Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ ՓՈԽԱՐԷՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

 

Վիշի, 26 Ապրիլ 1940

 

Սիրելի Տիար Թէրզիպաշեան,

Ջերմապէս շնորհակալ եմ ձեզի ինձ ղրկած ըլլալնուդ համար ձեր նոր երկը, այնքա՜ն սիրալիր տողերով։ Մէկ օրուան մէջ աւարտեցի անոր ընթերցումը կը հասկնաք թէ ի՜նչ վառ հետաքրքրութեամբ։ Անշուշտ շահագրգռութեանս մէջ Մեծ Հայուն յիշատակը կար ամէնէն առաջ, բայց ձեր պատմելու ինքնայատուկ եղանակը, մարդիկն ու իրերը ապրեցնելու ձեր զարմանաւոր ձիրքը, (նոյնիսկ երբ կեդրոնական մեծ դէմքը պահ մը, երկար պահ մը կը մոռնաք) այնպիսի թովչութիւն մը ունին՝ որ ընթերցողը նիւթը կ՚անտեսէ ու անձնատուր կ՚ըլլայ ձեր տաղանդին հմայքներուն։

Տեսնելու, գիտնալու հազուագիւտ կարողութիւն, մարդկային ճշմարտութիւն, ու ամենէն աւելի le detail vrai, այսինքն վերին աստիճանի ճի՛շդ մանրամասնութիւններ ահաւասիկ պատմողի ձեր թանկագին յատկութիւնները։

Ձեր առաջին գործէն յետոյ ձեր այս երկրորդը բացարձակ համոզում գոյացուցին մէջս, թէ դուք անսպառելի հանք մը ունիք ձեր մէջ նորանոր երկասիրութեանց, զի անհուն են երեւի, ձեր ամբարած տպաւորութիւնները ձեր բազմադիմի կեանքի ընթացքին մէջ, ու անօրինակ է, կերպով մը, արտայայտելու ձեր դիւրութիւնը։ Չպիտի զարմանամ երբ օր մը դուք ամենէն շատ կարդացուած հայ հեղինակը ըլլաք, մատչելի հասարակութեան ու միանգամայն ծայրաստիճան շահագրգռական՝ ընտրանիին համար։

Անկեղծօրէն շնորհաւորելով ձեզ, եւն, ։

ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ