Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ

Վասպուրականի Արծիւի` Վանի Առաջնորդութեան վեցամեայ շրջանի կեանքին եւ գործին, ինչպէս նաեւ այդ առընչութեամբ` Վանի ժամանակակից անցքերուն նուիրուած սոյն երկասիրութեան գլխաւոր աղբիւրը եղած է հօրս, Յարութիւն Թէրզիպաշեանի յիշողութիւնները, որոնց մէկ մասը ատենին գրի առնուած է։ Այդ յիշողութիւններուն խառնուած են իմ մանկական եւ պատանեկական օրերէ մնացած եւ կեանքի այդ շրջաններուն յատուկ հիացումի զգացումով շաղախուած յուշեր եւ տպաւորութիւններ։

Մեծապէս օգտուած եմ նոյնպէս յիշատակներէն Արծուաբոյն Վարագի, անոր հոգաբարձութեան անդամակցութեան  երկարատեւ պաշտօնիս, ինչպէս նաեւ սոյն առիթով այդ յիշատակներուն կենդանի վկայ Վարագի Պետրոսի հետ ունեցած սերտ յարաբերութեանս բերումով։

Օգտուած եմ նմանապէս Պ. Հայկ Աճէմեանի «Հայոց Հայրիկ» գործէն։

Իմ ջանքը եղած է ամփոփել, դասաւորել այդ յիշողութիւնները եւ անոնց ընթերցումը հետաքրքիր ընծայելու համար պատմուածքի ձեւը տալ անոնց։

Ա. Թ.