Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՐԻԿԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԱՍԸ

Հայրիկ` եթէ ոչ աւելի առաջ, Նալբանտեանի մեղադրանքներուն` իր աչքերէն քաղած արցունքի կայլակներուն, եւ կամ Քէօռ Թագաւորին տուած իր հաւաստիքին հետ, տուած էր արդէն իր որոշումը։

Տունը հասնելուն, անոր առաջին գործը կ՚ըլլայ, առանց ոչ ոքի հետ տեսնուելու, առանց ոչ ոքի հետ խորհրդակցելու, քովը կանչել շտապով Շիրվանեան Նշան, հայ դպրոցներու մէջ թուրքերէնի  ուսուցիչ մը, որ միաժամանակ Առաջնորդարանի թագրիրները գրելու պաշտօնն ունէր, եւ անոր խմբագրել կուտայ Պատրիարքարանի ուղղեալ հեռագիր մը, զոր` հակառակ պահուն տարաժամութեան եւ պաշտօնատանը հեռաւորութեան, անմիջապէս հեռագրատունը կը զրկէ։

Հեռագրին մէջ։ Հայրիկ կը յայտնէ թէ նոյն օրը` Տէյլի-Նիւզի սխալ լուրին հերքումին առիթով, Առաջնորդարանի մէջ դատապարտելի  յարձակում մը գործուած է Քաղաքական ժողովոյ անդամներուն վրայ, որուն հեղինակները` պարզ եւ միամիտ զոհեր եղած են դիտումնաւոր տարաձայնութիւններու։

Հայրիկի երկրորդ գործը կ՚ըլլայ յաջորդ  առաւօտը` կանխել կուսակալի հրաւէրը եւ ինքնաբերաբար անոր բնակարանը այցելել։

Կուսակալը` առջի օրուայ դէպքին մասին տասնեակներով ժուրնալներ ստացած է, մեծ մասը Հայրիկի դէմ, գիշերանց տասնեակներով Հայեր ձերբակալել տուած է, բայց, սովորականէն աւելի յարգանքով կ՚ընդունի Հայրիկը եւ դէպքին ակնարկութիւնն անգամ չըներ, մինչեւ որ Խրիմեան չի բանար անոր խօսքը։

Եկած եմ ձեզ յայտնելու, թէ ես Պատրիարքարան հեռագրաւ տեղեկագրեցի երէկուան ցաւալի դէպքը եւ խնդրել ձեզմէ որպէսզի ձեր տեղեկատուութիւնը չհակասէ իմինիս կ՚ըսէ վերջապէս Հայրիկ։

Կուսակալը ժպիտ մը կ՚ունենայ միայն, որպէս պատասխան,

Հայրիկ` ժպիտը քաջալերական կը գտնէ եւ կը շարունակէ`

Նաեւ ձեր հրամանը խնդրելու որպէսզի բանտէն արձակուին այս դէպքին առիթով բանտարկուածները եւ անոնց թղթածրարները դատարան չյանձնուին։

Կուսակալը` որ ձեռքին ներքեւն ունի Հայրիկի տուած հեռագիրը, անոր վրայ աչք մը կը նետէ եւ Հայրիկին ուղղուելով`

Եթէ յարձակում գործողները պարզ եւ միամիտ զոհեր համարենք եւ ներենք, ինչ պիտի ընենք հապա «դիտումնաւոր տարաձայնութիւններ հնարողներուն» հետ։

Խորագէտ պաշտօնատարը` Հայրիկի հեռագրին` բառերն է որ կը կրկնէ,

Հայրիկ իր հեռագրովը այդպիսիները դատապարտած է, ի՞նչ ըսէ հակասութեան մէջ չիյնալու համար։

Միամիտներուն ներել կարենալու համար, ուզէք չուզէք պէտք է ներէք չարամիտներուն, կը պատասխանէ ան ժպիտով մը։

Հասան բաշայի աչքէն չվրիպիր  Խրիմեանի ցոյց տըւած արդարութեան ոգին, անոր նրբամտութիւնը, մանաւանդ կորովամտութիւնը, որով ան մէկ կողմէն կարհամարհէր Կամսարականի ազդեցութեանը  հետ այդ օրերու յատուկ  հանրային կարծիքը, միւս կողմէ կը պաշտպանէր իր հաճութեամբ հերքմնագիր տուող իր ժողովականները, եւ ինքզինքը կազատէր իր մատնուած խիստ փափուկ դրութենէն։ Այս զգացումէն տարուած, կուսակալը` հակառակ դատական իշխանութեանց առարկութիւններուն, նոյն օրն իսկ արձակել կուտայ բանտարկեալները եւ ջնջել կուտայ անոնց թղթածրարները։

Խրիմեան` իր կողմէ ընդ առաջ կ՚երթայ կուսակալի առաջարկին եւ անոր կը խոստանայ պարբերական քարոզներով խրատական յորդորներ տալ իր հօտին։

Խրիմեանի հեռագրին լուրը` միջոց մը թագուն մընալէն վերջ, օր մըն ալ ռումբի պէս կը պայթի ժողովրդեան մէջ։  Ամէն ոք կը սկսի դատաւոր դառնալ եւ ըստ իր քօտին դատել Հայրիկը, որ` իր խղճին դատաստանէն զատ սովոր չէր ուրիշներունը մտիկ ընել։ Դաւադրութիւնը սարքողներէն ի զատ, որոնց` Հայրիկ` ըստ իր խոստումին, տուած էր իր դասը, Խրիմեանի տուած հեռագիրէն իրենց բաժին դասը առած էին նաեւ դաւադրութեան մէջ Հայրիկի մատը տեսնել կարծող անոր հակառակորդները։

Բայց դէպքը` իր բնոյթովը, նոյնիսկ իր ստացած լուծումովը, որոշ շրջանակներու մէջ ծանր հարուածի մը ենթարկած էր Հայրիկի հեղինակութիւնը։ Ժողովուրդին կուռքը կը համարուէր ան եւ ահա ժողովուրդը անոր պաշտօնատեղիի, եւ ժողովականներուն վրայ կը յարձակէր, իրենցը կը համարէին զայն Կամսարական` իր շրջապատովը` Փորթուգալեան` իր շրջապատովը, եւ ահա յանկարծ ան դէմ կուգար անոնց գործելակերպին, հակառակորդներն ըսես կը յամառէին կասկածի ներքեւ պահել անոր ուղղամտութիւնը։ Դէպքը իր արձագանգը  տարած է մինչեւ հեռաւոր հորիզոններ, մինչեւ Պօլիս, մինչեւ Թիֆլիս, ուր կարգ մը լրագիրներ` մասնաւորապէս Թիֆլիսի «Արձագանգ»` առիթը լայնօրէն օգտագործած էին, Հայրիկի դէմ։

Այս տխուր, թեր ու դէմ եւ բացասական երեւոյթները առանց հետքի չէին անցած Հայրիկի հոգիին վրայէն, պժգանք ազդած էին անոր եւ խորապէս դառնացուցած զայն։ Եւ ահա ան կը սկսի իր սրտին դառնութիւնները դուրս տալ, Կուսակալին խոստացած իր պարբերական քարոզներու միջովը։

«Դուք ազատութիւնը ինչ ըսել է չգիտէք, դուք ազատութեան արժանի չէք դեռ, Հայրիկի ազատամտութիւնը դուք դեռ չէք ըմբռնած, ձեզի դեռ շատ հաց եւ ջուր պէտք, ձեզ Պօղոս եպիսկոպոսը հարկաւոր է, ձեր հախէն ան կուգայ, անոր քէօթէկը»։

Ուրիշ օր մը։

«Ես ձեզ զէնք առէք ըսի, ձեր մաճն ու արօր, ձեր հօտն ու արօտը, ձեր պատիւը, յարձակումներու դէմ պաշտպանելու համար, այնպէս ինչպէս կ՚ընեն Թուրքն ու Քիւրտը։ Դուք ուրիշ իմաստ տուիք իմ խորհուրդին, ելաք զէնք առիք թալիմ ըրիք, երկրորդ օրը կառավարութեան յանձնեցիք զայն եւ կամ բերիք Առաջնորդարանի սեղանին վրայ փորձեցիք»։

Ընդհանուր գրութիւնը ինքնին, իր կարգին, մխիթարական բան մը չունէր իր մէջ, Հայրիկի համար։ Մեծ պետութեանց խոստումները օր ըստ օրէ կը մոռցուէին եւ Ներսէս պատրիարքի նամակները` ամէն շաբթու խոհեմութեան եւ շրջահայեցութեան խորհուրդներ էր որ կը բերէին։ Այս իրողութեանց տպաւորութեան ներքեւ Հայրիկի քարոզներուն մէջ չէին ցոլանար  այլեւս անոր լաւատես ոգին, անոր խանդավառ զգացումները։ Ընդհակառակն անոնց մէջ կը վխտային հիասթափութիւն, յուսալքութիւն եւ ջղային յոգնածութիւն մը մատնող արտայայտութիւններ։

Արդարեւ շատ չանցած, օր մը, Հայրիկ` Գալճեան Գէորգ պէյի տունը մասնաւոր ժողովի մը կը հրաւիրէ իրեն համախոհ համարուած շէֆերը, մեծ մասամբ երեսփոխաններ, եւ անոնց կը յայտնէ իր հրաժարելու խորհուրդին հետ, Պօղոս եպիսկոպոսը առաջնորդութեան պաշտօնին հրաւիրելու իր գաղափարը։

Առաջարկը` մանաւանդ անոր վերջին մասը, իսկական անակնկալ մը, բուռն փոթորիկ մը կը փրցնէ ժողովին մէջ։ Հայրիկ անդրդուելի կը մնայ։

Գտէք ուրեմն ձեր առաջնորդցուն, ես չկամ այլեւս։

Զուր կ՚անցնին առարկութիւնները, բողոքները եւ թախանձանքները։

Պօղոս եպիսկոպոսը, զգաստացած է, զգաստացած են իրենները։ Փորձենք միջոց մը եւս այս միջոցը, զիջողութեան, սիրոյ, համերաշխութեան միջոցը։

Խորհրդակցութիւնը կը վերածուի թոհ ու բոհի, Հայրիկ կը մեկնի եւ ժողովը կ՚անցնի ապարդիւն։

Երկրորդ ժողով մը տեղի կ՚ունենայ Առաջնորդարանի մէջ։ Խրիմեան` յանկարծակի անհանգստութեան մը հետեւանքով, այս անգամ չկրնար անձամբ ներկայ ըլլալ հաւաքոյթին եւ կը ղրկէ գրութիւն մը, որուն ընթերցումը խոր տպաւորութիւն մը կը թողու ներկաներուն վրայ, գրութիւնը` Հայրիկի առաջարկին հետ ժողովին կը բերէր անցեալը մոռնալու, գալիքին հաւատքով եւ վստահութեամբ նայելու խորհուրդն եւ ներողամտութեան, հանդուրժողութեան, սիրոյ, եղբայրասիրութեան կոչեր, հայրական, անկեղծ եւ սրտառուչ։

Հայրիկի կոչին, ժողովի մէջ առաջին արձագանգը կուտայ Գէորգ պէյ Գալճեան։ Փորձառու ծերունին յիշելով նախորդ ժողովին մէջ Խրիմեանի նոր փորձ մը ընելու խորհուրդը, իր համամտութիւնը կը յայտնէ նոր փորձի մը։

Փորձեալը կրկին փորձել յիմարութիւն է կը պոռայ անդիէն Տիգրան Ամիրճանեան, յայտնի ուսուցիչ բանաստեղծը։

Գէորգ պէյ հին ջոջ մըն է, Ամիրճանեանի արտայայտութեանը` զինքը յիմարի տեղ դնելու ձեւն ու իմաստը կուտայ եւ վիրաւորուած կ՚առնէ կը քալէ։

Առաջնորդական խնդիրը պահ մը կը վերածուի արժանապատուութեան հարցի եւ, ի վերջոյ, սուր միջադէպերու, դասական ճշմարտութիւնը յիշատակել յանդգնողին եւ ազդեցիկ ջոջին պարագաներուն միջեւ, եւ ժողովը կը վերջանայ, այս անգամ ալ, միջադէպին յարուցած թոհ ու բոհին մէջ։

Այս անցքերը առաջնորդարանի պատերէն դուրս կը ծորին եւ հետզհետէ կը դառնան ժողովրդեան լայն խաւերու սեփականութիւն։ Համերաշխութեան հակառակորդները գործի կ՚անցնին, անոնց խորհուրդին վրայ Կամսարական կը  փութայ իր ազդեցութիւնը նժարին մէջ դնել, բայց անօգուտ։

Հայրիկ կը մնայ անդրդուելի։

Կամսարականի ազդեցութիւնը օր ըստ օրէ նուազած է, անոր պահ մը արթնցուցած նոր յոյսերուն յաջորդած են նոր հիասթափութիւններ։ Մեծ Պետութեանց կողմէ բարենորոգումները փութացնելու առիթով Բ[արձրագոյն] Դրան վրայ կատարուած վերջին ճնշումը ուրիշ բանի չէ ծառայած, եթէ ոչ օգնել Գարատաղի եւ Յունաստանի պահանջներու գոհացումին եւ Կիպրոսի դաշնագրին։ Բարենորոգումներու հարցը` ինքնին մեռեալ տառ, անգամ մը եւս մեռած եւ թաղուած է։ Հայրիկ կշտացած է Կամսարականի խոստումներէն եւ դիւանագիտական  խաղերէն։

Կ՚անցնի միջոց մը։ Եւ ահա օր մը, ոչ շատ ուշ, այս անգամ առանց իր համախոհներուն հետ մասնաւոր խորհրդակցութեան, այլ միայն անոնցմէ, ոմանց համամտութեան կրթնած` Հայրիկ կը գումարէ գաւառական երեսփոխանական ժողովը եւ իր հրաժարականին հետ անոր հաւանութեան կենթարկէ Պօղոս եպիսկոպոսը առաջնորդութեան պաշտօնին հրաւիրելու առաջարկը։

Պօղոսի կուսակիցները` երեսփոխանական  ժողովին մէջ, կարեւոր թիւ մը կը կազմեն։ Ապօղոսեաններու աջ եւ ձախ թեւերը` Սրուանձտեանի մեկնումէն վերջ, կորսնցուցած են իրենց ուրոյնութիւնը։ Անհատներ մնացած են եւ անհատական ազդեցութիւններ, որոնց մէկ մասը թեր է առաջարկին, մէկ մասը դէմ։

Վերջապէս առաջարկը Հայրիկէն է որ կուգայ, անոր` սիրոյ եւ միաբանութեան շուրջ այնքան հոգեյոյզ կոչերու թեւերովը։ Պօղոս եպիսկոպոսը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կ՚ընտրուի առաջնորդական տեղապահ։ Հայրիկ կը մնայ պատուակալ առաջնորդ։

Ընտրութիւնը տեղի ունեցած էր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, բայց ոչ առանց տաք վէճերու` մասնաւորապէս Ապօղոսեաններու շարքերուն միջեւ։ Երբ Հայրս` քանի մը ուրիշ պաշտօնակիցներու հետ միասին, ժողովէն մեր տունը եկաւ, վէճը ոչ միայն պաղած չէր, այլեւ օրուայ անցքին հրաւիրած նոր հիւրերու մասնակցութեամբ` քիչ մը աւելի տաքցաւ։

Հայրս` որպէս Խրիմեանի նախաձեռնութեան գլխաւոր յենարան, հանդարտութեամբ մտիկ կընէր ներկաները, որոնց մէկ մասը սխալ կը գտնէր Հայրիկի վերաբերմունքը, մէկ մասը անբացատրելի` անոր ընկըրկումը եւ զիջողութիւնը։

Ինչո՞ւ անբացատրելի յանկարծ պոռթկաց Ճոնաւէտեան։

Ամէնքի աչքերը ուղղուեցան դէպի անուղղայ հակախրիմեանը։

Ճոնաւէտեան շարունակեց` իր ճռնչան ձայնովը`

Խրիմեանի աչքը դէպի Էջմիածնի թափուր  գահն է, ի՜նչ արժէք ունի այլեւս անոր աչքին Վանի առաջնորդութիւնը։

Ճոնաւէտեանի խօսքերը այս անգամ, չունեցան ընդմիջումներ` այնքա՜ն պատրաստի անոր առհասարակ արտակեդրոն դատումներուն համար։ Քաջալերուած ան շարունակեց`

Ես ալ` եթէ Խրիմեանի տեղ եղած ըլլայի, հրաժեշտ կուտայի ժողովրդեան  մէկ մասին մարդն ըլլալու անոր համբաւին։ Էջմիածնի ճամբան հարթելու համար` ան պէտք ունէր միաբանութեան, խաղաղութեան հրեշտակի  համբաւին, զոր ան վարպետօրէն շինեց իրեն համար։

Ներկաները կը զարմանային որ հայրս, ըստ իր սովորութեանը, չէր ընդմիջէր քեռորդիին այս յանդուգն  արտայայտութիւնը։ Ան` ընդմիջեց վերջապէս, բայց ոչ զայն կշտամբելու համար։

Կեանքիդ մէջ, առաջին անգամ ըլալով շիտակ դատաստան մը կրցար ընել վերջապէս ըսաւ ան քեռորդիին։

Հայրս` Խրիմեանի սիրոյ եւ ներողամտութեան զգացումներուն վրայ հիացող մը ըլլալով հանդերձ` չէր կրցած լուծել գաղտնիքը, թէ ինչո՞ւ Հայրիկ` Առաջնորդութեան համար ուրիշ եկեղեցական չէր փնտռած եւ մինչեւ վերջ պնդած էր Պօղոսի անունին վրայ։ Քէռորդիին դատաստանը փոքրիկ լոյս մը սփռեր էր գաղտնիքին վրայ։

Պօղոս եպիսկոպոսի առաջնորդական ընտրութեամբը` նոր էջ մը կը բացուի Վանի ազգային տարեգրութեան մէջ։