Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎԱՆԻ ՄԷՋ

Օգոստոսի սկիզբները, առաւօտ մը, Առաջնորդարանի բարապանը գրասենեակս եկաւ զիս կանչելու։ Երբ առիթը հարցուցի այդքան կանուխ հրաւէրին, բարապանը՝ ուրիշ բան չկրցաւ յայտնել, եթէ ոչ այն, թէ Պ. Սպօրտօնի Սրբազանին քովը կը գտնուէր այդ րոպէին։

Պ. Սպօրտօնի Իտալացի մըն էր, ազնիւ, բայց քիչ մը շատ բարեմիտ անձնաւորութիւն մը, որ՝ Հայուհիի մը հետ ամուսնացած ըլլալուն համար (պարագայ մը, որ՝ միակը բաւական էր ապացուցանելու անոր հայասէր ըլլալը), սովոր էր հանդիպած Հայը, խնամիի տեղ առնելու, եւ որ՝ աւելի վերջ, քաղաքին իտալական հիւպատոսը դարձաւ։

Պ. Սպօրտօնի հետաքրքիր դէմք մըն էր, ան՝ երկար ատենէ ի վեր, Վան կ՚ապրէր եւ ունէր իմ հետաքրքրականութեան պատմութիւնները։

Պ. Սպօրտօնիի հիւպատոսութեան օրերուն, իրմէն զատ Վան կը գտնուէր միայն մէկ ուրիշ Իտալացի մը, որ իր խոհարարն էր։ Խոհարարը՝ սակայն, այնքան խոհարար էր որքան ինքը դիւանագէտ։ Պ. Սպօրտօնի՝ որ գէշ մարսողութիւն մը ունէր, իր այդ անհանգստութիւնը կը վերագրէր իր խոհարարին գէշ պատրաստուած կերակուրներուն, եւ, սովոր էր, յաճախ, երբ առիթը պատահէր, ասոր կամ անոր քով կրկնելու իր վերագրումը։

Փոխեցէ՛ք խոհարարներիդ   խորհուրդ տուած էր, օր մը, ռուսական հիւպատոսը՝ Պ. Սպօրտօնիի, երբ այս վերջինը, անոր սեղանին վրայ, կրկնած էր իր գանգատը։

Անկարելի է, ըսած էր Պ. Սպօրտօնի   կտրականապէս։

Ինչո՞ւ։

Խոհարարս   պատասխանած էր բարեմիտ հիւպատոսը   միակ Իտալացին է Վանի մէջ, որուն շահերը պաշտպանելու մէջ կը կայանար իմ պաշտօնին գոյութեան իրաւունքը։

Պ. Սպօրտօնի միամտօրէն էր որ տուած էր իր այս պատասխանը, որ, սակայն, սրամտութեան տեղ անցած էր եւ այնքան յեղյեղուած, ամէն կարգի շրջանակներու մէջ, որ ինքը, Պ. Սպօրտօնին ալ սկսած էր հաւատալ իր սրիմտութեանը, եւ, իրեն սովորութիւն ըրած էր անոր այդ նմոյշը կրկնելու, ամէն անգամ որ առիթը ներկայանար։

Պ. Սպօրտօնի սերտ յարաբերութեան մէջ կը գտնուէր Հայերու հետ, բայց զանոնք լաւ չճանչնալուն հետեւանքով, քիչ մըն ալ, անշուշտ, իր բարեմտութեան պատճառաւ, յաճախ կը շուարէր եւ, դաշնակցականի մը քով կ՚ըսէր ռամկավարի մը քով ըսուելիք բաներ եւ փոխադարձաբար։ Մէկէ աւելի եղան առիթները, ուր Պ. Սպօրտօնիի շուարումները, որոնց մէջ իր քիչ մը կարճատեսութիւնը առանց դերի չէր, թիւրիմացութիւններու տեղի տուին պաշտօնական շրջանակներու մէջ։

Այս պատմութեան օրերուն, սակայն, Պ. Սպօրտօնի՝ Վանի իտալական հիւպատոս չէր տակաւին, այլ քաղաքին անգլիական հիւպատոսարանի թարգմանը, առանց սակայն անգղիերէն գիտցած ըլլալու։

Անգլիական հիւպատոսներու համար, Պ. Սպօրտօնի, որ՝ հակառակ իր կարճատեսութեանը, քաջ որսորդ էր, աւելի որսի ընկեր էր քան թէ թարման։

Գիտէի որ լուրջ խնդիր մը միայն կրնար անգլիական հիւպատոսարանին թարգմանը, այդ վաղ րոպէին, Առաջնորդարանը բերել։ Անդրանիկ, գաղտնիք չէր այլեւս, Աղթամար կը գտնուէր, կառավարութեան կողմէն եւս, զայն ձերբակալելու համար, վաշտ մը զօրք եւ երկու թնդանօթ հոն ղրկուած ըլլալն ա՛լ շատերուն յայտնի իրողութիւն մըն էր։ Անակնկալ մը չեղաւ իինձ համար, ուրեմն, երբ Առաջնորդարանի դահլիճը մտնելու, Պ. Սպօրտօնի՝ որ, այդ րոպէին, սարսափահար երեւոյթ մը ունէր, հարցումի մը ձեւին տակ, ինծի ըսաւ,

Լսա՞ծ էք որ Անդրանիկ՝ երէկ գիշերը, իր խումբին հետ քաղաք մտած է։

Ու իմ ժխտական պատասխանին վրայ, աւելցուց ան,

Այո՛, կառավարութեան ղրկած զօրքն ու թնդանօթն ալ, այս առաւօտը, քաղաքը վերադարձած են։ Ասիկա բոլորովին ճիշդ է։

Իսկ մի՞ւս լուրին աղբիւրը։

Օ՜, ըսաւ Սպօրտօնի, բազուկներուն՝ վարանումի լայն շրջանակներ գծել տալով օդին մէջ, միւս լուրին աղբիւրը քիչ մը պղտոր է։ Արշակէն է լուրը։

Արշակի անունը ժպիտի փոքրիկ սպեղանի մը բերաւ թարգմանին սարսափ բուրող դէմքին վրայ։

Արշակ՝ Ծէթոտեանն է, որուն անունին քով, ո եւ է լուր, եթէ պատահար եւ հազուադիպօրէն ճշմարիտ ալ եղած ըլլար, կը հալէր, ինչպէս ձիւնը կրակի քով։

Արշակ յայտնի լուսանկարիչ մըն է որ՝ արհեստին բերումովը՝ ինչպէս նաեւ Փարիզ ապրած եւ Ֆրանսերէնի մէջ վարժ ըլլալուն համար, քաղաքին մէջ յարաբերութեան բաւական լայն շրջանակ մը շինած ունի իրեն համար։

Բայց Արշակ ունէր ուրիշ արհեստ մըն ալ, որ, այդ փոթորկոտ օրերուն, լուսանկարչութեան չափ, եթէ ոչ աւելի, բանուկ էր, սուտ շինելու արհեստը։

Այս արհեստը այն աստիճան բեղուն էր Արշակի քով, որ կարելի է ըսել նոյնիսկ, թէ՝ ան՝ արտաքին գործոց նախարարի մը չափ, սուտ կը խօսէր։ (Լոյտ Ճօրճ, որ 915ին, յայտարարեց թէ փոքր ազգերու ազատագրութիւնն էր Անգղիոյ մղած պատերազմին նպատակը եւ իր յայտարարութիւնը նոյնութեամբ յարգեց վերջէն, բաղդատութեան այս շրջանակէն դուրս կը մնայ անշուշտ)։

Ստախօ՞ս մը ուրեմն։ Ո՛չ։ Ստախօսը, շահու կամ ակնկալութեան համար, անձնական ըլլայ թէ՛ հանրային, սուտ խօսողն է։ Արշակի շինած սուտը կը կայանար, զգայացունց լուրեր դարբնելու, եւ կամ, լուն ուղտի վերածելու եւ զանոնք կլլել տալու մէջ։ Արշակ՝ ո՛չ շահու համար էր որ լուն ուղտի կը վերածէր եւ կամ զգայացունց լուրեր կը դարբնէր, ո՛չ ալ ո եւ է ակնկալութեան, ան պարզ սիրող մըն էր սուտ լուրեր հնարելու եւ կամ շշուկ մը ահազանգի փոխարկելու մոլութեանը։

Ինչո՞ւ համար։

Ինքն ալ չգիտէր եւ չպիտի կրնար պատասխանել այս հարցումին, ինչպէս որ քլէբթօման մը չպիտի կրնար պատասխանել հարցումին, թէ ինչո՞ւ կը գողնար, եւ կամ, ինչպէս որ մանեաք մը չպիտի կրնար բացատրել իր՝ այս կամ այն սովորութեան տարօրինակութիւնը։ Շատ շատ, ան պիտի կրնար ըսել թէ՝ լուր շինելը իրեն կուտար այն հաճոյքը, զոր գինին կուտայ ոմանց եւ կամ ծխախոտը՝ այլոց՝ մոլութիւններ՝ ու որոնցմէ, պէտք է խոստովանիլ, ի պատիւ Արշակին, թէ զերծ էր ան։

Բայց, գինիի եւ կամ ծխախոտի մոլի չըլլալէն պէտք չէ ենթադրել թէ սուրբ մըն էր Արշակ։ Ո՛չ, ան հանած վարած մըն էր, եւ կամ, կովկասեան որակումներով՝ կինտօ մը, ժուլիկ մը, որ, սակայն, այս ալ խոստովանինք, զուրկ չէր այդ դասակարգերուն առաքինութիւններէն։

Թիֆլիսի մէջ կիտօյի եւ Փարիզի մէջ նօսէօրի կեանք մը վարելէն վերջ, Վան վերադարձին, Արշակ՝ իր երկրորդ արհեստանոցին բացումը կատարած էր իր Մանթաշէֆեան պատմութիւններովը։ Մանթաշէֆի հետ, ան՝ Փարիզի մէջ, անգամ մը ճաշած է թէ ոչ, անոր պատմութիւնները կ՚ըլլային այնպէս որ Մանթաշէֆ՝ առանց Արշակի սեղան չէր նստեր։ Մնացեալը դիւրին է չափել։

Արշակ՝ այն աստիճան կատարելագործութեան տարած էր իր այս երկրորդ արհեստը   առաջինն ա՛լ, պէտք է ըսել որ անկատար չէր   որ Վանեցի մը՝ լուրի մը վրայ անոր մարքան տեսա՞ւ, ականջները կը խցէր, եւ, «Արշակի լուրն է» ըսելով՝ կ՚անցնէր։

Բագրեւանդեան Սրբազան, որուն անծանօթ չէր Արշակ, իր՝ առաջին թէ երկրորդ արհեստներով, ամուր բռնեց Պ. Սպօրտօնիի դատումը անոր մասին եւ, զայն առիթ համարելով՝ մերժեց անոր առաջարկը՝ Այգեստանը երթալու, եւ Բժիշկը (Դաշնակցութեան՝ այդ օրերու Վանի ներկայացուցիչ Վահան Փափազեանի  երկրորդ փոխանունը) տեսնելով՝ անոր հետ աղէտին առաջքն առնելու միջոցները խորհելու մասին։

Առիթը պարզ պատրուակ մըն էր։ Սրբազանը այն աստիճան տկար էր, որ, եթէ ուզէր ալ, չպիտի կրնար ինքզինքը այդ գործին լծել։ Ան՝ թէեւ անկողնոյ մէջ չէր, բայց, նստարանը, որուն վրայ, ան՝ բարձերով շրջապատուած՝ երկնցած էր, ճշմարիտ անկողնի մը երեւոյթը կը պարզէր։ Պ. Սպօրտօնի չպնդեց իր առաջարկին վրայ եւ մենք միասին մեկնեցանք Առաջնորդարանէն՝ ինքզինքնիս խաբած ըլլալու տեսակ մը տպաւորութեան ներքեւ։

Ես քայլերս ուղղեցի դէպ ի վաճառատունը բարեկամի մը, որ դաշնակցական համակիր կը համարուէր եւ, առհասարակ, իրազեկ կ՚ըլլար օրուան անցքերուն, անոր կարծիքն այն եղաւ, թէ Անդրանիկ՝ Աղթամարէն անցած էր Կտուց Անապատը եւ հոն կը մնար։

Երեկոյեան ճաշէն վերջ, իմ քովս եկաւ ուրիշ բարեկամ մը, որ՝ առանց դաշնակցական կամ համակիր լսած ըլլալով Արշակի լուրը, տարօրինակ դատում մը ըլլալու, աւելի իրազեկ մէկը կը համարուէր, եւ որ՝ ունեցաւ լուրն եւ անոր աղբիւրին մասին։

Դաշնակցութիւն   ըսաւ ան   իրողութիւն մը առջեւ կը գտնուի, Անդրանիկի Վան մտած ըլլալու իրողութեանը առջեւ, իրողութիւն մը որ չի կրնար գաղտնի մնալ։ Բայց, որպէս զի այդ իրողութիւնը հաւատացող չունենայ եւ ագուն մնայ, լուրը ինքն է, Դաշնակցութիւն, որ Արշակի բերնովը տարաձայնած է,

Անդրանիկ Վանի մէ՞ջն է ուրեմն։

Հարիւրին հարիւր   վճռեց բարեկամս եւ, նախընթացի մը պատմութեամբ, հաստատելու ջանաց թէ առաջին անգամ չէր որ Դաշնակցութիւն՝ օգտագործելով Արշակի անունն ու համբաւը՝ ի գործ կը դնէր նման խաղ մը։

Հազիւ թէ բարեկամս աւարտած էր իր այս քիչ մը տարօրինակ եզրակացութիւնը, որ մայրս սենեակը մտնելով, ըսաւ թէ այգիին դուռը կը ծեծեն։

Այգիի դուռը՝ այդ տարաժամ պահուն եւ այդ օրերուն, ծեծողը   կիներն ալ գիտէին   յեղափոխականը միայն կրնար ըլլալ։

Բարձրացայ անմիջապէս այգիին դրան վրայ նայող պատուհանը եւ տեսայ, արդարեւ որ յայտնի եւ փախստական յեղափոխական մըն է, Տեզտրիկեան Թէոս, որ կը գտնուի դրան առջեւ։

Տեղտրիկեան Թէոս քիչ մը ազգականութիւն ունէր մեզ հետ եւ առաջին անգամ չէր որ, գիշերայն, մեր այգիին դուռը կը ծեծէր։

Ի՞նչ լուր, Թէո՛ս։

Բժիշկի կողմէն ձեզի կարեւոր խօսելիք մը ունիմ։

Մինա՞կ էք։

Այո՛, բոլորովին մինակ։

Ես վար իջայ դուռը բանալու, երբ ետեւէս, մայրս՝ սանդուղներէն խուճապահար վայրէջքով մը, թեւս բռնեց.

Մի՛ բանար դուռը։

Ինչո՞ւ։

Պատին ետեւէն 4-5 ֆէտայիներ  դուրս եկան եւ դրան առջեւ կը գտնուին, ամէնքն ալ զինուած։

Պատուհանը ելայ նորէն եւ տեսայ, արդարեւ, ոչ թէ 4-5, այլ տասնի չափ զինուորներ, որոնց փափախներուն բարձրութիւնը եւ հրացաններուն փայլը, հակառակ մութին, ինքզինքնին տեսանելի կ՚ընէին։

Հապա՞ դուք ինծի ըսիք թէ մինակ էք, Թէո՛ս։

Վնաս չկայ։ Այս ընկերներս՝ գիշերս, թող ձեզի մնան, վաղը գիշերը ես նորէն կուգամ ուրիշ տեղ կը փոխադրեմ զանոնք։

Ինչո՞ւ ինծի ըսիք, ուրեմն, թէ մինակ էք։

Թէոս նորէն կրկնեց իր «վնաս չկայ»ն։

Բայց, դուք Այգեստանի մէջ ուրիշ տուն չգտա՞ք եւ ձեր ընկերները բերած էք դնելու տան մը մէջ, որ պահականոցին ճիշդ դէմը կը գտնուի։

Ձեր տունը կասկածէ զերծ է։

Կասկածէ զերծ՝ հազարաւոր տուներ կան քաղաքին մէջ, պահականոցէ հեռու   ըսի ես եւ մերժումս յայտնեցի։

Աղէկ չէք ըներ   լեզուն փոխեց Թէոս։

Աղէկ, գէշ։ Ես չեմ կրնար իմ տունը՝ ձեր զինւորներուն կեանքին հետ, կրակի մատնել   ըսի եւ պատուհանէն հեռացայ։

Բարեկամիս քով վերադարձիս, երբ անոր պատմեցի անցած դարձածը, ան գովեց իմ զգուշաւորութիւնը եւ սկսաւ ենթադրութիւններու։

Պահականոցի շէնքին գիրքը՝ դիրքը՝ ձեր տանը առջեւը, այն է ինչ որ մուկինը՝ կատուի առջեւ ըսաւ բարեկամս, որ շատ կը սիրէր օրինակներով խօսիլ։ Պահականոցը կրակի տակ առնելու համար է որ անոնք ձեր տունը  մտնել կ՚ուզէին։

Անգամ մը անկողնոյս մէջ, գլուխս բեմ դարձաւ՝ մէկը միւսին ետեւէն հոն խուժող հարցումներու, որոնք կը հետեւէին բարեկամիս ենթադրութեան հեռանկարներուն եւ զորս կ՚արծարծէին՝ մէկը միւսին յաջորդող ձիաւոր եւ հետիոտն պահակախումբերուն անցքը մեր դրան առջեւէն։ Այդ հարցումներուն մղձաւանջովն էր որ անցուցի ես ամբողջ գիշերը։ Առտուն կողմը, հազիւ թէ աչքերս տաքցեր էին քիչ մը, որ մեր փողոցին ծայրէն լսելի եղան յանկարծ հրացանի երկու պայթիւններ, ետեւէն խիստ հրացանազարկ մը։ Յետոյ, տիրեց փոքրիկ լռութիւն մը, որուն յաջորդեց անօրինակ վլվլուկ մը՝ մեր դիմացի պահականոցին մէջ՝ վըլվըլուկ՝ զոր զինուորները փոխադրեցին փողոցին ծայրը։

Հոնկէ, անոնք քիչ վերջ վերադարձան, հետերնին բերելով, շարժական սանդուղի մը վրայ, դիակը թուրք զինուորի մը, որ սպաննուած էր շրջուն պահակախումբի մը եւ ֆէտայիներու միջեւ պատահած ընդհարումի մը ընթացքին։

Շատ չանցած, պահականոցը դարձաւ տեսակ մը ուխտատեղի։ Հոն եկան, իրարու ետեւէն, պաշտօնակալներ, բժիշկներ, սպաներ, յետոյ, ինչ որ բնորոշ էր, խումբերով զինուորներ։

Ժամը 10ի ատենները, հրացանի ձայն մը, որ կը թուէր ըլլալ նշան մը, ինքզինքը լսելի ըրաւ հեռուէն. անոր, րոպէ մը վերջ, յաջորդեց, չորս կողմէն, բուռն հրացանաձգութիւն մը։ Ծայր, տուաւ, անմիջապէս, փողոցներուն մէջ, աննկարագրելի խուճապ մը, որուն հետեւեցաւ մարդկային մակընթացութեան հոսանք մը դէպ ի հիւպատոսական եւ ամերիկեան շրջանակները։Այրերը, առհասարակ, քաղաքը մեկնած՝ մայրերն են որ անոնց բացակայութեան պատճառաւ խելայեղ՝ դէպի դպրոցները կը վազեն, իրենց տղաները առնելու եւ դէպ ի ապահով համարուած վայրերը խուժելու համար։ Մեր տունէն, որ դպրոցներով շրջապատուած է, այս ժխորը տեսանելի էր իր ամենէն սրտակեղէք մանրամասնութեան մէջը։

Ու լուրեր՝ մէկը միւսին հակասող, բայց մէկը միւսէն ահաբեկ, սկսան իրարու յաջորդել։ «Անդրանիկ ապստամբութեան դրօշը պարզած է»։ «Թուրք զօրքեր ապստամբած են եւ սկսած են Հայերը կոտորել»։

Այս վերջին լուրին ամենէն սարսափելի արձագանգը եղաւ մեր փողոցին մէջ, ուր զօրքերը մտած էին յայտնի անձնաւորութեան մը, Կանտօյեան Աւետիսի տունը եւ սպաննած էին զայն։

Դէպ ի կէս օրը, առերեւոյթ հանդարտութիւն մը սկսաւ տիրել։ Քիչ ետք, հեռուէն, եւ ոչ առանց ամոքումի զգացումի, նշմարեցինք օրուան կուսակալ՝ որ՝ երկու ձիաւոր ոստիկաններու ընկերակցութեամբ՝ կառքով կուգար։ Ան՝ հանդարտ ժպիտ մը երեսին, աջը ու ձախը, դուռներուն եւ պատուհաններուն մէջէն՝ նայուածքներով իր վրայ յարձակող կիներուն՝ ձեռքի հանդարտ եւ խաղաղ եւ հանդարտութեան հրաւիրող շարժումներով՝

Հանդարտեղէ՛ք, հանդարտեցէ՛ք, տիկիննե՛ր, քոյրե՛ր, ո՛չ մի վտանգ, ո՛չ ձեզի եւ ո՛չ ձեր ամուսիններուն։

Եւ, «ո՞ւր են անոնք, ինչո՞ւ չեն գար»՝ իր վրայ տեղացող հարցումներուն, միեւնոյն խաղաղ ժպիտովը՝

Քիչ վերջ անոնք կուգան, ամէնքն ալ կուգան, հանդարտեցէ՛ք, հանդարտեցէ՛ք, բոլորն ալ ապահով են անոնք։

Իր ամառնային ճերմակ հագուստներուն մէջ, իր ազնուական դէմքովը եւ սպիտակ մօրուքովը, կուսակալը, այդ րոպէին, սուրբի մը տպաւորութիւնը կը թողուր։ Ան կանգ առաւ պահականոցին առջեւ, տեղեկութիւններ ուզեց պահակախումբին հրամանատարէն, հրամաններ տուաւ անոր, յետոյ մեր տունը բարձրացաւ։

Ըմբռնելու համար տպաւորութիւնը, զոր գործեցին կուսակալին երեւումին հետ՝ անոր հանդարտութիւնը եւ հանդարտեցնող ժէսթը, հարկ է ճանչնալ այս հազուագիւտ դէմքը։

Կուսակալ Թահիր փաշան՝ Պօտկօրիցայի ազնուական ընտանիքէ մը սերած Ալպանացի մըն էր։ Ան  բնութենէն խլած ունէր անոր լաւագոյն շնորհները, բարձր եւ վայելուչ հասակի մը հետ՝ չափազանց համակրելի դէմք մը։ Բայց, անոր ֆիզիքական շնորհները ոչինչ էին, անոր բարոյական մտաւոր եւ հոգեկան առաւելութիւններուն քով, առաւելութիւններ՝ որոնցմով ան՝ վեց տաիներէ ի վեր, ճշմարիտ հօր մը պէս՝ կը կառավարէր Վանի ժողովուրդը։ Իննսունեւվեցի ջարդէն վերջ, Վասպուրականցին՝ այս ազնիւ եւ խելացի անձնաւորութեան շնորհիւ էր որ կրցած էր ինքզինքը գտնել։

Բայց, խելքն ու ազնուութիւնը կը բաւէի՞ն միթէ դէմ երթալու համար, մէկ կողմէն Համիտի քաղաքականութեանը, միւս կողմէն տեղացի իսլամներու մոլեռանդութեանը, որոնց շոգիովն էր, որ կը շարժէին առհասարակ այդ օրերու թուրք պաշտօնեաները։ Ո՛չ։ Հարկաւոր էին նաեւ ուրիշ շնորհներ, հաստատամտութիւն եւ անվեհերութիւն, որոնցմէ՝ Թահիր փաշան, զաւակ՝ լերան զաւակ կտրիճ ցեղապետի մը, զուրկ չէր եւ որոնց՝ մէկէ աւելի առիթներով ցոյց տուած էր ապացոյցները։

Իր Վան ժամանումէն վերջ, Թահիր փաշայի առաջին գործը եղած էր ընդհանուր ներում բերել տալ քաղաքական բանտարկեալներուն։ Երբ ներման հեռագիրը կը հասնի, ան՝ պալատին դրան առջեւ բերել կուտայ բանտարկեալները եւ անոնց յայտնելէ վերջ թէ Սուլթան ներած է իրենց յանցանքներուն, կ՚աւելցնէ թէ «արդէն բան մը ըրած չունէիք դուք»։

Այս՝ քիչ մը ջուր վերցնող նախադասութեան համար, յաջորդ օրը, իրեն նկատողութիւն ընելու կ՚երթան թուրք էշրաֆին կողմէն՝ անոր ամենէն ազդեցիկ ներկայացուցիչներէն երկուքը, Հայտար եւ Մէհմէտ պէյերը, առաջինը՝ անցագրային, երկրորդը՝ տուրքերու պաշտօնատուներուն պետերը։

Գացէ՛ք ձեր պաշտօնատուները    անոնց կ՚ըսէ Թահիր փաշան   եւ հոն սպասեցէ՛ք իմ պատասխանանին։

Հայտար եւ Մէհմէտ պէյերը՝ քիչ մը զարմացած իրենց ստացած այս անակնկալ եւ կտրուկ պատասխանին վրայ, իրենց պաշտօնատուները կ՚երթան, ուր, քիչ վերջ, անոնք՝ կուսակալէն կը ստանան մէկ մէկ պաշտօնագիր, որ վերջ կը դնէր անոնց պաշտօններուն։

Այսպէս եղած էր անոր մուտքը՝ իր պաշտօնին  մէջ։

Երբ, աւելի վերջ, Վարդգէսը, վիրաւորուած վիճակի մէջ, ձերբակալուեցաւ, Թահիր փաշան՝ մինչեւ անոր վէրքին սուր հանգամանքին անցնումը, իր տանը մէջ պահեց վիրաւորը եւ մասնաւոր խնամք տանիլ տուաւ անոր վէրքին։ Ոստիկանական գոմիսէր մը համարձակած ըլլալով քննադատել կուսակալին այս  վերաբերմունքը, Թահիր փաշան կը լսէ թէ ոչ, քննադատը կը կանչէ եւ «Դուք չէք կրնար ծառայել շէֆի մը, զոր չէք հասկնար, գացէ՛ք ուրիշ շէֆ մը գտէ՛ք», կ՚ըսէ անոր եւ կը ճամբէ պաշտօնեան։

Թահիր փաշան դէ՞մ կ՚երթար պետական շահերուն. կը դաւաճանէ՞ր իր ծառայած  կառավարութեանը։ Ո՛չ։ Ան՝ իր որոշ եւ հաստատուն գաղափարները ունէր ի մասին հայ յեղափոխութեանը, որուն վրայ ան կը նայէր՝ որպէս օտար պետութեանց, մասնաւորապէս Ռուսիոյ շահերուն միա՛յն ծառայող գործօնի մը։

Քանի որ այս երկրին պակասութիւնները եւ անոնցմէ բխած տրտունջները գոյութիւն ունին, ձուկերը անպակաս պիտի ըլլան Ռուսիոյ ուռկանին մէջ   ըսած էր ան, անգամ մը, Առաջնորդական փոխանորդ Ճանիկեան քահանային   մէկը երկուքը բռնելով չեն հատնիր անոնք։

Թահիր փաշան այս խօսքն ըսած էր հայ Առաջնորդին, առիթովը կայսերական պալատէն ստացած մէկ խիստ հեռագրին՝ որով՝ Եըլտզի բռնաւորը՝ յայտնելէ վերջ թէ՝ Չորրորդ զօրաբանակի հրամանատարութեան միջոցաւ իրեն հասած տեղեկութեան նայելով՝ Արամ եւ Իշխան Վան կը գտնուէին, հրամայած էր անմիջապէս ձերբակալել զանոնք։ Այս լուրը, կուսակալը՝ Ճանիկեան քահանային տալէն վերջ, անոր կը հարցնէ թէ՝ անոնք, Արամ եւ Իշխան իրօք Վա՞ն կը գտնուէին։

Արամ եւ Իշխան՝ ստուգիւ, Վան կը գտնուէին այդ օրերուն, ի՞նչ պատասխան կրնար տալ Առաջնորդական փոխանորդը։ Ան՝ վարպետ Ֆօրմիւլի մը մէջ կը դնէ իր պատասխանը։

Ո՞վ գիտէ   կ՚ըսէ ան   անոնց մէկ ոտքը հոս է, միւսը Պարսկաստան, որ 15 ժամու ճամբայ է։

Այս ֆօրմիւլը որս մը կը թուի Թահիր փաշային, որուն վրայ ան կ՚իյնայ որսկանի մը պէս։ Ան՝ դիւատունէն ետ բերել կուտայ հեռագրին պատրաստուած պատասխանը, կը պատռէ զայն եւ նոր պատասխան մը կը գրէ։

«Արամ եւ Իշխան Պարսկաստան անցած են» կը հեռագրէ ան, Կայս. Պալատը։ Յետոյ, դէպ ի Ճանիկեան քահանան դառնալով՝

Եթէ, վաղը, դէպք մը պատահի ասոնցմէ մէկին եւ կամ միւսին անունին շուրջը   կ՚ըսէ անոր կուսակալը   իմ պատասխանը պատրաստ է այլեւս   «Պարսկաստանէն՝ որ 15 ժամու ճամբայ է, վերադարձան անոնց» կ՚ըսեմ, մէջէն կ՚ելնեմ։

Հայ յեղափոխականները ո՛չ միակն էին Համիտի մղձաւանջներուն, ո՛չ ալ անոնց առաջինները։ Մեծ պետութիւններէն մէկին կամ միւսին՝ յեղափոխականներու ցոյցերը օգտագործելու քաղաքականութիւնը՝ որպէս աւելի իրական սպառնալիք, աւելի կը ճնշէր անոր վրայ։ Թահիր փաշան, ունէր նաեւ իր տիրոջը այս վերջին մղձաւանջէն բխող հրահանգներ եւ անոր չէին պակսեր բնաւ այդ հրահանգները օգտագործելու եւ զանոնք դրութեան եւ կամ դէպքերու պատշաճեցնելու՝ ո՛չ հնարամտութիւն, ո՛չ ալ քաջութիւն։ Գաղտնիքը, որով ան կրցաւ, այդքան երկար  ատեն, վարել այդ խիստ պատասխանատու պաշտօնը, յեղափոխութեան այդ որրանին մէջ։

Համիտի հրահանգներուն հետ խաղի ելնող այս պաշտօնեան՝ իր ստորադասներէն չէր որ պիտի քաշուէր, անոնց հետ ան կը վարուէր որպէս խամաճիկներու։

Անգամ մը՝ ոստիկանութիւնը՝ դէպ ի Աղթամար մեկնող նաւ մը խուզարկելով, անոր մէջ գտած էր հրացան մը եւ յեղափոխականներու յատուկ համազգեստներ ու, որպէս ֆէտայի՝ ձերբակալած էր՝ այդ իրերու փոխադրութեան պաշտօնը ունեցող անձը, Աղթամարի  դպրոցին տեսուչ Հայկակ Կօսոյեան (915ին, Քաղաքամէջի կռիւներուն ղեկավարը, այժմ ի Դաւրիզ) որ իմ քեռայրին եղբայրն էր։ Այս վերջինին դիմումին վրայ՝ ես կուսակալին գացի եւ, ձերբակալուածին ֆէտայի չըլլալը յայտնելով, անոր ազատ արձակումը խնդրեցի։ Հայկակ այնքան ֆէտայի չէր, որքան Արամ կամ Իշխան եւ ոստիկանական անօրէն  Հիւսնի էֆէնտի, դաժան մուհաճիր մը, այս կէտին վրայ էր որ պնդեց, ծանրանալով բռնուած հրացանին փաստին վրայ։

Է՜հ, հրացանը գործածե՞ց   հարցուց կուսակալը, մատնելով ձանձրոյթ մը։

Ո՛չ։

Ի՞նչ ըրաւ։

Յանձնեց։

Ի՜նչ կ՚ուզէք այլեւս։ Եթէ ֆէտայի եղած ըլլար, ան՝ բնականաբար, պիտի գործածէր  հրացանը եւ ոչ թէ յանձնէր զայն   կատակի տուաւ կուսակալը եւ հրամայեց ազատ արձակել բանտարկեալը։

Կէս կատակ մըն ալ ոստիկանութեան անօրէնն ընելու ելաւ։ Ան՝ ժպիտով մը, որ՝ ամիսը  անգամ մը հազիւ կուգար անոր դաժան երեսին վրայ, աչքե՜րը դէպ ի սրահին դուռը, մենախօսեց՝

Ասանկ երթալու ըլլայ, Վանի մէջ Հայ չպիտի մնայ որ զինուած չըլլայ։

Տնօրէնին այս մենախօսութիւնը Թահիր փաշային դիւր չեկաւ։

Ո՞րքան Հայ կայ Վանի մէջ   հարցուց ան՝ քիչ մը խստութեամբ։

Ի՜նչ գիտնամ   պատասխանեց Հիւսնի էֆէնտի, աչքերը ուղղելով, այս անգամ դէպ ի առաստաղը, որպէս թէ հոն դրուած ըլլար Հայերու թիւը։ Գուցէ 30, 000, գուցէ քիչ մը աւելի։

Իսկ ամբողջ Թուրքիո՞յ մէջ։

Չորս միլիոն, պատասխանեց տնօրէնը, այս անգամ առանց վարանումի եւ աչքերը՝ միշտ դէպ ի առաստաղը, ուր դրուած չէր կրնար ըլլալ այս սխալ թիւը։

Թահիր փաշան, որ գիտէր թէ չորս միլիոն Հայ չկար Թուրքիոյ մէջ, չառարկեց, որովհետեւ այդ թիւը շեշտելու պիտի ծառայէր իր փնտռած եզրակացութիւնը։

Ասոնք խելացի ժողովուրդ են։ Հիւսնի էֆէնտի՛   պատասխանեց ան՝ ժպիտով մը, որ՝ այդ րոպէին, իր ստորադասին աշխարհագրական ծանօթութենէն էր որ կը ճառագայթէր անոր դէմքին վրայ   անոնք գիտեն որ, իրենցմէ զատ իրենց մնացեալ ազգակիցները առանց զէնքի են։

Ուրիշ անգամ մը, Բագրեւանդեան Սրբազանին կը հանդիպի աւելի յատկանշական բան մը։ Անոր՝ կուսակալի քով գտնուած մէկ պահուն, այս վերջինը կը կարդայ անոր՝ ծածկագիր հեռագիր մը, զոր ինքը, այդ րոպէին ստացած կ՚ըլլայ Արճակ գաւառի միւտիր Քեամիլ էֆ, անուն մէկ պաշտօնեայէն, որ շատ կը սիրէր զբաղիլ յեղափոխականներով։ Հեռագրին մէջ, բազմեռանդ միւտիրը, գարնան մօտաւորութեան բերումով ճամբաներու բացուելուն հեռանկարին առջեւ՝ յեղափոխականներու զէնքի փոխադրութեան գործունէութեան դէմ դնելու համար, անբաւական կը նկատէ իրեն տրամադրուած ժանտարմաներու քանակը եւ անոր յաւելումը կը խնդրէ կուսակալէն։

Ի՜նչ կ՚ըսէք այս բանին   մուրախաս էֆէնտի կը հարցնէ կուսակալը Բագրեւանդեան Սրբազանին։

Ըսելիք չունիմ   կը պատասխանէ Սրբազանը   միայն թէ չեմ հասկնար թէ ինչո՞ւ ծածկագիր հեռագրով ըսել բան մը, զոր մինչեւ գարնան բացուիլը, որուն դեռ 30-40 օր կայ, 40 անգամ կարելի է պարզ գրութեամբ մը յայտնել։

Ի՞նչ կրնայ ըլլայ գաղտնիքը   կը հարցնէ կուսակալը, յայտնելէ վերջ թէ շաբաթը մէկ երկու հատ կը ստանայ նման հեռագրեր։

Հաւանաբար այն   կը պատասխանէ պատրաստամիտ Սրբազանը, որ ձեզ հետ ծածկագրով յաճախակի հաղորդագրութիւնը, որ ծածուկ չմնար, բարձրացնելու կը ծառայէ՝ թէ՛ Հայերու եւ թէ՛, մասնաւորապէս, աշիրէթապետներու քով իր բրէսթիժը զոր օգտագործելու կերպին ա՛լ, կը թուի թէ անծանօթ չէ միւտիր էֆէնտին։

Ի՜նչ կրնամ ընել, ազատելու համար այս գլխացաւէն   Սրբազանի խելացի պատասխանին վրայ, անոր խորհուրդին կը դիմէ կուսակալը։

Առէ՛ք ձեռքէն ծածկագրի բանալին եւ պիտի տեսնէք որ ո՛չ յեղափոխական կը  մնայ, ո՛չ ալ  զէնքի փոխադրութիւն   կտրուկ խորհուրդը կուտայ Սրբազանը։

Շաբաթներ վերջ, օր մը, նորէն կուսակալի քովը կ՚ըլլայ  Բագեւանդեան Սրբազանը։ Քիչ վերջ կուգայ Արճակի գործունեայ միւտիր Քեամիլ  էֆէնտին եւ կ՚երթայ նստիլ Սրբազանին քովը։ Այդ երկու անձնաւորութեանց քով քովի ներկայութիւնը իր քովը, կուսակալին կը բերէ ծածկագիր հեռագրին յիշողութիւնը։

Կը յիշէ՞ք, մուրախաս էֆէնտի, օր մը, դուք ինծի գլխի ցաւի դէմ դեղ մը տուիք   կը հարցնէ անոր։

Քեամիլ էֆէնտիի ներկայութիւնը նուազ յուշարար չըլլար Սրբազանին, որ անմիջապէս կը պատասխանէ.

Այո՛, կը յիշեմ։

Գործածեցի ես այդ գեղը. ան շատ օգտակար եղաւ ինծի, հիմայ չունիմ այլեւս այդ գլխի ցաւը։

Երբ Սրբազանը դուրս կ՚ելնէ կուսակալին քովէն, Քեամիլ էֆէնտին անոր կը հետեւի, հարցնելու համար՝

Կարելի՞ է իմանալ թէ ի՜նչ էր, գլխի ցաւի դէմ, ձեր կուսակալին տուած դեղը։

Իրաւ որ դեղ մըն էր, որուն անունը չեմ յիշեր այս րոպէին։

Ունի՞ք դեռ այդ դեղէն։

Ինչո՞ւ համար։

Ես ալ գլխի ցաւ մը ունիմ, որ զիս շատ կը նեղէ։

Շատ լա՛ւ ձեզի ալ կուտամ   կը պատասխանէ Սրբազանը եւ, իր դարակ-դեղարանէն՝ անոր կը ղրկէ տուփ մը ասբիրին։

Այս պատմութեանը, զոր՝ յաջորդ օրը, ինծի ըրաւ Սրբազանը, լաւ մը խնդալէ վերջ, ան կցեց՝

Եկուր տես որ ես ինքս գլխի ցաւ մը ունէի երէկ. եւ, գիտէ՞ք թէ ինչով անցուցի ցաւը.

Ասբիրինը յիշելով եւ անկէ առնելով անշուշտ։

Ո՜չ, ըսաւ, զուարթ ժպիտով մը Սրբազանը, այս անցքին ինծի պատճառած ծիծաղովը։

Հիմայ, որ քիչ թէ շատ ճանչցանք անձնաւորութիւնը, որուն ձեռքին մէջ կը գտնուէր, այդ օրը, Վանի ժողովուրդին բաղդը   հետեւինք անոր քայլերուն։

Կուսակալը նստեցաւ թէ ոչ, մեզի տուաւ լուր մը, զոր ամենէն լաւատեսն անգամ, այդ րոպէին, չպիտի կրնար երեւակայել։

Կը կարծեմ թէ՝ ձեր Անդրանիկ հանդարտ պիտի կենայ, եւ, եթէ միջոց գտնէ...

Եւ լեցուն վայրկեան մը տալով իր սիկարէթը վառելու գործին, որ ատեն մենք կախուած մնացինք անոր շրթունքներէն, ան շարունակեց՝ չմոռնալով կրկնել նախորդ նախադասութիւնը։

Այո՛, եթէ միջոց գտնէ պիտի անցնի Պարսկաստան։

Յետոյ, ծուխի քանի մը ումպեր կլլելէն վերջ, ան շարունակեց.

Պարոն Ռոպէն է որ ինծի տուաւ այս կարծիքը։

Պարոնը Ռոպէնի անունը՝ լուրը ոսկեզօծելու ծառայեց։

Պ. Ռոպէն՝ ֆրանսական հիւպատոսն էր, քաղաքին մէջ միակ ներկան՝ իր միւս պաշտօնակիցներէն, որոնք՝ մէկ մէկ պատճառաւ, բացակայ կը գտնուէին այդ օրերուն։

Պ. Ռոպէն՝ ֆրանսական առաջին հիւպատոսն էր Վանի մէջ եւ նոր հասած։ Բայց, ան ունէր Տօմինիկեան Հայրերու եւ անոնց հայ բարեկամներու շրջանակները, որոնք ի վիճակի էին անոր հայթայթելու ճշգրիտ տեղեկութիւններ օրուան անցքերու մասին։ Յետոյ կուսակալին ներշնչել կարենալու համար, նման պատասխանատու լուր մը, այդ խիստ պատասխանատու րոպէին, ան՝ պէտք էր ունեցած ըլլար որոշ տուեալներ։

Երբ այս տեսակէտները, ես՝ ի սպաս դրի կուսակալին յայտնած կարծիքին, ուրախութեան փայլ մը շողաց անոր խելացի աչքերուն մէջ։

Մուրախաս էֆէնտիին լուր ղրկեցի, թող գայ տեսնենք թէ գործնական ի՜նչ քայլ կրնանք առնել։

Ես չկրցի կուսակալին յայտնել թէ՝ Առաջնորդը հիւանդ էր եւ թէ՝ չպիտի կրնար գայ, վասնզի, այդ րոպէին, իրարու ետեւէն ներս մտան ժանտարմի հրամանատարը, ոստիկանութեան տնօրէնը եւ սպայակոյտի հազարապետը, որոնք պահականոցներու շրջանն ըրած՝ իրենց տեղեկութիւնները կը բերէին ըմբոստացած զինուորներու դէմ ձեռք առնուած միջոցներու մասին։ Ես հեռացայ սենեակէն, որ՝ այդ օրը, տեսակ մը քարթիէ ժէնէրալ  դարձաւ կառավարութեան համար, եւ, հոն վերադարձայ այն ատեն միայն, երբ ֆրանսական հիւպատոսարանի թարգման Թառկուլեան Միհրան էֆէնտին, որ՝ Պ. Ռոպէնի հետ միասին կուսակալին քովը, անորմէն պաշտօն ստացած էր Քաղաքամէջը մեկնելու եւ Առաջնորդը Այգեստան բերելու, մեր տունը եկաւ անոր յայտնելու այն բանը, զոր ես միջոց ունեցած չէի ըսելու՝

Առաջնորդը հիւանդ պառկած՝ անկարելի է որ կարենայ Առաջնորդարանէն դուրս գալ։

Թառկուլեան էֆէնտին, որ պտըլիկ եւ չոփչոր մէկն է՝ կրած յոգնութենէն եւ յուզումէն՝ բոլորովին չորցած երեւոյթ մը ունէր, այդ րոպէին։ Ու, երբ կուսակալը անոր հարցուց թէ ո՞վ կրնար փոխարինել Առաջնորդը, ան ունեցաւ շփոթ եւ շուարած ժէսթ մը, որ բնաւ քաջալերական չթուեցաւ կուսակալին համար։

Ան մինակ կրնար կատարել այդ դերը   ըսաւ ան, եւ պահեց՝ իր պէս չոր լռութիւն մը։

Այդ դերը, այդ րոպէին միա՛յն ես կրեցի լրիւ անդրադառնալ, կը  կայանար՝ կառավարութեան եւ Անդրանիկի միջեւ բանագնացութիւն ընելուն մէջ, Պ. Ռոպէնի բերած «Անդրանիկ հանդարտ պիտի մնայ եւ եթէ միջոց գտնայ, Պարսկաստան պիտի անցնի» հաւաստիքին վրայ, գործնական քայլեր առնելու համար։

Թառկուլեան էֆէնտիի չոր ու ցամաք ժէսթերը, սակայն, եւ անոր «ան մինակ կրնար»ը՝ որ՝ տեսակ մը պատ կը քաշէր առնուելիք քայլին դէմ, պաղ ջուր լեցուցին կուսակալին լաւատեսութեան վրայ։

Ոչ նուազ յոռի տպաւորութիւն թողին կուսակալի վրայ Թառկուլեանի  լուրերը, թէ սպաննուած Հայերու թիւը կը հասնէր տասնի, որոնց մէջ, ան թուեց  Յարութիւն Թէրլէմէզեանի եւ մէկ երկու ուրիշ յայտնի Հայերու անունները։

Գէշ չէ այ, որպէս չափազանցութիւն— ըսաւ կուսակալը, որուն ստացած թիւը երեքը չէր անցներ։

Թառկուլեան էֆէնտին՝ քնացած ձայնով մը, «պատւոյ խօսք»ի մը վրայ գամեց իր ճշդումը, պատւոյ խօսք, որ՝ ինչքան չըլլայ, նորէն բան մըն է արզուհալճիի մը (թարգմանին նախկին արհեստը) բերնին մէջ, եւ, որպէս թէ ազգասիրական գործ մը ըրած եղաւ, ան գլուխը տնկելով՝ մեզի նայեցաւ։

Ես՝ վերադարձիս կ՚անցնիմ Պ. հիւպատոսին քովը   ըսաւ կուսակալը։

Այս խօսքը՝ թարգմանը ճամբու դնելու նշանակութիւնն ունէր։ Թառկուլեան էֆէնտին հասկցաւ զայն եւ մեկնեցաւ, ընելով խոնարհութիւն մը՝ զոր դպրոցական աղաները միայն կրնան ընել։

Թարգմանին մեկնումէն վերջ, կուսակալը սկսաւ մօրուքը խառնել եւ մտմտալ հիւպատոսին ներշնչած լաւատեսութենէն վերջ, թարգմանին բերած յօռետես ենթադրութեան վրայ։ Թառկուլեան էֆէնտին՝ իր սըմսեղուկ արտայայտութիւններովը՝ կարծես, քանդելու եկած ըլլար շէնքը՝ զոր կուսակալը՝ իր երեւակայութեանը մէջ կառուցած էր, անոր բաթրօնին՝ համարձակ, տաք եւ անկեղծ հաւաստիքներուն վրայ։

Ու, երբ ան՝ իր այս լուռ տարակոյսները մենախօսութեան շեշտով մը մատնեց, ըսելով՝

Հիմայ որո՞ւն հաւատ ընծայել, հիւպատո՞սին, թէ՞ ոչ թարգմանին։

Ես փութացի իմ կարծիքը նժարին մէջ դնել։

Անշուշտ հիւպատոսին   ըսի ես համարձակօրէն։

Կուսակալը ժպտեցաւ։ Անոր ժպիտը հարցական էր։

Թառկուլեան բաւական հարուստ եւ շատ կծծի մէկն էր. անոր հարստութիւնը ուրիշ բանի չէր ծառայած, սակայն, եթէ ոչ շեշտելու անոր կծծիութիւնը եւ ուրիշ բան չէր պատճառեր տիրոջը՝ եթէ ոչ զայն կորսնցնելու երկիւղը։ Ան՝ կծծիներու յատուկ հոգեկան հիւանդութեամբը, եթէ ուզէր ա՛լ, չէր կրնար լաւատես ըլլալ, ո՛չ ալ լայն մտածումներ ունենալ։ Ան՝ եթէ լաւ լուր մըն ալ ունենար, անոր կծծիութիւնը թոյլ չէր տար, որպէսզի ան լուրը ուրիշի մը  հաղորդելով անոր հաճոյք մը պատճառէ։ Ան՝ զայն դրամի պէս կը պահէր՝ յայտնելու համար միայն անոնց, որոնցմէ ակնկալութիւն մը ունէր ան։

Երբ Թառկուլեանի այս փոքր կենսագրականն  ըրի՝

Ուրեմն լռութիւնը չէ միայն որ Թառկուլ էֆէնտին՝ ոսկիի տեղ կ՚անցունէ ըսաւ կուսակալը եւ լիաթոք խնդաց։

Կուսակալի այս մէկ ակնարկութիւնը կը շօշափէր միաժամանակ Թառկուլեանի նկարագիրը յատկանշող երկու անէքթոտներ։

Թառկուլեան էֆէնտին՝ թարգման ըլլալէն առաջ, եղած է փաստաբան, այն տեսակ փաստաբաններէն, որոնց գլխաւոր զբաղումը կը կայանայ արգհալ (խնդրագիր) գրելու մէջ, արհեստ մը, որ՝ գաւառներու մէջ աւելի՛ արզհալճի անունով է որ ճանչցուած  է։

Անգամ մը, փաստաբան Թառկուլեան, առնելիքի խնդրով մը փոխանորդութիւնը կը ստանձնէ խեղճ գիւղացիի մը։ Երբ, դատարանին մէջ, նախագահը Թառկուլեան էֆէնտիի փոխանորդեալէն փաստեր կը պահանջէ ի մասին վճարումներուն, զորս ան կը պնդէր ըրած իրմէն պահանջուած գումարին դէմ, այս վերջինը կը պահէ յամառ լռութիւն մը, այն աստիճան յամառ, որ նախագահը կը պարտաւորուի Թառկուլեան էֆէնտիին հարցնել թէ՝ ի՞նչ կը նշանակէ իր փոխանորդեալին լռութիւնը։ Ճարպիկ փաստաբանը նրբամիտ պատասխան մը կը գտնէ տալու։ «Իմ փոխանորդեալին լռութիւնը ոսկի է եւ մենք յօժարակամ զայն կը ձգենք պարտապահանջի առնելիքին դէմ» կ՚ըսէ ան։

Թառկուլեան էֆէնտիի այս տարօրինակ պատասխանը, որ աւելի իր հոգեբանութիւնը կը ցոլացնէր քան թէ տաղանդը, շատ կը խնդացնէ դատաւորները, որոնք՝ զիրենք խնդացնող փոխանորդին իւմօ՞րը, թէ ոչ գութերնին շարժող փոխանորդեալին խեղճութիւնը հաշուի կ՚առնեն եւ հինգ ոսկիի զեղջ մը կ՚ընեն գիւղացիէն պահանջուած գումարէն։

Բայց, նոր դատ մը կը սկսի, այս անգամ, փոխանորդեալին եւ փոխանորդին միջեւ։ Թառկուլեան էֆէնտին «ձեր լռութիւնը ես էի որ արժեցուցի դատաւորներուն քով» ըսելով՝ երկուքուկէս ոսկի վար կը դնէ գիւղացիին իրեն բերած ցորենին գինէն, որուն վրայ՝ գիւղացին խնդրագրով մը կը դիմէ կուսակալին՝ որ նուազ չի խնդար, բայց, գիւղացիին կը ճանչնայ իր լռութեան արժէքին ամբողջական իրաւունքը։

Անէքթոտներուն երկրորդը յիշեցնողը՝ Թառկուլ անունն էր զոր կուսակալը գործածած էր Թառկուլեանի փոխարէն։

Թառկուլ՝ Ալպանիոյ մէջ, իրենց կծծիութեամբ համբաւ հանած անձերը որակող արկօ մըն է եղեր, արկօ մը, զոր Թառկուլեան անունը՝ իր երկու պատշաճութիւններովը այնքա՜ն թելադրական կը դարձնէր Ալպանիոյ այդ զաւկին համար եւ որով այս վերջինը սովոր էր, յաճախ, փոխարինել այդ անունը։

Թառկուլեանը՝ Թառկուլ անունելով՝ Թահիր փաշան կը յիշէր այդ րոպէին անոր  կծծիութեան համբաւը առաջին անգամ իրեն ծանօթացնող անէքթոտը, զոր՝ նախկին արզհալճին չսիրողներէն մէկը ստեղծած էր, օրին մէկը, անոր չափազանց կծծիութեանը  հետ՝ անոր նոյնքան չափազանց նիհարութեան միացեալ տարրերէն, այնպէս, ինչպէս որ Աստուած ստեղծած է մարդը՝ հողէն եւ ջուրէն։

Ըստ այդ անէքթոտին, Թառկուլեան էֆէնտին նախապէս շատ գէր եղած կ՚ըլլայ, այն աստիճան գէր, որ, օր մը, կը պարտաւորի դիմել Տօքթ. Րէյնօլտսի, որ երկու ղրուշ կ՚առնէ անկէ եւ իր դեղարանէն շիշ մը դեղ կուտայ անոր, բայց, հետը խիստ պատուէր մը, թէ՝ այն րոպէին որ գիրութիւնը անցնի, անմիջապէս դադրեցնելու է դեղին գործածութիւնը։ Արդարեւ, շիշին կէսին գործածութեան վրայ, Թառկուլեանի գիրութիւնը կ՚անցնի ու ան կը գտնէ սովորական վիճակ մը, բայց, յամպէտս վատնած չըլլալու համար տուած երկու ղրուշին կէսը, մէկ ղրուշը, հակառակ բժիշկի խիստ պատուէրին, ան կը շարունակէ խմել շիշին պարունակութեան մնացեալ կէսը եւ կը կորսնցնէ՝ ինչ որ կ՚ունենայ վրան, որպէս միս։ Ի տես՝ անոր, ոսկորին փակած մորթին, այս անէքթոտը, կարծես, տեսակ մը կենդանութիւն կ՚առնէր։

Թահիր փաշան՝ երբ կուսակալ չըլլալու հաճոյքը կուտար ինքն իրեն, իր տանը մէջ եւ կամ այլուր, որ ատեն ան սովոր էր ձեռք առնելու հանդիպած անձերէն իր իւմօրը շարժելու ընդունակները, Թառկուլեան էֆէնտին  իր պատւոյ տեղն ունէր այդպիսիներուն մէջ։ Անոր հանդիպումներուն, ան յաճախ կը յիշէր այս զըւարճալի անէքթոտը եւ զայն յիշեցնող խօսք մը կը գտնէր, անոր ըսելու՝

ՄԵ՜ղք, քառասուն փարա՜յի համար»։

Եւ կամ՝

«Գէթ քսան փարայի չափով բան մը ձգէի՜ր շիշին մէջ»։

Թահիր փաշան զբաղեցնողը Թառկուլեանի անձը չէր եղած, այլ անոր տիպարը, նախ, որպէս մարդ, յետոյ, որպէս արզհալճի։ Արզհալճիները՝ գաւառներու մէջ կը կատարեն հանրային դեր մը. անոնք՝ տեսակ մը կապ միջնորդ են ժողովրդեան եւ կառավարութեան միջեւ։

Կառավարիչները՝ եթէ մինակ պարզ կառավարիչներ չեն, ինչպէս Թահիր փաշան, իրենց ստացած խնդրագիրներուն մէջ կը կարդան՝ խնդրամատոյցներու գործին հետ, զանոնք խմբագրողներու նկարագիրը։ Օր մը, երբ վերեւ յիշուած հաճոյքը կը վայելէր, Թահիր փաշան, որ՝ եթէ Թուրքիայէն դուրս ծնած ըլլար եւ եւրոպական ուսում առած՝ յայտնի փիլիսոփայ մը կրնար ըլլայ, թուեց՝ իրենց անուններովը՝ ծանօթ արզհալճիները, իւրաքանչիւրը իր նկարագրին հետը։ Ա. Ջղային մըն է. Բ. ապուշ մը։ Գ. շատախօս մը. Դ. ստախօս մը։ Երբ կարգը եկաւ Թառկուլեանի՝ որուն գործածած թուղթին որակին գէշութենէն եւ մելանին անգունութենէն հասկցած էր անոր ի՜նչ կծծի մարդ եղած ըլլալը, Թահիր փաշան ըսաւ անոր համար, «անիկա մարդ չէ այլ բան մը»։ Ագահներու մասին ան ունէր շատ գէշ կարծիք, ըստ այդ կարծիքին, ագահը, որքան ալ հարուստ եղած ըլլայ, աշխարհի ամենէն աղքատ անձն է։

Թառկուլեանի կծծիութեան հին յիշողութիւնը, ուրեմն, կարծես փարատելու ծառայեց անոր նոր կծծիութեանը կուսակալին վրայ թողուցած յոռի տպաւորութիւնը եւ փոխելու անոր տրամադրութիւնը։ Գուցէ, անոր միտքը, այդ րոպէին, զբաղած էր փնտռելու Առաջնորդը փոխարինող մէկը, իրեն պէտք ունեցած բանագնացը, եւ, ան գտած էր յանկարծ այդ մէկը. վասնզի, ան ոտքի ելաւ անմիջապէս, եւ, «եթէ հիւպատոսը կամ թարգմանը զիս փնտռելու գան, թող Մուավին պէյի տունը գան զիս գտնելու», պատուէրովը մեկնեցաւ։

Մուավին պէյը, Օհաննէս Ֆէրիտ պէյն էր կուսակալի օգնականը, որ նոյն իրիկուն եւ յաջորդ օրը, թրքական եւ հայկական թաղամասերու միջեւ բազմաթիւ երեթեւեկներ ըրաւ։ Անոր երթեւեկներուն պատրուակը՝ այն զուր յորդորն էր, զոր ան՝ կառքին մէջէն, աջը ու ձախը կը սփռէր, հանդարտութեան հրաւիրելու համար խուճապի մատնուած՝ եւ, դէպ ի ամերիկեան շրջանակը խուժել շարունակող Հայերը. բայց մենք գիտէինք, որ անոր երթեւեկները կանգ կ՚առնէին այս կամ այն տան առջեւ, ուրկէ ան՝ շունչ կամ սուրճ առնելու պատըրուակով վար կ՚իջնէր, եւ, որպէս բանագնաց, կ՚առաջնորդուէր տուն մը, ուր կը գտնուէին Անդրանիկ եւ Բժիշկ։ Անոնց բանակցութեան հիմքը կը կազմէին, մէկ կողմէն՝ Անդրանիկի հեռացումը Վանէն, միւս կողմէն, թուրք զինուորներու քաշուիլը հայկական թաղամասերէն։ Ո՞րն առաջ պիտի ըլլար, ո՞րը վերջ, բանակցուեան դժուարին մասը այս կէտին շուրջն էր որ կը դառնար։

Վաղայաջորդ շաբաթ օրը, լուր ելաւ թէ Անդրանիկ հեռացած էր Վանէն։ Տեսնող եղա՞ծ էր անոր մեկնումը, ո՛չ, բայց, հասնողը, նոյնիսկ Արշակ Ծէթոտեան, անոր հեռացումին լուրը կուտար այնքան հաստատօրէն որ տեսնող մը հազիւ պիտի կրնար տալ։ Լուրը՝ այն աստիճան յամառօրէն՝ ըրաւ իր շրջանը, որ Թովմաս Առաքեալն անգամ, եթէ անշուշտ ողջ եղած ըլլար, չպիտի կրնար չհաւատալ։

Իրիկուան կողմը լուր ելաւ որ թրքական զօրամասերը կը քաշուէին արդէն հայկական թաղամասերէն եւ անոնց շուրջը բռնած իրենց դիրքերէն։ Իսկ, կիրակի առաւօտը, քաղաքին զինուորական հրամանատարը եւ կուսակալի օգնականը՝ կողք կողքի կառքի մը մէջ, հայկական թաղամասերուն շրջանն ըրին վերէն վար, յայտարարելու համար թէ՝ իրարանցումի ո եւ է պատճառ չկար եւ յորդորելու համար, որպէսզի ամէն ոք իր տունը դառնայ եւ իր գործերովը զբաղի։ Ամերիկեան շրջանակը եւ հիւպատոսարաններու քովերը ապաստանողներու տեղատեւութիւնը սկսաւ եւ անոնք՝ որոնք աստուածային հրաշքի մը վերագրեցին այս ծանր տագնապին՝ այսքան արագ եւ անվտանգ լուծումը, պատարագին փութացին, շնորհական ըլլալու Աստուծոյ իր հրաշքին համար։

Իսկ հրաշքի չհաւատացողնե՞րը։ Անոնք ալ մէկ մէկ բանի վերագրեցին հրաշքը…, որը՝ Արմենականներու կողմէն եղած ազդու դիմումներուն, որը՝ Բժիշկի չափաւորութեանը, գործօնները, որոնք կարելի չէ ուրանալ, թէ իրենց դերն ունեցան հրաշքին մէջ։ Բայց էական գորօններն եղան, նախ, իրողութիւնը, որ Անդրանիկ կռիւ ընելու չէր եկած, եթէ կուսակցական ընկերներուն հետ ունեցած կռիւ չհամարենք, յետոյ կուսակալին խաղաղասիրութիւնը։

Անդրանիկ չէր մեկնած, բայց երկու օրէն ան մեկնեցաւ Վանէն դէպ ի Պարսկաստան։ Մեկնեցաւ ան փոքրիկ խումբով մը, անցեալի մասին՝ հոգիին մէջ, խոր հիասթափումով եւ գալիքի մասին՝ գլուխին մէջ, հանդարտ համոզումովը, թէ՝ անօգուտ էին այլեւս հայ յեղափոխութեան ոգորումները, զուր եւ անօգուտ, անոր կողմէն հայ ժողովուրդին պարտադրուած զոհողութիւնները։

Որո՞նք էին Անդրանիկի գլուխը լեցնող համոզումները։

Որ հայ յեղափոխական գործունէութիւնը՝ յաջողութեան ուրիշ խարիսխ չունէր, եթէ ոչ օտար պետութեանց պաշտպանութիւնը։

Որ՝ օտար պետութեանց պաշտպանութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ պարզ պատրուակ ի սպաս իրենց շահերուն։

Անդրանիկ՝ իր այս մտքերը յայտնած էր Պ. Օհանէս Կուլօղլեանի՝ վանեցի յայտնի ուսուցիչ եւ բանաստեղծ եւ մէկը Արմենականներու շէֆերէն, որուն՝ Սասունի հերոսը, տագնապի ամենէն սուր րոպէներուն, չէր ուզած մերժել խնդրած տեսակցութիւնը։

Երբ, Կուլօղլեան՝ Անդրանիկին ըսած է թէ՝ օտար պետութիւնները՝ Սասունի առաջին շարժումին մէջ մեզ խաբեցին եւ թէ՝ պէտք չէր երկրորդ անգամ անոնց խոստումին վստահիլ, զայրոյթի կայծ մը աչքերուն մէջ, Տարօնի առիւծը ըսած է՝

Օտար պետութիւնները՝ Սասունի ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ երկրորդ շարժումին առիթով, ո՛չ մէկ խոստում ըրած են մեզի։ Հիմայ ես եկած եմ այն համոզումին որ անոնք չեն որ մեզ խաբած են, այլ մենք ենք որ մեզ խաբած ենք։ Ես այդ խոստումներու գիրերն է որ փնտռելու եկած եմ հոս եւ ինծի ցոյց կուտան լրագրական յօդուածներ, զորս՝ կը թուի թէ՝ դուք ալ շատ կարդացած էք։

Յետոյ, ան շարունակած է,

Երբ ես, Սասունէն, հրացան եւ փամփուշտ կը պահանջէի, ինծի՝ նորէն այդ անիծեալ յօդուածները կը ղրկէին աննոց փոխարէն։

Ես՝ նախ կարծեցի   կը պատմէր Կուլօղլեան   թէ՝ Անդրանիկ՝ իր խռովքին մէջ, մոռցած էր թէ ես տարբեր կուսակցութեան մը կը պատկանէի։ Հետզհետէ էր որ ինծի համար պարզ եղաւ թէ՝ անոր աչքին, այդ րոպէին, կուսակցութիւնները գոյութիւն չունէին, թէ ինքը՝ որ կը խօսէր, Հայ մըն էր եւ ես, որ կը լսէի, նոյնպէս Հայ մը։ Թէ անոր հոգին լեցնող արդարութեան ոգին էր միայն որ ճշմարտութիւն կը դառնար անոր շրթունքներուն վրայ։ Ան՝ իր կուսակցական ըլլալն էր որ մոռցած էր այդ րոպէին։

Անդրանիկ իր վերջին խօսքը չէ ըսած տակաւին։ Երբ Կուլօղլեան ոտքի ելած է մեկնելու, վիրաւոր առիւծ, ըսած է անոր։

Սասունցին, Մշեցին, Ախլաթցին, հրացանը, անգամ մը եւս, այն ատեն միայն առնելու են ձեռքերնին, երբ այդ հրացանը պետութեան մը պահեստէն է որ իրենց կուգայ։ Անանկ հարիւր մօսինով, երկու հարիւր պէրտանով, աչքը դէպ ի փամփուշտի ճամբան, պետութեան մը դէմ կռիւ չի մղուիր։

Եւ ոտները գետին զարնելով՝

Անէ՜ծք ինծի, եթէ ես, անգամ մըն ալ, անոնց ձեռքը ուրիշ զէնք դնելու ըլլամ։

Անդրանիկ պինդ բռնեց իր երդումը։ Ան՝ ամբողջ տարի մը, Պարսկաստանէն Թիֆլիս, Հիւսիսային Կովկաս, Պալքանները, մինչեւ Ժընէվ, այս ճշմարտութեան մունետիկը եղաւ։ Ու երբ, մօտ տարի մը վերջ, կուսակցութիւնը զինք հրաւիրեց մասնակցելու հայ-թաթարական կռիւներուն, ան յիշեց իր երդումը եւ կտրականապէս մերժեց հրաւէրը։

Ռոստոմ՝ անձամբ, Անդրանիկը տեսնելու կուգայ ի Ժընէվ եւ անոր կրկնելու կուսակցութեան հրաւէրը։ Կուսակցութեան առաքեալը Անդանիկին կ՚ըսէ թէ՝ Ռուսը մեզ հետ է այս անգամ։ Անդրանիկ՝ որ ոչ Ռոստոմի պէս ռուսերէն գիտէ, ո՛չ Ձարը կը ճանչնայ ո՛չ ալ Ձարերու պատմութիւնը եւ ատոնց փոխարէն իր բնազդն ունի միայն, Ռոստոմին կը պատասխանէ,

Ձարը ե՛ւ մեզ հետ է ե՛ւ Թաթարին, անոր եւ անոր ճուտերուն նպատակն է մեզ իրար կոտորել տալ եւ մեր մէջ բանալ ատելութեան վիհ մը։

Ու երբ Ռոստոմ՝ ամիսէ մը ի վեր շարունակող կռիւներէն ուզեր է դրուագներ ի սպաս դնել իր թէղին, Անդրանիկ՝ զարմացած՝ որ կուսակցութիւնը չուզեր ըմբռնել արեւի պէս փայլող ճշմարտութիւնը, զայրոյթով մը, ըսած է իր պատմական խօսքը,

Որ՝ Ձարը կ՚ուզէ որ մենք եւ Թաթարները շարունակենք զիրար կոտորել, յայտնի է այն փաստէն, որ ամիս մըն է ահա որ կը տեւէ կռիւը։ Եթէ Ձարը չուզէր որ մենք զիրար կոտորէինք, իր ցուցամատը կը շարժէր եւ, Հա՛յը ըլլայ թէ՝ Թաթարը կը դադրեցնէին անմիջապէս իրենց կռիւը, եւ, ասիկա կը տեւէր ո՛չ թէ մէկ ամիս, այլ, ո՛չ աւելի քան մէկ րոպէ։

Ռոստոմի, կուսակցութեան մարգարէին, որ առանց պատիւի չէր իր գաւառին մէջ, միթէ անծանօ՞թ էին այս ճշմարտութիւնները։ Ո՛չ։ Բայց մէկէ աւելի քօղեր, աննիւթական թէ՛ նիւթական, գաղափարային թէ՛ եսական, անոր աչքերէն կը ծածկէին Անդրանիկի, զուտ աննիւթականութիւնն ինքը եղող Անդրանիկի աչքերէն։

Անդրանիկին անծանօ՞թ էր միթէ իր աչքը մտնող ճշմարտութեանը՝ Ռոստոմի աչքէն հեռու մնացած ըլլալու պատճառը, սեփական նկատումի պատճառը։ Ո՛չ։ Ան զգացեր է որ՝ սեփական նկատումի, նիւթի սպառնալիքովը՝ իր աննիւթականութեան ծովը պղտորելու համար է որ քովը եկած է կուսակցութեան առաքեալը եւ փախեր է անկէ, այնպէս, ինչպէս որսը՝ որսկանէն։

Անդրանիկ չէր միայն այն հերոսը, որուն կախարդանքէն մահը կը փախչի, որուն՝ ռամիկին ճանչցած կողմը այն կ՚ըլլայ միայն, թէ՝ թշնամիի գնդակը անոր չի հասնիր, անոր վրայէն կը թռչի, որուն հերոսութիւնները կը կանչեն եւ կեանքը առասպելներ։ Անդրանիկ՝ իր այնքան զօրաւոր սեւ աչքերուն հետ ունէր իր սպիտակ խիղճին նոյնքան զօրաւոր աչքը։

Անդրանիկի աչքը…

Սասունի նոր հերոսը չէր հին արիական ցեղերու ըմբռնած հերոսը, որ՝ Սասունի հին հերոսին, Դաւիթի պէս, Մըսրայ Մելիքի զօրքին ըսէր՝

Վեր կացէ՛ք, ելէ՛ք, զօրքեր քնած՝

Որ չասէք յետոյ, թէ մենք քնած՝

Դաւիթը գող գող եկաւ գնաց։

Այդ հին ցեղերու հին կռիւներուն ոչ կերպը մնացեր է հիմայ եւ ո՛չ ալ հետքը։ Կռիւը գիտութիւն դարձեր է այլեւս, մաթեմաթիքա։

Ու, այդ մաթեմաթիկան գիտութեան դէմն ու փոխարէն Անդրանիկ ունէր իր աչքերը։

Անդրանիկի աչքերը...

Իր ճամբուն վրայ, բլուր մը, ձոր մը այդ աչքերուն մէջ ինկա՞ն, հոն կը մնան այլեւս անոնք խրուած՝ իրենց դիրքովն ու կողմովն, իրենց լայնութեամբը ու խորութեամբը, իրենց բարձրութեամբը եւ հեռաւորութեամբը։ Պէտք ունեցա՞ւ անոնց, Անդրանիկ՝ իր մէջն ունէր րոպէապէս այդ բլուրին կամ ձորին դիրքին ու կողմին նշանակութիւնը եւ անոնցմէ օգտուելու յղացումը։

Սիրտէն վերջ աչքերը...

Այդ աչքերուն մէջ թաղուած գաղտնիքն էր ահա, որ՝ Անդրանիկ՝ Սասունի մէջ, Մարնիկի գագաթին վրայ, մահ սփռեց զինք հետապնդող Պշարա Խալիլի բանակին մէջ, որ՝ Առաքելոց վանքին եւ Կէլիէկիւզանի մէջ, պատռեց թուրք բանակին շղթան, որ՝ Տալւորիկէն Ծովասար, Ծովասարէն Գոմեր, Գոմերէն Շամիրամ, սարէ սար, քարէ քար թռչելով, միշտ անխոցելի, սաւառնաթեւ արծիւն եղաւ Սասնոյ լեռներուն եւ որ, սակայն, օր մը, թեւերը յոգնած՝ ան եկաւ, այսպէս, իյնալու Վարագի ստորոտը, ուր, ճիշտ է, որ ան մնաց յաւիտենական անխոցելին. բայց, աւա՜ղ, իր թեւերովը չէր, որ ան, այս անգամ, կրցաւ թռչիլ դէպ ի Պարսկաստան։

Գիտութենէն վերջ պատմութիւնը։

Նոր դարու պատմութիւնը՝ որուն վիճակած է ըլլալ, հին դարերու առասպելներու փոխարէն, արգանդը ճշմարիտ հերոսներու։

Ո՞րն է պատմութեան ամենէն ուժեղը։ Այն՝ որ ճշմարիտ է, այնպէս չէ՞։

Այս ճշմարտութեան տուրքն է որ կուտանք ահա, յիշելով որ՝ առաջին, Անդրանիկ, որպէս դաշնակցական էր որ առիթ եւ միջոց ունեցաւ երեւան բերելու՝ ինչ որ զուտ իր անձինն էր։ Ճշմարտութեան երկրորդը, որ առաջինէն է որ կը բխի, այն է, որ Ռոստոմէն փախչող կուսակցականը՝ տարի մը վերջ Վիեննայի կուսակցական գոնկրէյին գնաց, կռուելու՝ այս անգամ, իր փառքին պատուանդան եղող իր կուսակցութեան դէմ, դէնքի փոխարէն՝ իրեն լրագրական յօդուած եւ ձրի խոստում ղրկող իր ընկերներուն դէմ, Ձարին թակարդին մէջ իյնալով Թաթարներու հետ կռուի մտնող իր կուսակցութեան դէմ, Սուլթանէն վերջ՝ Ձարին եւ Շահին կռիւ յայտարարող եւ այդ թշնամիները անբաւական գտնելով, դասակարգին ալ կռիւ յայտարարող իր ընկերներուն դէմ։

Ո՜ւր մնացեր է այլեւս թրքահայ դատը, որ սաղմը եղած է կուսակցութեան ծնունդին  եւ իրաւունքը անոր գոյութեանը։

Արիւն ձեր ի գլուխ ձեր, պոռացեր է Անդրանիկ ճարահատ. ես այլեւս չկամ ձեր մէջ։

Ու երբ Ակնունին, գոնկրէյի նախագահ, անոր քովը սողացեր է, ինչպէս օձը Եւային, անոր ըսելու համար, թէ դուք Աստուածը պիտի մնաք կուսակցութեանը, Անդրանիկ՝ նախամայրէն աւելի տոկուն, պատասխանած է՝

Աւելի աղէկ է որ ես դուրսը մարդ մնամ, քան թէ ձեր մէջ Աստուած։