Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՀԵՌՈՒ

Ազգային հերոսը հեռացաւ Հայաստանէն, Մարաթօնի հերոսին, Արիօթիտի պէս, հոգիին մէջ անշէջ սէր, եւ, շրթունքներուն վրայ, անվերջ մաղթանքներ՝ իր երախտամոռ հայրենիքին համար։

Անդրանիկ յոգնած էր, անոր յոգնած մարմնոյն մէջ, յոգնած էր նաեւ իր խռովքի մատնուած՝ անոր հոգին։ Այդ մարմինը հանգիստի պէտք ունէր, հոգին խաղաղութեան։ Խաղաղ միջավայրի մը մէջն էր միայն, որ ան պիտի կրնար գտնել ե՛ւ մէկը ե՛ւ միւսը, եւ, որպէս այդպիսին, Անդրանիկ ընտրած էր Մանչէսթըր, ուր ան ունէր մէկէ աւելի անձնական բարեկամներ։

Բայց, մանաւանդ այդ օրերուն, ամէն ճանապարհ Փարիզէն, խռովքի այդ բովէն կ՚անցնէր։ Իր ճանապարհին վրայ, ուրեմն, Անդրանիկ պարտաւորուեցաւ կանգ առնել Փարիզ։

Փարիզի Ազգային Համագումարը փակուած չէր տակաւին, բայց, Ազգային Պատուիրակութեան ընտրութենէն վերջ, եւ, գուցէ այդ պատճառաւ, իր հետաքրքրութիւնը կորսնցուցած այդ մարմնոյն անդամակցողներուն ներկայութիւնը այն աստիճան  պակաս էր, նիստերը այն աստիճան ցանցառ, որ կարծես փակուած ըլլար ան։

Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ Պ. Պօղոս Նուպար՝ բան մը չխնայեց Անդրանիկին ընելու համար վայելուչ ընդունելութիւն մը, զայն, անմիջապէս, ներկայացնելու տարաւ նախագահ Պ. Փուանքարէի, որ՝ նոյնքան տաք ընդունելութեամբ մը  ասպետութեան եւ սպայութեան աստիճաններուն մէկ անդամէն նուիրումովը՝ բացառիկ պատիւ մը ըրաւ ազգային հերոսին. յետոյ, անձնական հիւրասիրութիւններէ վերջ, որպէս  Ազգ. Պատուիրակութեան նախագահ, կիսապաշտօնական ճաշ մըն ալ  պատուիրակութեան պաշտօնատան մէջ տուաւ ի պատիւ հիւրին։

Անդրանիկի նախկին ընկերները այնպիսի վերապահ վերաբերմունք մը ցուցադրած էին անոր հանդէպ, որ Պ. Պօղոս Նուպար՝ բարդութիւններէ խուսափելու համար, այս ճաշկերոյթին հրաւիրած էր միայն Համագումարի նախագահ Պ. Նորատունկեան եւ, որպէս Անդրանիկի մօտ մարդի՞կ, թէ ոչ որպէս կովկասահայութեան ներկայացուցիչներ, Պ. Վահան Փափազեան եւ զիս։

Անդրանիկ՝ ընկերակցութեամբ թիկնապահ Պ. Պօնաբարթի՝ հրաւէրին պահէն կէս ժամ վերջ հասաւ։ Ան՝ սեղանին վրայ, սկիզբէն մինչեւ վերջ, պահեց տխուր եւ անթափանցելի լռութիւն մը։ Զուր տեղ Փաշան՝ իր սովորական իւմօրովը, փոխել փորձեց անոր տրամադրութիւնը. Անդրանիկ մինչեւ վերջ յամառած մնաց իր սփինքսեան լռութեանը մէջ, ինչ որ ամէնքիս ալ, մասնաւորապէս հիւրընկալին, զարմանք պատճառեց։ Ճաշին դէպ ի վերջերը, Փաշայի տրամադրութիւնն ալ փոխուեցաւ, անոր միտքէն հազար տեսակ բաներ կ՚անցնէին։ Ան՝ անհամբեր էր իմանալու Անդրանիկի ցոյց տուած տխրութեան եւ պահած լռութեան պատճառը։

Ճաշը աւարտելուն, Փաշան ինձմէ իմանալու ելաւ այդ պատճառը։

Հիմնական պատճառը   իմ կարծիքը յայտնեցի ես   անոր յոգնածութիւնը կրնայ ըլլալ զոր, ո եւ է պատահական նեղութիւն, ինչքան ալ աննշան եղած ըլլայ, բաւական է րոպէապէս տասնապատկելու։ Հաւանաբար, իր ուշ մնացած ըլլալն եւ տասը պատճառն անոր բերած ըլլան այդ տխուր լռութիւնը։

Այս կարծիքիս՝ ես չմոռցայ աւելցնելու խոստում մը՝ թէ Տօքթէօրէն պիտի ջանայի իմանալ իրողութիւնը։

Ո՞ր Տօթքէօրէն, Նէվրո՞ւզէն, հարցուց Փաշան աշխուժով մը։

Տօքթ, Նէվրուզ Դաշնակցութեան տեսակ մը porteparoleը կը համարուէր Փաշային քով։

Ո՛չ Տօքթ, Պօնաբարթէն։

Գաբիթէն տօքէօ՞ր է ուրեմն։

Ո՞ր գաբիթէն։

Գաբիթէն Պօնաբարթ։

Պօնաբարթին գաբիթէն ըլլալն ալ ես չէի գիտեր։

Եւ, երբ ես իմ այս անգիտութիւնս յայտնեցի Փաշային, ան գրպանը խառնելու ելաւ եւ անկէ դուրս հանեց յարգելի Տօքթէօրին այցետոմսը, որուն վրայ գաբիթէնէն ի զատ ուրիշ տիտղոսի չհանդիպելով՝

Այո՛   ըսաւ ան, կէս ժպիտով մը   բայց ճիշդ է որ աւելի բժիշկի կը նմանի, աւելի ճիշդը, ասիսթանի՝ քան թէ գաբիթէնի։

Յետոյ, աչքերովը, անգամ մը եւս Պօնաբարթը վերէն վար չափելէն վերջ,

Ի՜նչ չիքութիւն, ի՜նչ կեցուածք   ըսաւ ան, այս անգամ լեցուն ժպիտով մը։

Արդարեւ, Տօքթէօրը՝ իր թարմ եւ նուրբ դիմագիծերովը եւ փոքր բայց վայելուչ հասակին վրայ կրած լաւ կտորէ եւ լաւ կարուած խաքի համազգեստովը, եւ կարմրագոյն փայլուն գօտիովը եւ մոյկերովը՝ մատը խածնել կուտար նոյնիսկ ամերիկացի սպաներու, որոնք, այդ օրերուն, ամենէն չիքերն էին Փարիզի մայթերը ողողող ամենազգի սպաներուն։

Փաշան՝ իր զուարթութիւնը գտած էր եւ Անդրանիկի տխրութիւնը մոռցած։

Կտրի՞ճ, նմանապէս, այնպէս չէ՞, հարցուց ան աչքի քթթոցով մը։

Գաբիթէն Պօնաբարթ՝ Պօնաբարթ մը չէր անշուշտ, բայց վախկոտ մէկն ալ չէր եւ, առ այդ, ցոյց տուած էր մէկէ աւելի ապացոյցներ, բայց, օր մըն ալ, ինչպէ՞ս եղած էր, Զանգեզուրի կռիւներէն մէկուն մէջ, ան հակառակին ապացոյցը տուած էր եւ այս մէկին ապացոյցը քիչ մը սուղի նստած էր Անդրանիկին, որ, նոյն օրը, հարիւր անգամ, ետեւէ ետեւ, քաշած էր հարիւրապետին ականջներէն   գուցէ, որպէս մկրտութիւն՝ անոր հարիւրապետութեանը   եւ այն օրը միա՛յն մոռցած էր Պօնաբարթի մեղքը, երբ այս վերջինը կտրիճութեան նոր փորձով մը, քաւած էր հինը։

Հազիւ թէ ես այս կարճ կենսագրականն ըրած էի Փաշային, որ Պօնաբարթը, համազգեստին եւ սուրին վայլող դէմք մը շինած, պեխերը վեր եւ կուրծքը՝ շնորհիւ դերձակի արուեստին ուռած, բայց ոչ առանց շնորհի, մեր քովէն անցաւ։ Փաշան գաբիթէնին դէմը ելաւ եւ խօսքի բռնեց զայն։

Ես՝ ինծի պարտք համարեցի հեռանալ, բայց ոչ աչքէ հեռացնել խօսակիցները, որոնք՝ բաւական երկար ատեն, դէմ դէմի մնացին ոտքի վրայ։ Գաբիթէնը, որուն կուրծքը՝ խօսակցութեան ընթացքին, երթալով կ՚ուռէր կարծես, հիմայ ինքզինքը պարթեւ մը կը զգայ Փաշայի առջեւ, ան՝ բնաւ դժուարութիւն չի զգար հիմայ, քիչ մը աւելի առնականութիւն դնելու դէմքին վրայ եւ քիչ մը աւելի խստութիւն՝ ժէսթերուն մէջ, որոնցմէ յայտնի կ՚ըլլար թէ՝ ան զբաղած էր փաշային պատմելու մէկը Անդրանիկի կռիւներէն, որուն մէջ ինքը, ճշմարտապէս եւ կամ կարծեօք, դեր մը կատարած էր։ Իսկ Փաշան խօսակիցը մտիկ կ՚ընէր հանդարտ եւ անուշ ժպիտով մը, չմոռնալով գլխի եւ ձեռքի հաստատական շարժումներ, որոնց ետեւ թագնուած զգացումը՝ դժուար է ըսել թէ հիացումի՞ էր թէ ոչ թերահաւատութեան։

Քովի մեծ սրահէն հասնող Համագումարի փոքր զանգակին ձայնը կտրեց կողմնակի խօսակցութիւնները եւ ներկաները՝ մէջերնին ըլլալով հիւրերը, փութացին ժողովասրահը։ Նիստը բացուած էր եւ օրակարգին առաջին նիւթը՝ գաբիթէն Պօնաբարթի զեկոյցն էր։

Պօնաբարթը իրաւունք ունէր իր արդուզարդին տուած խնամքին մէջ։ Առիթը հազուադէպ էր, հարկ էր տպաւորութիւն թողուլ։

Ան նախ ըսաւ թէ կարճ պիտի խօսէր, ինչ որ քիչ բան չէ հայ բանախօսի մը համար, յետոյ, մաքուր հայերէնով մը, որուն, ամէն անգամ չենք հանդիպիր եւ, իր մասին չըսելով խօսք մը, որուն աւելի քիչ անգամ կը հանդիպինք, սկսաւ ընդհանուր ուրուագիծ մը տալ Կովկասի եւ մասնաւորապէս Հայաստանի անցնող դէպքերուն եւ ներկայ դրութիւնը։ Ճի՞շդ էին պատկերին գիծերը։ Կարելի չէ բոլորովին դրական պատասխան մը տալ։ Յարգելի բանախօսը նիւթէ նիւթ շատ ցատկեց, յետոյ խոստովանելով ուրացաւ կարգ մը բաներ, մինչ, եղան ուրիշ բաներ, զորս ուրանալով էր որ ան խոստովանեցաւ։ Այսպէս թէ այնպէս, զեկոյցը անցած էր արդէն կարճութեան սահմանը, երբ Անդրանիկ, որուն համար նորութիւն մը չէին պարունակեր իր թիկնապահին խօսքերը, գուցէ նաեւ անոր համար՝ որ իր անշէջ սիկարէթին մուխովը կը զգար որ նեղութիւն կը պատճառէր քովը նստող Փաշային, սրահէն դուրս ելաւ։ Հազիւ թէ սրահին դուռը Անդրանիկի ետեւէն գոցուած էր, որ Պօնաբարթ հոգեփոխուեցաւ կարծես։ Ո՜ւր են այլեւս անոր հանդարտութիւնը, ո՜ւր անոր խօսքերուն համեստութիւնը։ Ան սկսաւ ոչ միայն բարձրացնել ձայնն ու շեշտը, այլ նաեւ տարածել խօսքերուն նիւթն ու տարողութիւնը։

Ներկաներուն նայուածքները սկսան զիրար հարցուփորձել, ոչ ոքի՝ անոնցմէ, գաղտնի մնաց որ Անդրանիկի ներկայութիւնը խից մը եղած էր յարգելի զեկուցողին զգացումներուն յորձանքին դէմ, որ հիմայ, չգոյէ խիցին, ան կը յորդէր անխնայօրէն, կը յորդէր ջրվէժի մը պէս, անոր յատուկ մռնչիւններով եւ փրփուրներով եւ, որպէս թէ խօսքերուն ուժն ու կրակը բաւական եղած չըլլային, զեկուցանողը սկսաւ իր խօսքերուն ազդեցութեան ի սպաս բերել ձեռքի շարժումներ՝ այն աստիճան խիստ, այն աստիճան տարածուն, որ քովը գտնուող Համագումարի անդամներէն Փրօֆ. Ա. Խաչատուրեան՝ խոհեմութիւն համարեց իր աթոռը անվտանգ հեռաւորութեան մը վրայ փոխադրել։

Ձեռքի շարժումները, սակայն, երթալով սկսան անբաւական գալ, անոնք հետզհետէ անցան յարգելի գաբիթէնին իրանին։ Արդարեւ, րոպէներ կ՚ըլլային, ուր յարգելի բանախօսին արտայայտութիւնները կատղած հողմի, եւ մռնչող ծովի երեւոյթը կ՚առնէին, որ ատեն սովորական ժէսթեր աննշմարելի՝ ան պէտքը կը զգար ոտներուն ծայրերուն վրայ բարձրանալով եւ կամ վիզն ու գլուխը ձգտելով՝ դէպ ի վեր սլանալու, դէպ ի իր խօսքերուն բարձրութիւնները։

Ներկաներու մէջընդմէջ ծափահարութիւնները, որոնք չեմ յուսար թէ մէկ կէտէ էր որ կը մեկնէին   վասնզի հայերէն լաւ չհասկցողները բաւական թիւ մը կը կազմէին Համագումարի մէջ   արդիւնքի  մէջ կը միանային, արծարծելով բանախօսին կրակը։

Պ. Նորատունկեան, որ հայերէն  լաւ կը հասկնար, որպէս նախագահ՝ յարգելի զեկուցանողին խօսքերո՞ւն թէ ոչ ժէսթերուն՝ քիչ մը զուարճութիւն բերող տարօրինակութեան համար, յօժար էր դեռ երկար ատեն հետաքրքրական համարել զեկոյցը եւ չընդմիջել զայն։

Ի՞նչն էր որ այդ աստիճան կը յուզէր զեկուցանողը։ Բայց, միթէ յուզուիլ ուզող հայ բանախօսին համար, նի՞ւթ կը պակսէր այդ օրերուն   Թուրքին ջարդին հետ կար Դաշնակիցներու խոստմնազանցութիւնը, Թաթարներու դաւաճանութիւնը, Վրացիներու նենգութիւնը, Ձարին բռնատիրութիւնը, պոլշէվիկներու աւերը, մենշէվիկներու դաւերը։ Միայն, Դաշնակիցներու եւ Ռամկավարներու մասին   որոնցմէ էր որ կը բաղկանար Համագումարը   sauf vos présencesի, ընդմիջումներէ խուսափելո՞ւ, թէ ոչ ծափահարութիւնները չթուլցնելու նկատումներով, բան մը չըսաւ։

Որքա՞ն տեւեց Պօնաբարթի խօսքը։ Բայց, միթէ ժամացոյց ունի՞ պերճախօսութիւնը, որ պէտք է խոստովանիլ թէ բանախօսին տկար կողմը չէր բնաւ։ Յարգելի բանախօսը, պէտք ունէր կրանտ վիթէս դնելու իր շրջանին մէջ, եւ որովհետեւ արագութեան շոգին ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ Անդրանիկի բացակայութիւնը, վարպետ մեքենավարի մը պէս, ան առաւելագոյն օգուտը հանեց անկէ, վասնզի, հազիւ թէ Անդրանիկ՝ ոտքը սրահին սեմէն ներս կոխեց, որ գաբիթէն ժողվեց յանկարծ ձիւն սանձերը   փոխաբերաբար, վասնզի ասպետը ձիու վրայ չէր գտնուեր   եւ թօնով մը, որ բնաւ չէր համապատասխաներ փաստերուն կրակին, հանեց իր եզրակացութիւնը, որ, սակայն մուկէ մը աւելի բան մը չէր փաստերուն լեռնանման բարձրութիւններուն քովը։

Յաջորդ առաւօտ եւ Անդրանիկի իջեւանած Օթէլ Մէթրօբօլը գացի, աւելի Պօնաբարթը տեսնելու քան թէ Անդրանիկը։ Բայց, Տօքթէօրը բացակայ ըլլալուն, Անդրանիկի քովն ըրի Փաշայի հարցումին պատասխան մը տանելու փորձս։ Անդրանիկ՝ առջի օրուան սփինքս չէր։ Երբ Փաշայի ճաշին վրայ անոր ցոյց տուած անտրամադրութեան խօսքն ըրի, ինքը եղաւ պատճառին բացատրութեան առաջին հետամուտը։

Երէկ առաւօտ, ես կատարեալ Աբիսողոմ աղայ մը եղած էի   սկսաւ պատմել ան   նախ, քովս եկաւ գաբիթէն Վահագն (Նալբանդեան)՝ որ եկած էր ինքզինքը ինծի տրամադրելու։

Գաբիթէն Պօնաբարթէն աւելի, եթէ, այդ օրերուն, չիք զինուորական մը կար, այն ալ ապահովաբար գաբիթէն Վահագն էր, հնչակեան շէֆ մը, որ ծիրանի ծովուն երկունքով ծնած պատանի Վահագնի պէս խարտեաշ էր բոցեղէն եւ աւելի առնադէմ ըլլալէն ի զատ՝ ունէր բարձր հասակ մը, յատկութիւններ՝ որոնց՝ զինուորական համազգեստը մանաւանդ մոյկերը՝ բնականօրէն աւելի կը յարմարին։

Գաբիթէն Վահագնի զինուորական աստիճանին վկայաթուղթն ա՛լ գաբիթէն Պօնաբարթի ունեցածէն էր, իր այցետոմսը միայն։

Գաբիթէն Վահագնին ես երեք անգամ ըսի   շարունակեց Անդրանիկ   թէ ես հանգստանալու եկած եմ, թէ հանգստի պէտք ունեցող մարդը՝ բժիշկի պէտք կ՚ունենայ եւ կամ հիւանդապահի, մինչդեռ ինքը, գաբիթէնը, ո՛չ բժիշկ էր, ո՛չ ալ հիւանդապահ։ Այս պատասխանի կրկնութիւնը մարդուն ուղեղին մէջ չմտաւ եւ ան երրորդ անգամ ըլլալով կրկնեց թէ իր երազն էր իմ տրամադրութեան ներքեւ գործել։ «Իմ ալ երազն է որ զիս հանգիստ ձգէք» գոչեցի գաբիթէնին երեսն ի վեր, եւ զայն մինակ ձգելով Պօնաբարթի հետ, օթէլին սրահն անցայ։ Հոն, կ՚ուզէ՞ք որ երկրորդ փորձանք մը դէմս ելնէ։

Անդրանիկ պէտք տեսաւ այս երկու փորձանքները իրարմէ սիկարէթով մը բաժնելու։ Սիկարէթը վառելէն վերջ, ան շարունակեց,

Երկրորդ փորձանքը երիտասարդ մըն էր, որ ինծի թարգման ըլլալ կը փափաքէր, «եօթը լեզու գիտեմ ես» ըսաւ ու սկսաւ համրել ութ լեզուներ, որուն վրայ մարդուն օձիքէն բռնեցի՝ «տղա՛ս, ես այդ լեզուները չեմ գիտեր, բայց համրանքը գիտեմ, դուն եօթը ըսիր գիտցած լեզուներուդ թիւը, բայց ութ համրեցիր»։ Տղան, սակայն, եթէ լեզուագէտ չէր, ավօգաթ էր անկասկած, ան անմիջապէս ըսաւ «ութերորդը, յունարէնը, խօսիլ գիտեմ, բայց ոչ գրել»։

Անդրանիկ՝ պատահմունքէն նեղացած էր, բայց, պատմութիւնը կարծես կը զուարճացնէր զինք։ Ան  լիաթոք ծիծաղ մը ունեցաւ, յետոյ շարունակեց,

Մարդը եօթնուկէս լեզու գիտէր ուրեմն եւ պարապ էր։ Երբ երեւոյթին այս տարօրինակութեան խօսքն ըրի, թարգմանութեան թեկնածու լեզուագէտը չի քաշուեցաւ ըսելու «թէ այդ երեւոյթը սովորական բան մըն է Փարիզի համար եւ թէ հազարաւորներ կան Փարիզի մէջ, որոնք՝ իրեն պէս, օրը մէկ անգամ կը ճաշեն»։ Բայց, մարդը ինձ պէս կարճ չէր խօսեր եթէ լեզուագէտ չէր ան, ամէն պարագայի լեզուանի մէկն էր, հակառակ որ իրեն կ՚ըսէի՝ թէ ես թարգմանը ունիմ, թէ ժամագրութիւն մը ունիմ զոր չեմ կրնար անցնել, ան այնքան ատեն օձիքս թոյլ չտուաւ, որ պարտաւորուած հանեցի քսան ֆրանք տուի եօթը լեզու գիտցողին, որպէսզի եղան լեզու մը գնէ իրեն համար եւ այդ օրը երկու անգամ ճաշ ընէ։

Մինչեւ հոս Անդրանիկ հանդարտօրէն կը պատմէր, ասկէ վերջ ան սկսան ջղային թօն մը դնելու իր պատմութեան վրայ, որմէ յայտնի եղաւ որ զինք Նեղացնող պատճառը լեզուագէտէն վերջ եկածն է։

Թարգմանութեան պաշտօնի թեկնածուն ճամբելէն վերջ, Անդրանիկ զուր տեղ կը սպասէ որ գաբիթէն Պօնաբարթ, որուն գլուխը փաթթած էր միւս գաբիթէնին  փորձանքը, վար իջնայ։ Սպասումը, թէլէֆօնի հարուածին անօգուտ անցնիլը, իր սենեակը ելնելը իջնելը, Անդրանիկին կորսնցնել կուտան քառորդ ժամ մը, եւ անոր կը բերեն ստիպողական ժամադրութենէ մը վրիպողի  մը բոլոր անհամբերութիւնը, որ կատարեալ ջղայնութեան մը կը փոխուի, երբ առաջին փորձանքը, այս անգամ սրահին մէջ, իր ճամբան փակելով կը կրկնէ «Անդրանիկի տրամադրութեան ներքեւ գործել ուզելու իր երազը»։

Անդրանիկ՝ սակայն, կը զսպէ ինքզինքը եւ խորհուրդ կուտայ նոր Վահագնին՝ երթալ երկիրը որ «երկնած» էր զինքը, զոր սակայն կը մերժէ հնչակեան շէֆը՝ ըսելով թէ Դաշնակները՝ անկարելի է որ Հնչակեաններուն գործ տան։ Այս առարկութեան վրայ՝ Անդրանիկ միշտ ոտքի վրայ եւ անհամբեր՝ մէջտեղ կը բերէ՝ օրինակը ուրիշ գաբիթէնի մը, Ռուբէն Պապիկեանի, որուն՝ Կիլիկիոյ ֆրանսական բանակէն հետը տարած եւ Երեւանի մայթերուն վրայ  ցուցադրած  խաքի համազգեստի եւ կարմիր մոյկերուն ի տես, Հայաստանի կառավարութիւնը մոռցած էր անոր հնչակեանութիւնը եւ զայն ոստիկանութեան  տնօրինութեան պաշտօնին հրաւիրած։ Անդրանիկի մէջտեղ բերած այս օրինակն ալ զուր կ՚անցնի եւ գաբիթէն՝ այն առարկութեամբ՝ թէ Ռուբէն Պապիկեան շէֆ մը չէ եղած, կը պնդէ թէ հնչակեան շէֆերը կը մնան միշտ Դաշնակներուն աչքին փուշը։ Այս պնդումին վրայ, Անդրանիկ աճապարանքին մէջ, հետզհետէ աւելի անհամբեր՝ «Հնչակեանութիւնը մեռած է» կը պոռայ հնչակեան  շէֆին երեսն ի վեր։ Գաբիթէն  Վահագնը չ՚առարկեր  թէ կուսակցութիւնը մեռած չէ, ոչ ալ՝ կ՚ըսէ թէ՝ ան իր մոխիրներէն՝ (Աստուած մի արասցէ) յարութիւն պիտի առնէ։ Մինչ այդ, ժամացոյցի սլաքները, որոնք վիճողներուն պէս ոտքի կեցած չէին այլ քալած՝ կէս  ժամու կը հասցնեն յապաղումը։

Հազիւ թէ Անդրանիկ լրացուցած էր այս հիւթեղ պատմութիւնը, որ վրայ հասաւ Տօքթ. Պօնաբարթը, որ՝ ծանօթանալէ վերջ մեր խօսակցութեան ընթացքին, Աբիսողոմ տղան յիշեցնող նման՝ եւ ոչ նուազ զուարճալի դրուագ մըն ալ իր կողմէն աւելցուց։

«Քանի մը օր առաջ   պատմեց գաբիթէն Պօնաբարթ   Փաշայի (Անդրանիկ) հետ սենեակէն իջնելով ճաշասրահը երթալու վրայ էինք, երբ օթէլին սրահին մէջ, ճամբանիս կտրեց երիտասարդ մը, ըստ իրեն, գօնսէրվաթուառի դասընթացքներուն հետեւող մը, որ՝ ընթացքը աւարտելու համար բարերարի մը օժանդակութեան պէտքը բացատրելով՝ Անդրանիկէն յանձնարարական մը խնդրեց՝ փարիզաբնակ հայ միլիոնատէրերէն մէկուն վրայ։ Զուր տեղ՝ Անդրանիկ առարկեց թէ՝ նոր հասած էր Փարիզ, թէ՝ ոչ ոք չէր ճանչնար։ Մարդը՝ «անոնք ձեզ կը ճանչնան» ըսելով՝ պնդեց, եւ անվերջ գովեստն ըրաւ իր երաժշտական տաղանդին, մանաւանդ ձայնին, որուն ապացոյցն ալ, այդ նեղ րոպէին, տալ ուզեց, կտոր մը երգելու իր առաջարկովը, տարօրինակ առաջարկ մը, որուն մերժումը՝ Անդրանիկ յարմար պատմութեան մը մէջ դրաւ, «Արծիւը   պատմեց Անդրանիկ՝ ձայնին տիրոջը, անգամ մը, գանարեա մը կը բռնէ եւ երբ զայն ուտելու կը պատրաստուի, գանարեան՝ արծիւէն խնդրելու կ՚ելնէ խնայել իր կեանքին եւ փոխարէնը՝ կ՚առաջարկէ իր անոյշ ձայնովը գեղեցիկ երգ մը երգել իր համար։

«Եկուր տես որ   կը պատասխանէ արծիւը, փորս անօթի եղած ատեն, բնաւ չեմ ուզեր երգի ձայնը լսել   կ՚ըսէ եւ կ՚ուտէ գանարեան»։

Մարդը վախցաւ որ զինք ուտելու ելնէի   աւելցուց Անդրանիկ՝ զուարթ քրքիջով մը   եւ կամաց մը կծիկը դրաւ։

Գոհունակութեանը հետ, Պ. Պօղոս Նուպար՝ մասնաւոր հաճոյք մը զգաց, երբ իրեն պատմեցի Անդրանիկի՝ ճաշէն ուշ մնացած ըլլալու եւ ճաշին վրայ՝ անոր պահած տխուր լռութեան պատճառները բացատրող այս պատմութիւնները։

Օթէլ Մէթրօբօլ, ուր իջեւանած էր Անդրանիկ, Լոյս Քաղաքին նոր թաղամասերու մէջ կ՚իյնայ, բայց կը թուի թէ ան ձեռքէն ելած է հին ճարտարապետի մը, որ ձեռքէն եկածը չէ խնայած շէնքին խնայելու համար լոյսը, որ Աստուծոյ կողմէն մարդուն անխնայօրէն տրուած միակ բանն է։ Լայն պատերը եւ նեղ պատուհանները որպէս թէ չբաւէին շէնքը զրկելու լոյսէն, մարդը, հին հնդիկներու ճաշակովը, գունաւոր ապակիներ ալ ի սպաս բերած է իր «մութ եւ աւելի մութ» սկզբունքին։ Ամպոտ օրերը, որոնք Փարիզի օրացոյցին վրայ այնքան շատ են, առանց ելեքտրական լոյսի կարելի չէ ել եւ մուտք ընել այս օթէլին մէջ։

Դուրեան Սրբազանին՝ այդ օթէլը իջեւանած ըլլալն ունեցած էին որպէս պատճառը՝ Անդրանիկը հոն առաջնորդողները։ Անոնք՝ անծանօթ Դուրեանի եւ Անդրանիկի խառնուածքներուն տարբերութեանը, չէին հաշուած, որ Դուրեանի՝ արիւնոտ խառնուածք ունեցողներու յատուկ հանդարտութեան եւ ինքնագոհունթեան փոխարէն, Անդրանիկ ունէր ջղային անհանդարտութիւն մը, որուն թախիծը լոյս եւ արեւ կը փնտռէ։ Դուրեան Սրբազանի ընկերակցութեան հաճելիութի՞ւնն էր պատճառը, թէ ոչ այդ ընկերակցութիւնը ձգելով անկէ հեռանալու անպատեհութիւնը, Անդրանիկ չէր ուզած փոխել օթէլը, բայց չէր դադրած, օր մը իսկ, իր դժգոհութիւնը յայտնելէ այդ զնտանի մասին։

Լոյս Քաղաքին այս մութ օթէլը մինակը չէր։ Անդրանիկի հոն բնակութիւնը կը զուգադիպէր շրջանի մը, ուր եթէ օթէլ Մէթրօբօլէն աւելի մութ բան մը կար, այդ ալ հայկական կեանքն էր՝ իր երկու պատուիրակութիւններու վէճերովը եւ բանակռիւներովը եւ անոնց շուրջը դեգերող էնթրիքներովը, որոնց ցանցերը սկսած էին հասնիլ մինչեւ Մէթրօբօլ։ Անդրանիկ չունէր Դիոգինէսի լապտերը, այդ Լոյս Քաղաքին մէջ վխտացող գամէլիոններէն զատելու համար բուն մարդը։ Այդ գամէլիոններու փոսէն, սակայն, Անդրանիկ դուրս եկաւ, ինչպէս ատենին Դանիէլ Մարգարէն առիւծներու փոսէն, բոլորովին անփորձ։ Ան՝ փնտռած հանգիստը գտնելու համար Փարիզէն փախաւ եւ գնաց Մանչէսթըր։