Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԾԻՒԸ ԻՐ ԿՏՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅ

Հայրիկ կէս օրին Աւանց կը հասնի։ Յոգնած է ան, ցրտաշունչ եղանակով մը ան ամբողջ ամիս մը ճամբորդած է ձիուն կռնակը։ Յոգնած եւ ընկճուած կը վերադառնայ Հայրենիքը, որու մասին ան տարիներով երազներ է հիւսեր, դէպի ուր ան, պահ մը, վերադարձի անրջային հեռանկարներ է շիներ եւ ուր այժմ կը վերադառնար յուսաբեկ եւ հիասթափ։ Ան հիմա թեւակոտոր արծուին է։

Տխուր է անոր հոգին այլապէս։ Ճանապարհին վրայ, ուր հայկական շէնքեր տեսած է միշտ եւ առատութիւն միայն, ան ուրիշ բանի չէ հանդիպած եթէ ոչ աղեխարշ տեսարաններու, մերկութիւններու սովալլուկներու։

Մուշտակին մէջ կծկտած, տժգոյն, ան հազիւ քանի մը խոսք կը գտնայ նուազուն ձայնով մը պատասխանելու Կուսակալի եւ հիւպատոսներու ներկայացուցիչներուն բարի գալուստի մաղթանքներուն։ Ընդհ. ժողովի ատենապետին քիչ  մը երկար խօսքերն ալ ան կը կտրէ «Պարոն Ատենապետ, ատոնք տաք տեղ ըսուելիք բաներ են» ընդմիջումով։ Բայց երբ իրեն կը ներկայանայ գիւղին պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Յարութիւն Աղաւնեանի, որ իր հին բարեկամներէն է եւ որ Հայրիկը կը հրաւիրէ «իր տաք օճախը քիչ մը հանգստանալու» Հայրիկի տրամադրութիւնը յանկարծ կը փոխուի։ Ան ժպիտով մը հին բարեկամին ուղղուելով`

Վախնամ թէ ձեր օճախը այնքան տաք է որքան ձեր Պօլսոյ խանը եալտըզլի։

Յետոյ խօսուն տրամադրութեամբ մը դառնալով դէպ ի Կուսակալի ներկայացուցիչը`

Պ. Աղաւնեան երիտասարդութեան բարեկամ մըն է ինծի։ Իմ Վան եղած ատեն ան Պօլիս գնաց եւ խանի մը սենեկապետ դարձաւ։ Մենք յաճախ կը թղթակցէինք եւ երբ անոր հասցէն կը գրէի «Մէրճան փողոց Եալտըզլի խան», կ՚երեւակայէի մէրճանէ շինուած փողոց մը եւ եալտըզներով ներկուած խան մը։ Երբ Պօլիս եղայ, առաջին գործս եղաւ երթալ տսնել մէրճանէ փողոցը։

Ոստիկան զօրաց հրամանատարը որ Պօլիսը կը ճանչնայ, կ՚ընդմիջէ`

Պօլսոյ այն փողոցներէն է ուրկէ մարդը քիթը բռնելով կ՚անցնի…

Անգամ մը փողոցին մէջ, կը շարունակէ Հայրիկ եալտըզ կը փնտռեմ  խանը գտնալու համար։ Ասդին եալտըզ անդին եալտըզ, նշոյլը չեմ գտնար։ Տղայի մը կը հարցնեմ, տղան զիս կը կեցնէ նախրատան մը առջեւ…։

Քահ-քահի կարգը խանը ճանչցողներուն է, մանաւանդ անոր օտապաշիին։

Քահ-քահէն` Հայրիկի տխրութենէ ընկճած հոգին լայն բաժին մը կը հանէ իրեն համար։ Անոր լիաշուրթն ծիծաղը խարազանի հարուած մը կ՚ըլլայ հոգիին համար։ Հոգիին կազդոյրէն րոպէապէս կ՚ազդուի անոր յոգնած մարմինը, դէմքին տժգունութեան կը յաջորդէ իր շուշանի սպիտակը, աչքերը կը սկսին փայլիլ եւ անոնց գորշը կը վերստանայ իր գեղեցիկ կապոյտը։

Փոոփոխութիւնը այն աստիճան աչքառու կ՚ըլլայ որ Հրամանատարը, զարմացած` Հայրիկին կը մօտենայ եւ ականջին`

Խրիմեան էֆէնտի, ներողամիտ եղէք։ Աւելորդ աճապարանք մը ունեցայ, քիչ առաջ ձեզ այնքան տկար տեսայ, որ ոստիկան մը ղրկեցի քաղաքը բժիշկին (այդ օրերուն Վանի մէջ մէկ բժիշկ միայն գոյութիւն ունէր) որպէսզի Առաջնորդարանը երթայ եւ ձեզ հոն սպասէ,

Հոգ չէ կը պատասխանէ Հայրիկ, նոր քահքահով մը, հոն հիւանդ մը կը գտնենք անշուշտ բժիշկը պարապ չվերադարձնելու համար։

Նոր դիմաւորողները զուարթութեան նոր առիթներ կը բերեն Հայրիկին, ծանօթի մը հետ անցեալէն յիշողութիւն մը, դրացիի մը հետ կատակ մը, ու ահա բոլորովին կը բացուի Հայրիկի սիրտը։ Անոր տխուր հոգին ուրախութեան ծարաւն ունէր եւ այդ ուրախութիւնը ան գտած էր զինքը դիմաւորողներու ցոյց տուած ուրախութեան մէջ, այնպէս որ, ժամ մը առաջ, տրամադրութեան ժլատը` եկեղեցիի մէջ խօսքի շռայլ մը կը դառնայ։ Այնտեղ, ան` հաւատքի եւ յոյսի խօսքերու առատութեամբ կ՚ողողէ ներկաները եւ կը խանդավառէ զանոնք։

Ներկաները եկեղեցիէն կը հեռանան Հայրիկի հոգեշունչ խօսքերը շրթներուն վրայ`

Ո՞վ է ձեր մէջ հայ քրիստոնեան` որ պիտի ուզէ ի հաւատքը խախտել իր Աստուծոյն վրայ, այն Աստուծոյ որ իրեն հաւատացող ժողովուրդը` ամբողջ տարիներ մանանայով կերակրեց։ Ո՞վ է ձեր մէջ Հայը` որ չհաւատար  իր բազուկին, իր աշխատութեան հրաշքներուն։ Ո՞վ է ձեր մէջ Հայը` որ չհաւատար իր պատկանած ցեղին եղբայրական զգացումներուն։ Գացէ՛ք, պահպանեցէ՛ք ձեր հաւատքը ձեր Աստուծոյն վրայ, ձեր բազուկին վրա՛յ, ձեր արիւնակից եղբայրներու վրա՛յ, որոնց սիրոյն հաւաստիքով եւ օգնութեան խոստումներով բեռնաւորուած է որ ձեզի կուգամ ահա։

Առաջնորդարանի մէջ աջահամբոյրի թափորը կը սկսի։ Մէկին ժպիտ մը, միւսին կատակ մը, ուրիշի մը օրհնութիւն։ Ընդհ, ժողովոյ ատենապետը քիչ մը կանգ կ՚առնու`

Ե՞րբ հրաման կ՚ընէք որ գումարենք երեսփոխանական ժողովը։

Երբ որ սովն անցնի, կը պատասխանէ Հայրիկ, արագ, կտրուկ։ Ատենապետ կ՚անցնի անմիջապէս։

Վասիլաքի պէյն է որ կուգայ զինուորական համազգեստով, քաղաքին բժիշկը, որ ինքզինքը տրամադրելով`

Ի՞նչ ունիք, Խրիմեան էֆէնտի,

Հայրիկ կը յիշէ Հրամանատարին հաճոյակատարութիւնը։

Ե՞ս։ Ես բան մը չունիմ։ Երեմիա սրբազանն է հիւանդը։ Երթալով կը գիրնայ, կրնա՞ք ջուր մը տալ որպէսզի նիհարնայ։

Ամիրճանեան Տիգրան ուսուցիչ է, բանաստեղծ է։ Խնամատար ժողովի ատենապետն է։ Կը կարծէ թէ այդ բազմաթիւ տիտղոսները իրեն աջահամբոյրէն  աւելի իրաւունք մը կրնան տալ։ Ծոցէն թուղթ մը կը հանէ, ճառ մը, եւ կ՚ուզէ կարդալ։

—Վերջէն, վարժապետ, վերջէն, լաֆով փիլաւ չեփիր։ Այս ժողովուրդին հաց պէտք է, մեզի ալ գործ։ Հաւատք ըսինք, բայց ոչ առանց գործի։

Ու յաջորդ օրն իսկ գործի վրայ է Հայրիկ։ Վաղայաջորդ օրը Առաջնորդարանը կը հրաւիրէ խառն ժողովի անդամներուն հետ այն բոլոր Հայեր` որոնք քաղաքին մէջ դիրք ունին կամ անուն եւ անոնց հաւանութեամբ կ՚ընտրէ` իր նախագահութեան ներքեւ, Վասպուրականի սովելոց յանձնաժողով` հետեւեալ կազմով, Երեմիա եպիսկոպոս Տէվկանց, Գարեգին Վ. Սրուանձտեան, Գէորգ պէյ Գալճեան, Յ. Թէրզիպաշեան, Ս. Տէվկանց, Մ. Մարութեան, Մ. Փօրթուգալեան, Կ. Իսաճանեան, Ա. Այազեան։

Հայրիկ` միջոց մը յանձնաժողովին կը թողու ներքին աշխատանքի հողը եւ կը սկսի ինքնագիր կոչերով ողողել ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայութիւնը։

Հայրիկի կոչերը` գրուած անոր սրտագրաւ ոճովը, լեցուն` սովահար ժողովրդեան թշուառութիւնը նկարագրող անոր ականատեսի սրտաճմլիկ դրուագներովը, ինչպէս նաեւ սովահար շրջանի Հայութեան բնաջնջումի ահաւոր հեռանկարներովը, խոր արձագանգ կը գտնեն հայ հանրային գործիչներու սրտին մէջ, որոնք` մամուլով ոտքի կը հանեն Հայութեան խիղճը Թիֆլիսէն մինչեւ Բեթրօկրատ, Պօլիսէն մինչեւ Լոնտոն ու Մանչէսթըր, Պարսկաստանէն մինչեւ հեռաւոր Ճավա եւ Հնդկաստան։ Միաժամանակ ընդարձակ տեղեկագիր մը հասցնելով Պօլիս կեդր, յանձնաժողովին, Հայրիկ կը փութայ բացատրել թէ դրութիւնը շատ աւելի լուրջ է քան ինչ որ կարծուած էր իր Պօլիս գտնուած միջոցին։

Հայրիկի այս տեղեկութեան վրայ, Կեդր. Յանձնաժողովը` Յունուարի (1880) առաջին օրերուն, Կիւլպէնկեաններու բնակարանին մէջ խորհրդակցական մեծ ժողովի մը կը հրաւիրէ աչքի զարնող բոլոր ազգայինները եւ նոր անդամներու յաւելումով վերջնական ձեւ կուտայ իր կազմին։ Այսպէս յանձնաժողովին մաս կը կազմեն նախագահ Սերովբէ Կիւլպէնկեանէ ի զատ, Գ. Նորատունկեան, Ա. Ունճեան, Ս. Ղազարոսեան, Մ, Եսայեան, Պ. Շաշեան, Գ. Յովհաննէսեան, Ա. Կիւլպէնկեան, եւ Գ. Նիկոդիմոսեան։

Կեդր, Յանձնաժողովը` ժամանակակից հայ կեանքին մէջ նմանը չտեսնուած եռանդով եւ անձնուիրութեան աշխատանքի լծուելով, իր առաջին գործն ըրաւ Հայրիկի տեղեկագրին հիման վրայ, նոր կոչեր ուղղել ի սփիւռս աշխարհի բոլոր հայ գաղութներուն ընդհանրապէս եւ ծանօթ անհատներու մասնաւորապէս եւ ձեռնարկել համազգային հանգանակութեան մը։

Հայրիկի եւ Կեդր. Յանձնաժողովին կոչերը զիրար գտած եւ լրացուցած անսպասելի շարժում մը յառաջ բերին գաղութներու եւ ռուսահայութեան մէջ։ Միւս կողմէ հանգանակութեան եւ բաշխման գործին կանոնաւոր կազմակերպութիւնը մեծապէս արդիւնաւորեց շարժումը։ Ու ահա, ամէն կողմէ սկսան տեղալ օգնութիւնները։

Եթէ Կեդր. Յանձնաժողովի կազմակերպութիւնը օգնութեան գործին առանցքն եղաւ, Հայրիկի գրութիւնները, կոնդակները, նամակները, յօդուածները եղան անոր շունչն ու հոգին։ Հայրիկ` առանց տեղական յանձնաժողովոյ ծանօթութեան, իր անունով, իր անձնական նախաձեռնութեամբ, առանց մէկի մը հարցնելու, առանց օգնականներու, ինքը մինակը տանելով թղթակցութեան գործին թէքնիք բոլոր դժուարութիւնները, յաջողեցաւ կանոնաւոր յարաբերութիւն պահել ծանօթ բարերարներու, յայտնի մտաւորականներու, եւ կարգ մը խմբագիրներու, մասնաւորապէս Գր. Արծրունու հետ եւ այսպէս մինչեւ աղէտին վախճանը անոր հանդէպ վառ պահել Արտասահմանի Հայութեան հետաքրքրութիւնը։

Յետոյ, Հայրիկի շունչը, անոր խօսքը, անոր ի յայտ բերած սիրոյ եւ գութի զգացումը, անոր ցոյց տուած զոհաբերութեան ոգին, անոր ինքնազրկութեան սքանչելի օրինակներն եղան որոնք տեղական ժողովուրդին մէջ արթնցուցին պարտականութեան եւ իրերօգնութեան ոգին, առանց որուն` տեղացիներու առհասարակ չքաւորութեան մէջ բթացած ինքնապահպանութեան բնազդին հետ ոմանց չարաչարութեան ոգին մեծապէս պիտի դըժուարացնէին օգնութեան գործը։

Հայրիկ բեմին վրայ է նաեւ։ Այնտեղէն ան հոգեկան հաղորդակցութեան մէջ է իր հօտին հետ։ Հոնկէ ան կը խօսի անոր հետ, կը յուզէ, կը յուզուի, կուլայ, կը լացնէ, աղքատին, կարօտին, նմանին օգնութեան հասնելու հոգի յուզող առակներով եւ օրինակներով ունկնդիրները կը ներշնչէ, առատաձեռնութեան  առաքինութիւնը կը տարփողէ, ժլատութիւնը եւ ժլատները կը խարանէ։ Հայրիկի առակները, անոր օրինակները ժողովրդեան օրուայ խոսակցութեան նիւթ կը դառնան, կ՚արթննայ անոր մէջ զոհողութեան ոգին, կը փթթի անոր մէջ գութի զգացումը եւ ահա դրացին կը սկսի դրացիին փոխ տալ, ազգականը ազգականին, ունեցողը չունեցողին։ Չէ ո՞ր Մանչէսթըրի Հայը, Հնդկաստանի Հայը յարգեր է Հայրիկի կոչը եւ յիշեր է հեռաւոր Վանի իր արիւնի եղբայրը, ինչպէ՞ս Վանեցին չլսէ իր Հայրիկին կենդանի ձայնը եւ չյիշէ իր դրացին, իր ազգականը։ Ոգին եւ զգացումը փոխանցիկ` շուտով կը դառնան համատարած։

Երեւոյթին հետաքրքրական եւ սրտայոյզ դրուագները իրարու կը յաջորդեն։

Օր մը, սուրբ Նշան եկեղեցիին մէջ «ով որ աղքատին կ՚ողորմի  Աստուծոյ փոխ կուտայ» բնաբանով քարոզ մը կը խօսի Հայրիկ։ Սովահարութեան դրուագներու սրտաճմլիկ նկարագրութիւններէ վերջ, ան կը տարփողէ գութի զգացումը այն աստիճան սրտառուչ, այն աստիճան յուզիչ, որ ժողովուրդէն շատերը կը սկսին լալ, ինքը Հայրիկն ալ կը փղձկի։ Լացը ու կոծը պահ մը համատարած կերպարանք կը ստանան։ Ժողովուրդը այդ օրը կը մեկնի արտասուաթոր աչքերով։ Ժամերգութենէն վերջ Հայրիկ Առաջնորդարան կ՚ելնէ, պահմը վերջ ան կը տեսնէ որ գիւղացի մը պարկերով բեռցուած սայլը Առաջնորդարանի բակը կը քշէ։ Կարծելով թէ գիւղացին սովելոց յանձնաժողովին ծախելու համարարմտիք է որ կը բերէ, սպասաւորին հրաման կ՚ընէ գիւղացիին ցոյց տալ պահեստը եւ հոն զրկել գիւղացին։ Գիւղացին մտիկ չըներ եւ վեր կ՚ելնէ Հայրիկին քով։

—Սրբազա՛ն կ՚ըսէ գիւղացին ութ գրիւ ցորեն բերած եմ Աստուծոյ փոխ տալու։

Գիւղացին, Գործոթ գիւղացի Մելիք աղան, շրջանին մէջ յայտնի մէկն է։ Ան լսեր է, այդ առաւօտը, Հայրիկի քարոզը, մասնակցեր է համատարած լացին եւ սայլին վրայ բեռցած արմտիքը` զոր ստուգիւ բերած է Յանձնաժողովին ծախելու, ողորմութիւն բերած է աղքատին, փոխ տալու բերած է Աստուծոյ։

Հայրիկ սեղանին գլուխը կ՚անցնի եւ Աստուծոյ անունով մուրհակ մը Օրհնութեան կոնդակ մը կը գրէ եւ գիւղացիին կուտայ։

Մելիք աղան կոնդակը իրեն երկարող ձեռքը կը համբուրէ եւ անոր մէջ ոսկի կը դնէ։

—Սրբազան, այս ալ առանց մուրհակի թող ըլլայ։

Քանի՜ քանի՜ բանգէտ քաղաքացիներու քսակը Հայրիկ յաջողեցաւ բանալ այնուհետեւ այս անուս գիւղացիին ինքնաբուխ ժէսթին օրինակովը։

Հայրիկի հանգանակութեան կոչին ամէն ծանօթ Հայ գիւղացի թէ քաղաքացի, արձագանգ տուաւ քիչ մը աւելի քիչ մը պակաս։ Գտնուեցաւ սակայն Հայ մը Չ,, արհեստաւոր մը, բայց արհեստովը դրամ դիզած եւ զայն տոկոսով աւելցնելու վարժուած մէկը, որ մինչեւ վերջը դժկամակեցաւ եւ հիւանդութիւն պատրուակելով մերժեց Առաջնորդարան երթալ։

Չ… համբաւ հանած ագահ մըն է, անոր ագահութենէն ծնունդ առած են պատմութիւններ, որոնք առածի կարգը անցած են Վանի մէջ։

Կը պատմուէր թէ` երբ Չ… սնտուկէն դրամ հանելու կ՚երթար յաճախորդի մը տոկոսով տալու համար, համարելով որ այդ դրամը կրնար կորսուիլ, ինչպէս որ այդ շատ կը պատահի տոկոսաւոր դրամներուն, ծունկի կուգար սնտուկին առջեւ եւ այդ հաւանական կորուստին երկիւղով համակ, կը սկսէր թեր ու դէմ առարկութիւններով լուծել իր մէջ ծագում առած «տալու թէ չտալու» տարակոյսը։ Եւ երբ վերջապէս դրամին սէրը կը յաղթէր զայն կորսնցնելու երկիւղին եւ կը վճռէր տալ զայն, աչքերը կը սկսէին թրջիլ եւ արտասուքի քանի մը տաք շիթեր թափելէ վերջ էր, որ ան կրնար սնտուկը բանալ եւ հանել դրամը։

Հայրիկին անծանօթ չեն Չ… ի այս պատմութիւնները։ Ան գիտէ նաեւ որ Չ… հօրս ազգականներէն է ու օր մը հօրս կ՚առաջարկէ միասին ճաշել եւ ճաշէն վերջ անոր ազգականին հիւանդտեսի… այցելութիւն մը տալ։

Չ. ի  համար անակնկալ մըն է Հայրիկի այցելութիւնը։ Ան գործին հօտը կ՚առնէ եւ, կամայ թէ ակամայ, քիչ մը աւելի կը հիւանդանայ։

Մարդը սակայն ճշմարիտ հիւանդ մըն է, հոգեկան հիւանդ մը, յոռետես, երկչոտ, տխուր։ Հայրիկ` արգահատանքով, բժշկի մը պէս կը մօտենայ անոր։

Ինչպէ՞ս էք, ի՞նչ կ՚ընէք։

Շատ գէշ։

Ինչո՞ւ, ի՞նչ ունիք,

Ի՞նչ պիտի ունենամ, սո՜վ, սղո՜ւթիւն, անգործութիւն, ձախորդութիւն, տուածդ չես կրնար ետ առնել, հանգիստ սրտով չենք կրնար հաց մը ուտել, ի՞նչպէս կ՚ուզէք որ աղէկ ըլլանք, առողջ ըլլանք, ուրախ ըլլանք։

Հիւանդը` վէրքը բացած է բժիշկի աչքին առջեւ,

Ձեզի ուրախութիւն բերած եմ, զաւակս, այսուհետեւ սրտի ուրախութեամբ պիտի ուտէք հացերնիդ։

Չ. ի աչքերը լայն կը բացուին,

—Ձեզի դեղահատներ պիտի տամ։ Ամէն անգամ որ անոնցմէ մէկը առնէք, ան ձեզի ուրախւութիւն պիտի բերէ։ Եթէ պատուէրիս հետեւիք, մէկ երկու ամիսէն բոլորովին պիտի փոխուիք եւ ուրախ մարդ մը պիտի դառնաք։

Մարդուն աչքերը կը սկսին փայլիլ, այս անգամ անոր համար որ ձրի էր որ իրեն կուգար ե՛ւ բժիշկը ե՛ւ գեղը։

Բայց պէտք է որ նախ հաւատք ունենաք եւ յետոյ խօսք տաք որ խղճմտօրէն պիտի գործադրէք պատուէրներս։

Հիւանդը լայնօրէն կը խոստանայ,

—Այս օրուընէ սկսեալ կը շարունակէ Հայրիկ բարի գործով մը օրական գէթ երկու երեք հոգի ուրախացնելու էք։ Յետոյ, երբ բարի գործ մը կ՚ընէք եւ ուրախութիւն կը պատճառէք ուրիշին, սովորութիւն ըրէք ձեզ, կանգ առնել պահ մը ձեր բարի գործին վրայ եւ մտածել որ դուք էիք որ պատճառ եղաք այդ ուրախութեանը։ Այդ մտածումը ձեզի ուրախութիւն պիտի բերէ։ Դուք ուրախ պիտի ըլլաք որ ուրիշի մը ուրախութիւն պատճառած էք։ Այդ ուրախութիւնը ձեր սիրտը պիտի բանայ եւ ձեզի պիտի սղէ նոր ուրախութիւններ պատճառելու։ Այսպէս, ստէպ ուրախացնելով եւ ուրախանալով ուրախութիւնը ձեզ համար պիտի դառնայ վարժուիւն մը, սովորութիւն մը, եւ դուք ինքզինքնիդ պիտի զգաք ուրախ եւ երջանիկ։

Ագահին միտքը դէպ ի գեղերն է, ձրի գեղերը։

—Իսկ դեղահատնե՞րը կը հարցնէ ան։

—Ահ թէ ինչպէս կը շարունակէ Հայրիկ ժպիտով մը։

—Վաղուընէ սկսեալ, երբ մուրացիկը ձեր դուռք կը ծեծէ (մուրացիկները` Վան, մասնաւոր ծեծոց մը ունին) դուք սովորութիւն ըրէք ինքներդ երթալու եւ դուռը բանալու, դուք ձեր ձեռքով տուէք մուրացիկինհացը եւ անոր երեսին աղէկ մըն ալ խնդացէք։ Մուրացիկը պիտի ուրախանայ, ան պիտի խնդայ ձեզ պէս եւ ձեզ պիտի օրհնէ։ Անոր ուրախութիւնը  տեսնելով, անոր ժպիտը տեսնելով, անոր օրհնութիւնը լսելով ձեզի ուրախութիւն պիտի գայ։ Մէկ, երկուք, տասը, վարժութեամբ դուք աշխարհի ամէնէն ուրախ, ամէնէն երջանիկ մարդը պիտի ըլլաք։

Հիւանդին աչքը դեռ դեղահատներուն է։

Դեղահատնե՞րը երբ առնելու եմ։

Դեղահատները  ասոնք են զաւակս, հացի այն կըտորները զոր տալու պիտի տանիք, այնպէս ինչպէս որ ըսի։

Չ. կ՚անդրադառնայ, գլուխը կը կախէ եւ կը սկսի խորհիլ լսածներուն վրայ։

Հայրիկ` պահը եկած կը համարէ եւ կ՚առաջարկէ հիւանդին`… թելադրած փորձին առաջինն ընել հէնց իրեն վրայ, զինքն ուրախացնել առաջին անգամ, ինքը, որ սովեալներուն անունով եկած է այդ օրը ծեծելիր դուռը։

Հիւանդին նոպան կը բռնէ։

Հայրս կը ճանչնայ իր ազգականը, գիտէ գործը եփելու գործնական միջոցը։ Ան կը սկսի։

Այսինչը տասը ոսկի տուաւ հանգանակութեան, այնինչը քսան։

Այսինչը Չ. ի դրացին է… այնինչը անոր համար մրցակից մը։

Չէ ո՞ր հանգանակութիւններու ակամայ մասնակցողներու առաջին սփոփանքն այն է  որ մինակ չեն իրենք։ Այդ սփոփանքովն է որ առհասարակ այդպիսիները ձեռքերնին գրպաննին կը տանին։

Չ. ի դրամը սակայն գրպանը չէ այլ սնտուկը, որուն առաջ ան պէտք է որ երթայ ծունր դնէ, եւ, երկուքի տեղ չորս չիթ արտասուք թափէ։ Չէ՞ որ այս անգամ սնտուկէն ելածը հոն չպիտի մտնէր այլեւս։ Ան կ՚երթայ սնտուկին պահ գրուած սենեակը։

Չ. ի վերադարձը կ՚ուշանայ, եւ այն աստիճան, որ կը կասկածին թէ մի գուցէ ան ուշաթափ եղած ըլլայ սնտուկին առջեւ։ Կ՚երթան ստուգելու յապաղումին պատճառը։

Վերջապէս կը վերադառնայ Չ. ` ձեռքը երկու ոսկի, փոխանակ ուզուած տասնին։

Հայրս կը նեղանայ, Հայրիկ ընդհակառակն։ Ան սիրով կ՚ընդունի երկու ոսկիի նուէրը, կը ժպտի, սովորականէն աւելի մեծ ուրախութիւն մը կը ցուցնէ, օրհնութիւններ կը շռայլէ։ Հիւանդը նախ կը զարմանայ, բայց կամաց կամաց կ՚զգացուի, կ՚սկսի ինքն եւս ժպտիլ, կը զգայ որ ուրախ բան մը կ՚անցնի իր հոգիին միջովը։

Կ՚անցնին քանի մը օրեր։ Իրիկուն մը, ուշ ատեն, երբ կը կարծէ թէ Հայրիկը առանձին պիտի գտնէ Առաջնորդարանի մէջ, Չ. կ՚երթայ գտնել զայն եւ ութը ոսկի, պահանջուած տասնին մնացորդը, անոր ափին մէջ դնելով, ներողութիւն կը խնդրէ որ առաջին անգամուն մերժած է զինքը…

Մինակ այդ չէր եղածը։ Չ. գործադրած էր Հայրիկի խորհուրդները եւ գործածած անոր պատուիրած գեղահատները…։ Ան  հոգեփոխուած էր գրեթէ, ու այդ օրուայ անոր ժէսթը ուրիշ բան չէր եղած` եթէ ոչ հետեւանքը անոր հոգեփոխութեան, այլ խօսքով անոր են թարկուած հոգեբուժութեան։

Եւ, ասիկա Հայրիկի արտակարգ գործունէութեան դրուագներուն ոչ առաջինն է ոչ ալ վերջինը։

Դժուար թէ ընտանիքի մը հայրը, նոյնիսկ «Դրախտի ընտանիք»ի հեղինակին երեւակայած տիպարը, իր սեփական ընտանիքին համար սիուցանէր այն սէրն ու գորովը, անոր համար յանձն առնէր տքնաքին ամէն տեսակը, անոր պէտքերուն համար դիմէր  միջոցներու բոլոր հնարաւորին եւ երեւակայելիին, զոր Հայրիկ` սովի օրերուն, ցոյց տուաւ զինքը Հայրիկ կոչող ժողովուրդին հանդէպ։

Ոմանք զարմանալի կը գտնեն, որ Խրիմեան սովորութիւն ըրած էր ինքն իրեն համար եւս գործածելու իր հօտին կողմէ իրեն տրուած տիտղոսը։ Ոչինչ աւելի բնական։ Այնքան  բնական որքան սովորական հօր մը, իր ընտանիքին մէջ, իրեն  համար գործածած «Հայրիկ» կոչումը։ Աւելին ըսենք։ Իր հօտին համար ընելէ վերջ ոչ միայն այն, ինչ որ պիտի ընէր սովորական հայր մը, այլ նաեւ աւելին, կեղծաւոր մը պէտք էր որ եղած ըլլար Հայրիկ, եթէ զգուշանար ինքն իրեն համար գործածելէ իր զաւակներուն կողմէ իրեն, այնքան ինքնաբերաբար տրուած տիտղոսը։

Պատահականօրէն չէ որ նման տիտղոսներ ծնունդ կ՚առնէ։ Այդպիսով ծնունդ առնողները չեն ալ ապրիր արդէն։ Իզմիրլեան Պատրիարքին ալ պահ մը Հայրիկ տիտղոս տուին։ Ինքը մեռաւ տիտղոսը միասին։ Գործն է որ կ՚ապրեցնէ տիտղոսը։ Փնտռեցէ՛ք պատմութեան մէջ նման տիտղոս մը առանց խորարմատ պատուանդանի։

Շատեր կը կարծեն թէ Խրիմեան իր հայրենակիցներէն է որ առած է իր «Հայրիկ» տիտղոսը։ Սխալ, Մշոյ մէջ էր եւ Մշեցիներէն որ առաջին անգամ Խրիմեան լսեց իր «Հայրիկ» կոչումը։ Եւ, գիտէ՞ք ինչ պարագաներու մէջ։

Տարօնի իր Առաջնորդութեան օրերուն։ Խրիմեան կը տեսնէ որ տեղացի ժողովուրդէն կը գանձուին տուրքեր` որոնք Վանի մէջ գոյ ութիւն չունէին։ Ան կը դիմէ տեղական կառավարութեան, որ սակայն կարեւորութիւն չընծայեր, կը գրէ Պատրիարքարան, օգուտ շներ, կը բողոքէ Կարնոյ կուսակալութեան, որմէ վարչականապէս կախուած էր Մուշ, անպատասխանի կը մնայ։ Խրիմեան կ՚ընէ այն ատեն, իր խնամքին յանձնուած մեծ ընտանիքին  համար բան մը, որ սովորական ամէն հօր տրուած չէ ընել իրեն սեփական զաւակներուն համար։ Կ*ելլնէ, ձմրան եղանակին, Կարին կ՚երթայ, կուսակալին կը ներկայանայ, ասոր կը դիմէ, անոր կը դիմէ, Առաջնորդը կը դրդէ, երեւելիները միջնորդութիւններու եւ բարեխօսութիւններու կը մղէ ու վերջապէս կը յաջողի տուրքերու ջնջումին հրամանը ձեռք բերել եւ հրովարտակը գրպանը` վերադառնալ Մուշ։

Մուշի ժողովւրդը` խուռներամ խանդավառ ընդունելութիւն մը կ՚ընէ իր Առաջնորդին, որուն ցոյց տըւած անձնուէր հոգածութիւնը ան ո՛չ տեսեր էր նախորդ առաջնորդներուն քով, ո՛չ ալ լսած ուրիշ առաջնորդներու մասին։ Այդ օրը ահա Մշեցին քիչ կամ  անհամապատասխան գտած է «Առաջնորդ» տիտղոսը եւ «Հայրիկ» անուն տուած է իր Առաջնորդին։