Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԾՈՒԵԲՈՅՆԻՆ ՄԷՋ ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ

Յաջորդ շարբթուան մէջ, իրիկուն մը, հօրս քաղաքէն վերադարձը շատ ուշացաւ։ Մութը բոլորովին կոխած էր երբ ան հասաւ վանքը։ Անոր կ՚ընկերանար, այդ իրիկուն, զինւորական համազգեստով մէկը, զոր մութին մէջ կարելի չէր եղած ճանչնալ։ Անոնք միասին՝ շտապ քայլերով ուղղակի Հայրիկի քով ելան անմիջապէս։ Վանքին մէջ՝ նոյն հետայն սկսան ծայր տալ շշուկներ, որոնք, այն չափով որ այցելութիւնը կ՚երկարէր նոյն չափով կը թանձրանային։ Շշուկները ծայրագոյն աջէն մինչեւ ծայրագոյն ձախը, Հայրիկի կաթողիկոսական ընտրութենէն՝ մինչեւ անոր աքսորանքը երթեւեկ կ՚ընէին, երբ վերջապէս վար եկան հիւրերը։ Հօրս համազգեստով ընկերակիցը ուրիշ մէկը չէր եթէ ոչ զինւորական բժիշկ Վասիլաքի պէյ, իսկ անակնկալ այցելութեան առիթը՝ ոչ Հայրիկի ընտրութիւնն էր ոչ ալ անոր աքսորը, այլ անոր առողջութեան մասին բժշկական տեղեկագրի մը պէտքը։

Այս պարզ այցելութիւնը սակայն կը բացատրէր բարդ եւ ծանր իրողութիւն մը։

Ներքին Գործոց նախարարը հեռագրաւ հրամայած էր կուսակալին՝ անմիջապէս Պոլիս ղրկել Խրիմեանը։ Այս իրողութեան վրայ, իրար կ՚անցնին Առաջնորդը եւ ժողովրդականները եւ Հայրիկի հիւանդութեան փաստը մէջտեղ դնելով, երկու ամիս պայմանաժամ կը խնդրեն, եւ, որովհետեւ Հայրիկը դարմանող բժիշկը, Տքթ, Րէյնօլտս, պաշտօնապէս ճանչցուած չէր, հարկ տեսնուած էր ուրեմն քաղաքին պաշտօնական բժիշկին քննութեանը, խնդրուած պայմանաժամը ստանալու համար։

Այս էր եղածը։

Վասիլաքի պէյը՝ տեսակցութեան ընթացքին, տրամադրութիւն յայտնած ըլլալով օգտուիլ առիթէն եւ քննել եթէ կային վանքին դպրոցին աշակերտներուն եւ ծառայողներու մէջ, հիւանդները, յաջորդ առտու, կանուխ՝ վարժարանին այցելութենէն վերջ, աթոռը աղբիւրին գլուխը ձգած՝ ան ընդունեց վանքին ծառայողները, որոնք բժշկին ներկայութիւնը եւ տրամադրութիւնը իմանալով՝ ամէնքն ալ, շօշրար, հացթուխ, հովիւ, հօտաղ, ջաղացպան, գործերնին ձգած եւ հիւանդացած էին։ Եթէ մէջերնին առողջ մը մնացած էր ան ալ վանքին բաթրոն-վերակացուն՝ Պետրոսն էր, որ սակայն վերջէն հիւանդը եղաւ ի տես ընդհանուր գործադուլին, եւ ի ճիգ՝ գործերնին լքած հիւանդներուն… հիւանդ չըլլալնին հասկցնելու։ Այդպիսիները՝ որը թոնիրը, որը հօտը, որը ջրաղացը ձգած՝ ժամերով հերթի կ՚սպասէին բժիշկէն իմանալու համար թէ հիւա՞նդ էին թէ ոչ։

Բարեբախտաբար առողջութեան ախտաճանաչութիւնը՝ հիւանդութեան չափ դժուար չէ։ Եւ, բժիշկը շատ ժամանակի պէտք չէր ունենար հասկնալու համար որ ներկայացողներու հիւանդութիւնն ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ իր ներկայութիւնը վանքին մէջ։ Այսուհանդերձ անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար ան խօսք մը ունէր, կատակ մը, որոնք սակայն ժամանակ կը խլէին ի մեծ յուսահատութիւն Պ. Պետրոսին, որ համբերութիւնը հատած, ուղղուեցաւ դէպի բժիշկը։

Տօքթէօր պէ՛յ, վանքէն մեկնելնուդ պէս, ասոնք բոլորն ալ կ՚աղէկնան։ Եւ ձին, որուն սանձէն բռնած էր, բժիշկին առջեւ քշեց։

Բժիշկը ձիուն վրայ բարձրացաւ առանց քննելու հերթապահներէն վերջինները, որոնք չէին կրնար զսպել իրենց գանգատը Պ. Պետրոսէն, որ չէր թողած որպէսզի իրենք ալ բժիշկէն իմանային հիւանդ չըլլալնին։

Կազդուրուելէն վերջ, Հայրիկ՝ իրեն պարտք համարեց, Պօղոս եպիսկոպոսի հետ, շնորհակալութեան այցելութիւն մը տալ կուսակալին ձեռք բերուած պայմանաժամին համար։ Այցելութեան ընթացքին քաղաքավարական բանաձեւերէ վերջ ծերունի բաշան՝ յանկարծ մէջտեղ կը հանէ Թիֆլիս հրատարակուող «Արձագանգ» շաբաթաթերթին մէկ օրինակը, որուն մէջէն, ան թարգմանել տուած է Հայրիկի մէկ քարոզը, զոր ան որպէս թէ խօսած կ՚ըլլայ Մանտան անուն հայ գիւղի մը Քիւրտերու կողմէ կողոպտուած ըլլալուն առիթով։ Թերթին թղթակցին տեղեկութեան համաձայն, Հայրիկ ըսած կ՚ըլլայ՝

«Հայեր զինուեցէ՛ք, կառավարութիւնն է որ ձեզ մեթոտիկ կերպով կը կողոպտէ, կողոպել կուտայ։ Մինչեւ որ չզինուիք ձեր տառապանքը վերջ չգտնար»։

Հայրիկ տեսած չէ «Արձագանգ»ը բայց կը յիշէ դէպքը եւ քարոզը՝ որուն մէջ ան կողոպտուի դէպքին յիշողութիւնն ըրած է։ Ան կ՚ընդվզի թղթակցի խեղաթիւրումին դէմ եւ ընդվզումին հուրովը բորբոքած կուսակալին կ՚ըսէ՝

Թղթակցութիւնը վերէն վար սխալ է։ Ես, այդ օրը, քարոզիս մէջ ըսի թէ՝ գիւղացին պէտք է գիտնայ որ՝ կառավարութիւնը՝ մէն մի գիւղի մէջ ժանտարմ մը չկրնար դնել, անոր հօտը պաշտպանելու համար, թէ գիւղացին ինքն է որ պիտի պաշտպանել գիտնայ իր ստացուածքը, այնպէս, ինչպէս որ Քիւրտը կը պաշտպանէ իրը, թէ հայ գիւղացին պէտք է գիտնայ երկու ոչխար պակաս պահել եւ հրացան մը ունենալ, մնացեալը պաշտպանել կարենալու համար, թէ՝ Քիւրտը եթէ գիտնայ որ Հայը՝ իր հրացանով կը պաշտպանէ իր հօտը, չի գար յափշտակելու զայն, թէ՝ վերջապէս, ասով՝ Հայը ոչ միայն կառավարութեան դէմ գործած չըլլար, այլ նոյնիսկ անոր համար հաճելի գործ մը տեսած կ՚ըլլայ։

Պօղոս եպիսկոպոս՝ որ ներկայ եղած կ՚ըլլայ Հայրիկի այս քարոզին, կը փութայ՝

Էշէտիպիլլահ ճիշտ է։ Ես ներկայ էի։ Խրիմեան էֆէնտիի խօսքերն այն էին ինչ որ ինքը ըսաւ հիմա, Թիֆլիս լրագիրին յիշած խօսքերէն եւ ոչ մէկը անոր բերնէն չելաւ այդ օրը։

Էշէտիպիլլահը երդում մըն է, որ Պօղոս եպիսկոպոսի բերնին մէջ արժէք մը կը ներկայացնէ Համիտ բաշայի քով։ Ան՝ կը համոզուի թէ Խրիմեան չէ խօսած թղթակցին գրածները եւ, թէեւ խօսածներուն համար այնքան ալ չի զմայլիր, բայց Հայրիկի անկեղծ եւ սրտբաց արտայայտութեան հանդէպ անզգայ չի մնար եւ, հակառակ իր մոլեռանդ նախապաշարումին, շնորհակալ կ՚ըլլայ անոր, իր բացատրութեան համար։

Հայրիկ այս տեսակցութենէն չափազանց գոհ կը մնայ։ Անոր մէջ ան կը նշմարէ, իր մեկնումին համար, նոր յետաձգումներու նոր յոյսեր։