Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՅԻՍ

Մայիս առաւօտը։

Արեւը՝ կարծես թէ այդ օրուան ի պատիւ, եւ, իր ոսկի եւ արծաթ ճառագայթներովը, վանեցիի հոգիին մէջ իջնելու եւանոր հետ հաղորդուելու համար էր որ ծագած էր այդ առաւօտը, այնքա՜ն ակնախտիդ էր ան։

Վանեցիի այդ օրուա՜ն հոգին։

Բայց, ինչի՞ հետ ան տրամադիր չէր հաղորդուելու այդ օրը։ Անոր համար կարելի՞ էր միթէ մինակը ըմպել ուրախութեան բաժակը։

Ու անոր առաջին գործն եղաւ վազել փնտռել իր զէնքի եղբայրը, որ՝ քանի մը փարսախով հեռու, քաղաքամէջի մէջ, միեւնոյն օրը, միեւնոյն իտէալին միեւնոյն ոգորումովը, միեւնոյն թշնամիին դէմ ելած էր եւ միեւնոյն զէնքերով՝ յաղթականի միեւնոյն դափնին էր խլած։ Ան գնաց փնտռելու եղբայրը ու անոր հետ ըմպելու միեւնոյն նեկտարով զեղուն ուրախութեան առաջին բաժակը։

Այս աննիւթական երեւոյթը, սակայն, թիթեռնիկի մը կեանքն անգամ չունեցաւ. ետեւէն նիւթը իր գլուխը ցցեց անմիջապէս։

Չէ՞ որ առածը  կ՚ըսէ   վտանգն անցա՞ւ, սուրբ չկայ։

Մահուան անմիջական սպառնալիքին ճնշումիններքեւ, վանեցին մոռցած էր նիւթը եւ անոր նշանակութիւնը։ Սպառնալիքին ճնշումը վերցուցած էր եւ ճնշուածը՝ իր բոլոր հասակովը մէջտեղ ելած։ Մայիս գիշերուան բերած մահուան սպառնալիքէն ազատուած ըլլալու ուրախութեանը՝ Մայիս առաւօտը՝ յաջորդելու եկած էր ապրելու հոգսը։

Օրինակ մը  հարկաւոր էր, որպէսզի  այդ հոգսին տիրապետութիւնը նուիրականանար եւ այդ օրինակը՝ դժբաղդաբար, վերէն եկաւ։

Այո՛, այդ անմիջական ճնշումին ներքեւ, Արամ կուսակցական... սխալ մը գործածած էր, թոյլ տալով որ Զինուորական Մարմին մը մէջտեղ գայ եւ Եկարեան՝ այսպէս թէ այնպէս, գերակշիռ դեր մը ստանձնէ  այդ մարմնոյն մէջ։ Ճնշումը վերցուած էր եւ ճնշուածը, եսը, իր կուսակցական թէ անձնական  ոտներովը՝ վերադարձած։

Զինուորական Մարմինը գոյութիւն չունէր այլեւս, այլ Արամ միայն։ Գործած սխալին անդրադարձած Արամ, որուն՝ այնուհետեւ, մէկը միւսին հետեւող եւ մէկը միւսէն ինքնագլուխ հրամանները, ամբոխին ականջններուն հնչող իրենց հաճելիութիւններովը՝ այնպիսի՜ արագ պատուանդան մը շինեցին իրեն համար, որ ան մնաց միայն տեսանելի։ Չէ՞ որ ամբոխը կը կառավարուի այնպէս, ինչպէս  կը դատէ ինքը, անոր իրաւունքն է մտածել տխմարութիւնները, կառավարողինն ալ՝ գարծադրել զանոնք։

Յետոյ, չէ՞ որ վտանգը գոյութիւն չունէր այլեւս, այլ յաջողութիւն։ Այդ յաջողութեանը, ինչպէս նաեւ անոր ետեւէն գալիքներուն վրայ՝ հարկաւոր էր դնել կուսակցական կնիք։ Կուսակցութիւնը, իր կարգին, իր ամբողջ մէքանիզմովը, մէջն ըլլալով Զինուորական Մարմնոյն դաշնակցական անդամները, Գրիգոր Պուլկարացին եւ Կայծակ Առաքելը, կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արամի հետ եղան եւ Զինուորական Մարմինը կորաւ։

Պէտք է վառել Թուրքերու բնակարանները եւ անմիջա՛պէս, ռուսական բանակին հասնենէն առաջ, պատգամած էր ինքնակոչ կառավարիչը։

Ինչո՞ւ։

Որպէսզի փախչող Թուրքերը վերադարձի մասին չմտածեն այլեւս։

Առարկող եղա՞ծ էր թէ՝ եթէ Թուրքերը վերադառնային, իրենց տուները վառողներուն բնակարաններուն մէջ պիտի ապրէին։

Եթէ այդ առարկութիւնը ընող ալ գտնուած ըլլար, մտիկ ընող չպիտի գտնէր։ Խօսքը ամբոխին էր եւ անոր լեզուն խօսողին։

Բայց, կարեւորը պատգամին երկրորդն էր։

Մէն մի Հայու իրաւունքն է, վառելէ առաջ կողոպտել Թուրքերուն տուները։

Զինուորի՞ն ալ։

Առաջին հերթին։

Ամբոխին տրամադրութիւնն էր որ Արամի բերնին մէջ պատգամի կը վերածուէր։

Երբ Քաղաքամէջը երթալու համար, ես թրքական թաղամասը  մտայ, այդ տրամադրութիւնը եւ պատգամներ՝ գիրկընդխառն, պար բռնած էին արդէն։

Թուրքերու տուները կը կողոպտուէին, եւ կը հրդեհուէին։

Տուները աւարողները, կողոպուտներով բեռնաւորուած՝ բռնած էին Սխկայի մեծ պողոտային ողջ երկայնքը՝ իսկ տուները մէկ մէկ խարոյկի վերածուեր էին։ Տեսարանը զարհուրելի էր։ Փուլ եկող ձեղուններու շառաչիւնը, պատերը լղող բոցերու ճարճատիւնը, տիրող հեղձուցիչ մուխը եւ տաքութիւնը եւ այդ ամենուն մէջ ընչաքաղցութեան տենդով բռնուած մարդիկ, որոնց՝ բան մը աւելի խլելու, բան մը աւելի ունենալու մորուցքը եւ անոր հետեւող աճապարանքը, տքնութիւնը, տքոցներ եւ կանչոցները կը պարզէին վերջին դատաստանի տեսարան մը։

Կողոպուտը՝ մի ըարծէք թէ դիւրին գործ է, ան ա՛լ իր թէքնիքն ունի, իր բարդութիւնները եւ դժուարութիւնները, երբ մանաւանդ կողոպուտի եւ զայն փոխադրելիք վայրին միջեւ հեռաւորութիւնը փոքր չէ եւ փոխադրական միջոցներ չեն վխտար։

Քանինե՜րը, այդ օրը, պիտի ուզէին չորս ոտք ունենալ եւ աւելի ձեռներ, շատ բան փոխադրել կարենալու համար։

Երբե՜ք բաղդը, այնքան քալող ոտքերուն չէր եղած, ոչ ալ բռնող ձեռքերուն, որքան այդ օրը։

Այս թոհուբոհին մէջ դէմս ելաւ յանկարծ Կիւսնենց գիւղացի ընտանիք մը, մէկը՝ կռիւներու ընթացքին, Այգեստան խուժող եւ հոնտեղացիներու տուներու վրայ բաժնուած ընտանիքներէն, զոր հիւրընկալելու  պարտքը ինծի բաժին ինկած էր։ Այս ընտանիքը կը բաղկանար, փոքրիկ երեխաներէ ի զատ, 14 անձերէ, որոնց ամէնքն ալ, այր, կին, ծեր թէ տղայ, այդ պահուն, մինչեւ ակռանին բեռնաւորուած, ինծի, որպէս իրենց հիւրընկալի, մէկ մէկ յատկանշական ժպիտ նետելով, փոքրիկ վաշտի մը պէս անցան քովէս։

Կիւսնենցի ընտանիքին աւարին թափօրը ո՛չ վերջին եղած էր ո՛չ ալ վերջընթեր, ոչ ալ ոմանց ցոյց տուածին պէս առանց կազմակերպութեան։ Ոչ մէկը անոնցմէ՝ վերջէն անարժէք չէր գտած իր աւարը եւ աւելի արժէքաւորին ետեւէն վազելու համար, զայն, ճամբու կէսին, կռնակէն ձգած։

Այդ բան պատահած էր աւարառուներէն մեծ մասին։ Սխկայի այդ լայն ու երկար հրապարակը՝ ծայրէ ի ծայր, կը վխտար զանազան իրերով, զոր աւարառուներէն խակերը՝ կամ, ուրիշներուն վրայ լաւագոյնը տեսնելով՝ կռնակէն նետած եւ դարձած էին եւ կամ, չունենալով բաւական ուժ իրենց ընչաքաղցութեան իրենց կռնակը դրած բեռը տեղը հասցնելու, աւելորդէն ինքզինքնին ազատած էին։

Ահա ալիւրի պարկ մը որ կը ճչայ։

Երեւոյթին տարօրինակութիւնը զիս քովը կը քաշէ։ Ճիչը պարկին բերանէն չէր որ կը խուժէր, այլ պարկին բերանէն դուրս խուժող մանկիկի մը բերանէն։

Մանկիկին մայրը՝ երեխան գիրկը՝ աւարի ելած է եւ պարկ մը ալիւրի վրայ ինկած։ Ճանապարհին, պարկը կռնակը, երեխան գիրկը, ան տեսած է ուրիշ կիներ որոնք գորգեր ունին կռնակնին եւ կամ ասուեղէններու ծրարներ՝ պիրկերնին։ Անոր զղջումի զգացումին հետեւեր է հնարքը։ Ան՝  գետին դրած է պարկը եւ, որպէս սեփականութեան դրոշմ՝ անոր բերանը դրած է մանկիկը։

Ուրիշ կերպ կարելի չէր մեկնել երեւոյթը։

Մինչեւ այդ, ուրիշ տեսակի ճիչ մը եկաւ ինծի մոռցնել տալու մանկիկինը։

Մա՜ մա՜, մա՜ մա՜։

Լսեցի ես, յանկարծ, ետեւէս։

Մա՜ մա՜ները իրենց հնչիւններովը այնքա՜ն կը նըմանէին մամայի, որ շուրջս դարձայ փնտռելու համար մաման կանչող ուրիշ մանկիկ մը. բայց, մանկիկին փոխարէն ուրիշ բան չգտայ, եթէ ոչ փոքրիկ ուլ մը. վիզը մետաքսէ նրբահիւս կապ մը, ծայրը չուան մը նոյնքան նրբահիւս եւ միշտ մետաքսեայ, որ՝ չլմորած  աչքերովը եւ իր մա՜երովը՝ եթէ ոչ մաման, գէթ իր տէրը փնտռելու ելած էր։

Եթէ ուլիկին վիզին կապն ու չուանը մետաքսէ եղած չըլլային ոչ ալ այնքա՜ն նրբահիւս, ես գուցէ ուշադրութիւն չընէի ուլիկին եւ չգտնէի որ ան հասարակ ուլ մը չէր, այլ զմայլելի կենդանի մը։ Ան՝ իր երկար եւ բարակ ոտներով եւ խոշոր ու խելացի աչքերովը՝ աւելի եղնիկի կը նմանէր քան թէ ուլիկի, անոր մորթը՝ նոր բացուող շուշանի մը չափ ճերմակ էր եւ այնքան փայլուն՝ որքան ամենէն ազնիւը շինական մետաքսին։ Յետոյ, կենդանիին այս բնական շնորհները արուեստէ ալ անցած էին, անոր մորթին մազերը մաքուր էին ինչպէս միօրեայ ձիւնը եւ սանրուած նորահարսի մը վարսերուն պէս, անոր փոքրիկ կոտոշները եւ նուրբ եղունգները՝ ըսես, պչրուհիի մը շրթունքներուն չափ կարմիր էին։ Յայտնի էր որ թարմ տարիք եւ նուրբ ճաշակ ունեցող կնոջ մը ձեռքերը անցած էին կենդանիին մարմնոյն վրայէն։

Ուլիկին վիզին չուանին ծայրէն բռնեցի եւ «աս ալ թող իմ կողոպուտի բաժինն  ըլլայ»  ըսելով՝ մատաղ կենդանին ետեւէս քաշեցի։

Ուլիկը՝ յոժարութեամբ, ետեւէս եկաւ, առանց, սակայն, մոռնալու իր մա՜ մաները։ Երբ, մենք միասին առուակի մը եզերքէն կ՚անցնէինք, տեսայ որ ուլիկը գլուխը կը քշէ դէպ ի ջուրը. հասկցայ որ ծարաւի էր ան։ Առուակին մօտեցուցի կենդանին, որ՝ եղջերույի մը անյագութեամբ խմեց ջուրէն, յետոյ, կանանչ գեղեցիկ աչքերը, գուցէ շնորհակալութեան զգացումով մը, դէպ ի ինձ բարձրացուց, բայց չդադրեցաւ բնաւ կանչելէ իր մա՜ մա՜ները։

Քաղաքամէջը հասնելու, ուլիկը միշտ հետս՝ ես եղայ կռուողներուն քովը, այցելեցի ազգականներու։ Անոնց հետ, զգացումներու յորդորումներու եւ  փոխանակութեանց ընթացքին, մենք ատեն կ՚ունենայինք խօսքն ընելու իմ տարօրինակ ընկերակցին, որուն գիւտին կամ կողոպուտին պատմութեանը կը յաջորդէր հարցումը՝ թէ ուլի՞կ մըն էր ան իրօք, թէ ոչ եղնկիկ մը։ Որը՝ ուլ մըն է ըսաւ, որը՝ եղնիկ մը. որը խառնածին, ոչ մէկը, սակայն, վճռական չկրցաւ ըլլալ։ Մէկ մարդ միայն կրնար ընել այդ վճռական խօսքը, Շատախցի Աւօն, Վասպուրականի լեռներն ու ձորերը տակնուվրայ  ըրած նախկին արմենական մը, որուն՝ կռիւի ընթացքին ցոյց տուած հերոսութիւններէն դրուագներու պատմութիւններ ըրին ինծի իր ընկերները, եւ որ՝ սակայն, չկար մէջտեղը։

Խաչ պայրաղ մը շինել տուաւ եւ բերդը ելաւ անոր վրայ տնկելու համար զայն   պատասխանեցին ինծի։

Ուլիկ  թէ եղնկիկ, կենդանին կը շարունակէր կանչել իր մա՜մաները եւ այնքան ստէպ, որ ես Մամա անունը տուի անոր։

Մաման ուրեմն, ետեւէս, իրիկուան կողմը, վերադարձիս ճամբուն վրայ, դէմս ելաւ Արամ, որ ֆէսին ծոպը՝ ձիուն վազքէն տարուբեր՝ քանի մը զինուորներու ընկերակցութեամբ սրընթաց կ՚ընթանար։

Զիս տեսնելուն  կանգ առաւ ան ու ինծի յայտնեց թէ՝ Դրօյի խումբը նոյն իրիկուն կը հասնէր եւ թէ՝ զայն դիմաւորելու էր որ կ՚երթար ինքը։

Հապա՞  Զինուորական Մարմինը։

Եղբա՛յր, մարդ չկայ մէջտեղ, զիս մինակ ձգած են բոլորովին   ան պատասխանեց ինծի եւ ձին քշեց։

Ճամբաս շարունակելով՝ ես հասայ քիչ վերջ Խաչ Փողոցը, ուր՝ առուակի մը եզերքը, ուռենիի կանանչ ոստ մը ձեռքին՝ նստած տեսայ Եկարեանը, որ՝ ձեռքին ոստովը առուակին ջուրին հետ կը խաղար։ Գացի  քովը նստելու։ Ան զմայլեցաւ Մամայի  վրայ, բայց, որ գղնիկ գտաւ զայն, ոչ ալ խառնածին, այլ ծնողներէն արտակարգ գեղեցկութիւն մը ժառանգած ուլիկ մը.

Չէ՞ որ մարդկանց մէջ ալ կը գտնուին բացառութիւններ, որոնք՝ աւելի հրեշտակի կը նմանին քան թէ մարդու, հիմնաւորեց  Եկարեանը իր դատաստանը, մոռցուած ժպիտ մը դնելով իր փոքրիկ բերանին անկիւնները։

Եկարեան՝ Շատախցի Աւօյի չափ լեռ ու ձոր շուռ տուած մարդ է. անոր վճիռը նուազ հեղինակաւոր չթուեցաւ ինծի։

  Ես փութացի Արամի տուած լուրը հաղորդել Եկարեանի, որ՝ սակայն, լուրին վրայէն անցաւ եւ շարունակեց զբաղիլ Մամայովը. ան՝ ձեռքին ոստին կանանչ տերեւները  հրամցուց Մամային՝ որ սկսաւ հաճոյքով ուտել զանոնք։

Ես, սակայն, խօսակցութիւնը քշեցի դէպ ի օրուան լուրերը եւ քիչ մը մեղադրանք գտայ իրեն ընելու, իր ցոյց տուած անտարբերութեանը համար։

Մինչ այդ Մաման լափած էր ոստին կանանչ տերեւները եւ աչքերը դէպ ի Եկարեան, կարծես կը սպասէր որ ան նոր ոստ մը բերելու երթար իր համար։

Եկարեան խօսքս կտրեց եւ՝

Այս կենդանին անօթի է, զայն կշտացնելու տարէ՛ք   ըսելով՝ ոտքի ելաւ։

Յետոյ տեսնելով որ ես այնքան ալ գոհ չմնացի իր վերաբերմունքէն, յօնքերը կիտեց ան, կնճիռի խոր ակօսներ բացաւ ճակտին վրայ, եւ ձեռքս բռնելով, բնազդի  մարդը, որ մարգարէ մը չէր, ոչ իսկ իր գաւառին մէջ, հակադարձ չվերցնող մարգարէական թօնով մը, ինծի ըսաւ.

Ձեզի բան մը ըսե՞մ, այս երկրի գլխուն խաղ մը կը խաղցուի, եւ ես կ՚ուզեմ որ՝ իմ դերը հանդիսատեսի ըլլայ։

Տունը հասնելու, իմ առաջին գործն եղաւ Մաման կշտացնել։ Մամային ալ առաջին գործն եղաւ, երբ կշտացաւ, տեղի տալ միջադէպի մը, որ քիչ մնաց որ դատ մը ստեղծէր իմ՝ եւ իմ գիւղացի վարձակալներուն միջեւ։

Յաջորդ առաւօտը, իմ քովը գանգատի եկաւ հիւրընկալածս Կիւսնենցի ընտանիքին նահապետը։

Ձեր ուլիկը մեր հայելին կոտրեց երէկ երեկոյ   ըսաւ գիւղացին, բանագնացի մը թօնովը։

Գիւղացիին հայե՜լին։

Ուրիշ բան եկաւ միտքս, այդ րոպէին, եթէ ոչ երեսը հայելիով զարդարուն այն թուղթէ սեւ տուփերը, որոնցմէ հատ մը՝ գրեթէ ամէն գիւղացի կնոջը գրպանը կը գտնուի եւ չկրցայ անմիջապէս մեկնել, թէ՝ ուլիկ մը՝ ինչպէ՞ս կրնար կոտրած ըլլալ նման տուփ մը. բայց չկրցի, միաժամանակ զսպել ծիծաղ մը։

Գիւղացին՝ ընդհակառակը, աւելի լուրջ դէմք մը առաւ եւ ձեռքը՝ մեր հիւրանոցին պատի հայելիին ուղղելով՝ ցաւագին շեշտով մը ըսաւ.

Այս հայելիին չափ հայելի մըն էր։

Ասանկ հայե՜լի մը, մեր ախոռին մէջ։

Պատասխանը մայրս տուաւ։

Երէկուընէ ի վեր ամէն ինչ կը գտնուի մեր ախոռին մէջ։

Երթա՛նք տեսնենք այս հայելին ըսելով՝ վար իջայ։

Ախոռը՝ ախոռ չէր մնացած այլեւս. ան դարձած էր շէնք շնորհք կալըռի մը։ Ստուգիւ, ամէն ինչ կարելի էր գտնել հոն   մահճակալներ, վառարաններ, տպածոյներու եւ ասուեղէններու ծրարներ, պնակեղէններ, լամբաներ։ Դիմացի պատին տակը տեսայ ես արկածեալ հայելիին ոսկզեօծ շրջանակը, առջեւը կոտրած ապակիին մեծ եւ փոքր փշուրները։

Մաման՝ ախոռը մտնելուն, հաելիին մէջ, իրեն նմանող կենդանի մը տեսեր է եւ գլուխ բռներ, ան տեսեր է որ այելիին ուլիկն ալ գլուխ բռներ է։ Մաման՝ այն ատեն, յարձակողական դիրք մը առեր է, հայելիի ուլիկը՝ իր կարգին։ Մաման յարձակեր է, հակառակորդը՝ միաժամանակ։ Մաման թափ մը տուեր է իր յարձակողականին եւ կոտոշները հայելիի ապակիին մէջ խրած։

Ահա թէ ինչպէս կարելի էր մեկնել պատահարը։

Կարծեցի թէ գիւղացիին դիմումը պարզ գանգատ մըն էր որ կրնար, շատ շատ, ուլիկին՝ ախոռէն հեռացումը ենթադել տալ։

Մաման կրնայ նոր բան մը կոտրել, զայն մարագը տարէք   ըսի սպասաւորին եւ դուրս ելայ տունէն։

Փողոցը, սակայն, նկատեցի որ գիւղացին՝ ստուերի մը պէս, ինծի կը հետեւի, անոր դարձայ,

Ինծի ուրիշ բա՞ն մը ունիք ըսելիք։

Ի՞նչ պիտի ընենք   չսէ ինծի յանկարծ գիւղացին։

«Ի՞նչ պիտի ընենք», րոպէին համար, բաւական խօսուն բացատրութիւն մըն էր։ Ան՝ որպէս թէ ես՝ իմ ախոռը՝ գիւղացիին հայելի դնելու համար վարձու տուած ըլլայի, կ՚երթար մինչեւ վնասուց հատուցումի պահանջը։

Ես, սակայն, չհասկնալու զարկի ընչաքաղց գիւղացիին միտքին տարօրինակ յետինը եւ, պաղարիւնով մը որ թոյլ չտուաւ անոր նոր բանաձեւ մը փնտռելու, պատասխանեցի,

Ի՜նչ պիտի ընենք, ապակիին կտորները ժողվելու եւ առուն նետելու է։