Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՈՉՈՒՆՔՆԵՐ

Մայիս 5ին ժամանեց Դրօյի կամաւորական խումբը, 6ին Զօր. Նիքալայէվը՝ իր զօրաբաժինովը, օր մը վերջ, Համազասպը իր խումբին հետ։ Ժողովուրդը՝ խուռն բազմութեամբ դիմաւորութեան կ՚ելնէր, ամէն անգամ, այս ժամանումներուն, բայց, այդ դիմաւորութիւնները հեռու էին ցուադրելէ համապատասխան խանդավառութիւն մը։ Թուրքերու փախուստը անոնց ժամանումներէն առաջ, խլած էր այդ խանդավառութեան թափը։ Յետոյ, կռուողները՝ նաեւ չկռուողները՝ քիչ մը շատ կլանուած էին ուրիշ բաներով, կորուստնին դարմանելու եւ եկած ազատութիւնը լաւագոյն կերպով վայելելու մտահոգութիւններով։

Զօր. Նիքալայէվ՝ քաղաքին եւ շրջակայից կառավարիչ անուանեց Արամը եւ այս վերջինը՝ քանի մը օր վերջ, յանուն քաղաքին, մեծ խնջոյք մը տուաւ ի պատիւ ռուս հրամանատարին։

Խնջոյքին վայրին համար ընտրուած էր Թիւթիւնճեան Պ. Սիմոնի բնակարանը, որուն սրահը Այգեստանի ամենէն ընդարձակն էր։

Այդ օրը, ցերեկին, մենք միասին էինք Պ. Թիւթիւնճեանի հետ։ Չափազանց սրտբաց մէկը՝ ան չէր կրնար ծածկել իր գոհունակութիւնը, իր սրահին տրուած նախընտրութեան համար։

Երեկոյեան կողմը, երբ հարկ եղաւ իրարմէ բաժնուիլ, Պ, Թիւթիւնճեան զիս հրաւիրեց միասին երթալ իր տունը, մասնակցելու համար կոչունքին։

Ես մերժեցի հրաւէրը։

Հրաւէրը կոչունք տուողին կողմէն պէտք է որ գայ   ըսի բարեկամիս։

Կը կարծէ՞ք թէ հինգ ոչխարով եւ հինգ լիդր (50 քիլօ) գինիով կարելի կ՚ըլլայ կոչունք տալ բանակի մը հրամանատարին   ըսաւ Պ. Թիւթիւնճեան, իրեն յատուկ կենսուրախ ժպիտով մը։

Այս կարճ նկատողութիւնը իր ներքեւ կը ծածկէր բաւական երկար իմաստ մը։ Ան կը նշանակէր թէ՝ կոչունքը տուող Արամ՝ հինգ ոչխար միայն ղրկած էր եւ հինգ լիդր գինի։ Իսկ մնացեալներուն ամբողջ հողը՝ որուն գաղափարը դիւրին էր կազմել սրահին ընդարձակութեան կանխահոգութեանը եւ կամ միսին եւ գինիին քանակին ներկայացուցած համեմատութեան վրայ՝ թողուցած էր տան տիրոջը վրայ։

Յետոյ, առանց սպասելու որ ես բան մը ըսեմ, ան աւելցուց,

Ձեր տունէն տարուած սպասեղէններն միայն, բաւական են, ձեզի իրաւունք տալու, որպէսզի ներկայ ըլլաք կոչունքին։

Այս երկրորդ փաստարկութիւնը ինձ համար քիչ մը վիրաւորական պիտի համարէի, եթէ զայն տուողին շատ անկեղծութեանը հետ՝ քիչ մը միամտութիւնը ինծի ծանօթ եղած չըլլար։ Կատակի տուի եւ ըսի,

Չէ՞ք կարծեր որ Արամ՝ իմ սպասեղէններու ներկայութիւնը բաւական համարէ։

Թիւթիւնճեան հասկցաւ թէ ոչ իմ կատակին իմաստը, լուսաւոր ժպիտ մը դէմքին վրայ՝ հրաժեշտ առաւ ինձմէ, բայց չմոռցաւ աւելցնելու՝

Արամի հրաւէրը հիմայ պիտի ստանաք։

Արամի հրաւէրը, սակայն, չերեւցաւ։

Յաջորդ օրը կիրակի էր։ Մեր փողոցին անկիւնի սրճարանին տանձենիին շուքին ներքեւ նստած էի, երբ հեռուէն տեսայ ես Թիւթիւնճեանը, որ թեւերը ճօճելով կուգար, անոր դէմքը այնքան մռայլ էր, որքան սաստիկ ամպրոպի մը երկունքը քաշող օդը։ Տակաւին ինծի չհասած եւ առանց բարեւի պոռթկաց ան,

Յեղափոխականէ վալին ալ այսքան կրնայ ըլլալ։

Թիւթիւնճեան ինքզինքն անգամ չէ կրցած կոչել տալ կոչունքին։ Սեղանէն առաջ, ան՝ բազմաթիւ երթեւեկներ ըրած է անոր շուրջը, բայց, երբ զօրավարը գրաւեր է իր աթոռը, մնացեալներուն վրայ՝ կուսակցական եւ կամաւորական շէֆերուն կողմէ տեղի ունեցած է այնպիսի գրոհ մը, որ Թիւթիւնճեան՝ տեսնելով որ իրեն բան մը չէ մնացեր եւ ոչ ոք կը հետաքրքրուի իրմով, կամաց մը ձգեր հեռացեր է։

Թիւթիւնճեանը միայն վաճառական չէ։ Ատենին, ան՝ որպէս արմենական, եղած է նաեւ յեղափոխական։ Վանի 96ի կռիւներուն, ան՝ իր միւս հինգ  եղբայրներուն հետ (երեք կրտսերները Աւետիսեանի խումբին մէջ սպաննուած) ամէնքն ալ իր պէս լեռնանման, թուրք թաղամասին բերանը գտնուող իրենց տան մէջ դիրք բռնած՝ կասեցուցած են թուրք հորդաներու յարձակումը։ Յետոյ, ան երեւելի մըն է իր թաղին մէջ եւ անոր երեւելիութիւնը իր հօրմէն կուգար, ինչ որ անշուշտ աւելի յարգի է։ Անոր հայրը Արարուց թաղին իշխաններէն էր, անոր իշխանութիւնն ալ ունէր իր պատմութիւնը, Վասպուրականի ֆօլքլօրին մէջ տեղ բռնած պատմութիւն մը։

Երբ, Ազգ, Սահմանադրութեան հիման վրայ, առաջին անգամ ըլլալով՝ Վանի մէջ տեղի կ՚ունենան թաղական ընտրութիւններ, Գրիգոր աղա Թիւթիւնճեան, որ թաղականական թեկնածու է, ընտրութեան օրը, կիրակի, եկեղեցի երթալէն առաջ՝ կնոջը կը յանձնարարէ թոնիր վառել այդ օրը, բայց, այն պարագային միայն, երբ՝ ինքը իր իշխան ընտրուած ըլլալու լուրը ղրկելու կ՚ըլլայ։ Հակառակ պարագային, որ ատեն Գրիգոր աղան հիւր չպիտի ունենար, օճախը բնականօրէն, բաւական պիտի ըլլար։

Արդ՝ Գրիգոր աղայի իշխան ընտրուելու լուրը շատ ուշանալէն յուսահատ՝ ամուսինը, տղան թաղական խորհրդարանը կը ղրկէ, թեկնածու էրիկէն իմանալու համար թէ իշխան ընտրուա՞ծ էր, թէ՝ թոնիրը վառելո՞ւ էր։

Տղան, հարցումին բնոյթին անտեղեակ՝ գաղտնապահութեան պէտք չէ զգար եւ խորհրդարանը մտնելուն, բարձրաձայն կ՚ուղղուի հօրը,

Հայրի՛կ, մաման կ՚ըսէ իշխան եղա՞ր, թոնիրը վառե՞մ։

Այդ օրէն ի վեր է եւ այս անցքին վրայ, որ, թոնիրը վառելը՝ Վասպուրականի ապկօյին մէջ, հոմանիշ դարձեր է ազգային կամ պետական պաշտօն ստանալու։

Սիմոն աղան՝ ուրեմն, վիրաւորուած իր երեւելի յեղափոխականի զգացումներուն մէջ, մանրամասն ցուցակ մը շինած էր՝ հինգ ոչխարէն եւ հինգ լիդր գինիէն ի զատ, այդ իրիկուն եղած ծախքերուն, ամէնքն ալ իր մառանէն, որոնց գումարը կը յանգէր տասնեակ մը ոսկիներու։ Այս ցուցակը ինծի ներկայացնելուն առիթովը, ան շրթունքները կ՚ողողէր երդումներով որ՝ Արամին պիտի ղրկէր զայն։

Բայց, հէնց այդ երդումները ինծի կը հաւաստէին թէ անոր յեղափոխականութիւնը անցեալին կը պատկանէր, թէ՝ ներկային մէջ խելօք վաճառական՝ դասակարգին յատուկ հաշիւին էր որ պիտի մնար վերջին խօսքը։ Այդպէս ալ եղաւ եւ ան Արամին չղրկեց հաշուեցուցակը։ Բայց, պատահեցաւ առիթ մը, զոր Սիմոն աղան բռնեց, լուծելու համար իր վրէժը։

Այդ առիթը եղաւ քաղաքին վաճառականներէն Սէթ Գափամաճեանի կողմէն՝ ի պատիւ Զօր. Նիքալայէվի տրուած ճաշկերոյթը, որուն մասնակիցներուն մեծ մասը, այս անգամ, պուրժուաներ էին, որպէս ոչ պուրժուա, ներկայ էին, միայն, Արամ, Եկարեան եւ Բրօֆէսէօր Մինասեան։ Զօրավարին, ռուս բանակին եւ Արամին ի պատիւ առաջարկուած բաժակներէն վերջ, ոտքի ելաւ յանկարծ Թիւթիւնճեանը, որ՝ կեանքին մէջ բաժակաճառ արտասանած մարդ չէր եւ, անսպասելիօրէն, առաջարկեց խմել «Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավար Եկարեանի կեանքին»։ Արամ, կարծես, անտեղուանքը չեղաւ եւ, ուրիշներու կարգին, ինք եւս բաժակը երկարեց դէպ ի Եկարեան։ Բայց, երբ Սէթ Գափամաճեան՝ հին ոխակալ մը, ոխի՞ն, թէ ոչ քովը նստող Բրօֆ. Մինասեանի լիլիբիւսեան փսփսոցին վրայ, զօրավարին ուղղուելով՝ թարգմանեց՝ նոր ոխակալ բաժակաճառը, որուն վրայ, զօրավարը ոտքի ելնելով՝ անգամ մը եւս, բաժակը երկարեց դէպ ի Եկարեան, Արամ չկրցաւ ծածկել իր դժգոհութիւնը եւ չնետել ակնարկ մը, որ, այնքան ծուռ էր, որ յայտնի չեղաւ թէ Գափամաճեանին կ՚երթա՞ր ան թէ ոչ Բրօֆէսէօրին։

Ռուս զինուորականութիւնը սկսած էր ծուռ աչքով նայիլ Արամի վրայ։ Անոր ականջին շատ գէշ կը հնչէին որոշ հոսանքի պատկանող մամուլի   Վանի մէջ, Կովկասը թէ Պարսկաստան   յանկերգը, թէ Վան՝ Հայերու կողմէն է որ գրաւուած է, թէ ան կորիզն է հայ ինքնավարութեան կամ անկախութեան։ Այդ զինուորականութեան ականջին գէշ կը հնչէր, մանաւանդ, այս յանկերգին փաստը, զոր այդ մամուլը կը գտնէր՝ Արամի՝ Վանի եւ շրջակայից կառավարիչ անուանուելու իրողութեանը մէջ։

Այս սխալին մէջ, պէտք է խոստովանինք որ Արամ բաժին չունէր, բայց, խոստովանինք նաեւ, որ Արամ այդ պաշտօնին մարդը չէր։ Պատերազմի մէջտեղ Վանը եւ շրջակաները կառավարելու դժուարին եւ փափուկ պաշտօնը վարելու համար հարկ էր ճանչնալ ռուս ժողովուրդը, որու մասին Արամ շատ բան չէր գիտեր, ճանչնալ ռուս զինուորականութիւնը եւ պատերազմական վիճակի անոր հոգեբանութիւնը, որու մասին ան աւելի քիչ բան գիտէր, յետոյ ճանչնալ տիրող րէժիմը, որու մասին, ան բնաւ բան մը չէր գիտեր։ Կօզաքի մը ձին վնաս մը տուա՞ւ Հայու մը արտին կամ այգիին, ինչքան ալ աննշան եղած ըլլար վնասը, աղմուկ կը փրթէր, հայ մամուլին յանկերգին արձագանգը ետեւէն։ Արամ՝ փոխանակ իր հեղինակութիւնը ի սպաս դնելու՝ պատերազմական վիճակի հարկադրանքները եւ մեր դրութեան անորոշութիւնը եւ փափկութիւնը Հայուն հասկցնելու գործին, անոր փաստաբանը կը դառնար, ինչ որ տեսակ մը քաջալերանք կը դառնար վերեւի իրողութեանց անտեղեակ դասակարգին համար։ Գաղափարական մարդ, Արամ՝ անհատական իրաւունքի ըմբռնումով էր որ կը մօտենար հարցերուն։ Այդ ըմբռնումով էր որ ան չկրցաւ զսպել կարգ մը առեւտրականներու չարաշահութիւնը եւ կազմակերպութիւն մը դնել ռուս զինուորականութեան անհրաժեշտ պիտոյից հայթայթումի գործին մէջ։ Կարգ մը ապրանքներու գիները՝ մէկ օրէն միւսը տասնապատկուեցան, 12 ղրուշի ծախուող մետաքսաս քօնեաքը, օրինակի համար, որ վարչապետ Մետաքսասի չափ սարթ յունական խմիչք մըն էր, մէկանց մէկ ոսկիի բարձրացաւ։ Յետոյ, ան չկրցաւ չափ մը դնել թալանջիներու  կողոպուտին կիրքին, որուն՝ ի չգոյէ այլեւս ուրիշ ապրանքներու, թուրք թաղերու եւ պարտէզներու բարտիները դարձեր էին նշաւակ։

Առաւօտ մը, ես Զօր. Նիքալայէվի տունը գացեր էի, զայն հրաւիրելու ճաշկերոյթի մը, զոր Վարագի հոգաբարձութիւնը որոշած էր տալ ի պատիւ անոր՝ Վարագի մէջ։ Հոն, դէմս ելաւ հիւպատոսարանի գավազը՝ Սահակ, որ ինծի խորհուրդ տուաւ այդ օրը չներկայանալ զօրավարին եւ յաջորդ օրուան ձգել այցելութիւնս։

Ինչո՞ւ։

Զօրավարը չափազանց նեղացեր է Հայերուն։

Ինչո՞ւ։

Ան՝ Հայերուն իրաւունքը ճանչցած էր Թուրքերու բոլոր բարտիներու վրայ, բայց, Արամէն խնդրած էր ձեռք չդպցնել Սխկայի հրապարակի բարտիներուն, որոնք այդ հրապարակին գլխաւոր զարդը կը կազմեն։ Արդ՝ այս առաւօտը, զօրավար թէլէֆօն ընել ուզած է եւ գիծը կտրուած գտնելով, պատճառին մասին քննութիւն մը հրամայած էր։ Կ՚ուզէ՞ք որ քննութեան արդիւնքը այն ըլլայ, որ այդ հրապարակին վրայ կըտրուած թուրքի վերաբերող բարտիի մը թէլէֆօնի թելին վրայ անկումը եղած ըլլայ անոր կտրուած ըլլալուն պատճառը։

Քիչ մը չափազանց գտայ գավազին վախը եւ անկէ խնդրեցի զօրավարին յայտնել իմ այցելութիւնը եւ անոր նպատակը։

Զօրավարին ընդունելութիւնը տաք չեղաւ, բայց ան՝ սիրով ընդունեց հրաւէրը։

Զօրավար Նիքալայէվ հնագիտական ծանօթութիւններէ զուրկ մէկը չէր։ Վանքը հասնելուն, ան՝ մեծ հետաքրքրութեամբ աչքէ անցուց վանքին հնագիտական նշանակութիւն ունեցող մասերը եւ անոնց վրայ գըտնուած արձանագրութիւնները, բայց, միեւնոյն հետաքրքութեամբ ան մտիկ չըրաւ ճառերը, զոր Դաշնակցութեան սպայակոյտէն հրաւէրին մասնակցողներէն, Արամ, Համօ Օհանջանեան, Ռոստոմ, Արարատեան, Համբարձումեան, Համազասպ, իրարու ետեւէն շռայլեցին։ Ան՝ անընդհատ կը յօրանջէր եւ եթէ իր կապոյտ աչքերը ճառախօսներու երեսին յառած կը պահէր, ատիկա կուգար հետաքրքրութենէ աւելի ճառը՝ վերջացած տեսնելու իր անհամբերութենէն։ Երբ վերջին ճառախօսը, խմբապետ Համազասպ, աւարտեց իր ճառը, որուն միտքը՝ չեմ յուսար թէ՝ կրակին չափ գրաւիչ ըլլար, զօրավար Նիքալայէվ խօսք առաւ եւ ըրաւ բնորոշ, խօսքեր, որոնց անմիջապէս հետեւեցաւ միջադէպ մը։

Անցնելով՝ իրմէն առաջ խօսք առնողներու ճառերուն վրայէն, որոնց մէջ քիչ մը շատ տեղ տրուած էր Հայերու ստանձնած կամ անոնց վերապահուած գերին, եւ ակնարկելով անոնց շօշափած հեռանկարներուն, զօրավարը նախ փափկօրէն հասկցուց թէ կականը յաղթութիւնն է, որ դեռ հեռու կը գտնուի, թէ՝ յաղթութեան հետ է, որ կապուած կը մնան ակնարկուած հեռանկարները, յետոյ ծանրացաւ այն կէտին վրայ թէ ճառերով չէ որ պիտի իրականանան այդ հեռանկարները, այլ այնու, որ գեր եւ գործը ունեցողները գտնուին իրենց պարտականութեան գլուխը։ Ռուսերէնի անծանօթ՝ մենք, բնականօրէն, այդ րոպէին չիմացանք զօրավարին ակնարկութեան իմաստը. մենք այն տեսանք միայն, որ քիչ վերջ կամաւոր մը՝ Համազասպին մօտեցուց անոր ձին թամբուած եւ կազմ։ Համազասպ ոտքի ելաւ անմիջապէս եւ խօսք առնելով, կրակոտ ձայնով մը, որոնք քիչ մըն ալ իր ձեռքերուն շարժումներէն էր կ՚առնէին կրակը, ըսաւ.

Պարոն զօրավա՛ր, դուք իրաւունք ունիք. զինւորը իր պարտականութեան գլուխը պէտք է որ գտնուի։ Ես, ահա, ձեր բարձր ներողամտութեամբ այս սեղանէն կ՚ելնեմ, իմ պարտականութեան գլուխը մեկնելու համար։

Եւ, անմիջապէս, աշխուժով մը ձիուն կռնակը ցատկելով, խմբապետը՝ զինուորական բարեւ մը ուղղեց դէպ ի զօրավարը, եւ ձին քառասմբակ քշելով՝ հեռացաւ։

Այս քիչ մը թատերային ժէսթը տեսակ մը ցոյցի տպաւորութիւնը թողուց. բայց, նաեւ ան տեսակ մը չքմեղանցի ծառայեց ցուցարարին համար, որ բանակը Ոստան թողած՝ Վարագ ճառ խօսելու եկած էր։

Զօրավար Նիքալայէվի՝ այդ օրուան նկատողութեանց փափկութեանը յաջորդեց կոշտը։ Անցան քանի մը օրեր, ու ահա առաւօտ մը, Արամ՝ արտակարգ եւ շտապով գումարուած նահանգային ժողովի նիստի մը մէջ, յայտնեց թէ՝ իրեն հաղորդուած է որ երկու օրէն քաղաքը կը հասնի կովկասեան բանակի ընդհանուր  քննիչ զօրավար Իւտէնիչ որ՝ փոխարքայէն վերջ, ամենէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնն էր Կովկասի մէջ։ Ժողովը՝ այդ այցելութեան առիթը լաւագոյն կերպով օգտագործելու նպատակաւ, որոշեց ընել արտակարգ ընդունելութիւն մը եւ առ այդ՝ Արամի օգնական Պարոյր Լեւոնեանի (աշուղ Ճիվանիի տղան) նախագահութեան ներքեւ, ընտրեց յատուկ յանձնաժողով մը, որ անմիջապէս նիստ գումարելով, իր կարգին որոշեց Ճիտէճեաններու բնակարանին մէջ ընդունիլ հիւրը եւ նախապատրաստական քանի մը կարգադրութիւններէ  վերջ, յաջորդ առաւօտեան համար ժամադրուեցաւ որոշուած բնակարանը, տեղւոյն, վրայ ընելու համար մնացեալ կարգադրութիւնները։

Յաջորդ առաւօտը, կանուխ, ես՝ որ կ՚անդամակցէի յանձնաժողովին, Ճիտէճեաններու բնակարանը գացի։ Հեռուէն՝ ուշադրութիւնս գրաւեց տանը առջեւ տիրող եռուզեռը։ Նախազգացի ես, որ հիւրը կանխած էր իր ժամանումը։ Տանը դրան առջեւ, առաջին հանդիպածս անձը եղաւ Պ. Լեւոնեան, որ՝ զիս տեսաւ թէ ոչ, ահաբեկ դէմքով մը, որ ջղային սարսուռի տուշ մը տուաւ ինծի, վրաս խուժեց։

Իմացա՞ք եղածը, հարցուց ան ինծի, փսփսուքով մը, որ կը լրացնէր անոր դէմքին ահաբեկութիւնը։

Ո՛չ, ըսի, նոյնքան ահաբեկ։

Զօրավար Իւտէնիչ մերժեց ընդունիլ  Արամը, որ անոր այցելութեան եկած էր։

Ասիկա սկիզբն էր երկանց։