Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ՊԱՏՃԱՌԱՒ

Մենք կուսակալին քովէն մեկնելու վրայ էինք, երբ ներս մտաւ յանկարծ Տօքթէօր Ռէյնօլտս եւ պատահեցաւ չար զուգադիպութիւն մը, որ քիչ մնաց կաթուած իջեցնել տար հիւանդ Սրբազանին։ Սպանեալներու՝ մեր եւ իր թիւերուն միջեւ գտնուող տարբերութիւնը ճշդելու համար, կուսակալը՝ Տօքթէօր Ռէյնօլտսին հարցուց թէ ինքը իմացա՞ծ էր արդեօք Աղթամարի դէպքը, եւ, անոր գրական պատասխանին վրայ, անկէ խնդրեց պատմել գիտցածը։ Տօքթէօր Ռէյնօլտս՝ որ նոր դէպքէն տեղեկութիւն չունէր բնաւ, կարծելով թէ՝ Աղթամարի մէջ մեր կալանաւորումին պատահմունքին մասին է կուսակալի հարցումը, նախ ըսաւ՝

Բայց, ինչո՞ւ իրենց չէք հարցներ, Առաջնորդին եւ Թերզիպաշեանին։

Անոնք իրենց գիտցածն ըսած են, ես կ՚ուզեմ իմանալ ձեր գիտցածը։

Եւ, յարգելի Տօքթէօրը, միամտօրէն, սկսաւ պատմել մեզի պատահած դէպքին, մեր կալանաւորումին եւ մեզմէ առնուած մուրհակին պատմութիւնը։

Ատիկա հին դէպք մըն է, Տօքթէօր էֆէնտի, ըսաւ կուսակալը պաղարիւնով մը, դուք, ըսել է, նոր դէպքի մասին տեղեկութիւն չունիք։

Տօքթէօրը անդրադարձաւ անմիջապէս իր մատնուած դրութեանը, տժգոյն՝ ան քիչ ալ տժգունեցաւ եւ յուզումէն, քիչ վերջ, գործը՝ որուն համար եկած էր, մոռնալով դուրս ելաւ։

Կուսակալին անծանօթ չէր Բագրեւանդեան Սրբազանի հիւանդագին վիճակը։ Ան՝ միակնոցին տակէն, ուշի ուշով հետեւած էր անոր դէմքին կրած այլայլումներուն եւ մատնած ջղային շարժումներուն։ Երբ Տօքթէօր մեկնեցաւ, ան ոտքի ելաւ անմիջապէս եւ, որպէս թէ տեղի ունեցած չըլլար բնաւ Տօքթէօրին այցելութիւնը եւ անոր ըրած պատմութիւնը, դէպ ի Սրբազանը ուղղուեցաւ եւ համականքի մասնաւոր ցոյցով մը՝

Բոլորովին հանգիստ եղէ՛ք, Մուրախաս էֆէնտի, նոր բան մը չպիտի պատահի, եւ եղածներուն համար ա՛լ, յանցաւորները պիտի պատժուին   ըսելով, ճամբու դրաւ մեզ։

Սրբազանը՝ իմ թեւին կռթնելով էր որ կրցաւ քալել մինչեւ դահլիճին դուռը։ Դուռնէն անգամ մը դուրս, նախասենեակին մէջ, ան ինկաւ աթոռի մը վրայ։

Ասիկա երրորդ հարուածն է, այս անգամ կ՚երթամ, ականջիս մրմնջեց յուսահատ  կրօնաւորը։

Սրբազանին ըսեր էին ու ան՝ հաւատալով, ինծի ըսած էր թէ Աղթամարի մէջ իր ունեցածը կաթուած է եղեր։ Երբ, ան անցուց քրիզը եւ տեսաւ թէ ունեցածը կաթուած չէ, զգացած ուրախութիւնը՝ անմիջապէս, անոր բերաւ տրամադրութեան հակահարուածը։ Ան ոտքի ելաւ աշխուժով եւ, մինչեւ կառքը, առանց օգնականի՝ քալեց։

Կառքին մէջ, ես սկսայ կատակի առնել Սրբազանի՝ կաթուածի երկիւղը։

Բայց ինչո՞ւ երրորդը։ Ասիկա երկրորդն է, ըսի իրեն։

Ո՛չ, ըսաւ Սրբազանը   Անդրանիկի դէպքին որը, այդ անիծեալ Թառկուլեան զիս շատ նեղացուց։ Երբ ես իրեն յայտնեցի թէ հիւանդ եմ եւ չեմ կրնար Անդրանիկ տեսնելու երթալ, ի՜նչ կ՚ուզէք որ ինծի ըսէ այդ որթկան ցիցը։

Որթկան ցիցը, որթիկը՝ վիզին չուանէն կապելիք բարակ եւ փոքրիկ ցիցն է։

Թառկուլեանին՝ Սրբազանն ալ՝ այս աւելի՛ բանաստեղծական տիտղոսը գտած էր, որակելու համար անոր հասակին փոքրիկ բարակութիւնը։

Սրբազանը իմ «ի՞նչ»ին վրայ շարունակեց.

Անիծեալը ինծի ըսաւ թէ՝ մինչեւ Աղթամար կրնաս երթալ Անդրանիկը տեսնելու, մինչեւ Այգեստան չե՞ս կրնար գալ։

Ֆրանսական հիւպատոսարանի թարգմանին խօսքերուն այս յիշողութիւնն անգամ ջղայնութիւն բերաւ Սրբազանին. անոր սեղմուած բռունցքը, «անիծեալ» բառին հետ, ջղային այնպիսի շարժում մը ունեցաւ որ եթէ Թառկուլեան դէմը գտնուած ըլլար, անոր գլխուն պիտի իջնար անկասկած։

Բայց Տօքթէօր Ռէյնօլտսի յանցանքն ի՞նչ էր։

Ան միամտօրէն էր ըսաւ ինչ որ ըսաւ։

Տօքթէօրին չէր որ նեղացայ—   պատասխանեց Սրբազանը   կէս հառաչով մը, այլ այն բանին որ մենք խախտած եղանք կուսակալի վստահութիւնը։

Պէտք էր որ, օրին, մենք անոր յայտնած ըլլայինք այդ չար պատահմունքը։

Սրբազանը՝ հիւանդի իր հոգեբանութեամբը, քիչ մը կը չափազանցէր իրողութիւնները։ Ան՝ լրջօրէն հիւանդ էր։ Զայն ոտքի հանողը ջղային ուժ մը եղած էր։ Երբ Առաջնորդարանը հասանք, հակահարուածը, որ կաթուած չէր, բայց կաթուածի չափ ջլատիչ, չուշացաւ։ Ան անկողին ինկաւ եւ ինձմէ խնդրեց բժիշկ մը բերել իրեն, պայմանաւ որ Տօքթ. Ռէյնօլտս չըլլար ան։

Տօքթ. Ռէյնօլտսէն խրաչելու՝ մէկէ աւելի պատճառներ ունէր Սրբազանը. առաջինը այն՝ որ անոր անդրդուելի պատուէրը կ՚ըլլար ձգել ծխախոտը որ Սրբազանի միակ վայելքն էր։ Յետոյ, ան գիտէր որ միսիօնար— բժիշկը ունէր ուրիշ գէշ սովորութիւն մը. երբ հիւանդին վիճակը քիչ մը ծանր տեսնար, ան սովոր էր հիւանդին երեսն ի վեր ըսելու թէ «Տէր քեզ կը կանչէ, պատրաստ եղի՛ր»։ Եւ, քիչ չէր եղած թիւը անոնց՝ որոնք ոչ թէ հիւանդութիւններէն՝ այլ յարգելի բժիշկին այս տարօրինակ պատգամին վրայ, անդիի աշխարհը չուեր էին։

Զուարճալիքներ ալ չէին պակսեր Տօքթ. Ռէյնօլտսի այս պատգամէն ծնունդ առնող մահերուն մէջ։

Անգամ մը, համաճարակի մը օրերուն, որուն քօլէրա ըլլալը վէճի նիւթ դարձեր էր բժիշկներու միջեւ, Տօքթ. Ռէյնօլտս կը հրաւիրուի քննելու հիւանդ մը, որուն՝ ան, բազկերակը կը բռնէ թէ ոչ «Տէր քեզ կը կանչէ, պատրաստ եղի՛ր» ըսելով կը ձգէ կը հեռանայ։ Հիւանդին կինը՝ բժիշկին ետեւէն կը վազէ, անկէ իմանալու համար ամուսնոյն ունեցածը,

Բայց չէ՞ք նշմարած որ ձեր ամուսնոյն թեւը կաս կապոյտ եղած է   կը կշտամբէ Տօքթէօրը   ձեր ամուսինը քօլէրայի վարակուած է   կ՚ըսէ եւ կարգ մը զգուշութիւններ կը յանձնարարէ։

Բայց, Տօքթէօ՛ր   կ՚առարկէ հիւանդին կինը   իմ ամուսինը ներկարար է եւ անոր թեւը միշտ կը կրէ գործածած ներկին այդ գոյնը։

Տօքթէօրը ետ կը դառնայ, դեղեր կուտայ հիւանդին, բայց մարդը, քանի մը օր վերջ, կրած յանկարծակի վախէն կը մեռնի։

Սրբազանը՝ իմ թուած քանի մը բժիշկներէն, թաղապետական բժիշկին անունին վրայ կանգ առաւ։

Բերէ՛ք այդ ոսկի հորթը, նայինք ինչ պիտի ըսէ ան։

Թաղապետական բժիշկը՝ վերջերը Վան եկած Րէֆիգ պէյ անուն չիք երիտասարդ մըն էր։ «Ոսկի հորթ» ածականը, զոր Սրբազանը՝ ըստ իր սովորութեան, անոր համար հնարած եւ անունին փակցուցած էր, առանց հիմքի չէր։ Մարդը՝ աչքերուն ունէր ոսկի ակնոցներ, մատներուն ոսկի օղեր, եւ քանի՜ հատ, փողկապին վրայ ոսկի մէտայլ մը, բաճկոնակին լայնքին ալ ոսկիէ լայն շղթայ մը։ Եթէ բան մը կար Տօքթէօրին քով, որ ոսկի չէր, այն ալ արհեստն էր, որուն վկայականը կը թուի թէ ան ունեցած ոսկիներուն ուժովն էր որ ձեռք բերած էր։

Այս իրողութիւնը երեւան եկաւ, երբ ան՝ յաջորդ օրը, իմ հրաւէրին վրայ եւ իմ ընկերակցութեամբ զննելու եկաւ հիւանդ Սրբազանը։ Ան՝ նախ, Սրբազանին մարմնոյն ծաւաի՞ն պատճառ, թէ ոչ ի յարգանս անոր տիտղոսին, ամբողջ ժամ մը դրաւ անոր զննութեան համար։ Յետոյ, երբ վերջապէս անոր զննութիւնը լմնցաւ եւ ան՝ լուացուելու համար դուրս ելաւ, ես անոր մօտեցայ ախտաճանաչութիւնը իմանալու համար։

Հիւանդ է մօնսէնեօրը   ըսաւ ան ինծի, առանց խնդալու։

Ես՝ հիւանդին վստահութիւնը չխախտելու համար, բնականաբար, անոր չըսի «ոսկի հորթ»ին այս պախըր խօսքը։

Յետոյ, յարգելի բժիշկը քառորդ ժամ մը դրաւ, գրելու համար գեղագիրը, որուն մէջ ան դրաւ, ի յարգանս միեւնոյն պատճառներէն մէկին կամ միւսին, տասնէ աւելի դեղեր, որոնց մէկ մասը, ի խեղճութենէ թաղապետական դեղարանին, միակը քաղաքին մէջ, հարկ եղաւ ախթէրներու քով փնտռել տալ։

Սրբազանը՝ այդ ճոխ դեղջուրին համը նայած եւ շիշը դարակը դնելով՝ Պէրպէր Գարեգինին լուր գրկած էր։ Ու, երբ, քանի մը օր վերջ, յարգելի Տօքթէօրը՝ ինքնաբերաբար իրեն այցելութեան եկած էր, Սրբազանը՝ հիւանդութիւնը թողած՝ ըստ սովորութեան, բժիշկը ձեռք առնելու ելած էր։

Հիմայ, ըսելէ իմ ստամոքսին մէջ աւելի դեղ կայքան ձեր դեղարանին   ըսած էր անոր, դեղգրին ինչպէս պատրաստուած ըլալուն պատմութենէն վերջ։

Եւ, որպէսզի բժիշկը նոր դեղգիրով մը՝ նոր ծախքերու, նաեւ նոր փնտռտուքներու դուռ չբանայ իրեն, Սրբազանը աւելցուցած էր՝

Մեծապէս օգտուեցայ ձեր դեղերէն եւ, երբ լմննայ ան, նորէն պատրաստել պիտի տամ։

Արիւնը առնելը, սակայն, առժամեայ հանգստութիւն մը կը բերէր հիւանդին, բայց ոչ դարման։ Սրբազանը երթալով կը տկարանար։

Քանի մը օր վերջ, կուսակաի յանձնարարութեան վրայ մէքթուպչիին հետ իր կողմէն հիւանդին որպիսութիւնը հարցնելու գացեր էինք։ Սրբազանը գտանք յուսահատ վիճակի մը մէջ։ Ան՝ իր մօտալուտ վախճանին խօսքերն ըրաւ անվերջ, ու երբ մէքթուպչին՝ քանի մը յուսադրիչ խօսքեր ըրաւ, ան՝ նորէն իր կատակներուն մէջ փնտռելու ելաւ իր հիւանդութեան ամոքումը։

Մեռնելուս չեմ ցաւիր, այլ… ըսաւ ան՝ տխուր ժպիտով մը։

Հիւանդին խօսքին շեշտը՝ հարցում մը կ՚ենթադրէր։ Մէքթուպչին ըրաւ այդ հարցումը։

Հապա՞։

Անոր կը ցաւիմ որ միւֆթի էֆէնտիէն առաջ կը մեռնիմ։

Հակառակ րոպէին եղերականութեան, չկրցինք, ոչ ինքը ոչ ալ մենք այցելուներս, զսպել քրքիջ մը։

Յաջորդ օրը, կիրակի, ցերեկին նուազում մը կ՚ունենայ Սրբազանը եւ իրեն այցելութեան գացած Ճանիկեան Տէր Մեսրոպ քահանայէն կը խնդրէ այդ գիշերը իրեն քովը մնալ։ Իրիկուան կողմը, հիւանդը կ՚ուննայ նոր նուազում մը, որմէ սթափելէն վերջ՝ Ճանիկեան քահանային կ՚ըսէ ան՝

Սիրտս իմը չէ այլեւս։

Ու, երբ կը տեսնէ որ կիրակի ըլլալուն պատճառաւ, բժիշկի ետեւէն վազողները կ՚ուշանան,

Քովս եկուր հոգեւոր բժի՛շկ   կ՚ըսէ ան՝ Ճանիկեան քահանային, զոր շատ կը յարգէր, կը խոստովանի անոր եւ հաղորդութիւն կ՚առնէ անոր ձեռքէն։

Խոստովանութիւնը եւ հաղորդութիւնը անոր կը բերեն հոգեկան խաղաղութիւն մը, որուն վրայ՝ ան, տակաւ, աչքերը կը գոցէ եւ երեք ժամ անդադար կը քնանայ։ Արթննալուն, ան ինքզինքը այն աստիճան հանդարտ կը զգայ, որ կը կանչէ Տէր Մեսրոպ եւ կը սկսի կատակներ ընել անոր հետ։

Ո՞ւր պիտի թաղէք զիս   կը հարցնէ անոր։ Տէր Մեսրոպ կը խուսափի պատասխանելէ եւ կը բաւականանայ ժպիտով մը։ Բայց, հիւանդին պնդումին վրայ, կ՚ըսէ,

Եթէ օր մը մեռնելու ըլլաք, եւ ինձմէ առա՛ջ, ձեր յարմարագոյնդամբանը Հայկավանից եկեղեցւոյն բակն է, եպիսկոպոսներու թաղը, Պօղոս եպիսկոպոսի քովը։

Օ՜   կը բարկանայ Սրբազանը   կը նախընտրեմ չմեռնիլ քան թէ երթայ պառկիլ սուրբ-գազանին քովը։

Ատենին՝ Ապօղոսեանները, որոնց եռանդուններէն մէկն էր Բագրեւանդեան, Սրբազանի  փոխարէն Սուրբ-գազան անունը սովոր էին տալ Պօղոս եպիսկոպոսին։

Թաղեցէ՛ք հոն, վնաս չկայ—   կ՚ըսէ հիւանդը վերջէն, տեսակ մը ստրջանքի զգացումով   միայն թէ փայտ մը դրէք ձեռքիս մէջ։

Այս վերջին խօսքը գուցէ ակնարկութիւն մըն էր մէկուն՝ Դիոգինէսի պատմութիւններուն, որոնց՝ անծանօթ չէր Սրբազանը։

Ըստ այդ պատմութեան, Դիոգինէսի աշակերտներուն այն հարցումին թէ՝ «եթէ ինքը մեռնելու ըլլար, ո՞ւր թաղելու էին զինք» սինիք փիլիսոփան կը պատասխանէ «փողոցը ձգեցէք իմ մարմինը» ու երբ, «բայց, հոն, շուները կ՚ուտեն քու մարմինը», կ՚ըսեն աշակերտները, «փայտ մը դրէք ձեռքիս մէջ» կը պատասխանէ Դիոգինէս, ու, «բայց, դուք չէք իմանար, որպէսզի գործածէք ձեր ձեռքին փայտը», աշակերտներու հակադարձին՝ այս անգամ, կ՚եզրակացնէ փիլիսոփան, «չիմանալէ վերջ ի՞նչ կ՚ըլլայ թող ըլլայ»։

Գուցէ, ըսի, վասնզի, այս խօսքին վրայ հոգեվար հիւանդը աչքերը կ՚ուղղէ դէպ ի խոստովանահայրը,

Տէ՛ր հայր, այս չարախօսութեանս համար ա՛լ ներէ ինծի։

Ասիկա կ՚ըլլայ Սրբազանին վերջին խօսքը։ Ան  աչքերը կը գոցէ։ Ճանիկեան քահանան ա՛լ, կարծելով թէ հիւանդը կը քնանայ, կը հեռանայ անոր սնարէն, բայց, քիչ վերջ, անոր տարօրինակ խռկոցին ծայնին վրայ ներս կը մտնէ եւ կը տեսնայ որ Սրբազանը արդէն հոգեվարքի մէջ է։

Երբ բժիշկը կը հասնի, վարագոյրը արդէն իջած կ՚ըլլայ այդ փոթորկալից կեանքին վերջին արարուածին վրայ։ Սրբազանը փչած կ՚ըլլայ իր վերջին շունչը։

Բժիշկը որ ուրիշ մէկը չէր եղած, եթէ ոչ թաղապետական բժիշկ Րէֆիգ պէյ, չի բաւականանար մահը հաստատելով, ան կը հետաքրքրուի մահուան պարագաներովը։ Ան՝ Ճանիկեան քահանային պատմութիւնն ընել կուտայ հիւանդին վերջին վայրկեաններուն, նոյն իսկ անոր կը հարցնէ թէ՝ հոգէներ ունեցա՞ւ հիւանդը. ու քահանային դրական պատասխանին վրայ, կ՚ըսէ լուրջ դէմքով մը.

Տեսէ՛ք, այդ լա՛ւ է։

Ճանիկեան քահանան, այդ եղերական րոպէին, չի կրնար զսպել ժպիտ մը։ Եւ, եթէ հանգուցեալ Սրբազանն ալ ժպտելու ըլլար այդ րոպէին, մեծ հրաշք մը չպիտի համարուէր։

Քառասուն օր քաշեց   ըսին Վանեցիները, հաշուելով հանգուցեալ Սրբազանին օրերը, Աղթամարի անոր հանդիպումէն մինչեւ իր մահուան օրը։

Սխալ էր, սակայն, այդ հաշիւը։ Բայց, եթէ ճիշտ է որ՝ սաստիկ վախը կամ մեծ յուզում մը՝ ետեւէն մահ կը բերէ, քառասուն օր վերջ, ճիշտ քառասուն օր առաջ եղած էր, որ ֆրանսական հիւպատոսարանին թարգմանը, իր որակումովը որթկան ցիցը, հանգուցեալ Սրբազանին ուղղած էր՝ անոր սրտին այնքա՜ն դժուար եկած խօսքը, թէ՝ «Անդրանիկը տեսնելու համար մինչեւ Աղթամար կրնաք երթալ, իսկ Այգեստանը չէք կրնար գալ»։