բարձրանար մինչեւ որ եօթը անցնէր, որ ատեն հրամանագիրը կը ստորագրուէր։ Պատահած է որ անգղ-կաթողիկոսը 150 ոսկի գանձած է մէկ հրամանագրի համար։

Ընչաքաղց կաթողիկոսին այս շահատակութեան առաջքն առնելու համար էր որ Հայրիկ՝ Վանի Առաջնորդ՝ թէ Վարագի վանահայր՝ քաջալերած էր մաքսանենգութիւնը, նոյնիսկ հովանաւորած զայն եւ այս մեղադրանքն էր որ կ՚ընէր կաթողիկոսը։

Բայց ինչո՞ւ Պօղոս կամ Երեմիա եպիսկոպոսներու, եւ ոչ Խրիմեանի հասցէին, որ իսկական հեղինակը եղած էր մաքսախուսութեանը։ Վասնզի չափազանց խորագէտ մարդ, Կաթողիկոսը գիտէր Հայրիկի հեղինակութիւնը, կը ճանչնար անոր ժողովրդականութիւնը եւ կ՚ակնածէր անկէ։

Տարիքը առած, ցմահ կաթողիկոս, մէկը, որ ոչ մէկ պարագայի կրնար դրամի պէտք ունենալ, գէթ այն չափով որուն ան կը ձգտէր, այս կրօնաւոր Արբակօնը մէկ կիրք ունէր միայն, մէկ նպատակ, մէկ հաճոյք, դրամ դիզել։ Ինչո՞ւ համար, ինքն ալ չգիտէր, ինքն ալ չէր կրնար բացատրել, ինչպէս չեն կրնար բացատրել հոգէախտաւորները իրենց հիւանդութիւնը։

Անգամ մը, այդ օրերէն ոչ շատ առաջ, խումբ մը երիտասարդներ՝ գլխաւորութեամբ Սահաթճի Մեսրոբի, որ յեղափոխականի խմոր ունէր, հետը քիչ մըն ալ համբաւ, ուխտի կ՚երթան Աղթամարի Սուրբ Խաչին կամ աւելի ճիշդը անոր աթոռակալի գանձին եւ 7-800 ոսկիով կը թեթեւցնեն զայն։

Կաթողիկոսը՝ որ դէպքին վրայ յանկարծամահ պէտք էր ըլլար կամ առնուազն կաթուածահար, նորէն դիմադրական բաւական ուժ ցոյց կուտայ եւ կը բաւականանայ ծանրապէս հիւանդանալով եւ իյնալով անկողին, ուրկէ շաբաթներով չկրնար ելնել։ Ճարահատ՝ նամակ մը կը գրէ եւ քովը կը կանչէ Տօքթ. Րէյնօլտս, որ քանի մը անգամ Աղթամարի ճամբան չափելէ եւ զանազան դեղեր փորձելէ յուսահատ, օր մըն ալ հարցունելու կ՚ելնէ հիւանդին, թէ մի գուցէ յանկարծակի վիշտ մը ունեցած ըլլայ ան, այդ օրերուն։ Կաթողիկոսը՝ որ հասնողին սովոր էր Աթոռին պարտքերու պատմութիւնըն ընել եւ այդ պատճառաւ երիտասարդ ուխտաւորներու այցելութիւնը իրեն պահած էր, չէր կրնար բնականօրէն դրական պատասխան տալ հարցումին։ Բայց ան կը հետաքրքրուի բժիշկին հարցումովը։ Բժիշկը՝ հիւանդին կը բացատրէ թէ անոր հիւանդութեան ախտանիշերը շատ կը նմանէին յանկարծակի վիշտ մը, կամ կորուստ մը ունեցողներու ախտանիշերուն, որոնց միակ դարմանը ժամանակն է, որ հետզհետէ պիտի մոռցնէ ցաւը։

Բժիշկին մեկնելէն վերջ, հիւանդ կաթողիկոսը, որ լոյս մը գտած է բժիշկին ախտազննական բացատրութեանը մէջ, կը շտկուի, անկողնին մէջ կը նստի, թուղթ եւ գրիչ բերել կուտայ եւ իր ձեռքովը կը գրէ իր դեղագիրը։

1. Փակում որբանոց-դպրոցին (մեծ զրկանք մը չէր որբերուն համար)

2. 100ին 20 յաւելում վանքին ենթակայ վանքերու մուգաթաներուն վրայ։

3. 100ին 10 կրճատում վանքին ծառայողներուն թոշակներուն վրայ։

4. Ոչ մէկ սննդեղէն, թեմէն շեղող ուխտաւորներուն (Ասիկա՝ իր բարոյական օգուտն ալ ունէր)։

Դեղագիրը գրելէն վերջ, կաթողիկոսը կը կանչէ վերակացուն եւ անոր հաղորդելով վանքին տնտեսութեան համար ծրագրած յաւելուածական նոր պիւտճէն, անոր գործադրութիւնը կը հրամայէ։

Առաջին ամսուան իսկ, տակաւին անկողնոյն մէջ, վերակացուին ներկայացուցած հաշիւէն ան կը տեսնէ որ նոր պիւտճէն, գանձուն բերած է, բացէն 30 ոսկի։

Դեղագիրին արդիւնքէն չափազանց գոհ «քանի մը ամիսէն բոլորովին կ՚աղէկնամ» կը հաշուէ հաշուագէտ կաթողիկոսը եւ ինքնաթելադրութենէն այն աստիճան բարերար ազդեցութիւն կը զգայ, որ յաջորդ օրն իսկ անկողնէն կ՚ելնէ։

Շատ չանցած կորուստը կը լրանայ, հիւանդը աւելի առաջ աղէկցած է արդէն բոլորովին, բայց յաւելումները ու կրճատումները կը մնան եւ կաթողիկոսը տակաւ կը մոռնայ ուխտաւոր երիտասարդներու հասցէին յօրինած իր անէծքը, զոր ան սովորութիւն ըրած էր աղօթքին փոխարէն մրմնջելու։

Հայրիկ բռնած էր կաթողիկոսին խօսքը, «Արդեն թեմին տանձերը ո՞վ կ՚ուտէ, կա՛մ դուք եւ կամ Պօղոս սրբազանը»։ Ո՞րն էր որ պիտի պատասխանէր։ Երկուքն ալ խնդացին, բայց ոչ մէկը չպատասխանեց։

Հայրիկ՝ մինչեւ ծուծը հոգեբան, հետաքրքիր հաճոյք մը կը զգար՝ ընչաքաղց կաթողիկոսին ինքնաբերաբար բացուող ժլատ հոգիին ծալքերը քրքրելով։

Այս ի՜նչ տանձեր են, որոնցմէ դուք այնքան առատ բաժին կ՚առնէք Մաքպէթի Պանքօյին պէս, հարցուց Հայրիկ ուղղուելով դէպի Պօղոս եպիսկոպոսը դուք եւ Երեմիա եպիսկոպոսը, իսկ ես ոչինչ։

Վեհափառը կատակ կ՚ընէ։

Բնաւ ալ կատակ չեմ ըներ հոգին պարպեց անիրաւուած կաթողիկոսը Աթոռին հրամանագրերուն կէսը կամ Վարագի փոխ-վանահայրն կուտայ ըսաւ ան յանդիմանական շեշտով մը եւ կամ Պօղոս եպիսկոպոսը։

Խորամանկ ծերունին կը ճանչնար գլխաւոր մաքսախոյսը, Հայրիկը։ Ան լսած էր նոյնիսկ, որ Հայրիկ՝ օր մը, Աղթամարցիի մը՝ ոչ միայն Վարագէն ձրի տալ տուած էր հրամանագիրը, այլեւ պսակը իր ձեռքով կատարած էր եւ պսակեալները՝ շաբաթ մը վանքին մէջ հիւր պահած։ Գիտնալով հանդերձ, ան՝ Հայրիկը իր ամբաստանութեան գօտիէն դուրս կը թողուր։ Մաքիավէլի աշակերտը՝ իր այդ խորամանկութեան կը պարտէր իրողութիւնը, որ մինչեւ անոր մահը, ոչ ոք կրցաւ ըսել թէ ան Պօղոսեա՞ն էր թէ ոչ Ապօղոսեան։

Ասիկա տարօրինակ իրողութիւն մըն էր, որովհետեւվանեցիի համար, ամէն դիրքի տէր մարդ՝ Վանի մէջ ըլլար թէ դուրսը, անպատճառ կամ Պօղոսեան  էր եւ կամ Ապօղոսեան։ Այնտեղ, օրինակի համար, ամէն ոք գիտէր թէ Գէորգ Դ. կաթողիկոս, Վեհապետեան, Չամչեան, Մանկունի  եպիսկոպոսները Պօղոսեան էին, թէ Նար-Պէյ, Օրմանեան, Աշըքեան՝ Ապօղոսեաններ։

Աշխարհականներէն, ամէնուն յայտնի էր թէ Նորատունկեան, Ունճեան, Եուսուֆեան, Կիւլպէնկեանները Ապօղոսեաններ էին, մինչդեռ Մաքսուտ Սիմոն պէյ, Նուրեան՝ Պօղոսեան։ Վանի ծանօթ Թուրքերն անգամ՝ մէջերնին ըլլալով դուրսէն եկող պաշտօնեաները, չէին կրցած պահել իրենց չէզոքութիւնը եւ հայ  կուսակցութիւններէն մէկին հետն էին կամ միւսին. կամ առնուազն  այդպէս կը ճանչցուէին, Հասան բաշան, օրինակի համար, Ապօղոսեաններուն համակիր մըն էր, մինչ յաջորդը՝ թունդ Պօղոսեան մը դուրս եկաւ։ Սուլթան Համիտն անգամ կողմ էր Վանեցիին համար, որ զայն կը համարէր Պօղոսեան մը։ Աստուածն էր միայն, որ՝ ըստ կողմերու յաջողութեան, երբեմն մէկ կողմը կ՚ըլլար երբեմն միւսը։

Հայրիկ չուզեց կաթողիկոսին ցոյց տալ թէ կը հասկնար իր երեսպաշտութիւնը, բայց չուզեց նաեւ անոր իրաւունք տալ եւ վէճին կէս լուրջ երեւոյթ մը տալով, ըսաւ,

Վեհափա՛ռ, մաքսախուսութեամբ ամուսնացողներու զաւակներուն մէկ մասը միայն եթէ յետագային Աղթամարէն առնեն իրենց ամուսնութեան հրամանագիրը՝ նորէն ձեր վնասը  հանած կ՚ըլլաք։

Ագահ կաթողիկոսը չլսեց անգամ, կամ չըմբռնեց Հայրիկի խօսքերը, որոնց մէջ կը ցոլանար, վանեցիի որակումով, Հայ երիտասարդին ոտքը ամուսնութեամբ կապելու (որպէսզի պանդխտութեան չդիմէ) եւ այգու ցեղին տնտեսութիւնը, աճումը եւ զարգացումը ապահովելու անոր սեւեռուն իտէալը։ Ան կլանուած էր այդ րոպէին իր ցաւովը եւ բացուած խօսակցութեանը  մէջ այդ ցաւին դարման մը որոնելու մտասեւեռումովը։

Ան ուղղուեցաւ դէպի Հայրիկ։

Ես նորէն պիտի գրեմ պատրիարքարանը։ Ձեզմէ ալ պիտի խնդրեմ որ երբ Պոլիս հասնիք, որպէս Աթոռին հարազատ որդի, պաշտպանէք անոր իրաւունքը։

Հայրիկ Աղթամարէն ստացած է իր վարդապետական ձեռնադրութիւնը։ Իր կոչին մէջ, խորամանկ եկեղեցականը այդ յիշողութիւնն էր որ կը դնէր։

Հայրիկ շտկուեցաւ յանկարծ։

Բայց զիս այդքան շուտ Պոլիս մի ղրկէք, վեհափառ, ատանկ բան չկայ։ Ես Պոլիս երթալու միտք չունիմ։ Ուրկէ՞ իմացաք լուրը.

Կաթողիկոսը շփոթեցաւ, բայց այս անգամ յօդին  ցաւը չբռնեց։ Ան կմկմաց

Ատանկ լսեցի...

Հայրիկ՝ օձիքը ամուր բռնեց.

Որմէ՞ վեհափառ

Ակամայ էր եւ ոչ մէկանց, ոչ ալ առանց խոր ստրջանքի, որ զգոյշ եկեղեցականը շրթունքներուն կապերը քակեց։

Վալին էր որ երէկ ինձ ըսաւ թէ՝ վերջին տեսակցութեանը մէջ ձեզ շատ առողջ գտած է եւ թէ մէկ երկու շաբաթէն պիտի մեկնիք։

Հայրիկ լուրէն տպաւորուեցաւ, բայց ինքզինքը պահեց։ Ան՝ նորէն ձեռք առաւ կաթողիկոսը եւ նոր կատակի մը ներքեւ ծածկեց իր յուզումը։

Է՜, վեհափառ, ըսաւ ան խնդալով, ըսել է նորէն ելանք (զրկուեցանք) Սորբայ տանձէն։