Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ԻՐ ԱՐԾՈՒԻՆ

Սեպտեմբեր 15ին, Խաչի տօնին երկուշաբթի օրը, նոր ընտրուած երեսփոխանները Սուրբ Նշան եկեղեցիին մէջ նիստ գումարելով, պահ մը կը մոռնան կուսակցական  պայքարները եւ, միաձայնութեամբ Առաջնորդ կ՚ընտրեն Խրիմեան Հայրիկը, որ, այսպէս, կ՚ըլլայ Վանի սահմանադրապէս ընտրուած առաջին Առաջնորդը։

Ընտրութիւնը կը հեռագրուի Պատրիարքարանը, ուրկէ շաբաթ մը վերջ հեռագիրը կը հասնի ծանուցանող թէ ընտրութիւնը վաւերացած է եւ թէ Հայրիկ պիտի մեկնի ընդպուհ։

Այս բարեբաստիկ ընտրութիւնը սակայն կը զուգադիպէր դժբախտ իրողութեան մը։ Տարւոյն ձմեռը շատ քիչ ձիւն տեղացած էր, գարունը գրեթէ առանց անձրեւի անցած։ Պատերազմին պատճառաւ ցանցը արդէն իսկ անբաւական, վերահաս երաշտը նոր հարուած մը տուած էր անոր հունձքին։ Մայիսի վերջերը տեղացած անձրեւները պահ մը կարծել տուած էին թէ հունձքին մէկ մասը փրկուած է, բայց Օգոստոսի կէսին կալը արդէն վերջացած էր եւ, այդքան վաղ վերջացած ըլլալուն իրողութեամբ իսկ` երեւան եկած որ Վասպուրականի եւ շրջակայ հայաբնակ գաւառներու ժողովրդեան առջեւ կանգնած է սովի սեւ ուրուականը։ Պատերազմը պարպած էր շրջանին արմտիքի ամբարները։ Այնպէս որ, դեռ հունձքը գետին, արմտիքը գիներ սկսած էին տասնապատկուիլ արդէն։

Ազգ, Առաջնորդարանը ահազանգը հնչեցուցած էր։ Նոյնը փութացեր էին ընելու շրջակայ` Պայազիտի, Ալաշկերտի, Տիատինի Առաջնորդարանները, եւ Պատրիարքարանը կազմած էր Սերովբէ Կիւլպէնկեանի նախագահութան ներքեւ Հայաստանի սովելոց կեդրոնական յանձնաժողովը։

Պատրիարքարանը որոշած էր արդէն Վան ղրկել Խրիմեան Հայրիկը եւ անոր յանձնել սովելոց օգնութիւնը վարելու գործը, երբ կը հասնի անոր առաջնորդական ընտրութեան հեռագիրը։ Կեդր, Վարչութիւնը կը փութայ միացնել երկու առաքելութիւնները, եւ Հայրիկ, Հոկտեմբերի  վերջերը, Պօլսէն կը մեկնի, Վանի Առաջնորդի եւ Հայաստանի սովելոց յանձնաժողովի նախագահի կրկին պաշտօններովը։

Դիւրին է երեւակայել թէ` որպիսի անձկութեամբ Վասպուրականցին կ՚սպասէր իր Հայրիկը, իր բոյնէն 15 տարիներէ ի վեր հեռացած արծուին, իր սահմանադրական առաջին Առաջնորդը եւ, վերջապէս մարդը` որ պաշտօն ունէր դիմագրաւելու իր դուռը ափը առած սովին սպառնալիքը։

Վանեցին օրերը կը համրէր եւ հեռագրական  լուրերու կ՚սպասէր իր Հայրիկին սիրալիր ընդունելութիւն  մը ընելու համար, երբ կիրակի առաւօտ մը, նոյեմբերի վերջերը, ոստիկան զօրաց հրամանատարը Առաջնորդարան կ՚երթայ եւ կը հաղորդէ թէ նոյն օրն իսկ եւ մէկ երկու ժամէն քաղաքը պիտի ժամանէր Խրիմեան։ Հայրիկ ինքն էր եղած չուզողը, որպէսզի Արճէշէն իր ժամանումին լուրն իմացնէին Առաջնորդարանին։

Եւ լուրը` այսպէս, պատահականօրէն էր որ կը հասնէր հոն։

Տեղապահ Տէվկանց եպիսկոպոս եւ ժողովականները` առհասարակ քաղաքամէջաբնակ` հազիւ ժամանակ կ՚ունենան  իրար քով գալու, հիւպատոսներուն լուր զրկելու եւ, կարգ մը անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընելով, Հրամանատարին հետ Աւանց մեկնելու։

Աւանց, այդ լայնատարած գիւղը, որ մէկ կողմէն կ՚ընդգրկէ ծովը (Վանեցիներու որակումովը), իսկ միւս կողմէն Վան-Էրզրում խճուղին, թէ՛ ծովային եւ թէ՛ ցամաքային ճամբով ուղեւորներու համար, դիմաւորութիւն ըլլայ թէ ողջերթ, անհրաժեշտ ժամադրավայրն է։

Գիւղին ծայրը կը գտնուի, խճուղիին եզերքը, համբաւաւոր Վայ Վայ Թարլասին, պանդխտութեան ճամբու առաջին կայանը, որ իր անունն առած է, հոն իրարմէ բաժնուող սիրելիներու ողբ ու կոծերէն։

Դիմաւորութիւնները աւելի ներսն է որ տեղի կ՚ունենան, գիւղին մէջ, քաղաքացիներու ամարանոցներու թաղին մէկ քառուղին, որուն անկիւնները բռնող ամարանոցներէն մէկն ու մէկ, ամառները, հասարակաց պարտէզի մը պէս, տրամադրելի է միշտ։

Նոյեմբերի 21ն է, բայց կանխահաս ձիւն մը իր թարմ ճերմակութեամբ պատած է չորս կողմը։ Քառուղին` իր ուռենիներուն կարծես հէրմինի մուշտակով ծածկուած է այդ օրը։ Քաղաքացիներու ամարանոցները վաղուց գոցած են իրենց դուռները, բացը` միայն քառուղիին թեւերէն մէկուն վրայ թառած Պաղտօյեանի գիւղական մի յարկանի տունն է, որուն երեսբացին ներքեւ զիրար գտած են հետզհետէ հասնող` թիւով ցանցառ դիմաւորողները, մեծ մասամբ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։