Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԴՐԱՆԻ՞Կ ԹԷ ԻՇԽԱՆ

Բայց, իրիկուն, երբ նաւը մտնելու ելանք, Գաբթան Մինաս պաղ ջուր լեցուց Վարժապետի գիւտին ա՛լ, Սրբազանի լաւատեսութեան ա՛լ վրայ։ Երբ, Սրբազանը անոր պատմեց Վարժապետի գիւտը, Գաբթան Մինաս՝ ժպիտով մը, որ քիչ մը բարձրէն կուգար, ըսաւ՝ մենախօսութեան շեշտով մը։

Ի՞նչ դժուար բան է նաւը կղզիին միւս կողմը տանիլ։

Յետոյ, երբ Սրբազանը անոր մենախօսութիւնը քրքրել ուզեց, ան՝ եգիպտական կուռքի մը պէս, մնաց լուռ։

Գաբթան Մինասի այս յայտնութենէն ինձ համար բոլորովին պարզ եղաւ որ ան չէր ուզեր որ մենք կղզին երթայինք։ Սրբազանի խռկոցին եւ խնջոցին ձայները դեռ ականջիս մէջն էին։ Անդրանիկը փնտռելու եւ զայն ուզած տեղը փոխադրելու Գաբթանի եռանդը կասկած չկար այլեւս որ կեղծ էր։ Անդրանիկը նաւին մէջ առնելը ինքնին փորձանք մըն էր, որմէ Գաբթան Մինաս կը փախչէր եւ Վարժապետին գիւտը հեգնող եւ Սրբազանի միտքը պղտորելու ծառայող անոր գիւտը՝ այդ փախուստին միտումն էր որ կը մեկնաբանէր։

Գաբթան Մինաս գուցէ չի լսէր, եթէ չտեսնար որ, ո՛չ միայն մենք տեղաւորուած էինք արդէն նաւին մէջ, այլեւ, վանքէն՝ պարկ պարկի ետեւէն, ապրանքներ էր որ կուգային լեցնելու նաւը։

Սրբազանը՝ որ Գաբթան Մինասի գիւտին վրայ մտմտուքի մատնուած էր, ազդուեցաւ վերջին պարկին հետ նաւ մտնող Վարժապետին, որ, կը թուէր թէ այդ փոխադրութեանց հսկելու պաշտօնն ունէր։

Վարժապե՛տ, ատոնք ի՞նչ են։

Ուտելիք, Սրբազա՛ն։

Որո՞նց համար։

Կղզիին հիւրերուն համար։

Սրբազանի իւմօրի տենդը բռնեց։

Եթէ մեզ համար են ատոնք շատ են   ըսաւ ան, բռնազբօսիկ ժպիտով մը, իսկ եթէ Անդրանիկի խումբին համար, քիչ։

Ո՛չ ձեզի համար են, Սրբազա՛ն   պատասխանեց Վարժապետ   ո՛չ ալ Անդրանիկի խումբին համար։

Վարժապետի պատասխանը քիչ մը խուսափողական էր, ինքը, այդ րոպէին, նուազ յարգալիր։

Սրբազանը՝ որուն աչքէն չվրիպեցաւ այս հանգամանքը, զգուշացաւ ընելէ հետեւողական հարցումը,

Հապա որո՞ւն համար են։

Ան վախեցաւ, որ Վարժապետ պատասխանելու ելնէր յանկարծ։

Իշխանի խումբին համար են։

Սրբազանը բաւականացաւ խուլ, demi-soupir ի չափ խուլ հառաչով մը, զոր ես միայն, այդ րոպէին անոր անձին ամենէն մօտիկը, կրցի լսել եւ զոր, որպէս նաեւ ամենէն մօտիկը անոր հոգիին, կրցի մեկնաբանել։

Սրբազանի հոգիէն չէր որ բխէր այդ հառաչը, այլ անոր միտքէն որ՝ տարիքի, փորձառութեան, քիչ մըն ալ անոր վատ առողջութեան եւ անոր հետեւող յոռետեսութեան ճնշումին ներքեւ, կ՚իշխէր անոր հոգիին վրայ, այլ խօսքով, գիտակցականէն, որ՝ անոր մէջ կ՚իշխէր ենթագիտակցականին։

Հառաչէն վերջ, ան նուազ խուլ մենախօսութիւն մըն ալ ըրաւ,

«Ի նոցանէ» ըլլալու է մեր Վարժապետ։

Նաւը ճամբայ ելաւ լռութեան մը մէջ, որ առհասարակ կը հետեւի մութին։ Բայց կար նաեւ ուրիշ պատճառ, նաւին ճամբորդներէն իւրաքանչիւրը՝ իր երեւակայութեան առջեւն ունէր, Սրբազանը մտահոգող վտանգին հեռանկարները։ Անոնց միտքերը, քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս, զբաղած էին հեռանկարներուն թեր ու դէմովը։ Անոնց կը պակսէր տրամադրութիւն թէ՛ կատակի եւ թէ՛ հասարակ տեղիքներու։

Նաւը՝ առագաստները լեցուն՝ կը սուրար։ Հետզհետէ սեւցող մութին մէջ, մենք ուրիշ բան չէինք տեսներ այլեւս, եթէ ոչ աստղերը, որոնք՝ նայուածքիդ ուղղութեամբը, կամ հորիզոնին վրայ են եւ կամ ծովին յատակը, մենք ուրիշ բան չէինք լսեր այլեւս, եթէ ոչ հովին մեղմ սուլոցին եւ ջուրին նոյնքան մեղմ խշոցին ներդաշնակած մեղեդին։ Գիշերային այդ կուսական խորհուրդը ինձի հետզհետէ մոռցնել տուաւ օրուան անցուդարձերուն հետ, անոնցմէ ոմանց ենթադրել տուած վտանգներուն թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը եւ կամ Սրբազանի որակումովը թէ՛ անդրանիկը եւ թէ՛ կրտսերը,   ես՝ նաւի եզերքին յեցած՝ տակաւ ինկայ թմբիրի մը մէջ որ չես գիտեր թէ քո՞ւն է թէ ոչ յափշտակութիւն, ուրկէ՝ այն ատեն միայն դուրս ելայ, երբ Գաբթան Մինասի հրամաններէն   սթօփներէն եւ սիաներէն   իմացայ թէ կղզին հասած ենք արդէն։

Նաւը մտած էր արդէն կղզիին ծովախորշը եւ մենք կը պատրաստուէինք դուրս գալու, երբ նաւահանգիստէն որոտացող գոռ հրաման մը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը կեցած տեղը գամեց։

Պատրա՜ստ   գոռաց հրամանը։

Հրամանէն աւելի մեզի սարսափ պատճառեց անոր գործադրութիւնը, հրացաններու շարժումներուն խշրտոցը։

Սրբազանը, որ ոտքի վրայ էր, կարծես կեցած տեղը հալեցաւ։ Ան՝ կամաց մը, նստեցաւ։ Մեր դիւրահաւանութեան հետեւանքը՝ անակնկալօրէն մեզի բացած էր իր աչքերը։

Ձեռքերը վե՛ր   որոտաց երկրորդ հրամանը։

Փութացին, շուէտական մարզիկներու պէս, ձեռքերնիս վեր բարձրացնել։

Նաւը մտէ՛ք, անոր ղեկը վերցուցէ՛ք եւ մէջինները զինաթափ ըրէ՛ք, գոռաց հրամաններուն երրորդը։

Եւ մենք տեսանք՝ մինչեւ ակռանին փամփուշտներով ծածկուած, տասնեակ մը Ֆէտայիներ, որոնք՝ սուինները հրացաններուն ծայրը, նաւը խուժեցին, անոր ղեկը վերցուցին, յետոյ, եկան… զինաթափ ընելու մեզ։

Անոնք՝ Գաբթան Մինասի վրայ միայն գտան վեցհարուածեան մը, որուն փամփշտակալը, սակայն, չկար մէջտեղ։ Զուր տեղ Գաբթան Մինաս առարկեց թէ փամփշտակալ չունէր, խուզարկիչը չհաւատաց, մինչեւ որ նաւուն պզտիկը չի միջամտեց,

Զէնքին մէջն ալ փամփուշտ չկայ, պարո՛ն, ըսաւ ան՝ ժպիտով մը, որ իսկ եւ իսկն էր ժպիտին զոր ան ցուցադրած էր, երբ Սրբազանի խնչոցին վրայ Գաբթանին բերած էր, անոր հրամանով, վեցհարուածեանը, ժպիտը՝ որուն իմաստը այդ օրը անըմբռնելի  եղած էր ինծի համար։

Երբ խուզարկիչը՝ զէնքը փորձելէն վերջ, ստուգեց թէ արդարեւ ան փամփուշտ չունէր իր մէջ, Գաբթանին ուղղուեցաւ։

Առանց փամփուշտի՝ ինչո՞ւ վրադ կը կրես այս զէնքը։

Գաբթանի լռութի՞ւնն էր թէ ոչ պատրաստաբանութեան իր մոլութիւնը, Սրբազանին տալ տուին «ինչո՞ւ»ին պատասխանը։

Չէ՞ որ պարապ հրացանէն երկու մարդ կը վախնայ, միջամտեց ան։

Խուզարկիչը, որ ռուսահայ մըն էր, կրնար չգիտնալ որ Սրբազանի խօսքը հայերէնն իր թրքական ծանօթ առածի մը, բայց, ան քիչ մըն ալ անտաշ էր ըմբռնելու համար անոր իմաստը։ Ան վիրաւորական ակնարկութիւն մը գտնել կարծեց Սրբազանի խօսքին մէջ եւ, դէպ ի ան ուղղուելով սպառնագին՝

Պարապ զէնքէ վախցող մա՞րդ ենք մենք ուրեմն։ Հարկ եղաւ կտրիճ զինուորին բացատրել նախ, թէ՝ Սրբազանի խօսքը թարգմանութիւնն էր թրքական առածի մը, յետոյ հասկցնել անոր թէ՝ պարապ հրացանէն վախցող երկու մարդերէն մէկն այն է, որ չգիտէ թէ դէմի հրացանն պարապ է, երկրորդը՝ հրացանը բռնողը, որ գիտէ անոր պարապ ըլլալը։

Ճամբորդները նաւէն դուրս հանելու՝ դրսէն գոռացող նոր հրաման մը, վերջ դրաւ տեղի ունեցող այս բացատրութեանը։

Սրբազանը այնքա՜ն պինդ բռնած էր իմ ձեռքէն, որ կարծես թէ դրութենէն դուրս գալու միջոցը անոր մէջ գտնուած ըլլար, գուցէ, երեստուանքը, որ ան ունէր իմ հասցէին, իր բաժին դերն ունէր անոր այդ ջղաձգութեան մէջ։ Ան՝ քաշուած ձայնովը, երկուքէն մէկ, կը փսփսար իմ ականջին,

Ես ձեզի չըսի՞ վազ գանք այս ճամբորդութենէն։ Պահ մը, Վարժապետ մօտեցաւ մեզի, Սրբազանը զիս թողուց, զայն ձեռք առաւ։

Ապրի՛ս, փճանալիք, ըսաւ անոր կէս կատակով։ Այս ձեւ օրհնութիւնը՝ Սրբազանի բերնին սովորական ծամոցներէն մէկն էր։

Վարժապետ որ ինքզինքը տունէն կը համարէր այլ եւս, խնդաց եւ անցաւ։

Կը մնար դուրսէն եկած «ճամբորդները դուրս հանելու» հրամանին գործադրութիւնը։

Հրամանը դիւրին էր բայց զայն Սրբազանի հասկցնելը՝ բաւական դժուար։ Հրացաններու տեսքը եւ հրացանակիրներու ժէսթերը՝ մէկը երկուք ըրած էին Սրբազանի ծանրութեանը։ Ամբողջ ժամ մը տեւեց այդ ծանրութեանը փոխադրութիւնը։

Երբ վերջապէս կատարուեցաւ այդ փոխադրութիւնը, զինակիրները խմբեցին եւ իրենց սուիններու օղակին մէջ առին մեզ։

Ճամբորդներու այս ամփոփուած դրութեան մէջ երեւան եկան հոգեկան երկու աշխարհներ, իրականութեան աշխարհը, որուն ներկայացուցիչները, Սրբազանին հետ Քաղաքական Ժողովոյ անդամները՝ իրենց պատասխանատուութիւնը կ՚որոճային, յետոյ, երեւակայութեան աշխարհը, զոր ներկայացնողները, նաւուն պզտիկները եւ մէկ երկու պատահական ճամբորդներ, ի տես երեւոյթին որ Հայը զէնք կը կրէ եւ այդ զէնքին կռթնած՝ հրամաններ կ՚արձակէ, չէին կրնար ծածկել իրենց հրճուանքը։ Հաճի աղան եւ Գաբան Մինաս այս աշխարհէն դուրս կը մնային, առաջինը՝ անպատասխանատու՝ իրողութեան գայթակղական կողմը առած, անով կը զուարճանար, երկրորդը՝ գլուխը կախ՝ իր պարապ վեցհարուածեանը կը մտածէր եւ Անդրանիկը Վան փոխադրելու վտանգներով լի գործին հեռանկարները։

Մեզ օղակելէն բաւական վերջ էր եւ կարգ մը սուլոցային եւ ռուսերէն կարգախօսներու փոխանակութենէն յետոյ միա՛յն, որ վերէն եկաւ մարշի հրամանը եւ… շքախումբը սկսաւ քալել դէպ ի վեհարանը։

Մէկը, սակայն, անակնալօրէն, խանգարեց, ծրագրուած ռազմական արարողութեան խրախճանքը։

Նաւահանգիստէն վեհարանը երթալու համար, հարկ է բարձրանալ ցից զառիվար մը։ Սրբազանը հետզհետէ ցոյց տուաւ թէ կը դժուարանար հետեւելու շքախումբին գնացքին։ Մենք, նախ, անոր մարմնոյն իրեն տուած ծանրաշարժութեան վերագրեցինք պատճառը եւ մինչեւ որ ան բոլորովին կանգ չառաւ, չկրցինք ստուգել, թէ՝ այդ պատճառը անոր կուգար պէտքէ մը, զոր, ուրիշ մը անոր փոխարէն չպիտի կրնար լրացնել եւ որուն լրացումը՝ Սուլթան Համիտն անգամ չպիտի կրնար արգիլել։ Հարկ եղաւ մեկուսացնել Սրբազանը, որ՝ ոչ առանց պահակի մը հսկողութեան, գնաց ինքզինքը ազատելու յանկարծակի վախին իրեն բերած անակնկալ հարկադրանքէն։ Երբ ան միացաւ խումբին, մեզ, միեւնոյն շքերթով շարունակել տուին մեր ուղին, մինչեւ վեհարանին դուռը։ Հոն, խմբապետը՝ գերիները երկու մասի բաժնեց, նաւավարը՝ իր նաւաստիները, Վարժապետը եւ պատահական ճամբորդները զատեց, իսկ մեզ հրամայեց բարձրանալ վեհարանին սանդուխները։

Անգամ մը՝ վեհարանին մէջ, Սրբազանը հազիւ կրցաւ ինքզինքը նետել դրան ամենէն մօտիկ աթոռին վրայ, մնացեալներս, մէջերնիս ըլլալով Հաճի աղան, գացինք սեղմելու սրահին ճակատը, գրասեղանի մը ետեւը բազմած անձին ձեռքը եւ գրաւել քովի աթոռները, առանց որ հրաւիրուած ըլլայինք առ այդ։

Անդրանի՞կ թէ ոչ Իշխան։ Ամէնուս մէջ ալ, միաժամանակ ծագեցաւ այս հարցը, որուն պատասխանը՝ սակայն, իրարու երեսը նայելով չէր որ պիտի կրնայինք տալ։ Անդրանիկի լուսանկարը ես տեսած էի, 96ի աշնան Վան եկող Տէրոյեանի խումբին մէկ նկարին մէջ, բայց, մեզ ընդունող անձին ծնօտը ծածկուած էր մազերու այնպիսի թանձր խաւով մը, յետոյ, ընդարձակ դահլիճը լուսաւորելու ծառայող լամպարին արձակած լոյսը այն աստիճան խեղճ էր, որ ինծի անկարելի եղաւ վճռել թէ՝ այդ լուսանկարին տէ՞րն էր որ կ՚ընդունէր մեզ թէ ոչ Իշխան։

Այս անստուգութիւնը գուցէ աւելի երկար տեւէր, եթէ մեզ ձերբակալող խմբապետը դահլիճէն ներս չի մտնէր մեզ ընդունող անձին հարցնելու համար։

Պ. Իշխա՛ն, նաւաստիները ի՞նչ ընենք։

Ազատ ձգեցէ՛ք զանոնք։

Այս հարցուպատասխանէն երկու բան յայտնի կ՚ըլլար մեզի, նախ որ վտանգներէն… կրտսերին էր որ կը հանդիպէինք մենք, յետոյ որ նաւաստիներու պէս ազատ չէինք մենք։

Իշխան ոչինչ զանց չէր ըրած իր տիտղոս-անունին վայել դիրք մը տալու համար իրեն։ Անշուշտ, ան մեզ համար չէր որ իշխան եղած էր, ինչպէս որ մեզ համար չէր որ Արամ՝ փաշա եղած էր կամ Եփրեմ՝ խան (բայց ոչ ոք՝ չափ, կշիռ, լօժիք), ամբոխին համար էր որ անոնք՝ ինքզինքնուն տուած էին այդ փոխանունները, բայց, չէ՞ որ մենք ալ մէկ մասնիկն էինք այդ ամբոխին. կարելի չէ ըսել թէ միլիոնատէրի զաւկին (այդպէս կ՚ըսէին, այդ օրերուն, չարքերուն մէջ) տիտղոսը՝ առանց ազդեցութեան մնաց մեզ վրայ, մանաւանդ որ, դեռ չգիտէինք թէ՝ անոր հօր միլիոնը ուրիշ բան չէր եղած, եթէ ոչ հասարակ պաղ մը, Գանձակի մէջ։

Իշխան՝ արհամարհական նայուածք մը շրջեց մեզ վրայ եւ թող տալով որ Սրբազանը իր շունչն առնէ դրան քովը, ինքնութիւնը ստուգելու տեսակ մը հարցաքննութեան ենթարկեց մեզ։

Երբ Պապիկեան Հաճի Օհաննէս տղան՝ իր անունէն վերջ, յայտնեց վանքին գործակատար ըլլալը, Իշխան՝ կէս ժպիտով մը՝

Այո՛, լսած եմ, վանքին հաւերը ուտողը։

Այո՛, Պ. Իշխան, ձեզմէ առաջ   պատասխանեց Հաճի աղան, Խաչատուր Կաթողիկոսին վարժեցուցած իր համարձակախօսութեամբը։

Իշխան չի կրցաւ զսպել, այս անգամ, ժպիտ մը որ կէս չէր եւ գոհ չմնաց որ չկրցաւ զսպել այդ ժպիտը։

Ան ծածկելու համար ժպիտին հետ, անոր հետեւող իր դժգոհութիւնը, դարձաւ դէպ ի Սրբազանը.

Է՜հ, մօտեցէք նայի՛նք, Օրմանեանի ճու՛տը։

Բագրեւանդեան Սրբազանը կաթուածահարի մը պէս փռուած էր՝ քով քովի երկու աթոռներու վրայ։ Իշխանի հարցումը՝ իր ձեւին մէջ, սուր խթան մը եղաւ Սրբազանին համար։ Ան՝ զսպանակէ մը լարուածի պէս անկուեցաւ աթոռներէն մէկին վրայ։

Պ. Իշխա՛ն, եթէ իմ կարգիս եւ պաշտօնիս չէինք խնայեր, գէթ խնայէիք  տարիքիս եւ հիւանդութեանս   ըսաւ ան՝ գանգատի շեշտով մը։

Բայց Սրբազանը թէ՛ հեռու էր եւ թէ՛ ձայնը, առհասարակ քաշուած, յուզումէ՞ն թէ յոգնութենէն, այն աստիճան նստած էր այդ րոպէին, որ Իշխան բան մը չի հասկցաւ։ Ան՝ դրան քովը կեցող պահակին կրկնել տուաւ Սրբազանի խօսքերը, ինչ որ ոտքի ելնելու մղեց հիւանդ եկեղեցականը եւ դէպ ի Իշխան մօտենալու։

Իշխան չկրցաւ ոտքի չելնել եւ ձեռք չտալ Սրբազանին։ Երբ այս վերջինը՝ աթոռ մը գրաւելով, նստեցաւ, դէպ ի տան ուղղուեցաւ Իշխան, ժպիտով մը։

Ձեզ Կառկասռի լեռները կը տանինք, հոն դուք կը վերագտնէք ձեր առողջութիւնը։

Սրբազանը իր կարգին չէր կրնար չի ժպտիլ իր լեռը ելնելու հնարաւորութեան խօսքը լսելով։

Հաշտուեցա՞ն անոնք այդ ժպիտներուն միջովը։

Ո՛չ։

Երբ Սրբազանը աւարտեղ իր սիկարէթ փաթթելու եւ զայն վառելու գործը, Իշխան, ոչ առանց ճիգի, պռստեց յոնքերը եւ քիչ մը խստօրէն անոր ուղղուեցաւ.

Դուք ամէնքդ ալ հակայեղափոխականներ էք։

Եթէ ես ձեզ Օրմանեանի ճուտը անուանեցի, պատճառն այն է դուք ձեր նստած կանգնած տեղը, յեղափոխութեան մասին կ՚ըսէք ա՛յն, ինչ որ Համիտի ճուտը, ինքը, Օրմանեան կ՚ըսէ Պոլսոյ մէջ։

Եւ, որպէս թէ շատ սրամիտ բան մը ըսած ըլլար, մասնաւոր ժէսթով մը գլուխը տնկց ան։

Կը հաճի՞ք յայտնել թէ ինչ ըսած եմ   պատասխանեց Սրբազանը։

Եըլտըզի մահափորձի ձեռնարկին քաշքշուքը ընողը դո՞ւք չէք։

Սրբազանն ալ գլուխը տնկեց։ Տարօրինակ փայլ մը աչքերուն մէջ, ան՝ իր յաղթ իրանովը ու ցանուցրիւ մազերովը, վիրաւոր առիւծի մը կը նմանէր այդ րոպէին։

Ես յիշեցի անմիջապէս Սրբազանի դատումները՝ ի մասին այդ մահափորձին։ Սրբազանը՝ անելի մը մէջ գտնուելուն համար կը վարանէր պատասխանելու։ Րոպէն՝ միջամտութիւն մը կը պարտադրէր ինծի։

Սրբազանը չափազանց պատրաստամիտ մէկն է պատրաստամտութիւնը արժեցնելու իր մոլութիւնը կը բռնէ։

Անոր այդ սովորութիւնը, ի բնէ իր փիլիսոփայյող միտքին, իր խծրծելու ունակութեան, իր քաշքշելու հակումին, քիչ մըն ալ, եթէ կ՚ուզէք, իր հիւանդագին վիճակին իրեն բերող յոռետեսութեան կարելի է վերագրել, բայց, բնաւ հակայեղափոխական զգացումի։ Չէ որ ինքն ալ, յեղափոխական մը եղած է ատենին։

Բայց, գիտէք թէ ի՞նչ ըսած է, միջամտեց Իշխան, սկեպտիկ ժպիտով մը։

Չգիտեմ թէ ինչ ըսած է   պատասխանեցի ես բայց, գիտեմ որ ան շատ համարձակ է իր արտայայտութեան մէջ։ Կ՚ուզէ՞ք օրինակներ տամ անոր համարձակախօսութենէն։

Ու Իշխանի լռութիւնը հաստատումի տեղ առնելով   պատմեցի՝

«Անգամ մը, Նահանգային Ժողովը, Ներքին Գործոց նախարարութեան կողմէ եղած հարցումի մը հետեւանքով, զբաղած էր քննելու ընտանի անասուններու (հայվանաթը էհլիյէ) տուրքին խնդիրը։ Այս խնդրէն վերջ, օրակարգի վրայ եկաւ Քէօռ Հիւսէյին փաշայի կեղեքումներուն դէմ, Ալջավաղցի հայ գիւղացիներու կողմէն հասած բողոք մը։ Երբ այս երկրորդ խնդրոյն մասին, կուսակալը Միւֆթիին կարծիքը հարցնելու ելաւ, այս վերջինը, որ՝ ընտանի անասուններու խընդրոյն քննութեան պահուն, քնացած էր, աչքերը բանալով ըսաւ   իմ կարծիքովը ընտանի անասուններու... »։

«Կուսակալը սկսաւ խնդալ, ժողովականները անոր հետ։ Բագրեւանդեան Սրբազան, որուն հին ոխը գիտենք Միւֆթիին դէմ, յանկարծ բռնուեցաւ իր պատրաստութեան հիւանդութենէն։

«— Միւֆթի էֆէնտի՛, ըսաւ ան, խնդիրը հիմայ վայրի անասուններու մասին է։

«Ծիծաղը՝ այս անգամ քրքիջի փոխուեցաւ, որմէ Միւֆթին չափազանց նեղուած զգաց ինքզինքը։ Ան՝ խորհրդակցութեան ընթացքին հասկնալէ վերջ Առաջնորդ Սրբազանին միջամտութեան իմաստը եւ, բաւական ատեն, ընելիքին մասին մտածելէն վերջ, վեր կեցաւ յանկարծ եւ սրահէն մեկնեցաւ։ Քիչ վերջ, բարապան թուղթ մը բերաւ ներսը, զոր, կուսակալը՝ կարդալէն վերջ, գրպանը դրաւ։

«Մենք՝ վերջէն միայն կրցինք իմանալ որ թուղթը՝ Միւֆթի էֆէնտիի կողմէն գրուած՝ վրան կը կրէր հետեւեալ տողերը.

«— Ես այլեւս չեմ կրնար մասնակցիլ ժողովի մը, որուն մէջ հայ մուրախասը՝ վայրի կենդանիի տեղ կ՚առնէ համիտիյէ գնդապետ մը։

«— Բայց այդ գնդապետը աւազակ մըն է, որ պետութիւնն ալ կը կեղեքէ—   քովը կանչելով խռֆած ծերունիին կ՚ըսէ կուսակալը, որուն աչքին փուշն էր Քէօռ Հիւսէյին փաշան։

Յետոյ, ան կը կանչէ հայ արկղակալը եւ անոր կը հրամայէ Միւֆթի էֆէնտիին վճարել անոր յետնեալ  ամսականներէն երկուքը։

«Յետնեալ ամսականներու գանձումը, այդ օրերուն, գետնի վրայ դրամ գտնելու պէս բան մըն էր։

Կուսակալի առաջին փաստը Միւֆթիին գլուխը չի մըտներ, բայց երկրորդը, դրամը, կը մտնէ անոր՝ եթէ ոչ գլուխը, գէթ գրպանը. եւ ան ետ կ՚առնէ իր հրաժարականը»։

Կարելի չէ ըսել թէ իմ այս պատմութիւնը առանց ազդեցութեան մնաց. ան՝ իր երկարութեամբը, կարծես փակելու ծառայեց Սրբազանի եւ Իշխանի միջեւ ծագում առած միջադէպը. վասնզի, օգտուելով հետաքրքրութենէն, որ Իշխան ցոյց տուաւ այս պատմութեան վրայ, ես անոր հարցուցի,

Սասունէն, Անդրանիկէն լուր մը ունի՞ք։

Իշխան՝ ականջ կտրեցաւ։

Դուք ի՞նչ լսած էք   հարցուց ան, աշխուժով։

Մեր լսածին նայելով, ան լքեր է Սասուն եւ հեռացեր է անկէ։

Դէպ ի ո՞ւր։

Հաւանաբար դէպ ի ծովին եզերքը։

Ի՞նչ ընելու համար։

Ի՜նչ գիտնամ, կամ Վան անցնելու եւ կամ Կառկառի լեռները քաշուելու համար։

Գարթան Մինասի տեղեկութիւններն էին, զորս, հաւատարմօրէն կը կրկնէի։

Իշխան՝ աչքերովը դաճլիճին շրջանն ըրաւ, յետոյ, քիչ մը աւելի ցած ձայնով հարցուց՝

Ի՞նչ շրջանակներէ են ձեր այդ լուրերը։

Հայկական շրջանակներէ։

Ի՞սկ պետական շրջանակներէ։

Ո՛չ մէկ լուր։

Անդրանիկը, ըսաւ Իշխան, ճիշտ է որ Սասունէն հեռացեր է, բայց, ո՞ւր է, ես ալ չգիտեմ. գուցէ Կառկառի լեռները՝ եւ մենք, հոն, գուցէ անոր հանդիպինք Սրբազանի եւ ձեզ ամէնքիդ հետ։

Եւ ժպիտ մը դնելով իր՝ այս եւ գալիք խօսքերուն միջեւ, շարունակեց ան՝

Հիմա գացէք հանգստացէ՛ք եւ ուժերնիդ հաւաքեցէ՛ք, որպէսզի վաղը լեռը ելնենք միասին։

Այս խօսքերուն վրայ, ան ոտքի ելաւ, ինչ որ՝ ունկընդրութեան վերջացած ըլլալու նշանը համարեցինք մենք եւ ոտքի ելանք։

Ո՞ւր պիտի երթանք հանգստանալու, հարցուցի ես, երբ արդէն ոտքի վրայ էինք։

Դիմացի սենեակը։

Դիմացի սենեակը ինծի անծանօթ չէր։ Երկու տարի առաջ, ամբողջ գիշեր մը, որ՝ նոյնպէս, Յուլիսի  մէջ կ՚իյնար, ես՝ այդ սենեակին մէջ, կռիւ մղած էին լուերու դէմ։ Վեհարանի մէջ, այդ րոպէին, սրունքներուս վրայ ելեւէջ ընող լուերն էին արդէն որ իմ մէջն արթնցուցած էին այդ փորձառութեան յիշատակը, որուն վրայ՝ իշխանին ուղղուեցայ.

Մենք վանքին բակը պիտի պառկինք։

Դուք չէ՞ք գիտեր ուրեմն, որ հսկողութեան ներքեւ կը գտնուիք։

Բայց չէ՞ որ մենք կղզիի մը մէջ կը գտնուինք եւ դուք վերցնել տուած էք մեր նաւուն ղեկը։ Յետոյ   աւելցուցի   չէ՞ որ Սրբազանի մարմինը, ամենէն ծանր շղթան է որ կրնայ զարնուած ըլլալ անոր ոտներուն։

Այս վերջին խօսքերուն վրայ դրի ժպիտ մը, որ Իշխանին շատ դիւր չեկաւ, բայց, ան չի զլացաւ իր հաւանութիւնը եւ մենք գացինք պառկելու Խաչատուր Կաթողիկոսի շիրմին առջեւ, թանձր թաղիքներու վրայ, տաքէ եւ մութէ վերմակներու ներքեւ։

Խաչատուր Կաթողիկոսի շիրիմը, որպէս նոր շինութիւնն, աչքի զարնող միակ շէնքն է կղզիին մէջ, որուն՝ դրամի համար հոգին տուող Կաթողիկոսը բան մը չէ խնայած։ Ան՝ տասներկու ոսկի տուած է նկարիչ Խուտօյեանի՝ յղանալու համար լաւագոյն մաքէթ մը եւ, նոյնքան վաշխառու նկարիչը ունեցեր է տարօրինակ յղացում մը։ Ան տասներկու Առաքեալները (Առաքեալը մէկ ոսկիի) մէջերնին ըլլալով Յուդան, չարած է Կաթողիկոսի դամբանին շուրջը, եւ, անոնց՝ իրենց գլուխնուն վրայ կրել տուած է գերեզմանին մարմարեայ կափարիչը, որ կը կրէ յիշատակութիւնը անունին «Մեծագործ Կաթողիկոսին», որ՝ կռնակին վրայ հանգիստ պառկած, տարիներէ ի վեր, իր շուրջը, ոտքի վրայ կեցուցած է տասներկու Առաքեալները, եւ որուն միակ գործը եղած է այդ արտակարգ յղացումովը մէջտեղ եկած շիրիմը։

Պառկիլը քնանալ չէ։ Պառկեցանք թէ ոչ, Սրբազանը՝ մեր առանձին ըլլալը ստուգելէն վերջ, սկսաւ անէծքներու եւ երեստուանքներու իր սաղմոսերգութիւնը—   անէծք՝ Խաչատուր Կաթողիկոսին ա՛լ, բողոքողին  ա՛լ, բողոքեալին ալ՛, իսկ երեստուանք՝ Յանձնաժողովի անդամներուն, մասնաւորապէս իմ հասցէին, որ մտիկ ըրած չէինք իր խորհուրդները։ Անէծքներու վերջին ասը բաժինը եղաւ յեղափոխութեան եւ յեղափոխականներու եւ գուցէ շատ երկար տեւէր, եթէ մեր ընկերներէն մէկը չընդմիջէր.

Սրբազան, այս Առաքեալները ականջ ունին, գիտէ՞ք։

Իրաւունք ունիք, մանաւանդ որ Իսկարովտացին ա՛լ անոնց մէջ կը գտնուի   հաստատեց Սրբազանը եւ, առաջին անգամ ըլլալով՝ բարձրաձայն խնդաց։

Լռե՞ց ան, հաւանաբար ո՛չ, ան՝ գոց շարունակեց գուցէ անէծքներու իր պատարագը, որուն վերջացած ըլլալը մենք այն ատեն միայն կրցինք իմանալ, երբ Սրբազանը սկսաւ իր խռկոցը, առանց որուն ան քուն չունէր։ Անոր խռկոցին րիթմը ինծի ա՛լ քուն բերաւ եւ ես գիւղացիի մը պէս քնացայ  եւ անոր պէս, արշայլոյսին հետ արթնցայ։

Սրբազանը դեռ կը խոկար եւ ես, անոր՝ ինչպէս նաեւ միւս ընկերներու քունը չխանգարելու համար, պառկած վիճակի մէջ, երեսս դէպ ի Սուրբ Խաչի տաճարը, ինքզինքս տուած էի, միտքիս մէջ, փոքրիկ հանդէս մը շինելու առջի օրուան անցքերուն, երբ, տակաւ բացուող լոյսը՝ հետզհետէ աչքիս մօտեցուց այդ հինաւուրց տաճարը, Գագիկ Արծրունին գանձէն եւ Մանուէլ ճարտարապետի ձեռքէն ելած գեղարուեստի այդ հազարամեայ հրաշակերտը։

Առաջին անգա՞մն էր որ ես կը տեսնէի այդ տաճարը։ Ո՛չ։ Բազմաթիւ անգամներ, որոնց վերջինը երկու տարի առաջ, ես այցելած էի կղզին եւ մտած անոր տաճարը։ Պահուն հանդարտութի՞ւնը, անոր խորհրդաւորութի՞ւնը, թէ ո՛չ անցնող  երկու տարիները, որոնց ընթացքին, ես՝ ուղեւորութեան մը առիթով դէպ ի Կովկաս, տեսած էի քրիստոնէական Մայր Տաճարը, Էջմիածին, Հնութեան Գանձարան Հռիփսիմէի վանքը, եւ հնութեանց հնութիւնը եղող Զուարթնոցը, իմ աչքին առջեւ կը բերէին այդ րոպէին, նոր տաճար մը։ Այո՛, Արարատեան աշխարհի հնութիւնները տեսնող աչքերուս էր, որ այդ խորհրդաւոր պահուն, կը ներկայանար, այս անգամ, Սուրբ Խաչի տաճարը, անոր հրաշալի եւ բարձրակառոյց կաթուղիկէն, անոր որմերը զարդարող Սուրբերու քանդակներուն նրբութիւնը, բայց մանաւանդ անոր շէնքին բոլոր քիւերը շրջապատող թուփերը եւ այդ թուփերէն կախուած խաղողի ողկոյզները։ Ու երբ, Վարագայ լերան կատարէն բարձրացող արեւու ճառագայթները եկան սողոսկելու այդ թուփերու եւ ողկոյզներու միջեւ, անոնք քար չէին այլ եւս, ո՛չ ալ ձեռակերտ։ Այդ կարմիր ճառագայթներով ողողուն, անոնք այն էին ինչ որ գուցէ չէին եղած Նոյի տնկած տունկին՝ ո՛չ թուփը, ո՛չ ալ պտուղը, այն աստիճան որ յուռթի էին անոնք եւ բնական։ Ես հիացեր էի Էջմիածնի տաճարին ճոխութեան, Հռիփսիմէ վանքին հնագիտական արժէքին, Զուարթնոցի պատերուն հնութիւնը ծածկող ժանգերուն վրայ, ինծի եկաւ, անոնց հետ բաղդատելու ելնել խորհուրդի եւ հանդարտութեան այդ պահուն, իմ աչքերու պարզուող հնութեան եւ արուեստի այդ տաճարը, Վասպուրական աշխարհի այդ գոհարը եւ, որպէս Վասպուրականցի, գուցէ ոչ առանց «մեր»ի գաղափարին, վճռել հայ բանաստեղծի բառերովը թէ՝ «ամենից փայլուն, ամենից սիրուն» տաճարն է Աղթամարինը։

Որքա՞ն պիտի տեւէր դեռ իմ այս յափշտակութիւնը գուցէ մինչեւ ընկերներէս մէկն ու մէկին արթննալը, եթէ անակնկալ մը չի գար զիս դուրս բերելու իմ մատնուած վիճակէն։ Այդ յափշտակութեան մէջ, ես յանկարծ նշմարեցի Վարժապետին՝ հապճեպ քայլերով տաճարին զանգակատունը մուտք գործելը։ Ան՝ վանքին դիտակը, որ՝ առջի օրը, մեզ խաբելու ծառայած էր, ձեռքին մէջ, ծովուն վրայ բան մը փնտռելու ելած էր։

Ի՞նչ կրնար ըլլալ անոր փնտռածը, ուրիշ ոչինչ եթէ ոչ նաւ։ Անոր դիտակին ուղղութիւնը կ՚երթար դէպ ի Դատուան, ինչ որ՝ անմիջապէս ինծի բերաւ մտածումը, թէ՝ Անդրանիկի ապաստանած նաւն էր, որ ան փնտռելու ելած էր ծովուն վրայ։ Ասիկա ենթադրութիւն մըն էր, որ պայթող ռումբի մը տպաւորութիւնը պիտի թողուր ընկերներուս, մանաւանդ Բագրեւանդեան Սրբազանի վրայ։ Ենթադրութիւնը թողի եւ, հարցումով մըն էր որ արթնցուցի ընկերներս,

Ի՞նչ կը կարծէք որ զննելու ելած է Վարժապետ զանգակատան մէջ։

Հարցումս ալ փոքրիկ ռուբի մը տպաւորութիւնը թողուց։ Ամէնքին ա՛լ աչքերը լարուեցան դէպ ի զանգակատունը։

Անդրանիկի ապաստանած նաւն է որ կը փնտռէ, պատասխանեցին անոնք ամէնքը, գրեթէ միաբերան։

Ամենայն ինչ կատարեալ է   կցեց Սրբազան իր ենթադրութեանը։

Յետոյ՝ ան դարձաւ դէպ ի Վարժապետ, որուն՝ Սրբազանին ներշնչած վստահութիւնը եւ անոր հարցումին տուած համոզիչ պատասխանն էին, որ մեզ ճամբայ հանած էին դէպ ի կղզին։

Ծօ՜, որուն միւսիւլման ըսի՛նք, խաչը ծոցէն ելաւ   կրկնեց ան թուրքերէն առածը   շէնք շնորք դաշնակցական մըն է մեր վարդապետցուն։

Յետոյ սկսաւ անէծքները,

Անէծքը՝ շապիկիդ պէս, թող վրադ ըլլայ, Վարժա՛պետ։

Այդքան մե՞ծ է վտանգը։

Կարելի չէ բոլորովին «այո» ըսել։ Բագրեւանդեան Սրբազան հիւանդ էր եւ իրերը կը զատեր հիւանդագին յոռետեսութեամբ մը։ Ստոյգ է թէ՝ Առաջնորդի եւ իր ժողովականներուն հանդիպումը Անդրանիկի հետ, տեղի պիտի տար ենթադրութիւններու, որոնց ծայրը պիտի հասնէր մինչեւ Ազգային Պատրիարքարանը, քանի որ անոր հեռագրական հրահանգովն էր որ Յանձնաժողովը Աղթամար մեկնած էր եւ պիտի ծառայէր ըսել տալու միաժամանակ թէ ամբողջ ազգը Սասունի ապստամբութեան ետեւը կը գտնուի, բայց, կարելի չէր ուրանալ որ իրականութիւնը բոլորովին տարբեր էր եւ Օրմանեան Պոլսոյ մէջ, ինքը եւ իր ժողովականները Վանի մէջ, բաւական վստահութիւն կը վայելէին կառավարութեան քով, ենթադրութիւններու դէմ դնելու համար իրականութիւնը։

Երբ մեր ընկերներէն մէկը, այս լաւատես ենթադրութիւններովը դէմ ելաւ Սրբազանի յոռետեսութեանը, այս վերջինը, հեգնանքի շեշտով մը՝

Իրականութի՜ւնը, Միաբաններու բողոքներուն քննութի՜ւնը։ Ո՜ր ապուշ Թուրքն է որ պիտի ուզէ հաւատալ թէ Անդրանիկը տեսնելու գացողը՝ չպիտի կրնար պատրուակ մը ստեղծել։

Մինչ մենք՝ այս ենթադրութիւններով զբաղած էինք, անդին, իրերը սկսան գահավիժիլ։

Վարժապետի նշաններուն վրայ, զանգակատունը բարձրացան իրարու ետեւէն, առջի իրիկուն մեր տեսած խմբապետները, յետոյ ինքը Իշխան։ Յայտնի էր որ բան մը ինքզինքը նշմարել տուած էր ծովին վրայ։

Մինչ այս, զինուոր մը Սրբազանին յանձնելու բերաւ նամակ մը, եւ, պահակի մը պէս սպասեց անոր պատասխանին։

Նամակը՝ Իշխանի կողմէն ստորագրուած, Սրբազանէն սկսեալ՝ Յանձնաժողովի անդամներուն, որպէս հակայեղափոխականներու մէկ մէկ տուգանք նշանակած էր, ըստ կարողութեան։ Տուգանքներուն գումարը կը հասնէր 800 ոսկիի, զոր մինչեւ կէս օրը պէտք էր որ յանձնէինք, եթէ չէինք ուզեր լեռը ելնել։

Ոսկիները եւ կամ լեռը ելնելու յօժարութեան պատասխանն էր որ կը սպասէր պահակը։

Առաջին խնդացողը եղաւ ինքը Սրբազանը։

Հաճի աղան՝ իմանալէ վերջ թէ ինքն ալ յիսուն ոսկի պիտի վճարէ, մեզ ձգեց եւ արագ քայլերով հեռացաւ։

Ո՞ւր, Հաճի աղա   պոռաց մեզմէ մէկը, ետեւէն։

Ի՜նչ գործ ունիմ ես ձեզ հետ։ Ես ո՛չ Յանձնաժողովի անդամ եմ, ո՛չ ալ ո եւ է կապ ունիմ ձեզ հետ   պատասխանեց ան՝ առանց գլուխը դարձնելու։

Ան՝ գնաց միանալու Գաբթանին եւ իր նաւաստիներուն, որոնք մէկ երկու միաբաններու հետ, պատշգամէ մը՝ աչքերնին յառած էին նոյնպէս դէպ ի Վարժապետի դիտակին ուղղութիւնը։

Հակառակ րոպէի եղերականութեան, մեզմէ ոմանք չի կրցին զսպել իրենց ծիծաղը, որմէ վերջ ակնարկներով զիրար փնտռելու ելանք։

Սրբազանն էր որ առաջին անգամ խզեց այդ ակնարկներու լռութիւնը։

Ես պատրաստ եմ լեռը ելնելու, ըսաւ ան, իր նախկին յեղափոխականի համարձակութեամբը։

Այս խօսքերը ան՝ պահակին կողմէն լսուելու համար էր որ ըսաւ։ Ան գլուխը դէպ ի մեզ դարձնելով, ըսաւ՝ պահակէն չլսուելիք ուրիշ խօսքեր, թուրքերէն առած մը,

Չզարնելը անկէ յայտնի է, որ քարին մեծին փաթթուած է։

Ութը հարի՜ւր ոսկի, չորս օրուան համար ճամբորդութեան ելած չորս անձերու վրայ։

Որպէս բանագնած, Իշխանի քով ղրկեցին զիս, երբ ան՝ զանգակատունէն իջնելով, վեհարանը գնաց։

Իշխան շփոթած վիճակ մը ունէր, անոր շփոթութիւնը, յայտնի էր որ՝ դէպ ի կղզին քալող նաւն էր որ կը բերէր իրեն։

Նաւէն սկսայ։

Կը կարծէ՞ք որ Անդրանիկ նաւուն մէջ ըլլայ։

Իշխանի պատասխանը քաջալերական չեղաւ։ Ան  պատասխանեց գլխի եւ ձեռքերու շարժումով մը, որ՝ թէ՛ այս է եւ թէ այն եւ որ՝ բացառիկ պարագաներուն, որպիսիներէն էր, այդ րոպէին, իմ գտնուածս, կրնայ մեկնուիլ՝

Կրնայիք չընել այդ հարցումը։

Ութը հարի՜ւր ոսկի, չորս օրուան համար ճամբայ ելած չորս անձերու վրայ   կրկնեցի Սրբազանի գտած թուրքերէն առանծին հետեւող խորհրդածութիւնը։

Իշխան, այս անգամ, գլխի կամ ձեռքի շարժումով չպատասխանեց, այլ, վաճառականի մը պէս, սակարկութեան մտաւ։

Սակարկութիւնը, սակայն, անհետեւանք մնաց եւ ես, ձեռնունայն, գացի գտնել ընկերներս, որոնք առաջնորդուած էին վանականի սենեակ մը, հոն ճաշելու համար։

Պահքի օր մըն էր եւ մեզի սպասարկեցին ոսպնաթան եւ լոբի։

Ես ձեզի չըսի՞ թէ պարկերը մեզի համար չէին։ «Հայր մեր»ի տեղ ըսաւ Սրբազան, առանց ձեռքը դպցնելու կերակուրներուն։

Ծոմաապահութիւն յանձնարարող բժիշկները միտքը եկած էին յանկարծ, այդ րոպէին։

Հազիւ թէ ճաշը աւարտած էինք որ՝ խուճապով սենեակը մտաւ Իշխան, քանի մը զինուորներու հետ եւ ամբողջովին զինուած։ Ան՝ քիչ մը խստօրէն, մեզմէ պահանջեց կատարած քննութեան թուղթերը, որոնք ոսկի չէին որ չյանձնէինք։ Այդ թուղթերու յանձնումը, սակայն առիթ եղաւ, որպէսզի, ոտքի վրայ, վերսկսինք մեր վիժման սակարկութիւնը։ Աճապարանքը՝ զոր ցոյց կուտար Իշխանը եւ որուն պատճառը, մենք չէինք կրնար իմանալ այդ րոպէին, մեզի թեր ելաւ այս անգամ, եւ սակարկութիւնը կայացաւ։

Ըստ այդ սակարկութեան, մենք պիտի ստորագրէինք մորհակ մը, որուն մէջ պիտի խոստանայինք, «երբ առիթը ներկայանար, իւրաքանչիւրս իր կարողութեան չափերով, նիւթապէս օգնել յեղափոխութեան գործին»։

Կը մնար գրել եւ ստորագրել մուրհակը։ Բայց նախ ճարել թուղթը, որ վանականի մը սենեակին մէջ չի վխտար եւ որ, ինչպէս ամէն աճապարանօք փնտռուած բան, ձեռքիդ տակէն կը փախչի միշտ։

Ափ յափոյ գտնուած թուղթի մը կտորին վրայ էր որ վերջ ի վերջոյ ես պարտաւորեցայ գրի առնել մուրհակը, որուն վրայ Սրբազան՝ ոչ նուազ աճապարանքով, իր լայնանիստ ստորագրութիւնը դրաւ թէ ոչ, նկատեցինք որ նոր ստորագրութիւններու տեղ չէր մնացած այլեւս թուղթին վրայ։ Րոպէ մը առաջ փորձանքը հեռացնելու մեր եռանդին մէջ, ուրիշ բանի վրայ չխորհեցանք այլեւս, եթէ ոչ մեր ստորագրութիւններ զետեղելու՝ Սրբազանին ստորագրութեան այս կամ այն տառերուն մէջտեղերը։ Երբ Իշխան աչքէ անցուց մուրհակը եւ առարկեց թէ չէր տեսներ Առաջնորդին ստորագրութիւնը, հարկ եղաւ բացատրել պատահածը, որուն համոզկերութի՞ւնն էր, թէ ոչ իր մատնուած աճապարանքը, թոյլ չտուաւ որ ան ընդառաջ երթայ՝ նոր մուրհակ մը գրելու մեր առաջարկին։ Ան առաւ մուրհակը, գրպանը դրաւ զայն եւ, դէպ ի Սրբազանը բնորոշող ժպիտով մը՝

Հիմայ, ազա՛տ էք փորձանքներուն թէ՛ անդրանիկէն եւ թէ՛ կրտսերէն   ըսաւ ան՝ եւ, առանց մոռնալու բարի ճանապարհի իր մաղթանքը, շքախումբին հետ դուրս ելաւ։

Սրբազանի առաջին արտայայտութիւնը գնաց դէպի Իշխանի այս խօսքերը, անկէ անցաւ Դանիէլ վարդապետին, ապա Վարժապետին, զոր վարդապետ ձեռնադրելու իր ցոյց տուած յօժարութեան վրայ քիչ մըն ալ խնդաց։

Յետոյ աւելցուց,

Գէշ չէր ըլլար, Դանիէլ վարդապետի հետ լաւ զոյգ մը կ՚ըլլային անոնք։

Գաբթան Մինասի մուտքը կտրեց Սրբազանի խորհրդածութեանց թելը։

Նաւը պատրաստ է, ըսաւ Գաբթան, երեսին ժպիտ մը, որ այդ րոպէին կը ծածկէր՝ անոր դէմքին երկու օրուան մէջ կրած աւերը։

Ան չէր ածիլուած, անոր ընչանցքները շատ կախ էին, նուազ ոլորուն, նուազ սեւ, արտեւանունքը, մանաւանդ, բնաւ չունէին, անոր աչքերուն մասնաւոր փայլ մը բերող սեւութիւնը, որ այնքա՜ն աչքի կը զարնէր, եւ որ, այդ րոպէին պարզ եղաւ մեզ համար, որ դեղդիրով էր մտած անոր աչքերուն մէջ։

Դեղդիրը՝ քարեգրիչի կակուղ քարէն շինուած արդուզարդի բարակ գործիքն է, տեսակ մը պաթօն նուառ, զոր, Վանի մէջ, ամէն կին՝ իր ասեղի ամանին մէջ կամ կից, կը կրէ, սեւ դեղ անցունելու համար արտեւանունքներուն միջեւ։

Սրբազանը կրկնել չի տուաւ նաւապետին հրաւէրը, աշխուժով մը, որ կարծես իրը չէր, ան ոտքի ելաւ եւ հետեւեցաւ Գաբթանին, մենք անոր ետեւէն։ Ան, այս անգամ, նաւը մտնելու համար, նուազ պէտք ունեցաւ օգնութիւններուն, զորս Գաբթան, իր կարգին, աւելի եռանդով ի սպաս դրաւ անոր։

Երբ մեր նաւը հասաւ կէտի մը, ուր, Աղթամարի կղզին՝ մեր աչքերէն չէր արգիլեր այլեւս Դատուանի ճանապարհը, մենք նշմարեցինք, ծովին ջինջ կապոյտին վրայ, երկու փոքրիկ ճերմակ կէտեր, ծովին կապոյտին չափ ջինջ՝ երկու ճերմակ կէտեր։ Անոնք՝ կարծես, ծովուն վրայ լողալու ելած երկու կարապներ եղած ըլլային։ Լուռ եւ մտամփոփ, մեր աչքերը յառած մնացին այդ ճերմակ կէտերուն, մինչեւ որ անոնք կորսուեցան հեռաւորութեան անդունդին մէջ։

Անդրանիկ տակաւին ազգային հերոսը չէր։ Ան Սասունի հերոսն էր։

Ի՞նչ ըրած էր ան Սասունի մէջ։

Բայց, կարելի՞ է միթէ սահման դնել քաջ եւ ուժեղ մարդու հանդէպ՝ ժողովուրդի սնուցած սքանչանքին։ Չէ՞ որ այդ սքանչանքը, ենթագիտակցութեան թելադրած այդ զգացումը, երբ, նոյնիսկ իրականութեան մէջ գոյութիւն չէ ունեցած այդ քաջը ու կտրիճը, երեւակայութեան աշխարհէն դուրս բերած է հերոսներ եւ զանոնք դրած պատմուածքներու եւ հէքեաթներու մէջ։ Կարելի՞  միթէ իրական հերոսի մը սխրագործութեան կանգ առնել տալ որոշ կէտի մը վրայ, չէ՞ որ այդ սխրագործութիւնը իրարու հաղորդողները՝ իրենց ենթագիտակցականէն, այլ խոսքով, իրենց հոգիէն, մէկ մէկ բան կը դնեն անոր վրայ։ Ժողովուրդը գիտէր որ Անդրանիկ՝ իր հօրը եղած մէկ անարգանքին վրէժը լուծելու համար, սպաննած էր անարգող Թուրքը, ան գիտէր որ իր ցեղին հասուցած չարիքին վրէժը լուծելու համար, Անդրանիկ սպաննած էր Խալիլ փաշան, ան գիտէր, վերջապէս, որ՝ տարիներէ ի վեր Անդրանիկ դէմ դրած էր Թուրքին, եւ, կապոյտ թռչունին պէս, խուսափած միշտ, անոր ձեռքերէն։ Ասիկա բաւական չէ՞ր միթէ թռիչք տալու անոր երեւակայութեանը։

Այդ հէքեաթային թռչունն էր ահա, որ իր ճերմակ թեւերով սուրացած էր դէպ ի Աղթամարի կղզին։ Եւ, եթէ գիտակցութիւնը, ուրիշ խօսքով, միտքը, եկած էր խառնուելու այդ երեւոյթը տեսնողներէն ոմանց, անո՛նց, որոնք պատասխանատուութեան բեռ մը ունէին իրենց ուսերուն վրայ, անգիտակցականին, հոգիի՛ն, ըսենք, եւ կոտրելու անոր խոյանքը, անոնց կողքին կը գտնուէին ուրիշներ, նաւաստիները եւ մէկ երկու ուրիշ ճամբորդներ, որոնց դէմքերուն վրայ եւ ժէսթերուն մէջ անկարելի էր չկարդալ բուն ժողովրդեան զգացումները։

Գաբթան Մինաս՝ այդ երկու կողմերուն մէջտեղ կը գտնուէր։ Անոր առաջարկին վրայ, կողմերը, մէջերնին ըլլալով միջնորդը՝ իրարու խոստացան գաղտնի պահել այն ամէնը, ինչ որ տեսած էին եւ լսած՝ այդ ճամբորդութեան ընթացքին։ Երբ խոստում տալու կարգը նաւուն պզտիկին եկաւ, նշմարեցինք որ ան թեթեւ ժպիտ մը կցեց իր խոստումին, ժպիտը ինծի կը յիշեցնէր այն՝ որ ունեցաւ ան՝ երկու անգամով, Գաբթան Մինասի րէվօլվէրին առիթով։

Վանի նաւահանգիստը մտնելնուս, անոր ցից մէկ ժայռին վրայ նշմարեցի ծանօթ մը, որ ժպիտը երեսին, ձեռքի շարժումներուն օգնութեամբը բաներ մը հասկցնել կ՚ուզէր ինծի, սակայն, հովը ինծի թոյլ չէր տար լսելու։ Կարծելով թէ՝ ծանօթս՝ հետաքրքիր լուր մը ունի ինծի տալու, նաւուն պզտիկը կանչեցի եւ անկէ խնդրեցի որ՝ իր ծովային ականջովը բռնէ հովին տարածները։

Էֆէնտի՛, անցած ըլլայ   կ՚ըսէ բարեկամդ։ Ես չկրցի զսպել զարմանքի արտայայտութիւն մը, որուն վրայ նաւուն պզտիկը՝ միշտ միեւնոյն ժպիտը երեսին,

Ի՞նչպէս կ՚ուզէք որ չիմացուէր այն բանը, որ իմացուելու համար էր միայն որ եղաւ։

Ես զարմանքս շրջեցի, այս անգամ, նաւու պզտիկին մեծ խօսքին վրայ։