Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԾԻՒԻՆ ԿՈՐԻՒՆՆԵՐԸ

Յունիս վերջերը հասաւ վերջապէս կաթողիկոսական ընտրութեան հեռագիրը։

«Մուրատեան Մելիքսեդեկ եպ. 31 քուէով առաջին ընտրելի, Պեսարապիոյ Առաջնորդը Մակար եպ. 16 քուէով երկրորդ ընտրելի»։

Լուրը՝ Վանեցիներու համար ճշմարիտ անակնկալ մը, ռումբի մը պէս պայթեցաւ անոնց մէջ։

Մելքիսեդեկի առաջնութիւնը չէր անշուշտ Վանեցիի համար լուրը, ոչ ալ Մակարի թեկնածութիւնը, այլ Հայրիկի չընտրուիլը։

Վանեցիի համար մէկ թեկնածու միայն գոյութիւն ունէր, իր Հայրիկը, որ չէր ընտրուած։

Վանեցին Մուրատեանը կը ճանչնար անունովը  միայն, իսկ Մակարը անունով ալ չէր ճանչնար։ Վանի մէջ երկու հոգի միայն կը ճանչնային՝ թրքահայոց համար անծանօթ այդ եկեղեցականը, երկու ճեմարանականներ, Պլուզեան Մաղաք եւ Ճոնաւէտեան Գէորգ։

Առաջինը հաշուի առած էր օրուան տրամադրութիւնը եւ անոր պատշաճող պատասխան մը գտած հետաքրքիրներուն համար։

Մակար եպ, նետուելիք եկեղեցական մը չէ։

Իսկ երկրորդը՝ առիթը զոյգ ձեռքովը բռնած էր։

Օ՜, Մակա՜րը, ան՝ Մուրատեանէն ալ բարձր եկեղեցական է, ըսած էր Մէֆիստօֆէլը՝ չարախինթ ժպիտով մը։

Անոր չափազանցութեան թագուն իմաստը այն եղած էր թէ՝ լաւագոյն  ընտրութիւնն է որ եղած էր։

Վանեցին ալ իր կարգին կը չափազանցէր անշուշտ եւ չափազանցութիւններու տարաւ գործը։ Անոր ամբոխի լեզուն խօսողները բան գործերնին ձգեցին եւ ձեռքով ոտքով այս խնդրոյն մէջ ինկան։ Հաւաքոյթներ, ժողովներ, մէկը միւսէն բուռն, սկսան իրարու յաջորդել։

Ու եղաւ որ լուրին յաջորդող կիրակին, ամբոխին վարիչները՝ «վարեալ»ներն ետեւէն, եկեղեցիները լեցուին եւ, պատարագի «եւս առաւել» աղօթքին վրայ, թնթացնեն ցոյցին դասական բանաձեւը։

Չյիշուի՜.

Մէկ բառ, որմէ սակայն հազար աղմուկ կը բրդի։

Չյիշուի՜։ Եկեղեցիներու յատուկ ցոյց մը, զոր չգիտեմ թէ ինչպէս պիտի ընէին ցուցարարները՝ եթէ երբեք գոյութիւն ունեցած չըլլար այս մէկ աղօթքը, զոր կարծես թէ ցոյցերու տեղի տալու, անոնց՝ առիթ  ծառայեցնելու համար է որ ստեղծած են ժամանակին. աղօթքը, զոր՝ խաղաղութեան սիրոյն, շատ լաւ կարելի էր զանց ընել…։

Մինչեւ յաջորդ կիրակին անցնող շաբաթը նոր կաղապար կուտայ  ցուցարարներու միտքին։ Անոնք՝ յաջորդ կիրակին, աղօքը կ՚ընդմիջեն պոռալով՝

Էջմիածինը չենք ճանչնար։

Հապա՞.

Աղթամարը եւ անոր աթոռակալը։

Տզրուկ-կաթողիկոսը  մէկանց կը դառնայ օրուան մարդը։ Անոր աչքին կը սկսին փայլիլ ոսկիի նոր դէղեր։

Ցոյցը իր որոշ ձգտումն ունի։ Անոր առաջնորդները քաղաքական հեռանկարներու վրայ հեծած է որ կ՚արշաւեն։

«Էջմիածինէն բաժանումի սպառնալիքին վրայ, Էջմիածնականները անպատճառ կ՚անդրադառնան իրենց սխալին եւ կը շտկեն զայն։

«Ռուսաստանէն բաժանումի սպառնալիքին վրայ, Ձարը՝ անպատճառ կը բեկանէ ընտրութիւնը»։

Ամբոխը վարողներուն համար լեքո՞ւ կը պակսի։

Անոնց կարծիքովը՝ ցոյցին լուրը Փեթրոկրատի եւ Էջմիածնի մէջ պիտի պայթէր այնպէս, ինչպէս Հայրիկի չընտրուելուն լուրը Վանի մէջ։

Կը հասնին պոլսական թերթերը, որոնք՝ տարբեր անկիւններէ իւղ կը լեցնեն կրակին վրայ։

«Չյիշուի»ները կը տաքնան, հակառակ  որ Խրիմեան նամակ նամակի վրայ ցոյցերուն վերջ տրուիլը կը խնդրէ եւ հակառակ Խրիմեանի պահպանողական բարեկամներու նոյնիմաստ յորդորներուն։

Օրուայ Առաջնորդը անմտութիւնը կ՚ունենայ կառավարական միջամտութեան դիմելու։ Եւ այս հանգամանքը աստիճան մը եւս կը սրէ ցուցարարներու եռանդը։

Կառավարութիւնը ինչ գործ ունի մեր եկեղեցիին  մէջ կը դառնայ օրուայ կարգախօսը եւ ցոյցերուն զսպանակը։

Ցոյցերուն բուն առաջնորդը Նաթանեան Կարապետն է, իսկ գլխաւոր տարրը Հայրիկի յիշատակովը ոգեւոր  Փորթուգալեանի սերունդը։ Փորթուգալեան ինքը Հայրիկի մեկնումէն օր մը վերջ հեռացուած է Վանէն, բայց անոր վարած հաստատութիւնը բաց է տակաւին, անոր առաջին հունձքէն քանի մը ուսուցիչներու ղեկավարութեան ներքեւ։

Սերունդը չէ մոռցած որ Առաջնորդ Պօղոս եպ. ի անբարեացակամութիւնը պատճառներէն մէկը եղած է իր դաստիարակին հեռացումին։ Ու երբ, կիրակի մը, Պօղոս եպ. կառավարական ուժերու կրթնած՝ հակացոյց մը սարքել կուտայ իր միջնաբերդը՝ Արարքի եկեղեցիին  մէջ, սերունդը աշակերտ, ուսուցիչ մէկ հոգիի պէս, դէմ կը ցցուի խաւարամիտ եկեղեցականին։ Ան՝ դպրոցի մարզարանի մէջ դարբնած իր կռուփը կը բարձրացնէ ոչ միայն անոր մարդկանց, այլեւայլ մարդկանց ետեւը  գտնուող ոստիկաններուն վրայ։ Տեղի կ՚ունենան բուռն եւ արիւնլուայ ընդհարումներ, որոնց ընթացքին ոստիկան զօրաց հարիւրապետին ակռաները կը փշրուին, եւ, երկու կողմէն քանիներ կը ստանան վէրքեր։

Ասիկա՝ արիւնի առաջին մկրտութիւնն եղաւ Հայրիկի շունչով սնած եւ Փորթուգալեանի դպրոցին գրասեղաններուն առջեւ սորված Վանի նոր սերունդին։

Ցոյցը կը ստանայ ահագին համեմատութիւններ։ Կողմերուն պարագլուխները Նաթանեան Կարապետ եւ Խանիկեան Մկրտիչ Պոլիս կ՚աքսորուին, քանիներ կը բանտարկուին, իսկ կեդրոնական վարժաանը կը փակուի եւ անոր ուսուցիչները ասդին անդին կը ցրուին, մեծ մասը փախստական։

Դիմումներ կ՚ըլլան Առաջնորդին՝ միջամտելու կառավարութեան քով, բանտարկեալներու ազատութիւնը եւ դպրոցին վերաբացումը ձեռք բերելու համար։ Յետադիմական եկեղեցականը կտրականապէս կը մերժէ իր միջամտութիւնը։

Պօղոսի հակառակորդներու պահպանողական մասը լայնօրէն կ՚օգտագործէ այս մերժումը։ Արթնցող սերունդը իր կարգին կ՚արձանագրէ իրողութիւնը։

Նոր սերունդը պարապ չի նստիր։ Անոր հոգին՝ Մկրտիչ Աւետիսեան գործի կ՚անցնի։ Ան անմիջապէս կը բանայ կիրակնօրեայ վարժարան մը, որ շուտով ժամադրավայրը կը դառնայ սերունդին բեկորներուն եւ որուն յարկին ներքեւ՝ անոնք կը յաջորդին ոչ միայն պահել իրենց ուրոյնութիւնը, պահպանել իրենց աւանդութիւնները, այլեւ մտքի եւ մարմինի մարզանքներու նոր շաղախով մը ամրացնել զանոնք։

Այսպէս հակոտնեայ անկիւններէ Պօղոսի դէմ լարուած Ապօղոսեաններու աջ ու ձախ թեւերուն համար առիթ մը հարկաւոր էր միանալու, եւ, մէկ ճակատ կազմելով՝ յարձակողականի սկսելու։

Ու այդ առիթը չուշացաւ։