Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁԱՐԷՆ ՎԵՐՋ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Նոյեմբերի վերջերը՝ Արեւմտահայ Խորհուրդը՝ Փարիզէն ստացաւ Պ. Պօղոս Նուպարի պատմական հեռագիրը, որ՝ նոր տեսակի դուռ մը կը բանար, իր՝ Արեւմտահայ Խորհուրդին գործունէութեան առջեւ։

Իր հեռագրովը, որ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան շիֆրովն էր որ կը հասնէր, Ազգային Պատուիրակութեան նախագահը կը յայտնէր, որ «Եթէ Թրքահայերը իրենց սեփական ուժերովը պաշտպանելու ելնէին իրենց սահմանները, Դաշնակիցները պիտի ճանչնային անոնց անկախութիւնը եւ պիտի պաշտպանէին զայն»։

Հեռագիրը՝ իր խմբագրութեան ձեւովը եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան շիֆրէն անցած ըլլալու իրողութեամբը, տեսակ մը դաշնագիր կը համարուէր Դաշնակիցներու եւ Թրքահայերու միջեւ։

Արեւմտահայ Խորհուրդը՝ որ իր տիրէքթիւներուն մէջ չունէր զինուորական գործունէութեան իրաւասութիւնը, Թրքահայերու մէջ զօրահաւաք կատարելու եւ բանակ մը կազմելու համար, հարկ դատեց խորհրդաժողով մը կազմել Թիֆլիսի մէջ։

Այս խորհրդաժողովին մասնակցելու համար, երբ ես Թիֆլիս հասայ, պաշտօնակիցներէս տեսածս առաջին անձնաւորութիւնն եղաւ Անդրանիկը։ Ես զայն գտայ Սօլօլակի Չաշկայ Չայը, ուր ան՝ քանի մը հին զինակիցներով շրջապատուած՝ թէյ կը խմէր։ Ուրախութենէն գինով՝ անոր առաջին ժէսթն եղաւ ինծի կարդալ Պ. Պօղոս Նուպարի հեռագիրը, որուն՝ երբ պատճէնը գրպանէն դուրս հանեց, ան բնորոշ յիշողութիւն մը ունեցաւ, որպէս նախաբան։

Ի՜նչ կ՚ըլլար եթէ Մեսրոպ եպիսկոպոսն ալ, այսպէս, ճիւպպէյին գրպանը դրած ըլլար Ձարին խոստըմնագիրը։

Անդրանիկ կ՚ակնարկէր այդ առասպելական խօստըմնագրին՝ Ալեքսանդրաբոլի կայանին մէջ կորսուած ըլլալու առասպելին։

Այս ակնարկութիւնը, սակայն, անոր ընել տուողը Անգլիոյ խոստումին եւ յանձնառութեան մասին անոր քիչ մը կոյր հաւատքն էր։ Ան մոռցած էր որ Անգլիոյ զրահաւորները Արարատը չէին ելնէր։ Յետոյ, այդ օրերուն, տակաւին անոր դիւանագէտները  իր բաղդին չէին ձգած Ազգաժողովի անդամ Նէկիւսը, որ՝ իր կարգին, չէր կարդացած Հայոց պատմութիւնը՝ որուն վերջին մասը՝ նոյն այդ Ազգաժողովին դիւաններէն անցած էր։

Խորհրդաժողովը գումարուեցաւ եւ ծափերով՝ որոնց մեծ մասը, եթէ ոչ ամբողջութիւնը, կ՚երթար Դաշնակիցներուն, որոշեց զօրահաւաք կատարել Թրքահայերու մէջ եւ Անդրանիկի հրամանատարութեան ներքեւ կազմել թրքահայ զօրաբաժին մը։

Այս որոշումներուն գործադրութիւնն ալ՝ Խորհրդաժողովը յանձնեց նոր մարմինի մը, որուն ան «Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդ» անունը տուաւ, որ՝ այսպէս կը դառնար տեսակ մը թրքահայ  կառավարութիւն։

Կովկասեան ռուս բանակին հրամանատարութիւնը, որ չէր ճանչցած Պոլշէվիկներու իշխանութիւնը՝ Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդին առջեւ բացաւ իր բոլոր կարելիութիւններուն պահեստները. այդ կարելիութիւններէն մէկն էր զօրավարութեան տիտղոսը, զոր ան՝ փութաց տալ Անդրանիկին։

Անդրանիկ իր նոր համազգեստին մէջ նուազ համակրելի էր, բայց, աւելի պատկառելի։ Պաշտօնը եւ աստիճանը ու անոնց՝ հետերնին բերած պարտականութիւնները ու հեռանկարները՝ զայն դրած են նորէն իր հին կաշիին մէջ։ Առջի Անդրանիկին է ան՝  հիմայ, աշխոյժ, ոգեւոր, լաւատես։ Ան չէ փոխած, նոյնպէս, իր վերաբերմունքը իր նախկին ընկերներու մասին, ինչպէս որ այս վերջինները իրենցը, Անդրանիկի նկատմամբ յարաբերութեան վիճակ մը, որ կամաց կամաց Անդրանիկը մղեցին այն կարծիքին, թէ՝ եթէ ոչ կուսակցութիւնը, գէթ կուսակցական կարգ մը ազդեցիկ անհատներ՝ չէին քաշեր իր յաջողութիւնը, եւ քարեր կը գլորէին իր քայլերուն դէմ։

Կուսակցութիւնը, այդ օրերուն ֆութպօլի գնդակ մը, իրարու դէմ ելած, ազգայնականի եւ միջազգայնականի, Թրքահայի եւ Ռուսահայի, անդրանիկեանի եւ հակաանդրանիկեանի ոտներու միջեւ, իր քաոսային վիճակովը՝ քիչ մը աւելի լայն ասպարէզ դարձեր էր անհատական նախասիրութիւններու եւ կիրքերու։

Այս վիճակին բերումովն էր որ երբ զօրահաւաքի յայտարարութիւնը՝ թէքնիք պատճառներով մէկ երկու օր ուշացաւ, Անդրանիկ՝ որուն՝ օր առաջ գործի անցնելու եռանդը՝ տեսակ մը ջղայնութեան վերածուած էր, նման կիրքի մը, մասնաւորապէս, Արամի կողմէն եկած նախանձի կիրքի մը, վերագրեց այդ յապաղումը։ Անդրանիկ՝ միջօրէի մը, որուն առաւօտը, յայտարարութիւնը, հակառակ տրուած հաւաստիքին, լոյս չէր տեսած, բացատրութիւն ուզելու համար, Ապահովութեան Խորհուրդի պաշտօնատունը եկաւ։ Հոն, Վ. Փափազեանի, Ա. Դարբինեանի եւ իմ բացատրութիւններուն եւ ոչ մէկը բաւարար չգտաւ ան եւ սկսաւ լուտանքներ տեղայ այս ու այն հասցէին։ Ի վերջոյ, ի լրումն բարկութեանը, սուր, յանկարծ, քաշեց պատեանէն։

Որո՞ւն վրայ էր որ ան քաշեց սուրը, ապահովաբար եւ ոչ մէկիս վրայ։ Բայց, գրասենեակը ուր կը գտնուէինք մենք, բաւական լայն չէր եւ Անդրանիկի ժէսթը կրնար միայն սպառնալիքի եւ բարկութեան նշանի տեղ չանցնիլ, այլ նաեւ անդրանիկ Առաքեալի քաշած սուրին, եւ թռցնել, Քահանայապետին ծառային եղածին պէս, մէկն ու մէկիս ականջը։

Անդրանիկի այս ելոյթը՝ աննպատակ, գուցէ անարդար, կը բխէր, սակայն, անոր հոգիէն, որ առաջ, ժամ մը առաջ, ճակատը մեկնելու, իր պարտականութեան գլուխն անցնելու եռանդէն, եռանդ՝ որ կրնար իրեն մահ բերել, ուրեմն ինքզինքը զոհելու իր եռանդէն, իր աճապարանքէն։ Երբ ելոյթը այսպիսի շոգի մը կ՚ունենայ ետեւը, թարգմանելի՞ է այլեւս եւ կամ քննադատելի։ Ո՛չ։ Հերոսի եւ գերմարդու պատմութիւնները լեցուն են նման դրուագներով, անոնք ո՛չ միայն բան մը չեն պակսեցներ հերոսական  առաքինութիւններէ, այլեւ զարդ մը կ՚ըլլան անոնց համար։ Անդրանիկի սիրտը Աքիլլէսի նիզակին նման, շնորհն ունէր իր բացած վէրքը բուժելու։ Երբ, յաջորդ օրը, յայտարարութիւնը երեւցաւ, ան չըսաւ թէ «իմ ահէն էր որ երեւցաւ ան», այլ, ընդհակառակն, Ապահովութեան Խորհուրդի գրասենեակն եկաւ ան, սուրճ մը ուզեց, ասաց, խնդաց, յետոյ, չմոռցաւ մեղադրելու իր դիւրագռգռութիւնը, որ այս ալ ըսենք, անոր Աքիլլէսի կրունկն էր, անոր բնաւորութեան ամենէն խոցելի կէտը։

Զօրակոչի յայտարարութեան վրայ, ամիսը չանցած, նպատակին սէրը եւ Անդրանիկի անունն ու հմայքը՝ հեռուէն թէ մօտէն, Թիֆլիս քաշեցին աւելի քան 20, 000 Թրքահայեր, որոնց ընտանիքներուն պարենագինը՝ անգլիական զինուորական միսիօնին տրամադրած գումարներով՝ ապահովուած էր, Ապահովութեան Խորհուրդին կողմէն։ Միւս կողմէն, մտաւոր եւ ֆիզիքական յարմարութիւն ունեցողներէն՝ մօտ 500 երիտասարդներ, Խորհուրդին բացած ենթասպայից վարժարանը առնուեցան, հետեւելու համար անոր եռամսեայ դասընթացքին։ Ոգեւորութիւնը մեծ էր, երեւոյթը չափազանց յուսալից։

Բայց, հէնց այդ ամսուան մէջ, մէջտեղ եկան այդ երեւոյթը մթագնող ուրիշ երեւոյթներ։ Կովկաս կրցած էր թումբ դնել պոլշէվիկեան արշաւանքին դէմ, բայց չէր կրցած թումբ դնել՝ ո՛չ անոր մէջտեղ դրած սկզբունքներուն, ո՛չ ալ այդ սկզբունքները քարոզողներուն դէմ։ Մենշէվիկներէ, դաշնակցականներէ եւ ընկերվարական պիտակ կրող ուրիշ կուսակցականներէ կազմուած էին բանուորական, գիւղացիական եւ զինուորական խորհուրդներ, որոնց մէջ նոյնքան ուժգնութեամբ, որքան կովկասեան լեռներէն անդին, կը հնչէին «անկցի պատերազմը», անկցի մահուան պատիժը» եւ այլ նման պոլշէվիկեան լօզունգները։

Այս մթնոլորտին մէջ, զօրավար Նազարպէկով, որ կը հրամայէր Թրքահայաստանի սահմաններուն պաշտպանութեան պաշտօնն ունեցող հայկական զօրաբանակին, եւ զօրավար Անդրանիկ, որ իր թրքհայ զօրաբաժինով մաս պիտի կազմէր այդ բանակին, պիտի կրնայի՞ն մահուան պատիժը գործադրել իրենց հրամայած զօրամասերուն մէջ։

Այս հարցը եկաւ, օր մը, ծեծուելու Հայոց Ազգային Ժողովին մէկ նիստին մէջ։

Ազգային Ժողովը՝ Թիֆլիսի ռուսահայ համագումարէն բխած օրէնսդիր  մարմինն է, որուն՝ թրքահայ շահերը շօշափող հարցերու քննութեան նիստերուն կը մասնակցէր Արեւմտահայ Խորհուրդը։

Ազգային Ժողովին նիստը կը կայանար, այդ օրը, Թիֆլիսի Առեւտրական Պանքի մեծ սրահին մէջ։ Դիւանին քով բազմած էին, մահուան պատիժի իրաւունքը խնդրելու եկած՝ երեք հայ զօրավարներ, Նազարպէկով, Անդրանիկ եւ Արէշով։

Անդրանիկ՝ նոր զօրավարի նոր տրամադրութեամբ. հագին ունէր լաւ դերձակի ձեռքէ ելած չիք համազգեստ մը, ինչ որ աչքի զարնել կուտար Նազարպէկովի, հին զօրավարի համազգեստին հնութեանը հետ՝ Արէշովի չէրքէզսքիին հնամաշութիւնը։

Խօսքը Նազարպէկովին է.

Մենք ունինք զինուոր, ունինք սպայ, ունինք մասնագէտ, ունինք զինամթերքի եւ պարենաւորումի անհատնում պաշար։

Այս խօսքերովը սկսաւ զօր. Նազարպէկով իր զեկոյցը։

Ներկաներէն անոնք որոնց անծանօթ էր օրակարգին բնոյթը, չկրցին զսպել գոհունակութեան արտայայտութիւն մը, ինչ որ ընդմիջելու ծառայեց զեկուցողին խօսքը։

Զօրավար Նազարպէկով շարունակեց.

Թուրքը չունի՝ ո՛չ բաւական զօրք, ո՛չ բաւական սպայ, ոչ ալ բաւական մասնագէտ։ Անոր զէնքի պահեստը սահմանափակ է, պարենաւորումին պաշարը զէրօ։

Անոնք որոնք գոհ եղած էին, խանդավառուեցան  այս անգամ։

Ասիկա տաք ջուրն էր՝ սկովտիական տուշին համար, զոր ան՝ ժողովին տալու համար էր որ եկած էր։ Ան՝ անմիջապէս լեցուց պաղը։

Բայց, Թուրքը ունի բան մը, շարունակեց ան, տաք տաք, որ մենք չունինք, եւ այդ բանովը՝ հակառակ մեր առաւելութիւններուն, ան պիտի յաղթէ մեզի։

Ի՜նչ է այդ, ի՜նչ է այդ, հարցուցին քանիները, որ ան ունի եւ մենք չունինք։

Տիսիբլին     պատասխանեց զօրավարը մէկ եւ չոր բառով մը։

Որը՝ ունինք ըսաւ, որը՝ ինչո՞ւ չունինք ըսաւ որը՝ ինչո՞ւ պիտի չունենանք ըսաւ։ Մէկը միւսին յաջորդոց այս եւ նման հարցերու ժխորը այն աեն դադրեցաւ, երբ զօրավարը նորէն հնչեց իր «կասպատա»ն (պարոններ) առանց որուն ան չէր անցներ իր խօսքին.

Պարոննե՛ր   շարունակեց ան   տիսիբլին մահուան պատիժովը կ՚ըլլայ։ Այդ մահապատիժին իրաւունքն է ահա որ չունինք եւ զոր մենք՝ այսօր, ահա, խնդրելու եկած ենք ձեզմէ։

Խօսքը Անդրանիկին է։

Հայրենիքը...

Ի՞նչ է հայրենիքը—   պոռալով ընդմիջեց Անդրանիկի խօսքը Կորիւն Ղազարեան—   մէկը դաշնակցական լիտըրներէն, որ առանց զինուոր ըլլալու, անդամ էր Զինուորական Խորհուրդին։

Անդրանիկի շրթունքները դողացին։ Ան չկրցաւ շարունակել խօսքը եւ դարձաւ դէպ ի նախագահութեան աթոռը, որ կը գրաւէր Ահարոնեան.

Դուրս հանեցէք այս պարոնը։

Ահարոնեան սաստեց Ղազարեանը, Պապաջանեան՝ իրաւաբան՝ ստանձնեց Անդրանիկի  փոխանորդութիւնը.

Հայրենիքն այն է   ըսաւ ան   առանց որուն՝ մարդը ուրիշ բան մը չէ, եթէ ոչ զէրօն էք, պարոն։

Ահարոնեանի սաստո՞ցն էր թէ ոչ Պապաջանեանի այս խիստ դատաստանը, լռեցուցին Ղազարեանը. բայց՝ այն էր որ վարեց, յետագայ վիճաբանութեանը մէջ, մահուան պատիժը զլանալու թէզը։

Ամէն ոք զարմացաւ, որ Անդրանիկ հանդարտ մնաց եւ չշարունակեց խօսքը, որ՝ ապահովաբար, հայհոյանք պիտի ըլլար։

Երբ նախագահը քուէի դրաւ հարցը եւ մահուան պատիժին կողմնակիցներուն քուէները առնելէն վերջ, հակառակորդները հրաւիրեց բարձրացնել իրենց ձեռները, Ժիրայր Միրզախանեան, որ իմ քովը նստած էր, ձեռքը բարձրացուց։ Մէկ քուէի տարբերութիւն մը՝ բարձրացող ձեռքերու համրանքին մէջ եւ վէճը որ անոր հետեւեցաւ, պատճառ դարձան, որպէսզի նախագահը՝ բարձրանալու նոր հրաւէր մը ուղղէ ձեռներուն։ Այդ մէկ քուէն, յայտնի էր այլեւս, որ բաղդորոշ էր, ան էր որ պիտի որոշէր մեծամասնութիւնը։

Ժիրա՛յր, ձեր քուէէն է որ կախուած է Թրքահայաստանի հետ՝ Ապահովութեան Խորհուրդին բաղդը   ըսելով՝ Միրզախանեանի վրայ խոյացանք ես եւ Յակոբ Տէր Զաքարեան, Ապահովութեան Խորհուրդին ուրիշ մէկ անդամը, որ անոր միւս կողմը նստած էր։

Միրզախանեան՝ ալ՝ Ապահովութեան Խորհուրդի անդամ է, բայց, Խորհուրդին անգամ ըլլալէն շատ առաջ, ան՝ անգամ եղած է Սօսիալ Դէմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ այդ կուսակցութեան լիտրներէն կը համարուի։

Ես՝ ինչպէ՞ս կրնամ դաւաճանել իմ պատկանած կուսակցութեան սկզբունքներուն   պատասխանեց ան՝ խռոված։

Այսպէս   ըսինք, եւ, Տէր Զաքարեան՝ աջէն, ես՝ ձախէն, ամուր բռնեցինք մեր պաշտօնակցին ձեռներէն։

Ճիշդ այդ րոպէին, տեղի կ՚ունենար, կրկին անգամ, բարձրացող ձեռներու համրանքը եւ Միրզախանեանի ձեռքը՝ կապանքի մէջ, կը պակսէր անոնցմէ։

Բայց, դուք աւազակներ էք, որ յափշտակելու ելած էք իմ ազատ կարծիքի իրաւունքը   ըմբոստացաւ Սօսիալ Դէմոկրատ կուսակցութեան լիտըրը։

Եթէ մենք աւազակներ ենք   ըսաւ Տէր Զաքարեան   դուք, ամէն պարագային, Քրիստոս մը չէք։

Մինչ այդ, ձեռներուն համրանքը վերջացած էր եւ անկէ յայտնի եղած՝ որ մահուան պատիժը ընդունուած էր մէկ ձայնի մեծամասնութեամբ։ Տէր Զաքարեանի հետ մենք շարունակեցինք սեղմել Միրզախանեանի ձեռները, բայց, այս անգամ, շնորհաւորելու համար անոնց տէրը, որուն շնորհիւ, Նազարպէկով պիտի ունենար իր երազած տիսիբլինը։

Բայց, այդ յաջողութիւնն ալ երազ մը եղաւ։ Հազիւ թէ քուէարկութիւնը վերջացած էր, որ սրահէն ներս մտաւ Արշակ Ջամալեան, որ՝ գիւղացի չըլլալով, իսկ  բանուոր բնաւ, կ՚անդամակցէր բանուորա-գիւղացիական խորհուրդին եւ անոր նիստէն էր որ կուգար։ Քուէարկութեան լո՞ւրը Ջամալեանի հասած էր, թէ՝ ինքը, Ջամալեանն  էր որ լուրին կը հասնէր, քօրօմի հարցը յարոյց ան եւ որովհետեւ Ահարոնեան, Աղբալեան եւ ուրիշ քանի մը աջ դաշնակցականներ քուէարկութենէն անմիջապէս վերջ, մեկնած էին, յաջողեցաւ շեղեալ համարել տալ եղածը։ Նոր քուէարկութեամբ մը, կուսակցական շահու, կեղծիքի եւ իշխանութեան ծարաւի այդ հաւաքոյթը՝ որուն մարդիկ խորհուրդ անունը կուտան, մերժեց Նազարպէկովին տալ մահուան պատիժի իրաւունքը։

Երբ նախագահը բեմէն յայտարարեց քուէարկութեան արդիւնքը եւ երբ դադրեցաւ քուէարկողներուն շռնթացող ծափահարութիւնը, անոր յաջորդող լռութեան մէջ, որուն խորութիւնը կը շեշտէր զայն կանխող ծափերուն որոտումն  ու աղմուկը, տեղի ունեցաւ սրտաճմլիկ տեսարան մը։ Ոտքի ելան երեք զօրավարները եւ առաջնորդութեամբ զօրավար Նազարպէկովի, Համլէթի հօր ուրուականին պէս լուռ, անոր չափ գունատ եւ տխուր, սրահին դուռը հասնելու համար, ծանրաքայլ, անցան ժողովականներուն մէջէն։ Նազարպէկով կը քալէր իր հերքիւլեան հասակը կքած եւ գլուխ ծուռ։ Անոր խոշոր աչքերը պղտոր էին։ Երբ մեր առջեւէն անցաւ ան, մենք չկրցինք այդ աչքերուն մէջ չնշմարել արտասուքի զոյգ մը կայլակ։

Ո՛չ զինուորականներ էինք մենք, ոչ ալ մարգարէներ՝ մեր գաւառին մէջ թէ դուրսը։ Անփորձի մը լաւատեսութեամբ, այդ օրերուն մենք չէինք կրնար գուշակել, որ ծերունի զօրավարին աչքերուն մէջ, այդ րոպէին փայլող արտասուքի կայլակները անոր սիրտէն քամողը կրնար ըլլայ Էրզրումի, Կարսի, Աղեքսանդրաբօլի անկումներուն հեռանկարը։

Մեզ համար, սակայն, գաղտնիք մնաց թէ ի՞նչպէս  եղաւ, որ Անդրանիկ ինքզինքը զսպեց եւ հակառակ իր կրքոտ բնաւորութեան, չունեցաւ ո եւ է արտայայտութիւն։ Խմբապետ Սմբատն էր, որ ժողովէն ելնելուն, մեզ համար, լուծեց գաղտնիքը։ Տիսիբլինի արժէքը  ժողովին բացատրելու եկած Անդրանիկ, որպէս զօրաբաժնի հրաանատար, զգուշացած էր, իր պատկանած զօրաբանակի հրամանատարին ներկայութեանը, տիսիբլինի հակառակ ընթացքի մը մէջ գտնուելու։ Անդրանիկ, սակայն, սիրտին մէջ պահած էր Ղազարեաններու եւ Ջամալեաններու սրսկած թոյնը, զոր ան, երկու շաբաթ վերջ, օր մը, ուրիշ հաւաքոյթի մը մէջ, թափեց Հայերու զինուորական բօրթֆէօյլը պահող Ստեփան Մամիկոնեանի գլուխին։

Հաւաքոյթը, որուն անունը, այս անգամ, Հայոց Ազգային Խորհուրդ է, (Ռուսահայերու վերին գործադիր մարմինը, որուն՝ թրքահայ հարցերը շօշափող օրակարգին քննութեանը եւս կը մասնակցէր Արեւմտահայ Խորհուրդը իր երեք անդամներովը) նիստ ունէր, այդ օրը Համբարձումեանի շէնքին մէջ։ Օրակարգն էր Անդրանիկի եւ իր զօրաբաժնին մեկնումը դէպ ի Էրզրում։

Մամիկոնեան, նախագահ Մոսկուայի հայկական գոմիթէյին, անկուսակցական մը՝ յայտնի իրաւաբան մըն է, չափազանց մտացի եւ խոհուն մէկը։ Բայց, չէ՞ որ մարդը որքան  աւելի խորհի, այնքան նուազ կը զգայ, որքան աւելի դատէ, այնքան նուազ կը սիրէ։ Մամիկոնեան՝ Անդրանիկի հանդէպ չէր զգար ուրիշներու ունեցած սէրը։ Մամիկոնեան կը խոստովանէր թէ Անդրանիկ քաջ մըն էր, թէ ան ունէր ներշնչումի եւ գործադրութեան հազուադէպ արագութիւն մը, բայց, անոր կարծիքովը, այդ ձիրքերը՝ անուս մէկէ մը՝ հայդուկ մը միայն կրնան շինել, բայց ոչ զօրավար մը։ Ան՝ ռուսական քաոսին կը վերագրէր իրողութիւնը, որ զօրավար Լէպէտէնսքի (Կովկասի ընդհանուր հրամանատարը) ինքզինքը իրաւասու նկատեր էր զօրավարի տիտղոսը տալու դպրոցի երեսը չտեսած անձի մը, եւ իր հաւանութիւնը տուած էր, որ այդ անձը պաշտպանելու երթար Էրզրումի պէս բերդաքաղաք մը։

Մամիկոնեանի ուղեղը, ուրեմն, զերծ անոր սիրտին ազդեցութենէն՝ ազատօրէն հաշուի առած էր ընկերային խմորումը՝ որով վարակուած էր Ռուսին հետ կողք կողքի սորված հայ մտաւորականութիւնը, մէջն ըլլալով ազգայնական Դաշնակցութիւնը, որուն ձեռքին մէջ կը գտնուէր, այդ օրերուն, Հայու բաղդը, ան հաշուի առած էր որ այդ խմորումէն փրթող «անկցի պատերազմը» լօզունգին ազդեցութենէն զերծ չէր մնացած՝ տարիներով, ռուս զինուորին կողքին կռուած ռուսահայ զինուորը։ Յեհոյ, այդ ծանր ուղեղը հաշուի առած էր արժէքը՝ մէկ ամսուան մարզանք տեսած թրքահայ զինուորէն եւ կամ երեք ամիս կրթութիւն տեսած սպայէն կազմուած զօրաբաժինին։

Մամիկոնեան, ուղեղը այս հաշիւներով լեցուն, Ազգային Խորհուրդի ժողովին մէջ, այդ օրը, հանդարտօրէն մէջտեղ դրաւ իր այս հաստատուն տեսակէտները եւ առաջարկեց ամփոփել հայկական բոլոր ուժերը եւ կեդրոնացնել զանոնք ռուսական սահմաններուն վրայ։

Հապա՞ Պ. Պօղոս Նուպարի հեռագիրը, հապա՞ Դաշնակիցներու մեր անկախութիւնը ճանչնալու պայմանը   ընդմիջեց Անդրանիկ։

Ո՛չ Նուպարին ծանօթ է մեր ներկայ դրութիւնը, ո՛չ ալ Դաշնակիցներուն։ Մեր դրութեան ծանօթը մենք ենք։ Այդ ծանօթութեան վրայ է որ պէտք է հիմնենք մեր գործունէութեան ծրագիրը   պատասխանեց Մամիկոնեան։

Թո՞ղ տանք ուրեմն որ Թուրքին ոտքը նորէն կոխէ մեր հայրենի հողերուն վրայ   հարցուց Անդրանիկ։

Անդրանիկի շրթունքը սկսաւ դողալ նորէն, Ղազարեանի «ի՞նչ է հայրենիքը» յիշեցնող այս խօսքին վրայ։

Մամիկոնեան՝ դէպ ի Անդրանիկ, հանդարտ եւ անխռով նայուածքով մը միայն պատասխանեց։ Անդրանիկի հարցումին ինչ պատասխան ալ որ տուած ըլլար Մամիկոնեան հին հայդուկին այն աստիճան գռգռիչ չպիտի թուէր, որքան անոր ցոյց տուած պաղարիւն հանդարտութիւնը։ Անդրանիկ, սակայն, զսպելու համար իր պոռթկումը, դարձաւ դէպ ի նախագահ Ահարոնեան.

Ինչո՞ւ շինած էք, ուրեմն, Թրքահայաստանը ազատագրելու ձեր ծրագիրը, ձեր կուսակցութեան գոյութեան իրաւունք տուող ծրագիրը, եթէ չէք ուզեր օգտագործել ասանկ պատեհ առիթներ։

Ահարոնեան պատասխան չգտաւ տալու։ Երզնկեան հատ մը գտաւ։

Այդ ծրագիրները, սակայն, ուրիշ բաներ ալ կ՚ըսեն, ըսաւ փոքրամասնականը, որ, մեծնալով՝ մեծամասնական դարձաւ վերջէն։

Ահարոնեան կատղեցաւ։ Ոտքի ելաւ ան եւ Երզնկեանին ուղղուելով՝ գոչեց՝

Բայց այդ ծրագիրները ինչ որ ալ ըսեն, ընկեր Երզնկեա՛ն, անոնց ետեւը կը տարածուի նուիրական իշխանութիւնը իտէալի, յոյսերու, իղձերու, այն հոգեւոր էութեանց, որոնք են միմիայն որ կը կազմեն ազգերու իսկական մեծութիւնը եւ հոգին եւ որոնք՝ կը թուի թէ անծանօթ են ձեզի։

Լռելու կարգը Երզնկեանին էր։ Ան ըսելիքը ըսած էր եւ որպէս պատասխան, իր այն ժպիտն ունէր միայն, որ անոր դէմքին վրայ, մկանունքը լայնացնելու  փոխարէն կը կծկէ զանոնք։

Երզնկեանի ժպիտը՝ հեգնական հով մը վրան գնաց ծաղկելու Մամիկոնեանի դէմքին վրայ։ Ան՝ այս անգամ, առաւ դիրք մը որուն ժպրհութիւնը նո՛ր գռգիռ մը բերաւ Անդրանիկի ջիղերուն։ Պօղոս Նուպարի հեռագրին շօշափած հեռանկարը մէկ կողմէն, Թուրքին հանդէպ սնուցած ատելութիւնը՝ միւս կողմէն, անոր հոգին լեցուցած էին այնպիսի վառ երեւակայութեամբ, երեւակայական այնպիսի վառ պատկերներով, անոր ջիղերը, միաժամանակ այն աստիճան կլանուած էին եւ լարուած այդ պատկերներովը, որ Անդրանիկ բաւական ուժ չունեցաւ իր հանդարտութիւնը պահելու։ Ան՝ ոտքի ելաւ ու սպառնական նայուածքով մը դէպ ի Մամիկոնեան եւ ձեռքը սուրին երախակալին վրայ՝

Թող տա՞նք, ուրեմն, որ Շիրվանզադէի փափաքը իրականանայ։

Ձեռքին դիրքը եւ Շիրվանզադէի անունը՝ ամէնքին ալ, սոսկում պատճառեցին։

Շիրվանզադէի անունը՝ այդ րոպէին մէջտեղ եկած, իր պատմութիւնն ունէր։

Շիրվանզադէն՝ օր մը, ինչպէս կ՚ըլլայ, գուցէ, Արիսթիտի «արդար» տիտղոսէն ձանձրացող յոյն գիւղացիին պէս, տաղտկացած թրքահայ գաղթականներու տրտունջներէն, ըսած կ՚ըլլայ թէ «Թուրքերը ինչո՞ւ ջարդած չէին բոլոր Թրքահայերը, որպէսզի վերջ գըտնային անոնց տաղտուկները»։ Անդրանիկ՝ Շիրվանզադէիայս տարօրինակ դատաստանը լսելէն վերջ, առաջին հանդիպումին, Կօլօվինսքիի Չաչկա— Չային մէջ, շառաչուն ապտակ մը կ՚իջեցնէ Շիրվանզադէի երեսին.

Գիտէ՞ք ասոր ի՜նչ կ՚ըսեն   կը հարցնէ Շիրվանզադէ։

Ասոր ապտակ կ՚ըսեն   կը բացատրէ Անդրանիկ։

Շիրվանզադէ՝ հաշուելով որ կրնայ կրկնուիլ Անդրանիկի բացատրութիւնը հրաժարեր է իրենց մէջտեղ դնելէ։

Մեր սոսկումը անկէ յառաջ կուգար որ Անդրանիկ Մամիկոնեանի անձին վրայ, կրնար կրկնելու ելնել իր այդ ելոյթը եւ կամ, սուրը՝ նորէն դուրս քաշել պատեանէն։

Անդրանիկ, սակայն, չունեցաւ այդ ելոյթներէն ո՛չ մէկը, ոչ միւսը։ Ան ունեցաւ, այսուհանդերձ, ելոյթ մը որ նուազ սոսկացնող չէր։ Ան՝ լեցուն բերնով, հնչեղ եւ երկար «թո՜ւ» մը ղրկեց Մամիկոնեանի հասցէին եւ սուրին պատեանը շաչեցնելով մեկնեցաւ սրահէն։

Ամենէն նուազ սրտմտողը՝ Անդրանիկի այս յախուռն ելոյթին վրայ, եղաւ ինքը, Մամիկոնեան, որ՝ զինք այդքան խստօրէն անարգող անձին համար ըրաւ անալիզ մը, զոր Անդրանիկի բարեկամներէն ո եւ է մէկը՝ հազիւ պիտի կրնար ընել։

Ես գիտեմ   ըսաւ ան   որ Անդրանիկ Էրզրում երթալով վտանգի կը դնէ ո՛չ միայն իր անձը, այլ եւ, իր մինչեւ հիմա վաստկած համբաւն ու փառքը։

Անդրանիկի ժէսթը կը բխի անոր զոհողութեան ոգիէն, որ սովորական անհատներու քով չի գտնուիր։ Միւս կողմէն, սակայն, Անդրանիկ չունի տիրող քաոսային գրութիւնը եւ զինք շրջապատող քաոսին ծանօթութիւնը, որ կրնար զինք հեռու պահել այդ վերահաս վտանգէն։ Եւ, ես չեմ որ զինք պիտի մեղադրեմ, այդ ծանօթութիւնը ունեցած չըլլալուն համար։ Որպէս զէնքի մարդ՝ ան իրերը կը դատէ իր խառնուածքովը, իր անցեալովը եւ իր ըմբռնողութեան մակարդակովը։ Ես՝ ձեզմէ նուազ չեմ հիացած Անդրանիկի հերոսական մարտնչումներուն վրայ, եւ անոր այս ելոյթին սխալը կը վերագրեմ, ո՛չ այնքան իր անձին, որքան մէջտեղ գրածս այս փաստերուն։

Մամիկոնեանի տեղ՝ Քրիստոս մը աւելի ներողամիտ չպիտի կրնար ըլլալ։

Խոր լռութիւն մը յաջորդեց այս քրիստոնէաշունչ խօսքերուն։

Տեսնելով որ իր պաշտօնակիցները խօսք չեն առներ՝ Մամիկոնեան  խօսք առաւ նորէ՛ն հարցնելու համար Ահարոնեանի կարծիքը։

Իմ կարծիքով   ըսաւ Ահարոնեան   պարտք մը կատարուած չհամարուիր, ցորչափ անոր կարելիութիւնները փորձուած չեն։ Պատմութիւնը՝ մեր ուսերուն վրայ  պարտք մը դրած է, պէտք է կատարենք զայն, պէտք է փորձենք կարելին։

Անդրանիկի բարեկամ՝ բանաստեղծ Ահարոնեանի խօսքերէն աւելի, կարծես անոր իրաւաբան հակառակորդին պաշտպանողականն էր որ եղաւ կորիզը՝ այն մեծամասնութեանը, որուն որոշումովը՝ Անդրանիկ Էրզրում գնաց, փորձելու համար կարելին։