ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ
«ՄԱՏՆԻՉԻՆ»
ՍՊԱՆՆՈՒՄԸ
Նոյեմբերի
վերջերը,
օր
մը,
հարսանեկան
կոչունքի
մը
կը
գտնուէինք
քաղաքին
վաճառականներէն
Ճիտէչեան
Եղբարց
բնակարանը,
որուն
մէկ
մասին
մէջ
կ՚ապրէր
կուսակալը։
Հրաւէրը՝
այդ
օրը,
մասնաւորապէս,
ի
պատիւ
թուրք
պաշտօնեաներուն
եւ
երեւելիներուն
էր,
բայց,
ըստ
տեղական
սովորութեան,
անոր
կը
մասնակցէին
նաեւ
ծանօթ
քանի
մը
Հայեր
եւս։
Սեղանին
շուրջը,
կուսակալը,
որ,
որպէս
վարձակալ,
տեսակ
մը
տանուտէրի
դիրք
տուած
էր
իրեն,
հիւրասիրութիւններ
կ՚ընէր
եւ
շատ
ուրախ
տրամադրութեան
մը
մէջ
կը
գտնուէր։
Ան
զուարթ
անէքթոտմը
պատմելու
վրայ
էր,
երբ,
իր
բնակարանին
հեռադրական
պաշտօնեան՝
իրեն
մօտենալով՝
փոքրիկ
թուղթ
մը
տուաւ
անոր։
Կուսակալը
չկրցաւ
ծածկել
թէ
ծանրակշիռ
լուր
մըն
էր
որ
իրեն
կը
բերէր
պաշտօնեան։
Խոր
թախիծ
մը՝
անմիջապէս
յաջորդեց
անոր
դէմքին
վրայ
սաւառնող
զուարթութեանը։
Անոր
յուզումը
այն
աստիճան
ճնշող
եղաւ,
որ
ան
մոռցաւ
լրացել
սկսած
անէքթոտըեւ
սկսաւ,
ջղաձգօրէն,
խառնել
մօրուքը
եւ,
անոր
զերուն
ծայրերը
բերանը
տանելով՝
խածոտել
զանոնք,
սովորութիւն
մը,
որ,
առհասարակ,
անոր
խիստ
վըրդովուած
վիճակը
կը
մատնէր։
Խոր
լռութիւն
մը,
րոպէապէս,
երկար
սեղանին
մէկ
ծայրէն
տարածուեցաւ
մինչեւ
միւսը։
Ան
անցաւ,
նոյնիսկ,
քովընտի
սենեակը,
ուր
գտնուող
նուագածուները
դադրեցուցին
իրենց
նուագը։
Եւ,
որովհետեւ,
կուսակալը՝
իր
աջը
եւ
ձախը
գտնուող
զինուորական
հրամանատարին
եւ
հաքիմին
միայն
ցոյց
տուած
էր
իրեն
բերուած
թուղթ,
մնացեալներուն
մէջ
ծայր
տուին
զանազան
ենթադրութիւններ,
որոնք՝
հետզհետէ,
հասան
մինչեւ
իր՝
կուսակալին
պաշտօնանկութիւնը,
որ,
գաւառներու
մէջ,
ամենէն
զգայացունց
դէպքն
է։
Սեղանէն
ելնելուն,
կուսակալը՝
սրահը
երթալու
ճամբուն
վրայ
հանդիպեցաւ
ինծի
եւ
զիս
հետը
քաշելով,
մեկուսի
հարցուց
ինծի.
—
Արսէն
էֆէնտին
(կաթողիկոսական
տեղակալը)
սպաննած
են։
Ի՞նչ
կը
կարծէք,
Հա՞յ
կրնայ
ըլլալ
ըսպաննողը,
թէ
ոչ
Քիւրտ։
Շանթահար՝
միտքս,
անմիջապէս,
գնաց
դէպ
ի
Ապտիւլ-Համիտի
սպանութեան
դէպքը
եւ
փոխ-վրէժի
հաւանականութիւնը։
Այս
հաւանականութեան
վրայ
էր
որ
ես
հիմնեցի
իմ
պատասխանը։
—
Ես
ալ
այդպէս
կը
կարծեմ
—
ըսաւ,
կուսակալը
տխուր
շեշտով
մը
եւ
գլուխը
երերցնելով
—
կը
սպասեմ,
վայրկեան
առ
վայրկեան,
երկրորդ
հեռագրին։
Ու
ան
ծխելու
գնաց,
նարկիլէն,
զոր
այդ
րոպէին,
անոր
կը
մատուցանէին։
Լռութիւն
մը,
տխուր
եւ
պաշտօնական,
կը
տիրէր
անոր
շուրջը,
ուրկէ,
երկար
ատեն,
ուրիշ
ձայն
չէր
լսուեր,
եթէ
ոչ
նարկիլէյին
կլկլոցը։
Կուսակալին
հարցումին
ձեւը
եւ
անոր
պահած
լռութիւնը
ինծի
ալ
լռութիւն
կը
հարկադրէին։
Ես
զգուշացայ
լուրը
ուրիշներուն
հաղորդելու
եւ
քովընտի
սենեակն
անցած
էի,
երբ
սենեակի
դուռնէն,
ձեռքի
նշանով
մը՝
զիս
կանչելու
եկաւ
կուսակալի
օգնական
Յովհաննէս
Ֆէրիտ
պէյ։
Ան
յուզուած
եւ
շուարած
դէմք
մը
ունէր
եւ
զիս
գտաւ
թէ
ոչ,
նոյնքան
շուարուն
ձայնով
մը
հարցուց.
—
Լսեցի՞ք
որ
Իշխան
սպաննած
է
Արսէն
էֆէնտին։
—
Լսեցի,
բայց,
իմ
կարծիքովը
Իշխան
չէ
որ
սպաննած
է
զայն,
այլ
Ապտիւլ
—
Համիտի
եղբայրները։
Այս
պատասխանիս
վրայ,
Յովհաննէս
Ֆէրիտ
պէյ
ինծի
կարդաց
ձեռքը
բռնած
թուղթը,
որ
ուրիշ
բան
չէր,
եթէ
ոչ
Ոստանի
զայմագամին
երկրորդ
հեռագիրը
եւ
որ
կ՚ըսէր.
«Այս
րոպէին,
Վանքին
ոստիկաններուն
հետ,
Աղթամարէն
տեղս
հասաւ
Նալբանդեան
Մանուկ
էֆէնտին,
որ
երէկ
գիշերը
հոն
գտնուած
էր։
Այս
անձը
կը
պատմէ
թէ՝
Իշխան
եղած
է,
որ՝
խումբին
հետ,
կէս
գիշերին,
վանքը
պաշարած
է
եւ
սանդուխներով
վանքին
պարիսպը
բարձրանալով,
վանքին
դուռը
բացած,
ներս
մտած
եւ
Արսէն
էֆէնտին
ու
քարտուղարը,
Միհրան
էֆէնտին,
անկողիններէն
դուրս
հանելով՝
Ռուսի
այգին
տարած
եւ
հոն
դանակն
հարուածներով
սպաննած
է»։
Ո՜ւր
է
այլեւս
կուսակալին
տխրութիւնը։
Երբ
դահլիճը
մտանք,
ան
կը
ճառագայթր
ուրախութենէն
եւ
կ՚ըմբոշխնէր
ենթադրութիւնները,
զոր
ներկաները՝
լուրին
շուրջը
իրարու
ետեւէն
կը
շռայլէին։
Անոնց
մէջ,
կուսակալէն
ի
զատ,
Թուրք
չմնաց
որ
չկրնէր՝
«զավա՜լլը
մարդը,
դաշնակցական
չէ
եղեր»
յանկերգը։
Մարդիկ
կը
սպասէին,
որպէսզի
Արսէն
վարդապետը՝
իր՝
դաշնակցական
չըլլալը
ապացուցանելու
համար,
ինքզինքը
սպաննել
տար
դաշնակցականներուն։
Հիմայ,
որ
Արմէն
վարդապետի
դաշնակցական
չըլլալը
յայտնի
է
այլեւս,
մէջտեղ
եկաւ
յաւիտենական
«ինչո՞ւ»ն։
—
Ինչո՞ւ
Դաշնակցականները
սպաննեցին
կաթողիկոսական
Տեղապահը,
որ՝
իր
յանդուգն
թագրիրներովը
եւ
հեռագրերովը,
շրջանին
պաշտօնեաներուն
եւ
Քիւրտերուն
սարսափը
եղած
էր։
Ներկայ
Հայերուն
կ՚իյնար
տալ
այս
«ինչու»ին
պատասխանը։
Անոնցմէ
մէկը
խորհրդածեց
թէ՝
«շատ
կարեւոր
բան
մը
ըլլալու
էր
այդպիսի
սոսկալի
ոճիրի
մը
դրդապատճառը»։
Ուրիշ
մը՝
«ուրեմն
նոր
ըլլալու
է
այդ
դրդապատճառը»,
յաւելումովը՝
տեսակ
մը
հաստատութիւն
դրաւ
այդ
խորհրդածութեան
վրայ։
Երրորդ
մը,
աւելի
յանդուգն՝
այս
հաստատութենէն
մղուեցաւ
Անդրանիկի
դէպքին
մէջ
որոնելու
այդ
«կարեւոր
եւ
նոր
դրդապատճառը»։
Չորրորդ
մը,
որ
չափազանց
միամիտ
մէկն
էր,
չքաշուեցաւ
ըսելու,
թէ՝
լսած
էր
որ
Արսէն
վարդապետը
եղած
է
որ
կառավարութեան
իմաց
տուած
է
Անդրանիկի՝
Աղթամարի
կըղզին
ապաստանած
ըլլալու
լուրը։
Ինքը,
այս
ենթադրութեան
տէրն
եղաւ
միայն,
որ
չխնդաց,
միւսները,
Հայ
թէ
Թուրք,
որ
գիտէին
թէ՝
Անդրանիկին
լուրերը
իր
ետեւէն
պոռալով
կը
վազէին,
ամենքն
ալ
խնդացին
այս
միամիտ
ենթադրութեանը
վրայ,
որ՝
ճիշտ
է
որ
դրդապատճառ
չէր
կրնար
ըլլալ,
բայց,
նոյնքան
ճիշտ
է,
որ
որպէս
պատրուակ,
ծառայած
էր
այդ
ոճիրին։
Երբ
ներկաները
լաւ
մը
խնդացին,
կուսակալը,
որ
կը
սպասէր
որպէսզի
ցամքի
անոնցմէ
վերջինին
զարմանքին
աղբիւրը,
սկսաւ
պատմել
Լաֆօնդէնի
յայտնի
առածը.
—
Գայլը
եւ
գառը,
օր
մը,
միասին
ջուր
կը
խմէին
առուակի
մը
վրայ...