Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԵՍՆԱՄԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ՎԵՐՋ

Հոգիով մեծ եւ անյիշաչար, գուցէ իր զիջողութիւնը այս աստիճանին չհասցնէր Հայրիկ, եթէ դասաւորուած պայմաններու բերումով` անոր մէջ գտած չըլլար խաղաղութան լաւագոյն երաշխիքը եւ ժողովուրդին իսկական շահը։ Թէ` Հայրիկ ճիշդ եղած է իր դատումներուն մէջ թէ ոչ, եւ կամ թէ յետին միտքեր ալ իրենց  բաժին դերն ունեցած են թէ ոչ ատիկա բոլորովին տարբեր հարց մըն է, որուն մենք պիտի հանդիպինք մեր պատմութեան ընթացքին։ Բայց, որ անոր այս նախաձեռնութեան հիմնական շարժառիթը ժողովուրդին սէրն էր եւ անոր շահու գիտակցութիւնը, վեր է ամէն կասկածէ։

Պօղոս եպիսկոպոս Լիմ Անապատի վանահայրն է եւ այնտեղն է որ Հայրիկէն կը ստանայ իր ընտրութեան լուրը եւ պաշտօնին հրաւէրը։ Հայրիկ լրացնելու համար իր ժէսթին նշանակութիւնը եւ ամրացնելու համար անոր ձգտած նպատակը` համազգային ցոյցի մը կերպարանք կ՚ուզէ տալ նոր Առաջնորդի ընդունելութեան։ Ան` իր կողմնակիցներէն քանի մը առաջաւորներ քովը կանչելով` անոնց կ՚առաջարկէ շուկան գոցել նոր առաջնորդի ժամանումին օրը, եւ իրեն հետ մինչեւ Ալիւր գիւղը (երեք ժամ հեռաւորութեան վրայ) դիմաւորութեան երթալ անոր։

Առարկութիւնները ծայր կուտան։ Ամէնէն անհաշտը յայտնի վաճառական մըն է։

Հայրիկ կը սրտմտի եւ անոր ուղղուելով`

Դուք վաճառական էք եւ ինձմէ աւելի աղէկ պէտք է որ գիտնաք, վաճառականները` առհասարակ աղէկ գին կը դնեն իրենց գէշ ապրանքին վրայ եւ այնքան լաւ կ՚ըսեն գէշ ապրանքին համար, որ վերջէն իրենք անգամ կը սկսին հաւատալ, իրենց գէշ ապրանքին լաւութեանը։ Եկէք անոնց պէս ընենք, լաւ ըսենք, լաւի տեղ դնենք, այնքան շատ, որ թէ` մենք հաւատանք եւ թէ՛ ինքը Պօղոսը։

Վաճառականները կը խնդան, Հայրիկ անոնց հետ։

Ժողովուրդի իմաստութիւնը կը շարունակէ Հայրիկ այս մեթոտին ճշմարտութիւնը դրած է չորս բառի մէջ։ «Լաւ ըսենք, լաւ ըլլայ»։

Առարկութիւնները կը հալին,

Աւելին պէտք է որ ընենք։ Մինակ վաճառական չըլլանք, տիպլօմաթ ալ ըլլանք կը շարունակէ Հայրիկ պէտք է Պօղոսին այնպէս ցոյց տանք թէ` իր գրաւածը Շըմօյի բերդն է։ (Շըմօյի բերդը` Վանի արկօյին մէջ, հողմաղացն է, Վանի մօտ փոքրիկ բլուր մը, զոր օր մը հայ Տօն-Քիշօթ մը գրաւեր է)։ Պէտք չէ թոյլ տալ որ Պօղոսի համակիրներն ալ` իրենց հաշւոյն յաղթանակի գոյն տան անոր ընդունելութեան։ Անոր համար եկէք նոր Առաջնորդին ի պատիւ առաջին հրաւէրը ձեզմէ մէկուն կողմէն ըրէք, օրինակի համար Թէրզիպաշեանի կողմէն, որուն տիվանխանէն ամէնէն ընդարձակն է։

Հայրս չի մերժեր։

***

Առաջնորդներու եւ Վալիներու ժամանումին օրը տօնի օր է Վանի համար։ Ուրիշ պաշտօնեաներու ժամանումները, նոյնիսկ զինուորական հրամանատարինը, կ՚անցնին գրեթէ աննշմար։ Նման ժամանումներու պահուն շուկան գոց է եւ ողջ ժողովուրդը քաղաքէն դուրսը։

Ամիսներով` միօրինակութեան ձանձրոյթին մէջ ժանգոտող քաղաքին համար` նման օրերու հանդիսութիւնը թատրոն է, սինէմա, նուագահանդէս, ժամանցներու ամէն ինչը։ Եւ այդ ամէնուն համար բաւական է քաղաքէն դուրս ելնել։ Այդ ելքն է հանդէսին մուտքը, առանց մուտքի....  մուտքը։

Նման օրերը, կրկնապէս տօնական են դպրոցականներուն համար, որոնց շարքերուն մէջ, այդ օրերուն կը գտնուիմ ես։ Անոնք ոչ միայն արձակուրդ ունին այդ օրը, այլեւ տօնական զգեստներ հագած քաղաքէն դուրս կ՚ելնեն եւ Աւանցի ճամբուն վրայ խմբովին դիրք կը բռնեն։ Հոն, անոնք նորութիւններ ունին տեսնելիք այդ օրը, նոր դէմքեր, շքերթներ։ Յետոյ, առանց դերի չեն անոնք, խմբերգներ ունին երգելիք ի պատիւ օրուայ հիւրին, որ` իր կարգին, անոնց պիտի նայի, զանոնք պիտի տեսնէ…։ Որպիսի՜ խանդավառութիւն։ Աշակերտներէն շատերը առաջին անգամն է որ նման հանդէս մը պիտի տեսնեն։ Վեց տարի է որ նոր Վալի չէ եկած, ո՛չ ալ նոր առաջնորդ, հինգ տարի է ի վեր։

Ընդունելութեան օրն է։

Կարգը դեռ դիմաւորութեան  գացողներունն է։ Շտապի մատնուած ուշ մնացողներն են անոնք, որոնք կորսնցուցած պահերնին ձիերնին վազցնելով պիտի շահին։

Կառքը դեռ գոյութիւն չունէր այդ օրերուն Վանի մէջ, կամ գրեթէ։ Ջոջութեան կամ ազդեցութեան նախապայմաններէն մէկն էր ունենալ` եթէ ոչ քանի մը, գէթ մէկ  լաւ նժոյգ մը, յաճախ արաբական ցեղէ, զոր Վանի կը հայթայթէին, անոր հրապարակէն արմտիք գնելու եկող Մուսուլի աշիրէթները։ Կառքերու` այնուհետեւ շատնալուն վրայ էր` որ յետագային, Վանի ջոջերու այս պերճութիւնը աստիճանաբար անհետացաւ։

Դիմաւորողներու եւ հետեւորդներու թափորին առաջին փայլը ուրեմն մասնաւորապէս դպրոցականի մը աչքին, անոր մէջ փայլող նժոյգներն են իրենց Քիրմանի շալէ հարուստ թամբերով։ Վրայիններէն աւելի` անոնց է որ կ՚ուղղուին դպրոցականի աչքերը։

Հիւրին ժամանումը ժամ չունի։ Անոր ժամը կապուած է հազար տեսակ պատահականութեանց հետ։ Եւ, որովհետեւ հիւրը բերող թափորը, երբ ձմեռ չէ, ծածկուած կ՚ըլլայ անպատճառ փոշիի ամպհովանիով մը, ժամանումին լուրը տւողը այդ ամպհովանին է միայն, անոր երեւումը։ Բայց մինչեւ անոր իսկականին երեւումը, փոշիի պատահական ամպհովանիներ, յաճախ նախիրի մը անցքէն բարձրացած կամ պարզ հովէ մը, գուցէ քսան անգամ «կուգան», «եկան», գոչել կուտան դպրոցականներուն, կարգ բռնել կուտան անոնց եւ, նոյնքան անգամ, յուսախաբութիւններով կը զուարճացնեն զանոնք։

Բայց ահա փոշիի խիտ եւ ծաւալուն ամպ մը։ Յայտնի է որ նախիրէ չէ որ կը բարձրանայ ան, ոչ ալ գետինը աւլող հասարակ հովէ մը։ Թափորն է որ կը հասնի վերջապէս, նոր  Առաջնորդը, որուն` Հայրիկ, նախկին Պատրիարքը, երկրին մեծամեծները, հակառակորդ թէ բարեկամ, մինչեւ այդքան հեռուները դիմաւորութեան գացեր են։ Թափորին ամպհովանիին տակէն դուրս կուգան նախ անհատ ձիաւորներ։ Ի նշան ուրախութեան  ձիարշաւներ կատարողներ են անոնք։ Փոշիին իսկական քօղը` մեր աչքերուն, ոստիկան զինւորներն են որ կը պատռեն առաջին անգամ, երկու կարգի վրայ, հրացաննին բացած։ Եւ ահա, անոնց ետեւէն առաջին գիծին վրայ կ՚երեւի Հայրիկ իր սպիտակ ձիուն վրայ, կքած եւ յոգնած, ճերմակ լայն մօրուքը ծովէն փչող թեթեւ հովին տուած, աչքերն ըսես, փոշեխառն յօնքերուն պռստոցին մէջ, կարծես կորսուած։

Հայրիկի ձին ալ նահանջողի ձի է, յոգնած, գլուխը կախ, մինչ քիչ մը ետեւէն եկող օրուայ հիւրին, նոր առաջնորդին կարմիր նժոյգը` տիրոջը պէս խայտալու երեւոյթն ունի։ Տէրն ըսես, իր պարթեւ հասակովը եւ խրոխտ դէմքովը, կուրծք եւ գլուխ բռնած, յաղթականի հով մը երեսին, հեռուէն զինք չճանչցողներուն անգամ, կ՚ըսէ արդէն, թէ օրուան մարդն է, քաղաքը առաջնորդելու կոչուած մարդը։ Գուցէ բոլորովին այսպէս չէր, բայց այս էր առ հասարակ տպաւորութիւնը Վանի  Պօղոս-Ապօղոսեան պայքարներով սնած, բայց անոր խորքին եւ վերջին փուլերուն անծանօթ հանդիսատեսին։

Քիչերուն ծանօթ էր միայն որ Հայրիկ պժգանք կը զգար երբ զինքը ու Պօղոսը, երկու դէմ դէմի խմբակցութիւններու գլուխը կանգնած կուսակցապետներ եւ հաւասարէ հաւասար մրցորդներ կը համարէին։ Ան կրնա՞ր չճանչնալ վիհը, որ զինքը ծնունդով, գործով, համբաւով մեծ մարդ կը բաժնէր Պօղոսէն, հասարակ մահկանացուէն, որուն կարգ մը ձիրքերու, իրատեսութեան, գործնականութեան վրայ ան սովոր էր արհամարհանքով նայելու։ Քիչերուն ծանօթ էր միայն, որ Հայրիկը` Պօղոսը իր ձեռքով Առաջնորդական աթոռը բարձրացնելով` ուզած էր միաժամանակ ցոյց տալ վիհին խորութիւնը։

Հապա Էջմիածնի ճամբան…

Այո՛։ Ինչո՞ւ չէ։ Հայրիկ մեծ մարդ եղած չպիտի ըլլար, եթէ մեծութեան եւ բարձրութեան ձգտած չըլլար։ Չէ՞ որ այդ ձգտումն է որ եղած է բոլոր մեծ մարդկանց սանդուխը։ Եթէ Հայրիկ` իր ձգտումին մէջ պէտք տեսած է Պետրոսին վրայ նախընտրութիւն տալ Պօղոսին, Պօղոսը` զոր ինքը հալածուած է պահ մը, Պօղոսը` որ Պետրոսէն քիչ մը նուազ կ՚արժէ, ատիկա ալ բան մըն է, որ նոյնպէս քիչերու համար ըմբռնելի էր։

Ծանօթն ու ըմբռնողը, Հայրիկի դէմքին վրայ, այդ օրը, կը կարդար այդ ամէնը։

Պօղոս եպիսկոպոսը` լաւ ձիաւորի մը համբաւն ունի։ Անգամ մը, անոր առաջին առաջնորդութեան օրովը, Քիւրտերը կը կողոպտեն Հոգոց վանքը եւ, ի միջի այլոց կը տանին Գեղարդը, Քրիստոսի կողը խրուած գեղարդը, որ Վարագի սուրբ Խաչի կտորէն վերջ, Վանի շրջանի մասունքներուն մէջ ամէնէն նուիրականն է։ Պօղոս եպիսկոպոս հրացանը կ՚առնէ, ձի կը նստի անմիջապէս եւ հետը քանի մը ծառաներ եւ ժանտարմներ առած` Քիւրտերուն ետեւը կ՚իյնայ, կողոպուտը ետ կ՚առնէ, նուիրական գերին կ՚ազատէ եւ առօք փառօք քաղաքը կը բերէ։ Գեղարդին` սովորական ատեն, քաղաքը բերուիլը ինքնին դէպք մը, այսպէս գերութենէ հրաշքով ազատուելով անոր վերերեւումը կը դառնայ իսկական տօն մը եւ զայն ազատողին համար փառապսակ մը, ոչ սակայն առանց փուշի, վասնզի ապօղոսեանները չէին ուշացած տարաձայնելու անմիջապէս թէ եղածը միւշավէրէլի գավգա մը (սարքուած կռիւ) եղած է, այսինքն, Քիւրտերը` Պօղոսի խորհուրդովը տարած են Գեղարդը եւ յետոյ կեղծ հետապնդումէ մը վերջ ետ տուած։

Կռիւը` կեղծ թէ իրաւ, նոր Առաջնորդին ձեռք-ոտքով մարդ ըլլալը կասկածէ  վեր էր։ Ան` այդ օրը իր ամուր ձեռքերովը հազիւ կը զսպէր կարմիր նժոյգը, որ կարծես կը զգար թէ ինքն ալ օրուան ձին էր եւ աշխոյժ խոյանքով մը միշտ առաջ անցնիլ կ՚ուզէր։ Պօղոս եպիսկոպոսը` մասնաւոր ճիգով մըն էր, որ իր ձին որոշ աստիճանի վրայ ետ կը պահէր Հայրիկի ձիէն։

Հին Պատրիարքի եւ նոր Առաջնորդի անմիջապէս ետեւէն կուգային վարդապետներ եւ քահանաներ, նստած` ականջնին կախած ձիերու վրայ, որոնցմէ քանիները` ասպանդակի հարուածներու ներքեւ է որ կը քալեն։ Իսկ անոնց ետեւէն կուգային քաղաքին երեւելիները, «իշխան»ները, իրենց` մէկը միւսը գերազանցող նժոյգներու վրայ, իշխաններ, որոնք` ոչ միայն առաջնորդներ, այլեւ, ինչպէս սովոր էր ըսել Վանեցին, Վալիներն անգամ կը վերցնէին կը դնէին։

Վանի այդ օրերու երկու կուսակցութեանց  հակամարտութիւնը` իրենց գործածական «պօղոսեան» «ապօղոսեան» պիտակներէն աւելի գուցէ աւելի դիւրին  ըլլար բացատրել լուսաւորեալ-խաւարեալի, կամ հինի-նորի, նուազ գործածական պիտակներով։ Կողմնակի գործօնները անշուշտ իրենց դերն ունեցած էին եւ ունէին դեռ, բայց որ բաժանումը` երթալով հինի եւ նորի պայքարի կը վերածուէր, վեր էր ամէն տարակոյսէ։

Այսպէս նորը, նոր սերունդը, դպրոցէ ելածը եւ չելածը, բայց Հայրիկի` շունչով սնած սերունդը, ան` որ ոչինչ կը հասկնար Խրիմեանի որոշումին քաղաքական կամ թագուն աստառէն, ամէնէն անհաշտն էր կատարուած իրողութեան հանդէպ։ Փօրթուգալեան մերժած էր իր աշակերտութիւնը դիմաւորութեան հանել, իսկ միւս դպրոցներու ուսուցիչները եւ աշակերտները` մէկ կէտի վրայ շարուած` ուրիշ երգ չէին գտած ի պատիւ նոր Առաջնորդին երգելու, եթէ ոչ Հայրիկին  ձօնուած երգը,

Հայրի՜կ, Հայրի՜կ քո հայրենիք

Վասպուրական մեր աշխարհ։

Նոր Առաջնորդին դիմաւորութեան եկած էին անոնք, եւ սակայն, տեսակ մը քէնի շեշտով երգին որոշ կէտերու վրայ, կարծես հինին ի պատիւ ցոյց մըն է որ  կ՚ընէին նորին դէմ։

Թափօրին ծայրը չի գար։

Լիմ անապատէն քաղաքը գալու համար հարկ է կտրել Թիմար գաւառի ամբողջ երկայնքը, մէջէն կամ քերելով անցնելով 40ի չափ հայաբնակ  գիւղերէ։ Այդ գիւղերուն իւրաքանչիւրէն տասնեակներով ձիաւորներ միացած են թափօրին, անոր խառնուած են ձիաւոր դիմաւորողներ` հարիւրներով։ Թափօրը` այսպէս կը ներկայացնէ հեծելազօրքի շէնք շնորք բանակ մը, որուն թիւը սակայն, երթալով կ՚սկսի թափօրին կարգ ու սարքը խանգարել։ Բարեբախտաբար, քաղաքին դրան առջեւ, նոր Առաջնորդը հրաման կ՚ընէ գիւղացի ձիաւորներուն քաղաքը չմտնել եւ ետ  դառնալ։ Ոստիկանութիւնը` իր կարգին, թափօրի մէկ մասին կը պարտադրէ քաղաքին միւս դուռներէն ներս մտնել։ Այս կարգադրութեամբ միայն կարելի կ՚ըլլայ թափօրին պաշտօնական  մասին անցքը` քաղաքի Դաւրէզի դուռնէն եւ անոր նեղ փողոցներով մինչեւ Մայր եկեղեցին, ուր նոր Առաջնորդը պէտք էր ընէր իր հանդիսաւոր մուտքին հետ իր առաջին քարոզը։

Թափօրին մէջ` իգական սեռն է միայն որ կը պակսի։ Բայց ան ալ իր տեղն ունի։ Կանխօրօք եւ ամբողջովին ան գրաւած է Մայր եկեղեցիի եւ Առաջնորդարանի քով քովի ընդարձակ բակերը, որոնք` Վանի կիներու յատուկ ծածկոցներու սպիտակութեան ներքեւ, ձիւնապատ դաշտի մը երեւոյթն առած են այդ  րոպէին։ Կիներն ալ գիտէին թէ` այդ օրուայ հանդիսութիւնը Առաջնորդի սովորական ժամանումէ աւելի բան մը ունէր իր մէջ, թէ` ան միաժամանակ երեսնամեայ պայքարի մը վերջ դնող եւ կամ այդպէս կարծուղ համերաշխութեան ցոյց մըն էր։

Եւ ահա քաղաքամէջի եօթը եկեղեցիներու զանգակները միաժամանակ կը սկսին ղօղանջել։ Եօթը եկեղեցիները ի հանդէս բերած են այդ օրը այն ամէն ինչ որ ունին թանկագին, ոսկի, արծաթ, շուրջառ, բուրվառ, եւ ի սպաս դրած ամէնը, օրուայ հանդիսութեան։ «Հրաշափառ»ի մեղեդին կը բարձրանայ, քշոցները կը քշան, ծնծղաները կը ծնծղան, եւ բուրվառները  կը ծխան «երկինքի փառքին» եւ «երկրի խաղաղութեան» համար։ «Ուրախ  է Սուրբ  եկեղեցին» եւ անոր նոր իշխանը զգեստաւորւած` սեղանը կը բարձրանայ այս փառքերու միջովը։

Սեղանը բարձրանալէն առաջ, ան կ՚երթայ ողջագուրուիլ Հայրիկի հետ։

Սրբազան եղբայր, յոգնած էք, կարճ բանով մը բաւականացէք. կը շշնջէ անոր ականջին Հայրիկ։

Հայրիկին անծանօթ չէր Պօղոսի տոկունութիւն։ Ան գիտէր թէ այդ հերքիւլը` որ մէկ անգամէն ամբողջ գառնուկ մը կ՚ուտէր, եւ մինակը` վանքի ջրաղացքին քարը կը դարձնէր, յոգնիլ չգիտէր։ Բայց ան գիտէր միաժամանակ անոր միտքին ուժը եւ շատ կը վախնար որ այդ վտիտ ուժէն պաղ ջուր հոսէր օրուայ հանդիսութեանց տաքութեան վրայ։

«Որքան քիչ, այնքան լաւ», եղած էր Հայրիկի խորհուրդին միտքը։

Բայց կը թուի թէ Պօղոս եպիսկոպոս օրեր առաջ սերտած էր ըսելիքը։ Պատրաստածը կրճատելը անոր ոչ միտքին գործն էր, ոչ ալ ունեցած ժամանակին։ Այսուհանդերձ` Հայրիկի խորհուրդին վրայ ան փորձ մը կ՚ընէ։ Դժբախտաբար` փորձը ճակատագրական ազդեցութիւն մը կ՚ընէ անոր ըրած դասաւորութեան վրայ, որ միտքին մէջ կը շրջի եւ խօսքին թելը կորսնցնել կուտայ անոր։ Հայրիկի հասցէին  սերտած խօսքերէն ի զատ, զոր քիչ յաջողութեամբ կ՚արտայայտէ, մնացեալներէն փշրանքներ միայն կրնայ մէջտեղ բերել։ Անոնցմէ հասկնալի կ՚ըլլան միայն, նախ իր գուշակութիւնը` որ այսօր, իրեն համար ովսաննա գոչողները վաղը ի խաչ հան զդա պիտի աղաղակեն, յետոյ, թէ` խօսքով փիլաւ չեփիր, իրեն` խօսքի մարդ չըլլալը արդարացնող  բացատրութիւն մը։ Մնացեալները` անկապ, անյարիրի խօսքեր, ան կը վերջացնէ թուրքերէն առածով մը,

Գիտցողին` ճանճին վզոցը նուագ է, չգիտցողին` զուռնան նաղարան անգամ քիչ է։

Նոր Առաջնորդը կը զգայ թէ մուտքը շատ ձախող եղած է, ճիգէ՞ն թէ յուզմունքէն ան կը քրտնի քիչ մը։ Բայց, երկաթէ կազմուածքներու վրայէն, որպիսին էր իրենը, զղջումի կամ խղճահարութեան զգացումները կ՚անցնին հովի նման։ Այսպէս ալ եղած էր անոր համար եւ րոպէապէս ան գտած էր ինքզինքը։

Հայրիկ կը զգայ թէ` բացը գոցելու պարտք մը ունի։ Կեցած տեղէն ան` դէպի ժողովուրդը կը դառնայ անմիջապէս։

Զուռնա նաղարան շատ լսեցինք, սիրելի ժողովո՛ւրդ, բայց, ինչպէս ըսաւ Սրբազան եղբայրակիցս, նուագով եւ խօսքով փիլաւ չեփիր։ Ես յոգնած եմ այդ ձայնէն, յոգնած եմ օտար դուռներ ծեծելէ եւ ահա կ՚երթամ հանգչիլ Վարագ։ Օտարը մեզ խաբեց, այլեւս հրաժարելու ենք անոր վրայ յոյս դնելէ, մենք մերյոյսը դնելու ենք մեր վրայ եւ ինչ բանի որ պէտք ունինք սպասելու ենք մեր բարեխնամ կառավարութենէն։ Ահա ձեզի եղբայրակից Պօղոս  Սրբազան, որ ամէն յարգ եւ վստահութիւն կը վայելէ կառավարութեան քով։ Յարգեցէ՛ք ե՛ւ դուք զինքը եւ վստահեցէ՛ք անոր, ինչպէս որ ես վստահեցայ։ Ես իմ մնացորդ ուժերով պիտի օգնեմ իրեն։ Դուք եւս օգնեցէ՛ք իրեն եւ դիւրացուցէ՛ք անոր գործը։ Այսուհետեւ լաֆի փոխարէն քիչ մըն ալ գործ փնտռենք։ Ահա ձեզի գործի մարդ իմ սրբազան եղբայրը, մէկ սիրտ մէկ հոգի, հետեւեցէ՛ք անոր համերաշխօրէն։

Ժողովուրդը ե՞րբ չէ սիրած համերաշխութիւնը։ Ան` առհասարակ գոհ, կը մեկնի, բայց ոչ անոր երիտասարդ մասը, անոր նոր սերունդը։ Այդ մասը սակայն բոլորովին անգիտակ չէ որ ժամանակէ մը ի վեր հովը հակառկ կը փչէր։ Կամսարական` որուն Թիւրքերը «Էրմէնի բաշասը» տիտղոսը կուտային առհասարակ, առաջուայ չափ շռայլ չէր, ո՛չ իր խոստումներուն, ոչ ալ մանաւանդ իր վարկերուն մէջ։ Հասան բաշան ալ, որուն Հայերը` երբեմն «Հայու բաշա» կ՚ըսէին, առաջուայ չափ «հայ» չէր։ Ժողովուրդի այդ մասն ալ քիչ մը ձանձրացած էր «հայ բաշա»ներէն։ Յետոյ, չէ՞ որ խոհուրդը Հայրիկէն էր որ կուգար։ Այդ մասն ալ կը մեկնի եկեղեցիէն համակերպութեան տխուր զգացում մը հոգիին մէջ։

Եկեղեցիէն վերջ Առաջնորդարան։ Ընդունելութիւն են շնորհաւորութիւններ։ Ապա, երեւելիներու ընկերակցութեամբ աւանդական այցելութիւն Կուսակալին եւ զինւորական հրամանատարին։ Վերադարձին, ճամբան, Հայրիկ կը դառնայ իր նոր փոխանորդին`

Հիւպատոսներուն ալ վաղը կ՚երթանք։

Աճէլէյի պէտք չկայ, կ՚երթանք օր մը, կը պատասխանէ Պօղոս եպ. առաջին մէկ օրէն գծելով իր հետեւելիք ուղղութիւնը։ Հայրիկ չվրդովուիր եւ երբ իրենները դիտողութիւն կ՚ընեն, ան փիլիսոփայօրէն կը պատասխանէ`

Գուցէ անոր դատումները աւելի ճիշտ են։

Խումբը` Առաջնորդարանի գլխաւոր դրան առջեւ, Պօղոս եպիսկոպոս կանգ կ՚առնու։ Դրան վրայ փայտեայ  հսկայական աստղ—մահիկ մը կայ, որ սուլթանի տարեդարձներուն գիշերները կանթեղներով կը զարդարուի։ Անոր հեռաւոր անկիւններէն յայտնի է, որ ատենին կարմիր ներկ ունեցեր է ան։ Բայց, արեւի եւ փոշիի տակ` ան հիմա սարդի գոյն առեր է եւ կարծես թէ անոր պէս ծուռ ու մուռ ոտներով փակած է դրան ճակատը։ Կանթեղակալներն ըսես` պառաւի մը թափթփած ակռաներու վիճակին են։ Նոր Առաջնորդը բարապանին կը հրամայէ յաջորդ օրն իսկ կարգի բերել մահիկը։

Այդքան աճելէ… կը դիտէ Հայրիկ։

Հարկաւ, չէ՞ որ վաղը ճիւլիւս է (գահակալութիւն)։

Որո՞ւն ճիւլիւսը։

Որո՞ւն պիտի ըլլայ, Սուլթանին,

Օ՜, ես կարծեցի թէ ձեր ճիւլիւսին համար է, կ՚ըսէ Հայրիկ խնդալով։

Պօղոս եպիսկոպոսն ալ կը ժպտի, շրթունքներուն աջ անկիւնէն դէպի այտը բարձրացող իր սովորական կիսաժպիտովը, որ անոր աչքերէն ցայտող կայծին ներքեւ համակրելի նրբութիւն մը կուտար անոր դէմքին կոպիտ գեղեցկութեանը։

Յաջորդ իրիկուն լուսավառութիւն է Առաջնորդարանը եւ ընդունելութիւն ի պատիւ Սուլթանի գահակալութեանը։ Իսկ միւս իրիկուն մեր տան ծրագրուած հրաւէրն է։ Հոն են Պօղոսը եւ Ապօղոսը իրենց սպայակոյտերովը։

Տիվանխանէյին ճակատը, բուխերիկի աջ կողմը Հայրիկն է բազմած, ձախը Պօղոս եպիսկոպոսը։ Երկւքն ալ ծխամոլներ են եւ ես` որ սիկարէթներուն կրակ հասցնելու պաշտօն ունիմ, լուցկիի տուփը ձեռքս, թընդանօթին կրակ տւող զինւորին պէս, նշանի կ՚սպասեմ կրակելու համար։

Լուցկիին այդ օրերու նորոյթը, աւստրիական ապրանք այն կլոր եւ գունաւոր խոշոր տուփերն էին, որոնց կափարիչները կը կրէին գերման կամ աւստրիացի մեծ մարդկանց նկարները։ Ու եղաւ որ երբ տուփը ձեռքս մօտեցայ Հայրիկին, դէպի ինձ ուղղուեցաւ ան եւ տուփին պատկերը ցոյց տալով, լրջօրէն`

Կը ճանչնա՞ս այս մարդը,

Այո՛, Սրբազա՛ն,

Ո՞վ է,

Պիզմարքն է,

Սանքի չճանչնայիր ալ կ՚ըլլար, կարծեմ, ըսաւ ան, թօնը փոխելով եւ ժպտելով։

Լսողները բոլորն ալ խնդացին, բայց ոչ ես, որ այդ օրը չէի կրնար ըմբռնել կատակին իմաստը։

Հայրիկը չափազանց լաւ տրամադրուած էր այդ երեկոյ եւ ասիկա անոր վերջին կատակը չէր։ Քիչ վերջ, ժիլէիս գրպանէն կախուած շղթայէն կռահելով որ անոր ծայրը` սուտ ժամացոյց մը կրնար ըլլալ`

Տղա՛ս, ժամը քանին է,

Հարցումը այնքան լուրջ է, որ դէպի ուրիշներ կը դառնամ ժամը իմանալու համար եւ անոնց ծիծաղներու վրայ միայն կ՚անդրադառնամ կատակին։

Հայրիկի այս երկրորդ կատակը սակայն զիս այնքան ալ դժգոհ չթողուց։ Ան պատճառ եղաւ, որ յաջորդ օրը` հայրս ինձ համար իրական ժամացոյց մը գնէ։

Հայրիկի կատակները ոչ իմ վրայ սկսած էին, ո՛չ ալ ինձմով վերջացած։ Ան այդ երեկոյ, անխնայ էր ամէնուն հետ։

Սրահին մէջ, բուխերիկով զատուած` անոնք, հին պատրիարքը եւ նոր առաջնորդը, կողք կողքի են հիմա ճաշասեղանի շուրջը։ Հոգիով եւ հակադրութիւնը կը պարզեն նաեւ իրենց մարմնականին վրայ։ Հայրիկ` իր ճերմակ եւ նուրբ դէմքովը, իր ալեհեր մազերովը եւ իր խոշոր երկնագոյն աչքերու երազուն նայուածքովը` սուրբի մը տպաւորութիւնը կը թողուր, մինչ միւսը` իր գունեղ եւ կենսուրախ դէմքովը եւ փայլուն սեւ աչքերովը հեռուէն կարծես թէ կը պոռար թէ իսկ եւ իսկ այս աշխարհէն է։

Այդ օրերու սովորութիւնն էր, պաշտօնական ճաշերը կ՚սկսէին «Հայր Մեր»ով, որուն կը հետեւէր ապուրը, իսւկ ապուրին` «բարով եկաք»ի բաժակաճառը տանտիրոջ կողմէ։ Ճաշը հօրս է բայց անոր նկարագիրը կուսակցական։ Տանուտէրը` կուսակցութեան հնագոյն շէֆն է ուրեմն, Գալճեան Գէորգ պէյը։

Գէորգ պէյ Գալճեան վերջին մնացորդն է Հայ հինգ պէյերուն, «իշխան»ներուն, որոնք իրենց ժամանակին, իրականօրէն իշխած էին քաղաքին վրայ։ Անոնք` մասնաւորապէս  848ի քրտական մեծ արշաւանքին առիթով` պետութեան մատուցած իրենց ծառայութիւններովը շինած էին գիրք մը, զոր եկող գացող կառավարիչները չէին կրցած հաշուի չառնել։ Քաղաքը հասնելուն, անոնք այդ հինգ պէյ երուն այցելութիւնը կը փոխադարձէին եւ անոնց Ծնունդի եւ եւ Յարութեան տօները շնորհաւորելու կ՚երթային։

Կը պատահի սակայն անգամ մը, որ կառավարիչներէն մէկը, Զատիկի տօնին առիթով չուզէ յարգել այս սովորութիւնը։ Հինգ պէյերը խօսքերնին մէկ  կ՚ընեն եւ Զատիկին հետեւող պայրամի տօնին, պաշտօնատունը այցելութեան կ՚երթան, բայց ոչ կառավարիչին բնակարանը։ Խնդիրը լուրջ  կերպարանք կ՚ստանայ։ Հայ պէյերը` զինւորական կապալառուներ եւ զինւորական հրամանատարին բարեկամներ` ճարպիկութիւն կ՚ունենան արուեստական տարբեր վէճ մը ստեղծել, հրամանատարը մէջը խառնել, դրամ ծախսել, պատրիարքարան, Կարին, Բարձ, Դուռը իրար անցնել եւ վերջապէս կառավարիչը պաշտօնանկ ընել տալ։ Յօրէ անդի, Վանի մէջ, տեսակ մը անգիր բրօթօքօլի ձեւը  կ՚առնու սովորութիւնը։ որուն համաձայն քաղաքին Կուսակալները` Զատիկի եւ Ծնունդի տօներուն, անփոփոխելիօրէն շնորհաւորական այցելութիւն կուտային Առաջնորդէն զատ, օրուայ քանի մը հայ երեւելիներու։ Սովորութին մը որ ուրիշ քաղաքներու մէջ գոյութիւն չէ ունեցած։

Գէորգ պէյ Գալճեան 80 ամեայ ծերունի մըն է հիւանդկախ, բուռն համերաշխասէր մը, որ համերաշխութեան այդ առաջին ցոյցէն չզրկուելու համար է որ յօժարած է այդ օրուայ սեղանին մասնակցիլ։ Որպէս հիւրնկալ ուրեմն, Գէոգ պէյ` առաջին բաժակը կ՚առաջարկէ համերաշխութեան ի պատիւ, անոր առաքեալը` Հայրիկի կեանքին եւ յուզուած ձայնով մը, որպէս թէ ամէն ինչ եղած լմնցած ըլլար արդէն, կ՚արտասանէ դասական աղօթքը «Այդ արձակեա զծառայն քո»։

Երկրորդ բաժակաճառը Տիգրան Ամիրճանեանէն է։ Ան իր կարգովը պէտք էր երթար նոր Առաջնորդի հասցէին։ Բայց իր ճառին մէջ, ուսուցիչ-բանաստեղծը այնքան շատ հարցեր յուզեց, Հայրիկի կատարած դերին այնքան մեծ տեղ տուաւ, իր բանաստեղծի տաղանդը արժեցնելու այնքան մեծ ճիգ, որ` այդ ամէնի մէջ բուն հասցէն կորսուեցաւ։

Հայրիկ դժգոհ` ընդմիջեց,

Խէր օրհնած, մարդ այդքան բան կ՚իմանայ եւ երեսուն տարի մէջը կը պահէ, դուրս չհանե՞ր։

Ամիրճանեան գրական իմաստով առաւ Հայրիկի ընդմիջումը եւ թօնը շարունակեց։

Հայրիկի ճարը հատաւ։ Տեսնելով որ վերջը չգար, երկրորդ եւ այս անգամ կոպիտ ընդմիջում մը ունեցաւ։

Քեզ բան մը ըսեմ, վարժապե՛տ, անօթի փորով այդքան խօսք մտիկ  չըլլուիր։

Ամիրճանեան կարճ կապեց։

Հայրիկ` առհասարակ տխուր, մեծապէս կը տառապէր ձանձրոյթէ։ Անոր այս քիչ մը քրոնիկ  վիճակը շեշտելու կը ծառայէին այն ամէն ինչ որ պաշտօնական էին, ձեւական, քիչ մը կեղծ եւ կամ չափազանցեալ, որուն մէկ նմոյշը եղած էր Ամիրճանեանի ճառը։ Շատերուն անծանօթ է որ Հայրիկի  մանր կատակները մէկ մէկ դեղահատներ էին` որոնց ան պէտք կը  զգար իր ձանձրոյթի պահերուն, այնպէս ինչպէս ծարաւի մէկը պուտ մը ջուրի։ Հայրիկի զարգացած եւ բեռնաւորուած ուղեղը ծանր եւ ճնշող բեռ մըն էր արդէն անոր հոգեկան դրութեան վրայ, կրկնուած, միօրինակ, ոչ—անկեղծ միտքեր` ուրիշ բանի չէին ծառայեր, եթէ ոչ ծանրացնելու այդ բեռը։ Անոր համար էր որ ան յաճախ կը խուսափէր պաշտօնական անձերէ, այցելութիւններէ, յաճախ նոյնիսկ լուրջ կամ ջղային անձերէ եւ ենթագիտակցօրէն կը մղուէր երթայ փնտռելու զուարթ, լաւատես եւ խանդավառ անձերու ընկերակցութիւնը։

Տիգրան Ամիրճանեան բանաստեղծ է, երգիծաբան  է, բայց գրչով։ Խօսքին մէջ ան հակառակն է, նոյնիսկ ան ժպիտ չունի կամ ունեցածը կը կորսնցնէ մազ մօրուքին անխնամութեան մէջ։ Հայրիկի փնտռած անձը` սեղանին վրայ, ուրիշ մըն է, Շիրվանեան Նշան, ուսուցիչ մը նորէն, բայց ի՜նչ ուսուցիչ։

Օր մը Հայրիկ պէտք կ՚ունենայ զայն օտար այցելուի մը ներկայացնելու։ Այցելուն կ՚ուզէ իմանալ Շիրվանեանի զբաղումը,

Օ՜ կը պատասխանէ Հայրիկ Կամսարականի սեղանը կը յարդարէ, Քլէյթընի (անգլ. հիւպատոս) հետ որսի կ՚երթայ, պարսիկ հիւպատոսին քով  Ֆիրտուսիի ոտանաւորները կ՚արտասանէ Առաջնորդարանի թագրիրները կը գրէ։ Եթէ պատահի որ պարապ ժամանակ ունենայ, երբեմն ալ դպրոց կ՚երթայ ստանձնած դասերը տալու։

Արդարեւ մեր վարժարանին  թուրքերէնիուսուցիչն էր ան, եւ մենք անոր պահերուն մեծ մասը զբօսանքով կ՚անցնէինք։

Շիրվանեան` կատակարան, զուարճախօս, միմիքի ճշմարիտ վարպետ մը, Վանի մէջ, այդ օրերուն, ամէնէն շատ փնտռուած անձն էր։ Խնճոյքի տէրերը` օրերով առաջ կը փութային անոր ներկայութիւնը ապահովել այնպէս, ինչպէս հայկական կազմակերպութիւնները հիմա, Բարիզի մէջ, իրենց հանդէսներուն օրերը։

Շիրվանեան արկածալից կեանք մը ունեցեր է։ Ան` Բարիզի մէջ քարտուղարը եղած է ծանօթ բաղդախընդիր Ոստանիկ Տէր Մարգարեանի, գործօն դեր ունեցած է անոր համբաւաւոր արկածախնդրութեան մէջ, անոր հետ բանտ մտած է, անոր հետ դատարանները դեգերած արկածներ զոր ան` այնքա՜ն սրամտօրէն, պատմած է իր «Վիշտք իս ի Բարիզ» գրքոյքին մէջ։ Շիրվանեանի կեանքը` զուարճաբանութեան ճոխ մթերք մը ամբարել տուած է իրեն։

Ամէնքն ալ գիտեն Հայրիկին փնտռածը, որ ամէնուն ալ փնտռածն է միանգամայն։ Ամէնուն աչքն ալ դէպի Շիրվանեանն է,

Ի՞նչ ըսեմ,

Դրուագ մը ձեր պատուական... կեանքէն կը փափաքի Հայրիկ։

Շիրվանեան ոտքի կ՚ելնէ, բայց ան հասակով այնքան կարժ է, որ սեղանին ետեւ կը կորսուի։ Հայրիկի խնդրանքին վրայ, ան նստած կը սկսի։

Պատուական բաթրօնս Ոստանիկի հետ ծակն ենք։ (Ծակը, թրքահայերու արկօյին մէջ, բանան է եւ իր ծագումն առած է այն բանէն որ թրքական բանտին մուտքը` աւելի ծակ մըն էր քան թէ դուռ)։ Առաւօտ մը զիս բանտին ոստիկանատունը տարին հարցաքննելու։ Հարցաքննութիւնը տեւեց մինչեւ կէսօրը եւ դեռ չէր աւարտած ան։ Հարցաքննիչ ոստիկանապետը ճաշ ապսպրեց թէ՛ իրեն եւ թէ՛ ինձ համար։ Քիչ վերջ ճաշերնիս բերին առանձին ափսէներու վրայ եւ մէկուսի սեղանի մը  վրայ դրին։ Ոստիկանապետը` գլուխը կախ արձանագրութեան վրայ, ինձ հրամայեց ընել իմ ճաշը։ Ափսէներէն մէկը` փոքր, երկու պնակ միայն ունէր վրան, մինչ միւսին վրայ շիշ մը գինիի  հետ կային երեք պնակներ` որոնցմէ մէկին մէջ կը փայլէին խնձորի մեծութեամբ դեղձեր։ Ո՞ր ափսէին առջեւ նստիլ։ Գիտէի որ իրաւունքս փոքրին վրան էր, բայց միւսին վրայի գինիին շիշը եւ գեղձերը, այդ րոպէին բերնիս  ջուրերը կը վազցնէի՜ն։ Որոշումս տուի յանկարծ, առանց վարանումներու, ճոխին առջեւն անցայ եւ սկսայ լրջօրէն ճաշակել ճաշը եւ գինին։ Ոստիկանապետը` որ անտեղեակ չէ իր ճաշին վախճանին, աչքին ծայրովը կը լրտեսէր զիս, բայց ես այնպիսի՜ անհոգ անտարբերութեամբ մը կը շարունակէի ճաշս, այնքա՜ն ախորժակով, որ մարդը ամչցաւ ճաշս խանգարելու։

Դուք չամչցաք, ըսել է վրայ բերաւ  Հայրիկ քրքիջով մը, այլ ոստիկանապետը,

Այո՛, այո՛, Սրբազա՛ն պատասխանեց Շիրվանեան լրջօրէն…։

Պատմութենէն աւելի Շիրվանեանի միմիքն է հետաքրքրական։ Հայրիկի խնդրանքին վրայ, ան անգամ մը եւս Բարիզի ոստիկանատունը գնաց… եւ, միմիքը դէմքին` սկսաւ ճաշակել ոստիկանապետին ճաշը։

Հայրիկ` կողքերը կը բռնէր ծիծաղին պատճառած ցաւը զսպելու համար։

Շիրվանեան քաջ  պարսկագէտ մըն է։ Ներկաներուն  խնդրանքին վրայ, ան արտասանեց Ֆիրտուսիի բանաստեղծութիւններէն կտորներ, երգեց  պարսկերէն երգեր, յետոյ, ինքնաբերաբար սկսաւ իր երգերուն եղանակներուն հետ պարել պարսկական  պարեր։

Ճաշին պաշտօնականութիւնը եւ անոր կարգը խանգարուած էին։ Հայրս ուզեց վերջ դնել Շիրվանեանի չափազանցութիւններուն։ Հայրիկ նեղացաւ եւ միջամտեց։

Մարդը մեզ կը խնդացնէ, մեզի հաճոյք կը պատճառէ եւ դուք թոյլ չէք տար։ Կը կարծէ՞ք թէ դիւրին գործ է հաճոյք պատճառել։ Դուք եթէ Առաջնորդարանի խարխլած շէնքը վերաշինելու ելնէք, հազիւ պիտի կըրնաք Պօղոս Սրբազանը այսքան խնդացնել, ան ալ, գուցէ օր մը փլատակներուն տակ մնալու վտանգէն զերծ մնալուն ուրախութեան համար։ Փորձեցէ՛ք նայիմ, խնդացուցէ՛ք զայն անգամ մը, եթէ կրնաք։

Հայրս բնաւ միտք չունէր Առաջնորդարանը վերաշինելու, հակառակ որ ինքն ալ օր մը անոր փլատակներու տակ մնալու վտանգէն զերծ չէր։ Ան հրաժարեցաւ իր միջամտութենէն եւ Շիրվանեան շարունակեց  իր կատակները եւ մնջկատակները։

Այսպէս, երեսնամեայ ոսոխները համերաշխութեան սեղանին շուրջը, առանց տարակարծութիւններու, սիրով եւ համերաշխօրէն խնդացին կուշտ ու կուռ եւ մինչեւ վերջը։

Ատկէ աւելին, անոնք` իրենց երեսնամեայ անիմաստ կռիւներուն վրայ միայն պիտի կրնային խնդալ։

Համերաշխութեան ի պատիւ` մէկ երկու ուրիշ խընջոյքներու եւս մասնակցելէ եւ, մէկ երկու ժողովներու մէջ` իր յաջորդը գործերուն ծանօթացնելէ վերջ, Հայրիկ` Պօղոս եպիսկոպոսի եւ քօալիսիոն վարչութեան յանձնեց գործերը եւ քաշուեցաւ Վարագ։

Հայրիկի այս տեսակ մը դասալքութեան մէջ կը ցոլանայ անոր փիլիսոփայի հոգիին, աշխարհիկ գործերու վրայ վերէն նայող անոր հոգիին հետ, անոր` մինչ այդ վարած քաղաքականութեան մէջ մասնակի նահանջ մը։

Անոր փիլիսոփայի հոգին ձանձրացած էր եւ յոգնած` մէկ կողմէ աշխարհիկ եւ շուկայիկ շփումներէ, միւս կողմէ իրարու յաջորդող հիասթափութիւններէ։ Ան հանգիստի պէտք ունէր։

Մեծ հիասթափութենէն քանի մը տարի վերջ, 1882—ին, մենք տեսանք թէ ինչպէս անոր յոյսերը պահ մը արթնցած էին։ Մեծ պետութիւնները` խոստացուած բարենորոգումներու գործադրութիւնը պահանջած էին Բ. Դուռէն ու լուրը` հայկական միամտութեան եւ լաւատես չափազանցութիւններու թեւերով Վան հասած էր եւ յառաջ բերած ընդհանուր ոգեւորութիւն մը` որուն մէջ Հայրիկ իր տեսակ մը հեղինակի  իրաւունքի մասնաւոր բաժինն ալ ունէր։ Մենք տեսանք թէ ինչպէս պահանջումը բանին մը ծառայած չէր, կամ աւելի ճիշդը, նոր սակարկութիւններու միայն ծառայած էր։

Այս նոր հիասթափութիւնը արթնցուցած էր Հայրիկի մէջ հինին ցաւագին տպաւորութիւնը եւ, անոր վրայ բարդուած` երկանաքարի մը ծանրութեամբ ինկած էր նորէն անոր հոգիին վրայ։ Հայրիկ ուզած էր պահ մը ռուսական գրաւումի մը հեռանկարներով մխիթարել ինքզինքը, բայց այդ հեռանկարներն ալ իրարու ետեւէն կ՚անհետանային։ Գերմանիա` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղաւորուելու համար, դէպի Ծայրագոյն Արեւելքը քշած էր ձարերու քաղաքականութիւնը։ Այս լքումի քաղաքականութեան առաջին նշանը` Հայրիկի համար, եղած էր Կամսարականի` հէնց իրեն դիրքին խախտիլը։ Սեղմուած էր հայազգի հիւպատոսին արտակարգ վարկերը եւ անոր հետ չիջած անկէ վարձատրուող Փիլիպպոսեաններու, Պէյլէրեաններու, Կովկասցի Գալուստներու գործունէութեան եռանդը։ Այդպիսիները կամաց կամաց կը հեռանային Վանէն եւ կամ կուգային բեռ ըլլալու Հայրիկի քսակին եւ կամ Վարագի պիւաճէին վրայ։

Հիասթափ էր Հայրիկ եւ յուսալքուած, բայց անոր յուսալքումները կը տեւէին այնքան` որքան ձիւնը արեւու տակ։ Միջոց մը միայն եւ ահա անոր վրայ կը բարձրանար գերմարդուն առաքինութիւններուն, անոր երեւակայութեան եւ խանդավառութեան արեւը։ Ան ոչ իր յոյսը խորտակուած կը համարէր, ոչ ալ իր դերը վերջացած։ Ու այդ զոյգ զգացումները անոր  աչքերը կը դարձնէին երբեմն դէպ ի հեռաւոր հորիզոններ։

Քաղաքի թոհ ու բոհէն միջոց մը հեռու, Հայրիկ հետզհետէ ինքզինքը գհած էր։ Տարւոյն  աշնան ամբողջ ամիսները ան Վարագ մնացած էր առանց նոյն իսկ  անգամ մը քաղաքը իջնելու, երբ, դեկտեմբերի մէջ, ձիւնոտ առաւօտ մը, ձիաւոր ոստիկան մը, ինքը, ձին ձիւնի եւ քրտինքներու մէջ Վարագ կը հասնի, եւ հեւ ի հեւ Հայրիկին ներկայանալով անոր կը յանձնէ Կուսակալին մէկ տոմը։ Տոմսին մէջ Հասան փաշան իր պաշտօնանկութեան լուրը կուտար եւ փափաք կը յայտնէր, նոյն օրն իսկ, Հայրիկի հետ տեսակցութիւն մը ունենալ։

Հայրիկ այս անակնկալ լուրէն չափազանց կը վրդովուի եւ, հակառակ աննպաստ օդին, նոյն հետայն քաղաքը կ՚իջնայ եւ ուղղակի կ՚երթայ Կուսակալին, որ այդ պահուն իր քովը գումարած ունէր Իտաբէի ժողովը։ Կուսակալը անմիջապէս կը ցրուէ ժողովը, բայց վար կը դնէ  անոր երկու հայ անդամները, Գալճեանը եւ հայրս։

Ձեզ հետ խորհրդակցական վերջին ժողով մը պիտի ունենամ կ՚ըսէ  ան ներկաներուն, եւ թիկնապահին խստիւ կը պատուիրէ ոչ ոք չընդունիլ ներսը։

Երբ առանձին կը մնան անոնք, կուսակալը իր անակնկալ պաշտօնանկութեան հեռագրական լուրը կը հաղորդէ հիւրերուն եւ խորհրդապահաբար անոնց կը կարդայ Ապտիւլ Համիտի սենեկապետ հաճի Ալի պէյի մտերմական մէկ նամակը։ Իր նամակին մէջ, Սուլթանին սենեկապետը` Հասան փաշայի դիրքին խախտիլը եւ անոր մօտալուտ պաշտօնանկութեան լուրը տալով, կ՚աւելցնէր թէ «ձեր վարչութեան մեթոտէն գոհ ըլլալով հանդերձ, Սուլթան` անոր շրջանը լրացած կը համարէ եւ, ճիշդ ատոր համար, որպէս ձեզ յաջորդ կը փնտռէ ճիշդ ձեր հակառակն»։

Այս ընթերցումէն վերջ, պաշտօնանկ կուսակալը կը շարունակէ`

Ու երեւակայեցէք որ գտած են ճիշդ փնտռածնին։ Ինձ յաջորդողը Կեսարիոյ կառավարիչ Համիտ փաշան է, զոր մօտէն կը ճանչնամ։ Մոլեռանդ, չափազանց կասկածամիտ, ան ջղային իսկական հիւանդ մըն է որ գացած տեղը խնդիր հաներ է միշտ եւ որ ուղղուելով դէպի Խրիմեան մասնաւորապէս ձեզ հանգիստ չպիտի ձգէ։

Յետոյ, խօսքերուն տպաւորութիւնը՝ պահ մը, ակնոցին ետեւէն լրտեսելէն վերջ՝ միշտ դէպի Հայրիկ։

Հիմա կը խորհիմ թէ, արդեօք աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար, եթէ ձգէիք Վան եւ ինձ հետ միասին Պոլիս գայիք։

Հայրիկ՝ վստահելով հանդերձ Հասան փաշայի խօսքերուն անկեղծութեանը, կը զգայ անմիջապէս որ վերէն լարուած դաւի մը առջեւ կը գտնուի։

Այս տարիքո՞վս եւ այս  եղանակի՞ն, կը պատասխանէ Հայրիկ աչքերն ուղղելով դէպի պատուհանը, որուն ապակիները՝ ձիւնին բաթիլներէն՝ կարծես նրբահիւս շղարշով մը ծածկուած ըլլային այդ րոպէին։

Դուք ինձմէ աւելի երիտասարդ էք եւ աւելի առողջ։ Դուք իմ հիւրը կ՚ըլլաք եւ մենք միասին կը ճամբորդենք բոլոր կարելի պատրաստութիւններով կ՚աւելցնէ ծերունի կուսակալը։

Հայրիկ շնորհակալ կ՚ըլլայ եւ կ՚ըսէ թէ ինքը մտադիր էր արդէն Պոլիս երթալ եւ թէ գարնան կը սպասէր մտադրութիւնը ի գործ դնելու համար։

Կուսակալը չի պնդեր, բայ ց ուրիշ խնդիր մը մէջտեղ կը հանէ։

Եկէք ուրեմն ուրիշ բան մը ըրէք։

Ի՞նչ՝

—Եկէք մէջտեղէն վերցուցէք այն գլխաւոր պատճառները, որոնց համար նոր կուսակալը ձեզ կրնայ անհանգիստ ընել։

Օրինակի համար։

Համոզեցէք, օրինակի համար, Փորթուգալեանը, որ միջոցի մը համար ինքնաբերաբար հեռանայ Վանէն։ Ես խիստ հրահանգներ ունիմ անոր մասին որոնց գործադրութիւնը կախակայած եմ, բայց զայն գործադրելու պարտաւորուած եմ մեկնելէս առաջ։

Փորթուգալեան հիմա խելօքցեր է, դպրոցէն ի զատ ուրիշ գործի չխառնուիր  կը պատասխանէ Հայրիկ։

Բայց, դպրոցին մէջ ըրածը արդէն բաւական է, քիչ մըն ալ, եթէ կ՚ուզէք, աւելի կը դիտէ կուսակալը չարաճճի ժպիտով մը։

Եւ Հայրիկին հարցական ժպիտին վրայ՝

Ան՝ դպրոցին մէջ, շէնք շնորհք զինուոր կը պատրաստէ։

Ու առջեւի սեղանին դարակէն դուրս կը հանէ թղթածրար մը եւ անկէ թուղթ մը, եւ աչքը թուղթին վրայ՝ կը շարունակէ։

Գիտէ՞ք որ ասկէ 2-3 ամիս առաջ, օր մը, անոր աշակերտները խմբովին եւ զինուորական քայլերով ու մարշով իմ տան պատուհաններուն առջեւէն անցան դէպի ծովը։

Եւ թուղթին վրայ կը կարդայ  երգուած մարշը։

«Տղա՛յք ժողովինք հեռուէն ու մօտէն,

«Սաստիկ պատերազմ ընելու պատրաստ ենք»։

Ինչ կ՚ուզէք աւելի կ՚ըսէ Հայրիկ խնդալով, ղրկեցէք զանոնք ձեր զօրքերուն հետ թող երթան կըռուին, քանի որ այդքան պատրաստ են կռուելու։

Ես ալ այդպէս ըսի ժուրնալը ինծի բերողներուն, բայց եկուր տես որ մարշին ամբողջութեան թարգմանութենէն դուրս եկեր է, որ Փորթուգալեանի աշակերտները մեր զօրքին դէմն է որ պիտի կռուին եւ ոչ թէ հետը։

Հայրիկ՝ երկու բարեկամներուն հետ շուրթերնին  կը խածնեն բայց տեղի չեն տար։ Անոնք հայասէր պաշտօնէին կը հաւաստեն թէ պիտի համոզեն Փորթուգալեանը՝ եթէ ոչ Վանէն հեռանալու, գէթ այնուհետեւ հրաժարելու տղայական ցոյցերէ եւ նոր առիթներ չստեղծելու եւ անկէ կը խնդրեն հրաժարիլ իր մտադրութենէն։

Հասան փաշան՝ եթէ Խրիմեանի հանդէպ յարգանք ունէր, անոր երկու բարեկամներուն, մասնաւորապէս հօրս համար ալ մասնաւոր համակրանք մը կը տածէր։ Անոր Վան ժամանումին, հայրս, որպէս  Իտարէյի ժողովի անգամ, մինչեւ Արճէշ՝ դիմաւորութեան գացեր է եւ հոն մեծ վտանգ մը անցուցած։ Այնտեղ, Հաճի Շավէշ անուն բանտէն փախած աւազակապետ մը, որուն բանտարկութեան մէջ հայրս մասնաւոր դեր մը ունեցած է, գիշերանց հօրս պառկած սենեակը մտած է եւ հրացանովը ծանրապէս վիրաւորած է զայն։ Նոր կուսակալը գընդակը իրեն ուղղուած համարելով՝ հայրս՝ իր պատգարակովը Վան կը ղրկէ, իսկ ինքը Արճէշ կը մնայ եւ հոնկէ չմեկնիր մինչեւ որ ոճրագործը ձերբակալել չտար։ Ականատես այսպէս, այս առիթով հօրս ցոյց տուած անվեհերութեան, ան լաւ յիշատակով մը ինքզինքը կապուած կը զգար անոր հետ։

Կուսակալը նոր հաւաստիքներ կը ստանայ եւ ընդ առաջ երթալով եղած խնդրանքին կը կախակայէ որոշումը, բայց չդադրիր կրկնելէ իր թելադրութիւնները։

Քանի մը օր վերջ կը մեկնի հին կուսակալը եւ կուգայ նորը, այնպէս ինչպէս բնորոշած էր հինը, կրօնամոլ, ջղային, անհանդարտ, որ առջի մէկ օրէն ինքզինքը կը յայտնէ։ Հասարակ ժուրնալի մը վրայ, ան դատարանին կը յանձնէ բռնուած երգարանի մը հին խնդիր մը, որուն իր  նախորդը կարեւորութիւն տուած չէր, երգարանին տէրն ալ բանտարկել կուտայ։ Ասով չբաւականանար ան, խնդիրը առիթ կը համարէ, եւ իրեն քով կը կանչէ Հայրիկը, Մելիքեան եպիսկոպոսը եւ հայ երեւելիները եւ շիտկէ  շիտակ անոնց կ՚ըսէ.

Ձեր պարտքն է ձեր ժողովուրդին հասկցնել թէ երգերու, ցոյցերու թալիմի շրջանը անցած է այլեւս։

Եթէ ձեր այս պարտքին մէջ թերանաք, դուք էք որ յառաջիկային անհանգիստ պիտի ըլլաք։

Երեւոյթը չափէն աւելի յատկանշական՝ շրթունքնին խածնել կուտայ ներկաներուն։

Երբ կուսակալի քովէն դուրս կուգան, Հայրիկ շրթներուն վրայ չունի այլեւս հեգնական խօսքը՝ կատակը, որով ան սովոր էր առհասարակ իր հոգին ձերբազատել բռնազբօսիկ այցելութիւններու տաղտուկէն։ Ան կը զգայ որ բան մը ունի ընելիք եւ յաջորդ գիշերուայ համար Խառն ժողովոյ նիստ կը նշանակէ եւ անոր մասնակցութեան կը հրաւիրէ երեսփոխանները, եկեղեցիներու աւագերէցները, դպրոցներու տեսուչներ եւ թաղականութեանց, հոգաբարձութեանց եւ տեսուչ խորհուրդներու ատենապետները։ Այսպէս գումարուած մեծ ժողովին մէջ Հայրիկ ընդարձակ զեկոյց մը կ՚ընէ հին եւ նոր կուսակալներու հետ կայացած վերջին տեսակցութիւններուն, եւ, Ներսէս պատրիարքէն այդ օրերուն ստացած նամակներուն  լոյսին ներքեւ, քաղաքականութեան մէջ առաջ եկած փոփոխութիւնը եւ դրութեան լրջութիւնը պարզելով՝ զգուշաւորութեան եւ շըրջահայեցութեան յորդորներ կուտայ եւ անոնց գործադրութիւնը կը յանձնարարէ ներկաներուն

Հայրիկ գիտէ առանց պատիժի յանձնարարութեանց  արժէքը։ Կասկածը հոգիին մէջ, մտավախ եւ անհանգիստ, ան կը թողու քաղաքը եւ կը վերադառնայ վանքը։

Խրիմեան՝ Առաջնորդարանի մէջ խօսած է որպէս առաջնորդ, որպէս պատասխանատու մէկը, որ պարտաւոր է պաշտօնական լեզուով խօսիլ պաշտօնական մարմիններու առջեւ, մինչեւ ծուծը ազատախոհ, խառնուածքովը յեղափոխական, Հայրիկ անոնց խօսեր է յետադիմականի մը թօնով։ Իր այս պարտադրեալ  վերաբերմունքը, որքան ալ դրական նպատակի մը նուիրուած՝ իր խղճին վրայ ծանր բեռ մը կը համարէ Հայրիկ։

Այս բեռէն ազատելու նպատակաւ՝ Հայրիկ՝ Վարագի մէջ երկրորդ՝ անպաշտօն եւ մտերմական հաւաքումի մը կը հրաւիրէ իր վստահութիւնը վայելող մտաւորականները եւ կարգ մը ուսուցիչներ։ Այնտեղ՝ ներկաներուն բացատրելով առաջնորդարանի հաւաքոյթին  մէջ իր ելոյթին բռնադատեալ նկարագիրը, կը պարզէ միաժամանակ ցուցարարութեան մեթոտին վտանգները, կը քննադատէ այդ մեթոտին կողմնակիցները, եւ իր խօսքը կ՚եզրակացնէ, ըսելով թէ՝ ազատութիւնը մէկանց չգար, ոչ ալ առանց լուրջ պատրաստութիւններու, որոնց ամէնէն էականն է նոր սերունդին լուրջ դաստիարակութեամբ պատրաստութիւնը եւ թէ՝ վերջապէս, անպատրաստ ազգերը իրաւունք չունին ազատութեան։

Հայրիկի այս վերջին խօսքերուն վրայ, ներկաներէն տաք գլուխ մը՝ անհարկի  դիտողութիւններ եւ անիրաւ վերագրաւումներ կ՚ընէ Հայրիկի հասցէին։ Բանէն դուրս կուգայ որ հաւաքոյթը՝ իր ամբողջութեանը մէջ, անընդունակ է ըմբռնելու Հայրիկի խորհուրդներուն իմաստը։ Այսպէս, հաւաքոյթը՝ զոր  Հայրիկ ծրագրած էր Առաջնորդարանի ժողովին բնոյթը եւ իր դիրքը ճշդելու նպատակաւ, ոմանց քով կ՚անցնի որպէս անոր լրացուցիչ մէկ մասը։

Հայրիկ գոհ չմնար իր ձեռնարկին  ստացած ձեւէն, ինչպէս նաեւ անոր արդիւնքէն։

***

Այս ձանձրոյթները մինակ չէին, Հայրիկ դրամական նեղութեան մէջ էր։ 1880ի աշնան, Հայրիկ՝ Վարագի մէջ հիմը դրած էր երկրագործական վարժարանի մը, որուն տեսչութեան հրաւիրած էր յայտնի գիւղատնտես Նշան Մատաթեան։ Խրիմեանի այս ձեռնարկին սատար հանդիսացած էին Կամսարական, քաղաքին հայ հարուստները, ինչպէս նաեւ, անոր կոչերուն պատասխանելով՝ քանի մը ռուսահայ դրամատէրներ, փոքրիկ գումարներով։ Բայց, հակառակ որ վարժարանը երկու տարուայ մէջ, մեծ փոփոխութիւններ մտցուցած  էր Վանի երկրագործութեան եւ կաթնատնտեսութեան մէջ անոր յենարանը եղող Կամսարական, յատուկ յանձնաժողովը, հայ հարուստները՝ ամէնքն ալ կամաց կամաց լքած էին գործը եւ զայն թողուցած միայն Հայրիկի ուսերուն վրայ, որ երրորդ տարին, վանքին եկամուտներուն հետ՝ իր նախկին պատրիարքի 20 ոսկի ամսաթոշակով էր որ կանգուն կը պահէր դպրոցը։

83ի վերջին ամիսները՝ Հայրիկի ամէնէն շատ նեղուած շրջանն եղան։ Հանրային պէտքերու համար դրամ ուզելու մէջ այնքան համարձակ, Հայրիկ իր անձնական կարիքներուն խօսքն անգամ ընել չէր ուզեր ուրիշներու քով։ Չափազանց հպարտ, ան կը նախադասէր նուազագոյնով գոհանայ, եւ կամ, իր բնորոշումովը «այս օրն անցնել» քան թէ ուրիշէ մը դրամ ուզել։

Անգամ մը, Քաղաքական ժողովոյ մէկ նիստին մէջ, Առաջնորդարանի պատուհանէն  կը լսէ շրջուն հացավաճառին ձայնը…՝

Թազա՜ հաց, տաք տա՜ք պայլա (բակլայ)

Այդ րոպէին, Առաջնորդարանի սպասաւորը՝ Հայրիկի առջեւն է։

Տղա՛ս, տասը փարա ունի՞ս վրադ։

Այո՛ սրբազա՛ն։

Հայտէ՛, տղաս, հինգ փարայի հաց, հինգ փարայի պայլա բեր ինձ համար։

Ժողովականները իրար կ՚անցնին անմիջապէս, որը գրպանը կը խառնէ, որը դրամապանակը կը հանէ.

Սրբազա՜ն, սրբազա՜ն։

Թորս կողմէն ղրուշնոցներ, քառորդներ, մէճիտիէներ կը տեղան, որը դէպի սպասաւորը, որը դէպի Հայրիկ։

Սպասաւորը ձեռքը իր տասնոցին վրայ՝ շուարած ու աչքը դէպի Հայրիկ՝ անոր հրամանը կը սպասէ։

Հայրիկ չքաջալերեր սպասաւորը, որ «իշխաններ»ու հաճոյակատարութիւններէն ճողոպրելով հաց ու պայլան բերելու կ՚երթայ։

Երեւելիներու իրարանցումին թափը չկոտրիր սակայն։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը՝ ձեռքը դրամի մեծ կամ պզտիկ կտոր մը՝

Սրբազա՛ն, ինչո՞ւ մեզի չէք յայտներ։

Սրբազա՛ն, ինչո՞ւ մեզմէ կը պահէք։

Սրբազա՛ն, հրաման ըրէք։

Լաւ կ՚ըսէ Հայրիկ վերջապէս, ժպիտ մը երեսին քանի որ այդքան շատ դրամ ունիք եւ այդքան մեծ տրամադրութիւն, եկէք ուրիշ բան մը ընենք։ Եկէք տասնական ոսկի տուէ՛ք Վարագի վարժապետներու դիզուած ամսականները վճարեմ եւ երկրագործական վարժարանը փակումի սպառնալիքէն ազատեմ։

«Իշխանները» ձեռքերնուն դրամները կամ դրամապանակները կամաց մը գրպաննին կը սահեցնեն եւ սրտառուչ միաբանութեամբ մը, ինչ որ ամէն անգամ չպատահիր հայկական ժողովներու մէջ, կատակի կուտան Հայրիկի խօսքերը եւ կ՚անցնին օրակարգին, որուն վրայ Վարագի վարժապետներուն դիզուած ամսականներու խնդիրը չկար այդ օրը։

Վարագ մեկուսանալէն վերջ Հայրիկի առաջին գործը կ՚ըլլայ փակել երկրագործական վարժարանը, որուն մասնագէտներուն ռոճիկները ահագին բեռ մըն էին թէ վանքին եւ թէ իր անձնական պիւտճէին վրայ եւ բոլոր ուժովը նուիրուիլ Ժառանգաւորաց վարժարանին, որ Երկրագործական վարժարանի բացումէն ի վեր եւ  անոր երեսէն մեծապէս տուժած էր եւ որուն բեռը ան պիտի կրնար տանիլ տեղական եւ վանական միջոցներով։