Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հասաւ Օրմանեան։

Բայց Օրմանեանէն առաջ հասած էր սրտապնդիդ լուր մը անոր ուղեկից Սրուանձտեան Վ. էն։

Օրմանեան հիւր եղաւ որպէս չէզոք անձնաւորութեան, Պետրոս Գափամաճեանի, որ սակայն Ապօղոսեաններուն ջերմ համակիր մը կը համարուէր։ Ասիկա երկրորդ բարեպատեհ նշանն էր։

Ժամանումին առաջին կիրակին, Օրմանեան՝ իջեւանին մօտակայ Նորաշէնի եկեղեցիին մէջ խօսեց իր եպիսկոպոսական երկրորդ քարոզը։ Ժողովուրդը խուռներամ եկեղեցին խուժած էր, այն յոյսովը թէ բան մը պիտի կրնայ իմանալ քննիչին քարոզէն, իր ընելիք քննութեան մասին։

Վանեցին՝ վարժուած եպիսկոպոսները տեսնելու միշտ ալեխառն եւ հարուստ մօրուքով, ծանր եւ հանդարտ, առանց զարմանքի չէր որ նկատեց Օրմանեանի կլոր ծնօտին վրայ անոր նորընծայի սեւ աղուամազը ինչպէս նաեւ անոր՝ կաշիին մէջ եռացող շարժումները։ Ունկնդիրները՝ ականջ կտրած, լսեցին անոր քարոզը, բայց, որովհետեւ ոչ ոք անոնցմէ անդամ էր Աստուածաբանական կաճառին, բան մը հասկցող չեղաւ անոր ակադեմականի խօսքերէն։ Սիրոյ եւ միաբանութեան մասին հասկցուած քանի մը խօսքերն ալ կորսուեցան քարոզիչին աստուածաբանական խրթնութեանց մէջ։ Քննիչը ուզած էր բան մը չըսել եւ կատարելապէս յաջողած էր։

Յաջորդ շաբթու, Օրմանեան վանքերը այցելութեան ելաւ, Վարագ, Կարմրւոր, Սուրբ Գրիգոր։ Հնախոյզի մը պէս ան բեւեռուեցաւ բեւեռագրերու ինչպէս եւ, հին ձեռագիրներու եւ յիշատակններու վրայ։ Ընդհանուր կարծիքն այն էր թէ՝ ան՝ վանքերը այցելելու ելած է եւ թէ՝ տակաւին չէ ձեռնարկած իր քննչական պաշտօնին, երբ առաւօտ մը, անակնկալօրէն հեռագիր մը կը հասնի Պօղոս եպիսկոպոսին, որով՝ օրուայ Պատրիարքը անոր կը յայտնէր թէ վերջ տրուած է իր պաշտօնին եւ զայն կը հրաւիրէր գործերը յանձնել Մաժակունի Յովհաննէս Վ. ին եւ մեկնիլ Լիմ Անապատը։

Հեռագիրը՝ պայթող ռումբի մը տպաւորութիւնը թողուց։

Օրմանեան լաւ ռումբ մը պատրաստած էր բայց զսպանակը լաւ չէր լարած։ Ռումբը պայթելու էր երկու օր աւելի վերջ, երբ ինքը արդէն մեկնած պիտի ըլլար Վանէն, ան պայթեցաւ իր մեկնումին ճիշդ նախորդ օրը։

Քննիչ Սրբազան գուշակած էր ըլլալիքը, բողոք, խլրտում, սպառնալիք, որոնք չուշացան։ 40 հոգինոց պատուիրակութիւն մը, փութաց անմիջապէս բողոքներուն եւ սպառնալիքներուն արձագանգը Օրմանեանին տանելու։

Ի՞նչ տեսակ քննութիւն էր ձեր կատարածը, ե՞րբ կատարեցինք ձեր քննութիւնը, որտե՞ղէն քաղեցիք ձեր տեղեկութիւնները։

Օդէն քաղեցի։

Վանեցիներ երկար ատեն քաշքշեցին քննիչ Սրբազանի այս պատասխանը, զոր վեհապետեան Պատրիարքն ալ, օր մը։ Օրմանեանի երեսին տուած է, ըսելով.

Ձեր օդային քննութեան վրայ պաշտօնանկ ըրինք Պօղոսը։

Պատուիրակութիւնը սկսեր էր խլրտիլ, սպառնալ։ Օրմանեան խօսակցութիւնը քաշքշեր է երկար ատեն եւ վերջ ի վերջոյ հոն կապեր է թէ՝ յաջորդ օրը կարելի էր շարունակել զայն։

Յաջորդ օրը, երբ պատուիրակութիւնը ցոյցի եւ ծայրայեղութիւններու ծրագիրներով բեռնաւորուած Գափամաճեանի տունը կը ներկայանայ խօսակցութիւնը շարունակելու համար, ծառան կը պատասխանէ թէ՝ Սրբազան տունը չէ։

Ու՞ր է։

Մեկնեցաւ։

Ո՞ւր,

Պոլիս։

Ե՞րբ ճամբայ ելաւ,

Արշալոյսէն առաջ։

Նոր ռումբ մըն է որ կը պայթի, այս անգամ լաւ լարուած։

Այս երկրորդ ռումբին վրայ, Պօղոսեաններրու մէջ կարծիքներու տարբերութիւնը կը վերածուի ճշմարիտ հանգոյցի մը։

Ընդդիմութի՞ւն թէ ոչ համակերպութիւն։

Պօղոս եպ. յամառ մարդ է, բայց հոգեւոր իշխանութեան հեղինակութիւնը յարգել գիտէ։ Ան է որ հատու որոշումով մը կը լուծէ հանգոյցը։ Վիճաբանութեան ամէնէն տաք րոպէին, ան սպասաւորը կը կանչէ յանկարծ եւ անոր կը հրամայէ թամբել ձին։ Եւ երբ լուր կը բերեն թէ ձին պատրաստ է, ան ոտքի կ՚ելնէ։

Ո՞ւր, Սրբազա՛ն։

Անապատը։

Ան լսել անգամ չուզեր ո՛չ համբերութեան խորհուրդները, ո՛չ ալ ընդդիմութիւն թելադրող խօսքերը։

Երբ Առաջնորդարանի մեծ դուռնէն դուրս կ՚ելնէ, ան ետ կը դառնայ եւ կը թքնէ անոր սեմին վրայ։

Անէ՜ծք ինծի, եթէ մէկ մըն ալ ոտքս այս սեմէն ներս կոխեմ։

Պօղոս եպիսկոպոսի այս թունդ անէծքովը, վարագոյրը կ՚իջնայ իր անունին շուրջ երեսուն տարի տեւող պայքարի տռամին վրայ։

ՎԵՐՋ