Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻԼՄԱՆԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ

Տիլման կեդրօնական քաղաքն է՝ ջուրերով այնքա՜ն առատ եւ ծառաստաններով այնքան խիտ Սալմաստի դաշտին, Ատրպատականի այն մասին մէջ, որ՝ ի հնումն, որպէս մաս Վասպուրականի, իր մէջ կը պարունակէր պատմական Արտաշատը եւ Հեր ու Զարեւանդ գաւառները, Տղմուտ գետովը եւ Աւարայրի դաշտովը։ Արեւելքէն, ան կը նայի Ուրմիոյ կապտագեղ լիճին վրայ, հարաւէն եւ արեւմուտքէն Արաուլի լեռներն են որ կը նային անոր վրայ։

Այնքան կանանչ է, գարունը, Սալմաստի դաշտը։ Ապրիլին ճերմակ ծաղիկներով այնքա՜ն փթթուն են անոր պտղատու ծառերը, որ՝ աւաններու մէջ չմտնողը չի կրնար գիտնալ թէ Թուրքին ոտքը անցեր է այդ դաշտերուն վրայէն։

Ռուսական բանակը, սակայն, մարտի վերջերը, Սալմաստէն քշեր է թրքական ուժերը, որոնք՝ աշունէն ի վեր հոն տեղաւորուած էին եւ որոնք՝ հիմայ, քաշուած դէպ ի թրքական սահմանագլուխը օգնական ուժերու կը սպասէին յարձակողականի սկսելու համար։

Ամիսներու պատաստութիւններէ վերջ, Պոլսէն   հասած է արդէն Խալիլ փաշայի զօրաբաժինը, եւ, ապրիլ մէկին, յանկարծակի գրոհով մը, առջեւէն քշելով ռուսական մանր մունր ուժեր առաջացած է մինչեւ Տիլման։ Ապրիլ 17ին, Զօրավար Նազարպէկով հրաման կը ստանայ Ատրպատականի վերին հրամանատար Զօր. Չէրնազուբովէն, ամէն գինով կանգ առնել տալ Խալիլ փաշայի յառաջխաղացումին։

Զօր. Նազարպէկովի զօրաբաժինը կը բաղկացնէին կօղաքներու գունդ մը, ռուսական երկու գունդեր եւ Անդրանիկն հայկական գունդը։

Խալիլ փաշայի յաձակողականին նպատակը՝ շարունակութիւնն էր՝ չորս ամիս առաջ, Էնվէր  փաշայի՝ Սարի Գամըշի մէջ վիժած յարձակողականին   ոտքի հանել Ազրպէյճանի Թուրքերը, անոնց օժանդակութեամբ հասնիլ Կովկաս եւ գրաւել Պաքուն։

Տիլմանի ճակատամարտը՝ Կովկասի բաղդն էր որ պիտի վճռէր, Վանի բաղդը զուգադիպօրէն էր որ կ՚իյնար նժարին մէջ։ Վան՝ իր դիրքովը, երկրորդական կարեւորութիւն ունէր Թուրքին համար, որուն ծրագրուած յաղթանակէն վերջ, ան դատապարտուած էր պատրաստ որս մը դառնալու։

Անգամ մը, Կովկասի հողին վրայ, ոտքս գետին զարկածս կէտէն Ազրպէյճանցիներու լէգէոններ դուրս պիտի գան   ըսած էր Էնվէր փաշան, թուրք բռնապետութեան Պոմպէոսը, Սարի Գամըշի մէջ։

Էնվէրի փոխարէն, հիմայ, իր մօրեղբայրն է, Խալիլ փաշան, որ ոտքը գետին զարնելու եկած է պարսկական Ատրպատականի մէջ։ Անոր հրամայած տիվիզիօնը աւելի թարմ է, աւելի ուժեղ։ Յետոյ անոր զօրաբաժնին միանալու գացեր էին Վանի եւ Պաշ-Գալէյի շրջաններու զինուորական ուժերը, մեծ մասամբ բաղկացած համիտիէ Քիւրտերէ։

Վանի զօրաբաժնին հրամանատար Հիւսէյին պէյի լուրերէն մենք գիտէինք արդէն որ՝ հեռագիր հեռագրի վրայ, Խալիլ փաշան՝ զօրք մուրացած էր Վանի զօրաբաժինէն։

Ապրիլ 17ի առաւօտը, Զօր. Նազարպէկով հրաման կ՚ընէ ռուսական գունդերէն մէկուն եւ Անդրանիկի գունդին գրաւել՝ մէկը աջէն, միւսը ձախէն Մուղանջուղի լեռնաշղթան, իսկ, կօղաքներու գունդէն երկու գումարտակներ հրաման կը ստանան դարան մտնել դէպ ի աւելի ձախը եւ աւելի հեռուն գտնուող խիտ ժայռերուն մէջ։

Իր սեփական զգացումներուն եւ սկզբունքներուն մարդ՝ Անդրանիկ մարդն էր նաեւ իր սեփական թաքթիքին։ Այդ թաքթիքին մաս կը կազմէր րոպէի գործը յաջորդին չձգելու նշանարանը։ «Այս օրուան գործը վաղուան չձգել»ը   ըսած էր ան, անգամ մը, վաճառականի խօսք է։

Անդրանիկ՝ հրաման կ՚առնէ թէ ոչ, ձին կը նստի եւ աչքէ,   Անդրանիկի աչքէն   անցունելու կ՚երթայ լեռնաշղթային՝ իրեն պաշտպանութեան յանձնուած մասը։ Վերադարձին, անոր աչքերը միտքին մէջ գծած են արդէն պաշտպանութեան բլանը։ Զօրքին առջեւը ինկած՝ ան, այս անգամ, անոր մասերուն իւրաքանչիւրը անձամբ կ՚առաջնորդէ դէպ ի անոր վստահուած դիրքը։

Դիրքերէն առաջ, Անդրանիկ ճանչցած է իր վաշտը, վաշտին հրամանատարին հետ զայն բաղկացնող զինուորներուն իւրաքանչիւրը, ոչ միայն իր անունովը եւ դէմքովը՝ այլեւ իր առաւելութիւններովը եւ պակասութիւններովը։ Ան՝ իր կարգադրութիւններուն մէջ, հաշուի դրած է ուրեմն դիրքերուն կարեւորութեան հետ, զանոնք պաշտպանելու կոչուած վաշտերուն եւ զանոնք բաղկացնող տարրերուն յատկութիւնները։ Երբ ան՝ կը հասնի իր ծրագրած պաշտպանութեան բլանին ամենէն կարեւոր կէտին՝ Ժայռի բլուրին, որուն առջեւ Սալմաստի դաշտը անտեսանելի կէտ չունի, անոր պաշտպանութեան հոգը կը յանձնէ վաշտին, որուն վաշտապետը, Կարօն, ամենէն աւելի կը հասկնայ Անդրանիկի լեզուն։

Այս ժայռը կը տեսնա՞ս   կը հարցնէ ան վաշտապետին։

Եւ անոր զինուորական բարեւին վրայ,

Այս ժայռին փակած պիտի մնաք այնպէս, ինչպէս ան փակած է գետնին։

Բայց, հրամանին խօսքերը, զորս անոր մարդիկը կարծես կը խմեն, ի՜նչ են որ, այն հոսանուտին քով՝ որ՝ Անդրանիկի խոժոռ աչքերէն ցայտող կայծերուն միջով՝ կ՚իջնէր վաշտապետին հետ՝ անոր  զինուորներուն հոգիներուն մէջ։

Քանի՜ քանի՜ եւ որպիսի՜ թրթռումներէ անցեր է այդ հոսանուտը։

Ո՞րն ըսենք։

Թուրքերուն յաւիտենական ատելութիւն ուխտող անոր Աննիբալեան երդո՞ւմը, Սասունի վրէ՞ժը, Վանի օգնութեան հասնելու խոյա՞նքը։

Հապա՞ զինուորի պատիւը։

Չէ՞ որ Անդրանիկի նշանաբաններէն մէկն էր։

Զինուորի համար լա՛ւ է կեանքը վրայ տալ քան թէ իր զինուորի պատիւը։

Հապա՞ Ռուսին աչքը, որուն առջեւն էր որ առաջին անգամ ըլլալով՝ հայկական գունդ մը, իր ուրոյն իտալէի համար պայքարելու կոչուած հայկական գունդ մը, պիտի մղէր իր կռիւը։

Ասոնք Անդրանիկի զգացումներ, որոնց փոխարէն վստահութեան որպիսի՞ կուրութիւն իր զինուորներուն կողմէն։

Փաշան այսպէս հրաման ըրաւ։

Անդրանիկի հրամանը՝ որ անսխալական է անոր զինուորին համար, անվրիպելի, որ կը կախարդէ, կը գերէ, կը գինովցնէ եւ զայն ստացողին սիրտը կը լեցնէ սիրով եւ գորովով, զայն ուռեցնելով միաժամանակ հպարտութեան զգացումով մը։

Յետոյ, ուրիշ զգացում մը, որ Անդրանիկէն զինուորին եւ զինուորէն Անդրանիկին կ՚անցնէր, վստահութեան զգացումը որ Հայ կռուողն մեծ պետութիւն մը ունէր այս անգամ իր ետեւը, անոր անունը, անոր բրէսթիժը, բայց, մանաւանդ, անոր զինամթերքին պահեստը, պահեստ՝ որ պակսեր էր անոնց Սասունի մէջ, Վանի մէջ, պակասը որ Անդրանիկին՝ Վանի մէջ երդնուլ տուած էր։

Անէ՜ծք ինծի, եթէ ես անգամ մըն ալ ուրիշ հրացան տամ հայ կռուողին ձեռքը։

Տիլմանի յաղթութիւնը ռուս բանակին գործն էր, անոր թիւին, թնդանօթին, բայց այս հոգեկան տարրերը եւ անոնց շտեմարանն եղող Անդրանիկ՝ առանց բաժինի, արդար բաժինի չմնացին անոր մէջ։

Վերադարձին, Անդրանիկ յոգնած՝ քարի մը վրայ կը նստի եւ ճաշը կ՚ուզէ։ Երբ ճաշը կը բերեն, ան՝ գունդին քահանան Տէր Վարդանին կ՚ուղղուի,

Կը մնայ քու աղօթքդ, Տէր Հա՛յր։

Ոտքի կ՚ելնէ ծերունի քահանան, երեսը կը դարձնէ դէպ ի արեւելք, դէպ ի Ուրմիոյ լիճը, որու կապոյտին վրայ, այդ րոպէին, ոսկի եւ արծաթ կը ցանէին դէպ ի իր մուտքը խոնարհող արեւի վերջին ճառագայթները, կը խաչակնքէ երեսը, կ՚արտասանէ Հայր Մերը, յետոյ ծոցէն կը հանէ կարմիր թաւիշով եւ արծաթ խաչով պատած Ժամագիրքը եւ կը կարդայ անոր մէկ գլուխը։

«Ուրախ եղաք, փոխանակ աւուրցն, յորս խոնարհ արարեր զմեզ եւ ամացն յորս տեսաք զչարչարանս։

«Հայեա Տէ՛ր ի ծառայս քս եւ ի գործս ձեռաց քոց եւ առաջնորդեա որդւոց նոցա»։

«Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ, Տէ՛ր եւ զգործս ձեռաց մերոց յաջողեա մեզ»։

Անդրանիկ յուզուած է, ծածկելու համար արտասուքի ցօղը, որ այդ րոպէին կը լողար անոր աչքերուն անկիւնը, ան կը փութայ համբուրելու ժամագիրքին կողքին խաչին հետ քահանային ձեռքը եւ, վերադառնալով վրան՝ ճաշի կը նստի, բայց, հազիւ քանի մը պատառ առած, պատառը գրեթէ բերանը, անոր աչքերը կը սկսին գոցուիլ։ Խոհարար Խաչիկ աղան, տիրոջը սովորութեանը ծանօթ՝ խափունջայով կը ծածկէ Անդրանիկը որ՝ »մինչեւ որ ես չարթննամ, դուք չքնանաք» հրամանը շրթունքներուն վրայ՝ Մորբէոսի գիրկը կ՚անցնի։

Ապրիլ 18ի առաւօտը զով եւ պայծառ է։ Երբ թրքական բանակը բուռն թնդանօթաձգութեամբ մը կը սկսի իր յարձակողականը, արեւը՝ կարծես կռիւը դիտելու համար, բլուրի մը ետեւէն գլուխը կը բարձրացնէ։ Անոր ճառագայթները՝ տեղ տեղ ամպերէն բեկուած՝ կարծես դիմաւորելու կ՚ելնեն թնդանօթներու բերաններէն ժայթքող մուխի ամպերը։

Խալիլ փաշան՝ իր յարձակողականին թափը կը կեդրոնացնէ ռուս բանակին աջ թեւին վրայ, անոր նպատակն է գրաւել լեռնաշղթային այն մասը, որ իշխող դիրք ունի դաշտին ու անոր շօսէյին վրայ։ Անոր զօրամասերը, թնդանօթներու պաշտպանութեան ներքեւ շղթայ կապած՝ Տիլմանէն կը յառաջանան դէպ ի այն կէտը, որուն պաշտպանութեան հոգին ծանրութիւնը Անդրանիկի գունդին վրայ է որ կ՚իյնայ։ Դէպ ի կէս օրը, թշնամին, հակառակ տուած զոհերուն, որոշ յառաջխաղացում մը կը նշանակէ եւ յամառ գրոհով մը կը գրաւէ Բարդուշլու գիւղը, որուն դիրքը ռազմական նշանակութենէ զուրկ չէ։ Ռուսական զօրամասերը, սակայն, կառչած կը մնան, իւրաքանչիւրը իրեն վստահուած դիրքին։ Անդրանիկ կը զգայ, սակայն, օգնութեան պէտքը եւ թէլէֆօնով օգնութիւն կ՚ուզէ Նազարպէկովէն։ Շուտով կը հասնին երկու գումարտակներ թնդանօթներով եւ գնդացիրներով։ Բայց, կռուողները ուրիշ օգնութեան ալ պէտք ունէին։ Անդրանիկին լուր հասած է թէ իր զօրամասերը զոհեր եւ վիրաւորներ ունին, թէ վիրաւորներուն մէջ կը գտնուին Սմբատ, Արտաշէս, Տէր Վարդան։

Ձիս բերէք, կը գոռայ Անդրանիկ, վրդովուած։ Երբ ձին կը բերեն, անոր կռնակը կը ցատկէ Անդրանիկ   օգնական ուժերը ետեւէն, ան՝ լեռնաշղթային ողնաշարին զիկզակովը, բլուրէ բլուր, դիրքէ դիրք ոստոստելով, օգնական ուժերուն հետ կռուողներուն բաշխելու կ՚երթայ իր ներկայութեան խրախուսանքը եւ հմայքը։

Փաշա՜ն է, կ՚ըսեն իր մարդիկը   երբ զայն կը տեսնեն, եւ, նոր խանդով մը, նոր մղումով մը իրենց դիրքերուն կը փարին։

Դիրքերէն մէկուն վրայ, ծանր վիրաւոր մը, Անդրանիկը տեսնելուն պէս, պառկած տեղէն վեր կ՚ելնէ, հրացանը կ՚առնէ եւ լքած դիրքը յառաջանալով՝ կը սկսի կրակել։ Վար կ՚իջնայ ձիէն Անդրանիկ եւ կ՚երթայ համբուրելու վիրաւորին ճակատը, ու անոր կողքին պառկելով՝ կը սկսի ինքն եւս կրակել։

Ժայռի դիրքին վրայ, որուն դիրքապահին՝ Փառակցի Կարօյին հրամայուած էր ժայռին փակած մնալ այնպէս, ինչպէս ժայռը գետնին, Անդրանիկ կը տեսնայ որ Կարօն, արդարեւ, փակած է ժայռին, բայց ան անշունչ է այլեւս, անոր դիակն է որ փակած կը մնայ ժայռին։ Վար կ՚իջնայ ձիէն Անդրանիկ, ճիգով մը որպէսզի արտասուքը չգայ մատնելու իր կսկիծը, Կարօյի դիակին կը մօտենայ ան, կը համբուրէ անոր ցուրտ ճակատը եւ զայն ուրիշ վաշտապետով մը փոխարինելէ վերջ, երբ դիտակը աչքին, դաշտը զննելու կ՚ելնէ, անոր աչքերուն կը պարզուի զարհուրելի տեսարան մը, դաշտը ծածկուած է յարձակող թուրք զինուորներուն դիակներովը։

Կանգ առա՞ծ է յարձակողականը։ Ո՛չ։ Հակառակ որ յարձակող շարքերը, իրարու ետեւէն ինկած էին, ինչպէս խոտ մանգաղին առջեւ, Խալիլ փաշան, առաջին յաջողութիւններէն գինով՝ անօրինակ յանդգնութեամբ մը, լեռնաշղթան ամէն գինով գրաւելու իր բլանին ի սպաս՝ ինկնողներուն ետեւէն եւ իրարու ետեւէ, կը հասցնէր նոր զօրամասեր, չդադրելով տեղացնելէ լեռնաշղթան պաշտպանող դիրքերուն վրայ, շրափնելներու տարափ մը։

Լեռնաշղթան պաշտպանողներէն եւ ոչ մէկը, սակայն, ռուսական գունդն ըլլայ թէ հայկական, լքած է իր դիրքը։ Անոնք զիրար լրտեսած, մրցումի ոգով մը, կարծես պատւոյ հարց համարած են, հակառակ տեղացող ռումբերուն խլած զոհերուն, չլքել իրենց դիրքերը։

Ամբողջ ժամ մը, դիտակը աչքերուն, Անդրանիկ կը դիտէ յարձակողականին յամառութեանը հետ, զայն կանգ առնել տալու ճիգին անօրինակ եւ յամառ տոկունութիւնը։ Պահ մը, սակայն, ան կը նշմարէ որ յարձակողներու շղթայ մը՝ որոշ յառաջխաղացում մը կը կատարէ դէպ ի ռուս գունդին գրաւած դիրքերէն մէկը եւ դիրքը կարծես թէ սկսած է լռել։ Անդրանիկի սիրտը կը սկսի տրոփել, անոր զարկերը կը թուին ըլլալ, իր ականջին, հրացանի զարկեր։ Ներշնչումի եւ գործադրութեան արագութեամբ, որ իր գլխաւոր շնորհն է, ան՝ րոպէապէս, վաշտ մը կը պատրաստէ առաջացող զօրամասին ետեւն անցնելու եւ զայն յանկարծակիի բերելու համար, երբ կը նշմարէ որ այդ զօրամասը կանգ կ՚առնէ յանկարծ, յետոյ անակնկալօրէն կը մատնուի շփօթութեան մը, ապա կը սկսի անկարգօրէն նահանջել։ Անդրանիկ կը նշմարէ որ ոչ միայն ռուս գունդին լռող դիրքերէն, այլեւ անծանօթ կէտերէ, որոնք ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ կօղաքներու թագնուած դարաններ, գնդակներու տարափ մըն է որ կը տեղայ յարձակող թուրք զօրամասին վրայ եւ կը հնձէ անոր շարքերը։

Զուր տեղ, այնուհետեւ, թուրք հրամանատարութիւնը կը ճգնի պահպանել յարձակման թափը։ Երեւոյթը կը կրկնապատկէ դիրքերէն կրակ տեղացողներու եռանդը, որուն սփռած նախճիրին վրայ աւելի հեռու գտնուող թրքական ուժերէն ոմանք եւս կը սկսին նահանջել։ Թուրք հրետանին կը կրկնէ իր հարուածները, գնդացիրները իրենց կարգին։ Խալիլ փաշան օգնական ուժեր կը հասցնէ, բայց, ատոնք ամէնքը ի զուր կ՚անցնին, անոր՝ անկարելի կ՚ըլլայ այլեւս առաջքն առնել զօրքին մատնուած խուճապին, որուն պատճառաւ, նահանջողներէն կարեւոր մասը կ՚իյնայ, դիրքերէն անխնայօրէն տեղացող գնդակներու, բայց մանաւանդ հրետանիին եւ գնդացիրներուն կրակին ներքեւ։

Կանգ առած էր Խալիլ փաշայի յարձակողականին թափը, Անդրանիկ՝ Ժայռի բլուրին վրայ նստած, դիտակը ձեռքը, աչքերը՝ մէկ մը՝ դէպ ի Բարգուշլու գիւղը, մէկ մը՝ դէպ ի դաշտը կը ծածկող դիակները, որոնք դէպ ի Արաուլ լեռը խոնարհող արեւու ճառագայթներու շինած շուքերով Պրօպտիյնաններու վերածուած են, մէկ մտմտուք ունի   խա՞ղ էր թէ ոչ խելագարութիւն, Խալիլ փաշայի այս յանդուգն յարձակողականը։

Սալմաստի դաշտը հիմայ ընդարձակ գերեզմանատուն մըն է այլեւս եւ եթէ չըլլար ջուրերու աղմուկը, զոր բլուրներէն իջնող գարնանային սահանքները իրենց հետ կը թափէին այդ դաշտը կտրող Զօլա գետին մէջ, հոն տիրող լռութիւնը ստուգիւ գերեզմանային պիտի ըլլար։

Առաւօտը, ռուսական բանակին կողմէն արձակուած թնդանօթի քանի մը հարուածներու ձայներն են որ կը խզեն այդ մահասփիւռ լռութիւնը, թշնամին փնտռող փորձի հարուածներ որոնք իրենց արձագանգներն են միայն որ կը ստանան որպէս պատասխան որմէ վերջ կօզաքներու հետազօտիչ խումբեր հրաման կը ստանան ճամայ ելնելու։

Անոնք ոչ միայն թշնամիի հետքը չեն գտներ Բարդուշլու գիւղին եւ անոր ետեւ գտնուող ընդարձակ տարածութեան վրայ, այլեւ Սալմաստի դաշտը ծածկող դիակներու թիւին վրայ տեղեկագիր մը կը բերեն թէ՝ թրքական բանակը ի վիճակի չէ այլեւս նոր յարձակողականի ձեռնարկելու։

Գինետօնին մէջ, որ այս լուրին վրայ կը սարքեն սպաները, հարց կը ծագի թէ որո՞ւն բլանին կը պարտին այս հարուածային յաղթանակը, վերին հրամանատար Զօր. Չէրնազուբովի՞ն, զօրաբաժնի հրամանատար Զօր. Նազարպէկովի՞ն, թէ ոչ անոնց սպայակոյտներէն մէկ ու մէկին, ոմանք մէկ կողմը կ՚ըլլան, ոմանք միւսը։ Անդրանիկ ո՛չ այս կողմը կ՚ըլլայ, ոչ այն, եւ կը յայտնէ կարծիք մը, որուն կը միանան գրեթէ բոլորը,

Այս արագ յաջողութիւնը մենք կը պարտինք Խալիլ փաշայի խելագարութեանը։

Խալիլ փաշայի բանակը, թիւով աւելի ստուար, հրետանիովը աւելի ուժեղ, զոհ գացած էր ռուսական բանակը յանկարծակիի բերելու իր խելագար շտապին։ Յաջորդ օրը, Անդրանիկ, յատուկ սուրհանդակով Զօր. Նազարպէկովէն արտօնութիւն կը խնդրէ իր գունդին հետ շարժուիլ դէպ ի Վան։ Ան պատասխան կը ստանայ թէ իր գործը Ատրպատականի մէջ վերջացած չէ տակաւին եւ թէ Զօր. Նիքոլաէվ հրաման ստացած է արդէն Իկտիրէն շարժուիլ դէպ ի Վան։

Վանի փրկութեան լուրն էր ատիկա։