ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ
ՄԵԿՆՈՒՄԷՆ
ՎԵՐՋ
Անդրանիկի
մեկնումէն
շաբաթ
մը
վերջ,
առաւօտ
մը,
Խաչ-Փողոցը,
ես
հանդիպեցայ
Պ.
Սպօրտօնիի՝
որ,
ձեռքէս
բռնելով՝
զիս
առաջնորդեց
ծառի
մը
շուքին
ներքեւ։
Անոր
դէմքը՝
սովորականէն
աւելի
կարմիր
էր
այդ
րոպէին
եւ
երակներովը
ակօսուած,
զոր,
թէեւ
ան,
իմ
հարցումին
վրայ՝
ունեցած
հարբուխին
վերագրեց,
բայց
ես
գիտէի
նաեւ,
որ
այդ
նշանները
կը
մատնէին,
անոր
մօտ,
չափէն
աւելի
յուզում
մը։
—
Գէշ
լուր
մը
—
ըսան
ան՝
ձայնով
մը,
որ՝
ինքնին,
լուրին
գէշութիւնը
կ՚աւետէր
արդէն։
Ուշս
գնաց
անմիջապէս
դէպ
ի
Անդրանիկ,
եւ
ես
չկրցի
զսպել
հարցում
մը.
—
Անդրա՞նիկէն։
—
Ո՛չ
—
ըսաւ
Սօրտօնի
—
Իշխան՝
Նարեկի
մէջ
սպաննած
է
Ապտիւլ-Համիտ
չավուշը։
Ապտիւլ-Համիտ՝
Ռշտունեանց
գաւառին
Ապտիւլ-Համիտն
էր,
յայտնի
քիւրդ
մը,
որ
ոստիկան
զինուորներու
չավուշի
պաշտօնն
ալ
ունէր։
Անգլիական
հիւպատոսարանին
թարգմանը՝
կուսակալի
տունէն
էր
որ
կուգար
եւ,
լուրը՝
անկէ
էր
որ
կը
բերէր։
Յետոյ,
հազէ
մը
վերջ,
որ
քիչ
մը
կեղծ
կը
թուէր,
ան
աւելցուց՝
—
Ինչո՞ւ
Իշխան
կ՚ընէ
այս
բաները։
Սպօրտօնի՝
այս
քիչ
մը
մեղադրանք
բուրող
խօսքերն
ըսաւ
թօնով
մը,
որ
կարծես
թէ
ինծի
ալ
փոքրիկ
բաժին
մը
կը
հանէր
անկէ։
Երբ
ես՝
փափկօրէն,
այս
«կարծիք»ին
ակնարկութիւնն
ըրի
անոր,
Սպօրտօնի
խօսքը
փոխեց
յանկարծ
եւ
տարօրինակ
բան
մը
ըսաւ,
—
Թահիր
փաշան
—
սկսաւ
պատմել
ան
—
մարելու
չափ
խնդաց,
երբ
այս
լուրը
տուաւ
ինծի։
—
Ինչո՞ւ։
—
Ոստանի
գայմագամը
—
շարունակեց
ան
—
հեռագրած
է
կուսակալին,
թէ՝
Իշխան
սպաննած
է
գաւառին
ոստիկան
զօրքերու
այսինչ
վաշտին
այնինչ
ջոկատին
չավուշը,
առանց
չավուշին
անունն
տալու։
Ու,
երբ
կուսակալը
հեռագրին
գլուխը
կանչելով
գայմագամը,
ուզեր
է
սպաննուածին
անունը
իմանալ
անկէ,
գայմագամը
յամառեր
է
անունը
չտալ
եւ
խնդրած
է
կուսակալէն
ոստիկան
զօրաց
հրամանատարէն
ստուգել
անունը։
Պատմութեան
այս
կէտին
վրայ,
Սպօրտօնի
ունեցաւ
ժպիտ
մը,
որ
քանի
մը
առուակներ
բացաւ
անոր
դէմքին
մատնած
սարսափին
վրայ։
Յետոյ,
շարունակեց
ան՝
—
Կուսակալը՝
ոստիկան
զօրաց
հրամանատարը
կը
կանչէ
եւ
անկէ
կը
ստուգէ
չավուշին
անունը,
որ
Ապտիւլ-Համիտ
է
եղեր,
անուն
մը,
զոր
գայմագամը
վախցեր
է
դնելու
թէ՝
թուղթին
վրայ
թէ՛
շրթունքներուն,
որ՝
այն
ատեն,
«Իշխան
սպաննած
է»
ֆրազին
հետ
կ՚ըլլար
«Իշխան
սպաննած
է
Ապտիւլ-Համիտը»։
Այստեղ,
Սպօրտօնի,
կարծես
քրիմը
փոխելու
համար,
կանգ
առաւ
քիչ
մը,
ան
յօնքերը
պռստեց
եւ
շարունակեց՝
—
Բայց,
կուսակալը՝
վրան
եկած
մարելիքներուն
մէջէն,
բերնէն
փախցուց
բան
մը,
զոր՝
ականջներուս
չեմ
հաւատար
թէ
լսած
եմ։
—
Ի՞նչ,
արդեօք։
—
Ան
ըսաւ
թէ
զավալլը
(խեղճ)
գայմագամը
չի
գիտեր
թէ՝
Ապտիւլ—
Համիտ,
հակառակ
որ
սպաննուածը
իր
անունը
կը
կրէ,
ո՜ր
աստիճան
ուրախ
պիտի
ըլլայ
այս
լուրէն։
Ու,
իմ
զարմանքի
արտայայտութեանը
վրայ,
ան
շարունակեց.
—
Բայց,
կուսակալը,
ինքն
ալ,
ուրախ
էր
եւ
չէր
մատներ
յուզումը,
զոր
ան՝
նման
պարագաներու
մէջ
սովոր
է
ցոյց
տալու։
Իր
մարելիքներովը,
կարծես
թէ
ան
կը
ցուցնէր
թէ
ինքն
ալ
ուրախութիւն
մը
զգացեր
էր
այս
սպանութենէն
եւ
վախ
չունէր
որ
ան
կրնայ
ջարդի
մը
առիթը
դառնալ
այդ
քրդաբնակ
շրջանին
մէջ։
Լուրը՝
իր
առաջին
թէ՛
երկրորդ
բաժինովը
խորհրդածութիւն
կը
վերցնէր։
Մենք՝
քովի
սրճարանէն
աթոռներ
եւ
սուրճ
ուզեցինք
եւ
ջուրին
եզերքը
նստած՝
ինքզինքնիս
տուինք
այդ
խորհրդածութեանը՝
որմէ,
երբ
սուրճերնիս
աւարտեցինք,
Սպօրտօնի՝
երկու
հազերու
միջեւ,
հանեց
իր
եզրակացութիւնը։
—
Ուրեմն,
Իշխան՝
քիւրտ
Ապտիւլ-Համիտը
սպաննելով,
իւղ
քսած
է
թուրք
Ապտիւլ
Համիտի
հացին,
այն
Ապտիւլ-Համիտին,
որ
Արեւելեան
Նահանգներու
համար
մէկ,
միայն
մէկ
երկիւղ
ունի,
Հայը
եւ
Քիւրտը
միացած
տեսնելու
երկիւղը։
Դէպքը,
ինչպէս
որ
Սպորտօնիի
դէմքին
մատնած
սարսափը
կը
գուշակէր,
ունեցած
էր
իր
տրամաբանական
հետեւանքը։
Կէսօրէն
վերջ,
երբ
քաղաքը
իջնելով
Առաջնորդարանը
գացի,
հոն
տեսայ
Ոստանէն
նոր
հասած
ճամբորդ
մը,
արժանահաւատանձ
մը,
որ
մեզի
պատմեց
թէ՝
Ապտիւլ-Համիտի
սպանութեան
վրայ,
իր
ընկերները
եւ
ուրիշ
Քիւրտեր՝
առաջնորդութեամբ
Ոստանցի
Խուրշիտ
պէյ
անուն
ցեղապետի
մը,
Աղթամարի
մօտ,
Նարեկի
մէջ,
կռիւի
բռնուած
են
Իշխանի
խումբին
հետ
եւ
գիւղին
մէջ
ջարդած
են
25
Հայեր,
որոնց
մէջ
կիներ
եւ
երեխաներ,
եւ
թէ՝
բարեբաղդաբար...
Իշխանի
խումբին
փամփուշտները
սկսած
են
պակսիլ,
որուն
վրայ
ան
ձգած
հեռացած
է,
թէ
ոչ
ան
կրնար,
մինչեւ
յետին
Նարեկացին,
շարունակել
կռիւը։
Լուրը՝
խարազանի
հարուած
մը
եղաւ
Բագրեւանդեան
Սրբազանին
գէշ
շրջան
ընող
արիւնին
համար։
Հիւանդ
Սրբազանը՝
առողջի
մը
պէս,
վար
ցատկեց
անկողինէն
եւ
իմ
ընկերակցութեամբ
բռնեց
Պալատին
ճամբան։
Կուսակալի
քով
մենք
չտեսանք
Սպօրտօնիի
նշմարած
ուրախ
տրամադրութիւնը։
Ան՝
ընդհակառակն
յուզուած
երեւոյթ
մը
ունէր։
Ան՝
ստացած
էր
վերջին
լուրը,
բայց,
սպաննուած
Հայերու
թիւը,
անոր
եղած
հաղորդագրութեանը
մէջ,
աւելի
նուազ
էր։
Այսուհանդերձ,
ան
խիստ
հրամաններ
տուած
էր
ձերբակալելու
յանցաւորները
եւ
առաջքը
առնելու
նոր
ջարդերու,
եւ,
մեր
պահանջումին
վրայ,
մեզի
տուաւ
նոր
եւ
տաք
հաւաստիքներ։