ՈՒՐ
ԱՐԾԻՒԻՆ
ՇԱՏ
ԿԸ
ՏԵՍՆԵՆ
ԻՐ
ԲՈՅՆԸ
Կաթողիկոսին՝
Հայրիկի
մասին,
այնքան
ակամայօրէն
տուած
լուրը
հիմքէ
զուրկ
չէր։
Արդարեւ,
շաբաթը
չանցած՝
Համիտ
բաշան՝
Մելիքեան
եպիսկոպոսը
կանչելով
անոր
կը
յայտնէ
թէ՝
Խրիմեանի
տրուած
երկու
ամիս
պայմանաժամը
լրացած
է
եւ
թէ
ան
ճամբայ
պէտք
է
ելնէ
ընդհուպ։
Մելիքեան
եպիսկոպոսը
կը
պատասխանէ
կուսակալին
թէ՝
Խրիմեանի
ներկայութիւնը՝
քաղաքին
մէջ,
ոչ
միայն
վնասակար
բան
մը
չունէր
իր
մէջը,
այլեւ,
կարգ
մը
տաք
գլուխները
զսպելու
տեսակէտէն՝
նոյնիսկ
օգտակար
էր։
Կուսակալը
քիչ
մը
համոզուած՝
նոր
պայմանաժամ
մը
չտար,
բայց
հինին
վրայ
ալ
չի
պնդեր։
Օրերը
կ՚անցնին
այսպէս,
երբ
օր
մը,
դեկտեմբերի
վերջերը,
Հայրիկ՝
անակնկալօրէն
պաշտօնական
թէզքէրէ
մը
կը
ստանայ
կուսակալէն,
ծանուցանող
թէ՝
ներքին
գործոց
նախարարին
հեռագրական
հրամանին
համաձայն,
մինչեւ
15
օր
ճամբայ
պէտք
է
ելնէ
Պոլիս
երթալու։
Հրամանը՝
այս
անգամ
գրաւոր,
պաշտօնական,
կտրուկ
եւ
ստացագրի
փոխարէն
իրեն
յանձնուած,
չափազանց
ծանր
կուգայ
Հայրիկին,
որ
իր
արժանապատուութեան
համար
վիրաւորական
կը
համարէ
այս
անգամ
միջնորդութիւններու
դիմել։
Ան՝
առանց
քաղաքը
իջնալու,
առանց
ոչ
ոք
հաղորդակից
ընելու
լուրին
եւ
իր
նախաձեռնութեանը,
վանքը
բերել
կուտայ
Շիրվանեանը
եւ
անոր
թարգմանել
տալով
պատրաստած
պատասխանը,
անոր
միջոցաւ
կուսակալին
կը
ղրկէ
զայն։
Հայրիկի
պատասխանին
կորովի
շեշտը
եւ
ոճին
քաղաքագիտական
նրբութիւնը
մատը
խածնել
կուտան
կուսակալին։
Հայրիկի
պատասխանը՝
իր
դիրքին
եւ
արժանապատուութեան
գիտակցութիւնը
եւ
մարդկային
տարրական
իրաւունքը
ուժգնօրէն
արժեցնող
գլուխ
գործոց
մը,
քաղաքին
մէջ,
շրթունքէ
շրթունք,
ձեռքէ
ձեռք
շրջան
ըրաւ
եւ,
որպէս
մասունք՝
մնաց
անոր
բարեկամներուն
քով։
Իր
պատասխանով
Հայրիկ
ըսած
էր.
«Ես
հասարակ
մէկը
չեմ,
ես
նախկին
պատրիարք
մըն
եմ,
որ
պետութեան
եւ
ազգին
ծառայութիւններ
ըրած
է
եւ
իր
իրաւունքն
ունի
իր
հանգիստը
վայելելու
իր
ծննդավայրին
մէջ։
Ընդունիլ
ներքին
գործոց
նախարարին
հրամանը
եւ
իմ
65
տարիներու
բեռը
շալակս
առած՝
այս
ցրտաշունչ
եղանակին,
կամովին
ճամբայ
իյնալը,
իմ
կողմէ
յանցանք
մը
ճանչնալու
եւ
ինքզինքս
ճամբորդութեան
նեղութիւններով
եւ
գուցէ
մահուամբ
պատժելու
նշանակութիւն
պիտի
ունենար,
ինչ
որ
սխալ
մը
պիտի
ըլլար
իմ
կողմէ,
որովհետեւ
յանցաւոր
մը
չեմ
ես։
«Որպէս
հաւատարիմ
հպատակի՝
կը
զգամ
թէ
իմ
պարտականութիւնն
է
հպատակիլ
պետութեան
հրամանին։
Այդ
պարտականութիւնը
ես
պատրաստ
եմ
կատարելու,
երբ
անոր
գործադրութիւնը
իմ
անձին
վտանգ
չսպառնայ,
ինչ
որ
ապահով
եմ
թէ
ներքին
գործոց
նախարարին
նպատակէն
դուրս
է։
Ուստի
կը
խնդրեմ
եկած
հրամանին
գործադրութիւնը
յետաձգել
գարնան»։
Չորս
օր
վերջ,
ոստիկան
զօրաց
հրամանատարը
վանք
կ՚երթայ
եւ
կուսակալին
անունով
Հայրիկին
կը
հաղորդէ
թէ՝
ներքին
գործոց
նախարարին
հրամանաւ
Մարտի
կէսին
յետաձգուած
է
անոր
Վանէն
մեկնումը։
Հայրիկ՝
յաջորդ
օր՝
Պօղոս
եպ.
հետը
առած,
շնորհակալութեան
այցելութիւն
կուտայ
կուսակալին,
որ
այդ
րոպէին
զբաղած
կ՚ըլլայ
Յատուկ
Յանձնաժողովի
քննութեամբը։
Յատուկ
յանձնաժողովը՝
զոր
ան
կազմած
էր,
պաշտօն
ունէր
նախնական
քննութենէ
մը
անցնելու
քաղաքական
բնոյթ
կրող
եւ,
մեծ
մասամբ
նախորդ
կուսակալին
շրջանէն
մնացած,
կամ,
ըստ
կուսակալի
բացատրութեան՝
իր
նախորդին՝
վրանին
աչքը
գոցած
խնդիրները։
Այս
կարգէն
ըլլալով՝
տարօրինակ
ամբաստանութեամբ
մը՝
հարցաքննութեան
բերուած
էր,
այդ
օրը,
յայտնի
վաճառական
շատախցի
Սարգիս
աղան։
Սարգիս
աղան՝
օր
մը,
իր
յաճախորդներէն
մէկուն
փնտռած
ապրանքը
չունենար
խանութին
մէջ
եւ
անոր
կ՚ըսէ
թէ
«կը
գրեմ
Ռուսաստան
կը
բերեմ»։
Վաճառականին
դրացի
թուրք
մը,
մրցող
մը,
որ
հայերէն
գիտէ
քիչ
մը,
բայց
ոչ
անոր
քերականութիւնը,
միտքին
մէջ
թուրքերէնի
կը
թարգմանէ
լսածը,
որ
կը
դառնայ
«կը
գրեմ
Ռուսիան
կը
բերեմ»
եւ,
գիւտ
մը
ըրածի
պէս
ոստիկանատունը
կը
վազէ
եւ
անոր
կը
հաղորդէ
լսածը։
Ասիկա
կը
պատահի
երկու
տարի
առաջ,
երբ
Թուրքիա,
տակաւին
ռուսական
նոր
արշաւանքի
մը
մղձաւանջին
օրերը
կ՚ապրէր։
Այսուհանդերձ
նախորդ
կուսակալը
կարեւորութիւն
չէր
տուած
եւ
խնդիրը
փակած
էր։
Այս
փակուած
խնդրոյն
վերաբացումովն
էր
որ
Սարգիս
աղան
քննութեան
կանչուած
էր։
Ան
զուր
տեղ
կը
պնդէ
թէ
ո՛չ
ատանկ
բան
մը
մտքէն
անցուցած
է,
ոչ
ալ
ատանկ
նամակ
մը
գրած։
Անոր
երդում
պատառները
համոզիչ
չեն
թուիր
կուսակալին՝
որ
պահ
մը
կը
դառնայ
դէպի
Խրիմեան
եւ
անոր
կարծիքը
կը
հարցնէ։
—
Իմ
կարծիքովը,
կը
պատասխանէ
Խրիմեան
քմծիծաղով
մը,
նոր
նամակ
մը
առնելու
է
Սարգիս
աղայէն
Ռուսիոյ
ուղղուած՝
որուն
մէջ
ան
գրելու
է
այս
անգամ
որ
չըլլայ
թէ
գայ,
եւ
թող
տալու
է
որ
երթայ
գործին։
Կուսակալը՝
Սարգիս
աղան
թող
կուտայ
առանց
նոր
նամակ
մը
առնելու
անկէ։
Սարգիս
աղային
ետեւէն
կուգայ
ուրիշ
մը,
միշտ
հայ։
Ուրիշը՝
Կապարուկ
անուն
նշանաւոր
ձեռնածու
մըն
է,
միաժամանակ
«Գարակէօզ-Հաճէյվատ»ի
(թուրք
Մարիօնէթ
մասնագէտ
մը,
որ՝
օր
մը,
նախորդ
կուսակալի
պաշտօնանկութեան
օրերուն,
Գարակէօզի
բերանը
կը
դնէ
կուսակալին
փոփոխութեան
աւետիսը,
իսկ
Հաճիէյվատին
ալ
պատասխանել
կուտայ
թէ
«կուսակալի
փոփոխութենէն
ինչ
կ՚ելլէ,
Էլիֆ-պէն
(այբ-բեն-գիմ)
փոխուելու
է».
Հաճի
Էյվատի
պատասխանը
այլաբանութիւն
մըն
է
թրքական
ուրիշ
պատմութեան
մը։
Անգամ
մը
«էլիֆ
պէյ»էն
ձանձրացող
ծոյլ
աշակերտի
մը
կ՚աւետեն
խօճային
մահը։
Աշակերտը
ծոյլ
կ՚ըլլայ
բայց
ոչ
անխելք։
«Խօճային
մահէն
ինչ
կ՚ըլլայ»
կը
պատասխանէ,
տխրութեամբ,
ծոյլ
աշակերտը,
«Էլիֆ
պէն
մեռնելու
էր»։
—
Ասոր
ինչ
կ՚ըսէք,
կուսակալը
կը
դառնայ
դէպի
Խրիմեան։
Հայրիկ՝
իր
կարգին
կը
հարցնէ
Կապարուկին.
—
Ինչո՞ւ
ըսիք
այս
խօսքը։
—
Ժողովուրդը
խնդացնելու
համար
–
կը
պատասխանէ
պաղարիւնով-ձեռնածուն։
—
Է՜,
գնա
հիմա
քանի
մը
օր
ալ
բանտարկեալները
խնդացուր
–
կ՚ըսէ
Հայրիկ՝
խնդալով։
Կուսակալը
գոհ
կը
մնայ
Հայրիկի
արդարամտութիւնը
ցոլացնող
անոր
արտայայտութեանց
թէ՛
մէկէն
–
թէ՛
միւսէն,
այն
աստիճան
որ
անոր
մեկնումի
պահուն,
Պօղոս
եպիսկոպոսին
մէկուսի
կ՚ըսէ.
—
Ես
ներքին
գործոց
նախարարին
տեղն
ըլլամ,
վազ
կուգամ
այս
մարդը
նեղելէ։