Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՐ ԶՕՐԱՎԱՐԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՆՈՐԷՆ ՀԱՅԴՈՒԿ

Անդրանիկի աչքերը՝ Էրզրումի մէջ տեսած էին այն բաները զոր անոր ականջները չէին ուզած լսել Թիֆլիսի մէջ։ Ան հասկցած էր որ իր «թու»ին տեղը Թիֆլիս չէր, այլ Էրզրումը։ Անոր առաջին ժէսթը եղաւ խոստովանիլ իր սխալը՝ որ նոր իրողութեանց լոյսին ներքեւ՝ քննութեան նոր բովերէ պիտի անցնէր։

Էրզրումի մէջ, Անդրանիկի աչքը մտնող իրողութիւնները այն աստիճան ծակող եղած էին, որ վճռական մարդ, ան մերժած էր կէս միջոցներու խորհուրդները, որ աջէն ձախէն անոր տուած էին։ Յարձակումի մէջ քաջ, նահանջի մէջ ալ ան եղաւ քաջ։ Ան՝ Սարը-Գամիշէն իր հրաժարականը ղրկեց զօրավար Նազարպէկովին, պատճէնն ալ Ապահովութեան Խորհուրդին։

Անդրանիկի հրաժարականին վրայ, զօրավար Նազարպէկով՝ թրքահայ զօրաբաժինը լուծելով, զայն հայկական բանակին մէջ ձուլելու առաջարկը դրած էր Հայոց Ազգայի Խորհուրդին։

Զօրավարը իր այս առաջարկին պատճէնը Ապահովութեան Խորհուրդին ղրկած ըլլալով, այս վերջինը նիստ գումարեց Անդրանիկի քով, որ՝ Աղեքսանդրաբօլէն նոր հասած՝ իջած էր Ապաս-Ապատսքայա հրապարակին վրայ Պ. Վասիլեանի տունը։

Անդրանիկի հոգեկան վիճակը, անոր դատումները եւ որոշումները որքան անցեալին, նոյնքան գալիքին մասին, կարելի էր կարդալ անոր՝ կամաւորական պարզ խաքի պլուզին վրայ։ Անդ պլուզին վրայ, որպէս զարդ կամ նշան, կաշիէ գօտի մը կայ միայն եւ անոր կապուած րէվօլվէրը, որուն բամպակէ քօրտօնը, հին ատեններուն գործածական՝ ժամացոյցի արծաթ շրթային պէս, կախուած էր անոր վիզէն։

Ի՞նչ կ՚ըսէր այդ խաքի պլուզը։

Որ Անդրանիկ՝ զօրավարի նշաններուն հետ, վրայէն նետած էր այլեւս թրքահայ զօրաբաժնին հրամանատարութիւնը, որ ան՝ վրան առնելով նորէն կամաւորի պլուզին հետ ատրճանակը, ան պիտի շարունակէր իր հայդուկի գործունէութիւնը։

Անդրանիկի պլուզին պարզունակ խեղճութիւնը քիչ մը աւելի կը շեշտէր թիկնապահը, Տօքթէօր Պօնաբարթի համազգեստին չիքութիւնը։ Անոր՝ սպայական խաքի համազգեստը՝ եթէ ոչ դերձակի ձեռքէն, գէթ արդուկի տակէն ելած էր, վրայի կոճակները, ըսես, երբեք այնքան ոսկի եղած չէին, ոչ ալ՝ մոյկերուն դեղին կաշին այդ օրուան չափ փայլուն։ Նոր յաւելումներ, անոր ներբաններուն վրայ, քիչ մը աւելի երկարած են անոր կարճ հասակը, կուրծքն ալ, վրան թխուած բամպակով քիչ մը աւելի ուռած։ Անդրանիկի վրայ նայելէն վերջ, ան կարծես կը դառնար առանց թիկունքի թիկնապահ մը։ Անդրանիկը եւ իր թիկնապահը չճանչցող մը, առանց վարանումի, Պոնաբարթը պիտի առնէր Անդրանիկի տեղ իսկ Անդրանիկը՝ շա՜տ շատ, Անդրանիկի թիկնապահին տեղ։

Անդրանիկ չէր խօսեր այդ օրը, կամ շատ քիչ։ Ի՜նչ խօսք ընէր ան՝ որ չգաի արիւնելու անոր սիրտին վէրքը։ Ան կը ծխէր անդադար եւ չէր մերժեր քօնեաքի գաւաթները, զոր Տօքթ. Պօնաբարթ՝ գնացքով մը, զոր մանկամարդ կիները միայն կրնան քալել, պարբերաբար անոր կը մատուցանէր։

Երբ Անդրանիկին կարդացինք զօրավար Նազարպէկովի առաջարկը եւ իր խորհուրդը հարցնելու ելանք, ան բաւականացաւ ըսելով՝

Ուրիշ ճամբայ չկայ։

Իսկ երբ Խորհուրդին անդամներէն մէկը հարցուց,

Հապա՞ դուք։

Ես՝ տասը հոգի հետս առած, Գարապաղի եւ Զանգեզուրի լեռները պիտի քաշուիմ։

Անդրանիկի այս խօսքը ձիւնի փոքրիկ գնդակ մը եղաւ, որ՝ գլորուելով, հետզհետէ մեծցաւ, ատոր՝ հարիւր անգամ մեծցաւ եւ դարձաւ հազար։ Անդրանիկ՝ իր թրքահայ զինուորներէն հազար հոգի պիտի ընտրէր եւ անոնց հետ ինքզինքը զօրավար Նազարպէկովի տրամադրութեան ներքեւ պիտի դնէր։

Այս եղաւ խորհրդակցութեան եզրակացութիւնը։

Այս եզրակացութեան զուգընթաց, Խորհուրդը որոշեց պատուիրակութիւն մը ղրկել զօրավար Նազարպէկովին, անոր հաւանութեան ենթարկելու համար իր որոշումը եւ Ժիրայր Միրզախանեանի եւ ինծի յանձնեց այդ պաշտօնը։

Նոյն իրիկուն իսկ մենք ճամբայ ելանք եւ առտուն կանուխ հասանք Աղեքսանդրաբօլ։

Չոր ցուրտ մը կ՚ընէր այդ օրը, այն ցուրտերէն, որուն՝ 1500 մէթրէ վեր բարձրութիւններու վրայ միայն կարելի է հանդիպիլ եւ որ՝ սակայն, արեւուն ճառագայթներուն տակ, այնքան շուտով կը խելօքնայ։

Այսուհանդերձ, զօրավար Նազարպէկով, պաշտօնատանը մէջ, ուր մենք գացինք զինք գտնելու, որ իր ձախն ունէր հսկայ վառարան մը, որուն ճարճատիւնը վայրաշարժի մը տպաւորութիւնը կը թողուր, իսկ աջը, լայն պատուհան մը, որմէ արեւը՝ կարծես նոյնութեամբ ներս մտած ըլլար, ցուրտէն կը դողար։ Ծերունի զօրավարը՝ կլիմային անվարժ, չափազանց նիհարցած էր։ Ճարպերը՝ այդ մեծղի եւ գէր անձին վրայ հալած՝ անոր երակները կարծես պարպուած ըլլային, իսկ մկանունքը՝ իրարմէ երես դարձուցած։

Մենք զինք տեսած էինք վերջին անգամ, Ազգային Ժողովի այն նիստին մէջ, որ իրեն մերժած էր տալ մահուան պատիժի իրաւունքը։ Զօրավարը՝ այդ նիստին յիշողութեամբն էր որ դադրեցաւ գանգատելէ իր տկարութեան հետ՝ Ալեքսանդրաբօլի կլիմային խստութենէն։

Այդ նիստը մէկը եղաւ Էրզրումի անփառունակ անկումին պատճառներուն   ըսաւ զօրավարը, տխուր շեշտով մը։

Սպաները կ՚ելնէին, կը մտնէին, ուրիշ այցելուները նմանապէս։ Յայտնելով զօրավարին մեր այցելութեան նպատակը եւ յանձնելով Ապահովովութեան Խորհուրդի պաշտօնագիրը, մենք յատուկ ժամադրութիւն մը խնդրեցինք իրմէն։

Նոյն օրը, ցորեկէն վերջ, մենք զօրավարին քովն եղանք։ Բոլորովին առանձին էինք մենք, հայ սպայ մը միայն, որպէս թարգման կը գտնուէր հոն։

Նորէն խումբ, նորէն խմբապետ   ընդմիջեց զօրավարը մեր առաջարկին առաջին խօսքը։

Նախադասութեանց մէջ միայն «նորէն»ն էր ռուսերէն, «խումբ» եւ «խմբապետ» բառերը, երկուքն ալ իր մղձաւանջը, ան արտասանեց հայերէն եւ հայագէտի մը առոգանութեամբը։

Զօրավարը պատասխանի չսպասեց։ Ան շարունակեց,

Խումբերը՝ խմբապետները՝ խումբերու, խմբապետներու դէմ կրնան կռուիլ, պատերազմը գիտութիւն դարձեր է հիմայ։ Մենք մեր դէմն ունինք, այժմ, այդ գիտութեամբ զինուած թշնամի մը, խումբերը եւ խմբապետները, զուրկ այդ գիտութեան թէքնիքէն, ոչ միայն բան մը չեն կրնար ընել անոր դէմ, այլեւ կը խանգարեն ինչ որ այդ գիտութիւնը, քիչ թէ շատ, տուած է մեզի։

Զօրավարի խօսքերէն, հակառակ մեր գէշ ռուսերէնին, բառ մը անգամ փախցուցած չէինք, բայց, բան մը չհասկցողի մը պէս, լսեցինք անոնց թարգմանութիւնը։

Թարգմանութեանը մէջ, սպան այնքան ռուսերէն դրաւ, որքան զօրավարը հայերէն դրած չէր բնաբանին մէջ։ Բնաբանը մեզի աւելի ըմբռնելի թուեցաւ։

Թարգմանութենէն վերջ, զօրավարը՝ առանց թող տալու որ մենք խօսք առնենք, շարունակեց,

Թշնամի բանակը մէկ գլուխ ունի, որմէ կը ստանայ մէկ հրաման, մինչ մերինն ունի Սէյմը, Նախարարաց Խորհուրդը, Կուսակցական պիւրօ, Սէյմի հայկական ֆրաքսիօնը, Ազգային Խորհուրդը։

Այս հինգ անունները՝ ան աջ ձեռքին ցուցամատովը՝ ձախ ձեռքին մատներուն վրայ համրեց, յետոյ, գուցէ անոր համար որ այդ ձեռքը աւելի մատներ չունէր (վասնզի հրամայողներու թիւը հինգով չէր լրանար) թողուց համրանքը եւ հառաչանքով մը՝

Իսկ խմբապետնե՜ր, օ՜, անո՜նք, որքան խմբապետ, այնքան հրաման եւ ի՜նչ հրամաններ։

Զօրավարը չշարունակեց, իր յուզմունքին մէջ, ան՝ հետզհետէ դէպ ի մեզ ծռած էր իր յաղթ իրանը, աւարտելով իր խօսքը, հրամանատարը՝ ետ քաշեց իրանը եւ, կարծես յոգնութենէն, թիկնաթոռին մէկ թեւին վրայ ինկաւ յուլօրէն։

Չեմ յուսար թէ Անդրանիկը այդ խմբապետներուն կարգին դասէք   առարկեցի ես։

Զօրավարը՝ նորէն դիրքը փոխեց եւ թիկնաթոռին եզերքին վրայ գալով եւ դէպ ի մեզ ծռելով՝

Անդրանիկ ունի ձիրքեր՝ որոնց մէջ քաջութիւնը վերջէն չիգար, կռիւի մէջ, ան ունի հազուագիւտ հնարամտութիւն եւ պատրաստամտութիւն մը, որ շատ մը զօրավարներու կը պակսի, բայց յախուռն է ան եւ շատ դիւրայոյզ, յետոյ, անոր կը պակսի գիտական թէքնիքը։ Եթէ ես անոր Էրզրում երթալուն տուի իմ համաձայնութիւնը, պատճառն այն էր որ՝ բերդապահ զօրավարներէն որուն որ առաջարկեցի այդ պաշտօնը, ան՝ կամ մերժեց եւ կամ, որպէս պայման, առաջադրեց թնդանօթաձիգ սպաներու եւ մասնագէտներու այնպիսի՜ թիւ մը, զոր մեր պայմաններուն մէջ ճարելը, նոր Էրզրում մը շինելու չափ դժուարին բան մըն էր մեզ համար։ Յետո՜յ…

Այս վերջին «յետոյ»ին վրայ ծերունի զօրավարը ետ քաշուեցաւ նորէն եւ այս անգամ թիկնաթոռին կռնակին վրայ ինկաւ։

Պարոն զօրավա՛ր   ըսաւ ընկերս   մենք հակառակն պնդելու չենք եկած։ Մենք եկած ենք ձեզի բերելու Անդրանիկի յօժարութիւնը՝ թրքահայ հեծելազօրքէն գունդի մը գլուխ անցած՝ ձեր հրամանին ներքեւ կռուելու։ Անոր հմայքը իր զինուորին վրայ եւ ներշնչած վստահութիւնը՝ տարբեր են զորս պիտի չուզէք արհամարհել անշուշտ։

Բայց   ընդմիջեց զօրավարը   հիմայ զինուորնեը «ա՜խ Հայաստան» չեն պոռար, այլ «անկցի պատերազմը»։

«Ախ Հայաստան»ը հայերէնով էր որ արտասանեց զօրավարը եւ արտասանութեանը վրա՞յ էր թէ ոչ իւմօրին, փոքրիկ ժպիտ մը դրաւ։

Միրզախանեան՝ արհեստով փաստաբան, ուժը տուաւ լեզուին, ան՝ բրէսթիժի թէօրիէն վերջ, անցաւ օրինակներու, յետոյ Անդրանիկի անցեալ գործունէութեանը։ Հազիւ թէ ան Տիլմանի խօսքն ըրած էր, որ Նազարպէկով՝ ընդմիջումով եւ ինքզինքը՝ ծանր բեռէ մը՝ մէկանց ազատ զգացողի մը բոլոր թեթեւութեամբը, գոչեց՝

Խարաշօ, խարաշօ, Անդրանիկ թող անմիջապէս Աղեքսանդրաբօլ գայ։

Յետոյ, զինուորականի մը աշխուժութեամբ ոտքի ելնելով՝ ան ձեռքը մեզի երկարեց, ըսելով՝

Ժամէ մը այստեղ եկէ՛ք, ստանալու համար իմ պատասխանին գրաւորը։

Ուրախութիւնը՝ որ մեզի պատճառեց մեր միսիօնին յաջողութիւնը, մինակ չմնաց։ Յաջորդ օրը մեր վերադարձի ճամբուն վրայ, կառախումբին մէջ մենք հանդիպեցանք Ազգ, Ժողովի անդամներէն երկուքին, որոնք՝ իրենց պաշտօնակիցներէն մեծ մասին հետ՝ Կարս այցելած էին, տեղւոյն վրայ քննելու համար դրութիւնը եւ մասնակցած զօրավար Նազարպէկովի ներկայութեամբ գումարուած ժողովի մը, որ, ոգեւորուած զօրքին ցոյց տուած բարձր տրամադրութենէն եւ սպաներու շռայլած հաւաստիքներէն՝ որոշած էր ամէն գինով պաշտպանել Կարսը։

Կարսը՝ Էրզրում չէ   ըսաւ անոնցմէ մէկը   ամբողջ տարի մը նետելիք ռումբ ունի ան իր պահեստներուն մէջ։

Ռուսահայ զինուորը գիտէ որ Կարսը իր օջախին դուռն է   ըսաւ միւսը։

Անդրանիկն ալ շատ գոհ մնաց մեր իրեն բերած այս լուրերէն եւ, անմիջապէս Աղեքսանդրաբօլ մեկնեցաւ, բայց, վերադարձին, ան մեզ պէս լաւատես լուրեր չբերաւ Կարսի մասին։ Անոր՝ նորէն եւ անմիջապէս Ալեքսանդրաբօլ վերադառնալու իր աճապարանքին պատճառաւ, մեզմէ Պարոյր Լեւոնեան միայն կըրցած էր զինք տեսնալ։ Անդրանիկ՝ Նազարպէկովի մասին անոր յայտնած էր յոռետես գաղափարներ։

Զօրքին գլուխը դողացնող հրամանատար մը պէտք է   ըսած էր ան   մինչդեռ Նազարպէկով ինքն է որ կը դողայ։

Իսկ Կարսի մասին, ան բաւականացած էր կարճ մարգարէութեամբ մը։

Ասոնք պիտի թողուն Կարսը   ըսած էր ան։