Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԷՊԻ ԵՏ

Տռամին սեւ աստառը եղող լոպանովեան ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուած ըլլալով, ձարական կառավարութիւնը պէտք չէր զգար այլեւս, ո՛չ կամաւորական խումբերուն, զորս որոշած էր լուծել, ո՛չ Ազգ. Պիւրոյին, ոչ ալ անոր ետեւը գտնուող կուսակցութիւնը, որմէ՝ անոր տէրրօրներու յիշատակը միայն մնացեր էր իրեն։ Դրոն, օրինակի համար կամաւորական խումբի մը պետը չէր այլեւս անոր համար, այլ, Պաքուի նաչալնիկ Նակաշիձէյի տէրրօրիսթը։

Այս անցքերէն վերջ եւ անոնց վրայ, Թիֆլիսի մէջ մտածողներ գտնուեցան թէ՝ անժամանակ չէ՞ր արդեօք, շարունակել Ձարը եւ իր ճուտերը գռգռող քաղաքական թմբկահարութիւնը, որուն հակազդեցութիւնը կ՚անդրադառնար թրքահայ գիւղացիութիւնը իր հողին վրայ բնակեցնելով, եւ զայն ինքնաբաւ դարձնելով՝ անոր ցրւումը արգիլելու նպատակին վրայ, նպատակ՝ զոր չբաժնող հոսանք չէր գտնուեր Հայերու մէջ։

Այս հարցումը իր ծնունդը կ՚առնէր այն տխուր իրողութենէն, որ՝ կամաւորական շարժումին երեսը եղող քաղաքական լեռնակուտակ յոյսերը մուկ մը անգամ ծնած չէին։

Հարցումը՝ զինք ծնող մտածումներուն հետ թանձրացաւ Հայաստանի Վերաշինութեան Յանձնաժողովին մէջ եւ յանգեցաւ հակառակն փորձելու նախաձեռնութեան մը։

Հայաստանի Վերաշինութեան Յանձնաժողովի կորիզը կը կազմէին Թիֆիլիսի երեք յայտնի միլիոնատէրներ   Արամեան, Դաւիթ Իւզպաշեան եւ Մելիք Ազարեան։ Այս անձերը՝ եթէ իրենք անգամ պոռալու ելնէին թէ յեղափոխականներ են իրենք, մարդ չպիտի ուզէր հաւատալ, Նիքօլա Նիքօլայէվիչը բնաւ։ Յանձնաժողովին միւս անդամները   Համբարձում Առաքելեան եւ Բժիշկ Նաւասարդեան   իրենց համբաւովը, աւելի կը շեշտէին, քան թէ կը մեղմէին Յանձնաժողովին դիմագիծը։

Յանձնաժողովը՝ թրքահայ գիւղացին՝ իր հողին վրայ, իր աշխատանքովը ապրեցնելու ծրագրին հետ՝ կովկասեան իշխանութեան առաջարկ կը ներկայացնէ, ուրեմն, տեղական միլիսի մը եւ քաղաքապետութեան մը հաստատումով՝ Վանի մէջ, օգնել այդ ծրագրին։ Առաջարկը կ՚ընդունուի եւ, Արմենակ Եկարեանի գլխաւորութեամբ կը կազմուի 200 հոգինոց միլիս մը, որուն կորիզը կը կազմէին, Պօղոս Նուպարի կոչին վրայ՝ Ամերիկայէն՝ Գաբիթէն Չանկալեանի առաջնորդութեամբ, եկող խումբ մը Վերակազմեալ Հնչակեաններ։ Ռամկավար կուսակցութիւնն ալ կը ներկայացնէ քաղաքապետութեան, ոստիկանութեան եւ հաշտարար դատարանի համար թեկնածուներ։

Ասոնք ամենքը՝ Արամին փոխարինող Վանի եւ շրջակայից նոր կառավարիչ գնդապետ Տէրմէնի հետ, հոկտեմբերի վերջերը, մեկնեցան Վան։ Անոնց հետեւեցան բաւական թիւով արհեստաւորներ եւ մանր առեւտրականներ, իսկ ասոնց օրինակին, գարնան, շատ աւելի մեծ թիւով գիւղացիներ։

Այս գիւղացիներուն՝ լծկան եւ սերմնացու հայթայթելու հոգը ստանձնեցին, Հայաստանի Վերաշինութեան Յանձնաժողովէն ի զատ, Կովկասի Հայ Բարեգործական Ընկերութիւնը, Հայ Գիւղատնտեսական Ընկերութիւնը եւ, աւելի վերջ, Ռուս Քաղաքներու Միութիւնը։ Անդրանիկի եւ Քեռիի խումբերուն ներկայութիւնը Վանի մէջ, այլապէս, նոր խայծ մը եղաւ գիւղացիներու ներգաղթին համար։ 916ի ամրան, 40000ի կը հասնէր անոնց թիւը, Վանի շրջանին մէջ։

Նոյն տարուան յունիսի վերջերը, Հայաստանի Վերաշինութեան Յանձնաժողովը ինծի առաջարկեց Վանի քաղաքապետութեան պաշտօնը եւ ես՝ դէպ ի Վան մեկնելու վրայ էի, երբ, իրիկուն մը, իմացայ թէ Անդրանիկ՝ կամաւորական խումբերը լուծելու եւ զանոնք ռուս բանակին մէջ ձուլելու որոշումին առիթով՝ Վանէն՝ նոյն օրը, Երեւան հասեր է։ Յաջորդ առաւօտը, կանուխ, ես զայն տեսնելու գացի Օրիանթ օթէլին մէջ։

Անդրանիկ՝ քիչ մը հիւա՞նդ թէ յոգնած, անկողինին մէջ ընկողմած, սիկարէթը ձեռքին մէջ, լրագիր կը կարդար։ Երբ Վան երթալու նպատակը յայտնեցի իրեն եւ իր խորհուրդները իմանալ ուզեցի, ան մէկանց խօսքս կտրեց.

Հէլէ մէկ մէկ քօնեաք խմենք։

Անոր տուած նշանին վրայ, զինուորը գաւաթները լեցուց։

Ես հակալքոլական մը չէի, բայց քօնեաքը   ճաշին վրայ եւ հազուադիպօրէն խմած էի։ Ճաշէն առաջ բընա՛ւ։ Երեւոյթը փրկելու գաղտնի փորձս ես չյաջողեցայ Անդրանիկի աչքերէն պահել։ Ան՝ յօնքերը պռըստեց, եւ, որպէս թէ ես իր զինուորներէն մէկը եղած ըլլայի, տիրաբար հրամայեց ինծի պարպել գաւաթը։

Արարատի քօնեաքն է կցեց ան իր ստիպումին։

Արարատի քօնեաքը՝ տեսակին մէջ ամենէն սարթն է։

Ես չքաշուեցայ մէջտեղ բերելու առարկութիւնս, բայց Անդրանիկի ստիպումին վրայ, քաղաքավարութեան պարտք սեպեցի պարպել գաւաթը։

Քօնեաքին համը անօթի փորով միայն կարելի է առնել   դատեց ան։

Համը առած էի ես։ Կոկորդս եւ ստամօքսս կ՚այրէին եւ ես, դէմքիս վրայ, չէի կրցած ծածկել այրուցքը մատնող թթուութիւն մը։

Հապա՞ դուք ինչպէս կը մոռնաք ձեր տէրտը։

Եւ, առանց ձգելու որ ես պատասխան մը գտնեմ, ան կցեց.

Չէ նէ տէրտ ըսուած բանը չունիք դուք։

Յետոյ, նկատելով որ ես, որպէս պատասխան, սկեպտիկ ժպիտ մը միայն ունիմ, ան շարունակեց.

Այս աշխարհի պօշ բաներուն պօշութիւնը միա՛յն բաւական է, որպէսզի մարդը գերին դառնայ այս անտէր ըմպելիին։

Պօշ բաներուն պօշութիւնը՝ մարդկեղէն իրերու ունայնութիւնն էր, Սողոմոնի «ունայնութի՜ւն ունայնութեանց»ը։

Անդրանիկ՝ քիչ փիլիսոփայութիւն հոտող իր այս խօսքերուն վրայ վերցուց գաւաթը, եւ, ժէսթովմը, որ՝ ստուգիւ, դաժան հրաման մը գործադրելու պարտաւորուած գերիի մը երեւոյթը կուտար անոր՝ պարպեց զայն։ Յետոյ զինուորին հրամայեց լեցնել գաւաթները։

Երբ զինուորը ինծի բերաւ գաւաթը, ես Անդրանիկին ուղղուեցայ եւ տեսակ մը աղապատանքի թօնով՝

Պարոն Անդրանի՛կ, գիտցէք որ գլուխս կը դառնայ։

Այդ ի՜նչ Էյրէթի (խախուտ) գլուխ ունիք, ըսաւ ան եւ այս անգամ, յուռթի ժպիտ մը երեսին, գաւաթները զինուորին ձեռքէն առաւ եւ քովի սեղանին վրայ դրաւ զանոնք։

Յետոյ դէպ ինձ դառնալով՝

Իմ կարծիքով   ըսաւ Անդրանիկ   Հայաստանի Վերաշինութեան Յանձնաժողովն ալ սխալ ճամբու մէջ է։ Ռուս չինովնիքները գէշ աչքով կը նային հայ միլիսի, հայ քաղաքապետութեան, հայ դատարանի, մէկ խօսքով այն ամէն բանի վրայ, որոնց՝ մեր ճիգն է հայ անունը շեշտել։ Թիֆլիս հասնելուս, ես պիտի ըսեմ Առաքելեանին, որ բաւականան միայն գիւղացիները տեղաւորելու եւ անոնց լծկան եւ սերմնցու հայթայթելու գործովը։

Բայց, քաղաքապետութեան եւ միլիսի վրայ, տեղացի ժողովուրդները, ամէն տեղ  ալ իրենց իրաւունքներն ունին։ Հոս Երեւանի մէջ, ահա, քաղաքապետն ալ հայ է, միլիսն ալ հայ   առարկեցի ես։

Ո՛չ   ըսաւ Անդրանիկ, կտրուկ թօնով մը։ Հայ թերթերը Երեւանի խօսքը չեն ըներ, բայց շատ կը սիրեն Վանի պատմութիւններն ընել։ Առաքելեան մոռցած է կամաւորական խումբերու պատմութիւնը եւ «Մշակ»ի մէջ շատ կը զբաղի Եկարեանի միլիսովը։ Այդ է պատճառը, որ Եկարեանի դիրքը խախտած է եւ ան մեկուսացած վիճակ մը ունի հիմայ։ Եւ, եթէ, Չանկալեանի դիրքն ամուր է, պատճառն այն է՝ որ ան՝ իր սահուն անգղիերէնովը եւ համարձակ ձեւերովը, կրցած է շահիչ գնդապետ Տէրմէնի անձնական համակրանքը։

Անդրանիկ՝ սիկարէթ մը վառելու համար, կտրեց իր խօսքը, լուցկիին գէշութեան վրայ բարկացաւ ան, թուրքերէն քանի մը տաք հայհոյանքներ տեղաց անոր վրայ, յետոյ շարունակեց,

Տէրմէն ըսածնիդ ալ առջի Տէրմէնը չէ մնացած։ Ան՝ հիմայ զինուորական իշխանութեան ազդեցութեան ներքեւ կը գտնուի։ Ան ալ այն կարծիքէն է, թէ հայ կամաւորակաները՝ իրենց տիսիբլինի պակասովը, գէշ օրինակներ եղած են ռուս զինուորին համար, եւ, անոր այս կարծիք՝ առանց գերի չէ մնացած կամաւորական խումբերը լուծելու եւ զանոնք ռուս բանակին մէջ ձուլելու որոշումին մէջ։ Յետոյ, ան Քիւրտ մը գտած է, ինքնիրեն պէյ տիտղոս տուած Պահրի անուն Քիւրտ մը, որուն՝ ան այնքան պատիւ կուտայ, որքան ինծի կամ Քեռիին։

Քիւրտին անունին յիշողութիւնը գրգռեց Անդրանիկը։ Ան յօնքերը պռստեց, քիչ մըն ալ, կարծես տժգունեցաւ եւ քօնեաքին գաւաթներէն մէկը վերցնելով՝ մէկ ումպով, պարպեց զայն։

Սպայակոյտին մէջն ալ փոխ գնդապետ մը կայ, անունը Լալէկին, որ, ճամբուն վրայ, ինծի կամ Քեռիին եթէ պատահելու ըլլայ, գլուխը ասանկ կ՚ընէ։

Եւ Անդրանիկ ջղային շարժումով մը՝ գլուխը դէպի աջը դարձուց։

Լալէկինի անունը՝ կարծես, քիչ մըն ալ տժգունութիւն բերաւ Անդրանիկին։ Ան՝ գուցէ, իր ընկողմնած դիրքը անյարմար գտնելով, այդ րոպէին իր հոգին խռովող պայքարողի զգացումներուն, աշխոյժով մը տընկուեցաւ անկողինին մէջ։ Յետոյ, աջ ձեռքը այնպէս մը բարձրացնելով, որ կարծես թէ Լալէկինի գլխուն պիտի իջեցնէր զայն, ան շարունակեց.

Բայց, անիկա անկարելի է որ ռուս եղած ըլլայ, ան կամ Թուրք է եւ կամ Թիւրքմէն։

Յետոյ, կարծես յոգնութեան զգացումի մը տեղի տալով՝ ան նորէն բարձին վրայ ինկաւ եւ ակռաներու միջով, աւելի ճիշտը, անոնց կճրտոցներուն միջով՝ մրմնջեց.

Մե՜ղք. մե՜ղք մեր զոհողութիւններուն, մե՜ղք մեր թափած արիւնին։

Անդրանիկ լռեց եւ գրեթէ պառկած դիրքի մէջ, աչքերը դէպ ի առաստաղը, շարունակեց ծխել սիկարէթը։ Ես խօսք մը կը փնտռէի կարճ կապելու համար խօսակցութիւնը եւ հրաժեշտս առնելու, երբ ան՝ կարծես զսպանակէ մը լարուած՝ տնկուեցաւ անկողինին մէջ։

Անիկա Հայու անունը բերանը առնել մեղք կը համարի, եւ, եթէ ատոր համար ստիպողութիւն մը ունենայ, արմեանշքա անունը կուտայ Հայերուն։

Արմեանշքա՝ Թուրքին կեավուրը յիշեցնող ռուսերէն բացատրութիւն մըն է։

Արմեանշքա բառին վրայ, Անդրանիկ ձեռքերը երկարեց դէպ ի քօնեաքին գաւաթներուն երկրորդը, բայց զայն չպարպած շարունակեց ան՝

Բայց Լալէկիներու լեզուն երկարցնողները նորէն մենք եղանք, մեր լօբազութիւնները, մեր բոպիկութիւնները։

Եւ կարծես այս վերջին բառերուն կենացն էր որ ան պարպեց ձեռքին գաւաթը։

Այո՛, մենք անբաժին չենք այս հիասթափութիւններու պատասխանատուութեան մէջ   շարունակեց ան, ծուխի խոր ումպ մը քաշելով եւ, աչքերովը հետեւելով արտաշնչած ծուխին ոլորտներուն։

Անդրանիկ չէր խօսակցեր. ան կը խօսէր այնպէս, որպէս թէ ես քովը եղած չըլլայի։ Ու ես, պարզ ունկընդիրի իմ դերին մէջ՝ տեսակ մը հանդիսատես մըն էի անոր հոգին ալեկոծող այդ տեսարանին։

Համազասպը մօտէն կը ճանչնա՞ք   յանկարծ ուղղուեցաւ ինծի Անդրանիկ   ձեզի հայրենակից մըն է ան։

Համազասպ Սրուանձտեան՝ հազիւ երիտասարդ՝ Վանէն Կովկաս մեկնած էր եւ առաջին անգամ ըլլալով, որպէս խմբապետ էր որ Վան վերադարձած  էր։ Մասնաւոր ծանօթութիւն մը չունէի անոր հետ։

Երբ այս պատասխանը տուի Անդրանիկին, ան ունեցաւ աչքի եւ ձեռքի շարժումներ, որոնք կարծես դէպի Համազասպ կը քշէին իր գործածած լոբազ եւ բոպիկ ածականները։

Այս կարծիքը ինծի կը բերէին շշուկները, որոնց նայելով՝ Համազասպի խումբն էր որ ամենէն աւելի ցոյց տուած էր տիսիբլինի պակասը, ինչ որ պատճառ եւ կամ պատրուակ ծառայած էր կամաւորական խումբերը լուծելու որոշումին։

Նիքօլայ Նիքօլայէվիչ մոռցած էր միւս խումբերուն, մասնաւորապէս Անդրանիկի խումբին ցոյց տըւած տիսիբլինը։ Ան մոռցած էր Սարը-Գամիշի Քեռին եւ Տիլմանի Անդրանիկը։ Մոռցած էր ան նմանապէս Պիթլիզի գրաւումին պատմութիւնը։

Պիթլիզի առջեւ, 916 փետրուարի ճիշդ կէսին, երբ ռուս բանակին սպայակոյտը զբաղած էր քաղաքը գրաւելու համար ծրագիրներ մշակելով։ Անդրանիկ՝ քաղաքին մէջ գտնուող հայ բեկորները՝ նոր եւ վերջին սպանդէ մը ազատելու մտմտուքովը՝ քաղաքին արեւելեան կողմէն Տէրտիվանի վրայէն՝ յանկարծակի գրոհով մը՝ քաղաքին վրայ կ՚իյնայ եւ կը գրաւէ զայն։

Ռուս հրամանատարութիւնը՝ Անդրանիկի այս քայլը տիսիբլինի դէմ չհամարեր   չէ՞ որ պատերազմի մէջ, ինչպէս ամենուրեք, միշտ յաջողութիւնն է որ հաշուի կ՚առնուի   եւ Գէորգեան Խաչով կը վարձատրէ Անդրանիկի այս հերոսութիւնը։

Անդրանիկ նոր սիկարէթ մը վառեց եւ նոր քօնեաք մը ուզեց զինուորէն։

Աշխարհի պօշ բաներու պօշութիւնը՝ անոնց մէջ խեղդելու պէ՞տք էր, թէ ոչ սովորութեան տկարութիւնը, որ զայն կապած էր ծխախոտին եւ քօնեաքին, «Հա՞ւը հաւկիթէն կ՚ելնէ թէ ոչ հաւկիթը հաւէն»ի պէս հարցում մըն է ասիկա։

Բայց, Անդրանիկի հոգին շտեմարան դարձեր է այնքան շատ եւ բազմատեսակ յիշողութիւններու, այդ յիշողութեանց խառնուրդին վրայ, շնորհիւ այդ հոգիին ընդունակութեանը՝ աւելնալու եկած էին եւ զայն քիչ մըն ալ խճըճած՝ աշխարհային այնպիսի՜ ունայնութիւններ, որ դժուար է պարզ օրինակով մը, եւ կամ երկու խօսքով վերլուծումի ենթարկել Անդրանիկի կեանքը։

Անդրանիկը ճանչնալու համար հարկաւոր է չափով մը ճանչնալ մարդկային հոգեկան եւ մտաւոր  կարողութիւններու փոխ-յարաբերութիւնը, որոնց մէկն ու մէկը՝ ի վնաս միւսին է որ կը զարգանայ առհասարակ։ Երբ հոգեկան կարողութիւնները չափէն աւելի կը զարգանան, սովորութեան վրայ՝ որ հոգեկան կարողութեան մասը կը կազմէ, միտքը   դատողութիւնը   որ տուժած է հոգիին զարգացումէն, չունենար բաւարար քօնթրօլ, որ ատեն սովորութիւնը կը դառնայ տեսակ մը սովորամոլութիւն, որմէ, այս անգամ, միտքին թէ հոգիին պատեանն է   մարմինը   որ կը տուժէ։

Բայց կարելի՞ է միթէ հերոսութիւններ սպասել այդ «պատեանին» վրայ գուրգուրացողներէն։ Չէ՞ որ այդ «պատեանին» տնտեսումն ու արհամարհանքն իսկ է, որ մարդս կը մղէ հերոսական գործերու, քաջութիւններու, անձնուիրութիւններու։

Որո՞նք էին, այդ րոպէին, Անդրանիկի հոգին խռովող պօշութիւնները, Լալէկի՞նը, կամաւորական խումբերու լուծուի՞լը, թէ ոչ անոնց լուծուելուն առիթ կամ պատրուակ հայթայթողները։ Բայց ինչո՞ւ որոնել օղակը, երբ, այդ օղակներուն կազմած շղթան է, որ գերած է Անդրանիկի հոգին։ Չէ՞ որ այդ շղթային մէջ, Լալէկինէն կամ Համազասպէն զատ, կային ուրիշ պօշութիւններու բազմաթիւ օղակներ։ Յետոյ չկա՞յին արդեօք, անոր մէջ ուրիշ իրողութեանց օղակներ եւս։ Այդ շղթային մէջ, օրինակի համար, իր օղակը չունէ՞ր արդեօք իրողութիւնը, որ Անդրանիկ երբ իր խումբին գլուխն էր եւ իր դերին մէջ, իր միտքն ունէր իր առօրեայ զբաղումները, որոնք ժամանակ չէին տար ուրիշ մտածումներու եւ կ՚արգիլէին անոնց խուժումը իր ուղեղին մէջ, եւ կամ ասոր հետեւող ուրիշ իրողութիւն մը, այն, որ՝ Անդրանիկ, գործօն կեանքէ մը, ուր անոր հոգին, որպէս սնունդ ունէր՝ այդ կեանքին յատուկ ոգորումներ եւ խանդավառութիւններ, իղձեր եւ յոյսեր, յանկարծ, կ՚անցնէր բան մը չընելու, բան մը չըլլալու կեանքին, որ ուրիշ սնունդ չէր կրնար մատակարարել անոր հոգիին, եթէ ոչ ձանձրոյթ, ձանձրոյթ՝ որ ետեւէն կը քաշէ ծխախոտը եւ եւ ալքօլը։

Հապա՞ անցեալը։ Կա՞յ արդեօք կեանք մը, որուն վրայ անցեալը դրած չըլլայ իր դրոշմը։

Ահա քսան տարի է, որ Անդրանիկ, Հայուն՝ Թուրքին լուծէն ազատութեան սէրն ունեցած է միայն իր հոգին պարարող, եւ այդ սիրոյն իրեն պարտադրած զոհաբերութեան կեանքն է միայն որ վարած է, հրացանը ուսին՝ մահուան վտանգը աչքերուն մէջ, սարէ սար, ձորէ ձոր, ան վարած է չարքաշ եւ թափառական կեանք մը, որուն համար չէ որ Աստուած՝ հողէն ու ջուրէն շինած է մարդը եւ անոր բերնին մէջ փչած։

Անդրանիկի ջիղերը հանդարտութեան պէտք ունէին, հանդարտ ու բնականոն ապրելակերպի մը. մինչդեռ ան՝ այդ ջիղերը՝ ծուխով եւ ալքօլով քիչ մը աւելի գռգռելու մէջ միայն կրնար զգալ հոգեկան բաւարարութիւն մը։ Ան՝ միայն իր իտէալէն եւ անոր պարտադրած պայքարի ասպարէզէն հրաժարելով էր, որ պիտի կրնար բնականոն կեանքի մը գիրկն իյնալ։ Ասիկա բնախօսական պահանջ մըն էր եւ Անդրանիկ անգիտակ չէր այդ պահանջին։ Բայց, հէնց այդ գիտակցութիւնն էր, որ բժիշկ Նաւասարդեանի ախտաճանաչութեամբ անոր ուղեղին մէջ գամուած, այդ պահանջը իրագործելու անհնարաւորութեան առջեւ, կրկին պատճառ մը կը դառնար, որպէսզի ան քիչ մը աւելի ծխէ, քիչ մը աւելի խմէ։

Ազդեցիկ խորհրդատու մը, գուցէ պիտի կրնար իր ազդեցութեան ներքեւն առնել Անդրանիկը, անոր մէջ մէկիկ մէկիկ խորտակել անոր բնաւորութեան կողմէ եկած արգելքները, անոր մէջ չքացնել մարդկեղէն իրերու ունայնութեանց վրայ փիլիսոփայելու, նաեւ զայրանալու անոր հակումները, եւ, աշխարհի պօշութիւններէն անոր քաղած յոռետեսութեան փոխարէն, անոր հոգիին մէջ դնել լաւատեսութեան ոգի, կեանքի համն ու ճաշակը եւ ապրելու ուրախութիւնը։ Բայց ուրկէ՜ ուր, մեր մէջ, այդ ազդեցիկ խորհրդատուն։

Յետոյ, նման պարագային, Անդրանիկ պիտի կրնա՞ր շարունակել մնալ Անդրանիկ, ազգային հերոսը։

Կը կասկածիմ։

Հերոսը   գերմարդ   այնքան բարձր է, որ մարդկային օրէնքները չեն հասնիր անոր։

Արմեա՜նշքա, հէ՜   կրկնեց հերոսը ինքնիրեն, երկար րոպէի մը դադարէն վերջ եւ պարպեց քօնեաքի գաւաթը, յետոյ դէպ ի ինձ՝ որ հրաժեշտ առնելու համար ոտքի ելած էի՝

Այդ մարդը   Լալէկին   կրնայ, օր մը, Թուրքերուն ջարդել տալ Վանի Հայերը։