Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵՒ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ ԶԻՐԱՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ

Էրզրումի անկումէն վերջ, Սէյմը՝ Կովկասի գործադիր իշխանութիւնը յանձնեց եռապետութեան մը, զոր կը բաղկացնէին Գէդէջկօրի (վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար), Րամիշվիլի (ներքին), Կարճիկեան (ֆինանս)։

Ֆինանսական նախարարութեանը՝ «զէրօյի նախարարութիւն» անունն ալ կարելի էր տալ, ինչպէս որ, աւելի վերջը, պարենաւորումի նախարարութեանը՝ «թշուառութեան նախարարութիւն» տիտղոսը սովոր էր տալ, հէնց նախարարն ինքը, Աւետիք Սահակեան։ Կովկասի մէջ, այդ օրերուն ֆինանսը գոյութիւն չունէր։ Եղածը տպագրական մեքենայ մըն էր, որուն կտած կովկասեան պօներովը կը վճարուէին ծախքերը։

Եռապետութիւնն ինքն ալ անուանական էր։ Անիկա իր մէջը ունեցող հայ նախարարովը, տեսակ մը paravant էր, դիմակելու համար Վրացներու գերիշխանութիւնը, որ կեդրոնացած էր հաշտութեան լիազօրին՝ Չխէնկէլիի ձեռքը։

Որպէս լիազօր՝ Չխէնկէլին Թուրքերուն հետ բանակցութիւններ կը վարէր՝ ո՛չ միայն  նախարարութեան եւ կամ հաշտութեան պատուիրակութեան՝ այլ, նոյնի՛սկ եռապետութեան գլխուն վրայէն, որուն մէջ, զէրօյի հայ նախարարը՝ այս անգամ, բոլորովին զէրօ էր։

Թրքական բանակը Սարրը-Գամիշը գրաւած էր, բայց կանգ առած է Կարսի առջեւը, Կարս՝ որ եթէ Հայու օջախին դուռն է, Կովկասին ալ բանալին կը համարուի։

Էրզրումի մէջ առածը, Թուրքը Կարսի առջեւը ետ պիտի տայ   Նազարպէկովի՝ կամ անոր բերանը դրուած պատգամը՝ բերնէ բերան շրջան կ՚ընէր։

Այս ալ ըսենք որ՝ Նազարպէկովի խառնուածքը՝ այնքան ալ ընդունակ չէր այսքան կտրուկ խօսքեր ընելու։

Այս էր դրութիւնը, երբ առաւօտ մը (Ապրիլ 13), թէլէֆօնի զանգը հնչեց Ապահովութեան Խորհուրդի պաշտօնատանը մէջ։

Խորհուրդին նախագահը, Վ. Փափազեան, Երեւան կը գտնուէր այդ օրերուն, եւ, ինծի վիճակած էր զբաղիլ նախագահութեան գործերովը, որոնց կարեւոր մասը թէլէֆօնային խօսակցութիւն կը հարկադրէր։

Թիֆլիսի մէջ, թէլէֆօնի համար գործածական լեզուն ռուսերէնն է եւ ես՝ ամէն անգամ որ փորձել ուզած էի քիչ եւ գէշ՝ իսկ թէլէֆօնի մէջ անտանելի ռուսերէնս, միշտ թիւրիմացութեան մը տեղի տուած էի։

Այս իրողութիւնը պատճառ դարձած էր, որպէսզի Կօթիկ՝ քիչ մը աւելի ուռեցնէ պարզ թէլէֆօնիսթի իր դերը՝ զոր ան ունէր Փափազեանի բացակայ չեղած օրերուն։

Կօթիկ՝ գիմնազիոն աւարտած վառվռուն եւ մտացի երիտասարդ մըն է, զաւակ՝ զինադադարէն վերջ Կարսի կառավարիչ Ստեփան Ղորզանեանի, եւ, զինուորական ծառայութենէ ազատելու համար է, որ զիջած է այս համեստ պաշտօնին։

Առաջին տարբերութիւնը որ Կօթիկ՝ Փափազեանի  բացակայութեան օրերուն, կը դնէր իր պաշտօնին կիրարկութեան մէջ, այն էր որ զանգին ձայնը առնելուն պէ՝ թէլէֆօնի վրայ  կը խոյանար ան, այնպէս, ինչպէս բազէն իր որսին։

Սարգիսեանն է խօսողը   ըսաւ Կոթիկ, թէլէֆօնին ընկալուչը ձեռքը եւ ահաբեկ կայծ մը աչքերուն մէջ։

Ըսէ՛ք որ Խորհուրդէն ոչ ոք կայ ներկայ   ըսի Կօթիկին, ոչ առանց բաժնելու անոր կրած ահաբեկութիւնը։

Ըսինք եւ թէլէֆօնը գոցեցինք։

Սարգիսեան՝ թրքահայ պոլշէվիկ մը եղած է, Օտեսայէն այդ օրերուն, Թիֆլիս հասած գործաւոր մը, որ սակայն սոսկալի ահաբեկիչ մը եղած է հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն վերջ, եւ, ամբողջ երկու ամիս, ողջ Օտեսան, մէջն ըլլալով պոլշէվիկները, իր ահաբեկումին սարսափին ներքեւ պահած է։ Միայն անոր արտաքինը, որ ահարկու գլուխէ մը վերջ, փոքրիկ պահեստի մը չափ   երկու սուր, երկու ատրճանակ, քանի մը պոմպաներ եւ անհամար փամփուշտ   զէնք կը կրէր, բաւական էր զինք սարսափելի ընելու համար։

Սարգիսեան՝ իր ըսածին նայելով   վասնզի ուրիշներու ըսածին նայելով կուսակցութիւնը եղած է որ զինք արտաքսած է, ոչ միայն Օտեսայէն, այլեւ իր շարքերէն   իմանալէ վերջ, որ Լէնին ճանչցած է Ապահովութեան Խորհուրդը, հետը մաս մը ալիւր առած, ինչ որ՝ այդ օրերուն, այն էր Կովկասի մէջ, Կովկասցիներուն համար, ինչ որ մանանան՝ Անապատի մէջ, Իսրայէլացիներուն համար, ինքզինքը  անոր տրամադրելու  եկած էր։

Երբ ալիւրին գինը հարցուցինք, զայն վճարելու համար, Սարգիսեան, որ այդ օրը կիսովին զինուած էր միայն, դէմքին վրայ բերաւ լայն ժպիտ մը, որ ուրիշներու շրթունքներուն վրայ նեղ խօսք մըն է,

Ամօթ չէ՞։

Թէյ ապսպրեցինք մանանային հետ՝ երկինքէն իջած այս մարդկեղէն մանանային համար եւ շնորհակալութեան գիր մը տուինք անոր ձեռքը։

Սարգիսեան գրութիւնը կարդալէն վերջ, շատ գոհ մնաց անոր պարունակութենէն եւ հարցուց, թէ ի՞նչ ծախք եղած էր ալիւրին փոխադրութեան համար։ Երբ իրեն պատասխանեցինք թէ փոխադրութիւնը կատարուած է Խորհուրդին գամիօնովը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցինք, երկնառաք նուիրատուն՝ ծոցէն դրամապանակը եւ անկէ 500 րուպքիանոց մը հանեց եւ սեղանին վրայ դնելով՝

Ասիկա ալ փոխադրութեան համար։

Մեկնելուն՝ երկսայրի մարդը   մակդիր զոր վերջէն անոր անունին կցեցին Խորհուրդի շրջանակներուն մէջ   յայտնեց թէ՝ զեկոյց մը ունի ընելիք Խորհուրդին, Օտեսայի եւ մասնաւորապէս տեղւոյն Հայութեան մասին, եւ խնդրեց ժամադրութիւն մը, զոր, բնականօրէն, կարելի չէր մերժել նման ճէնթըլմէնի մը։

Սարգիսեան ժամադրութեանը եկաւ ուրիշ չորս ընկերներու հետ, ամէնքն ալ զինուած, զորս, նոյնպէս, չկրցինք մերժել։ Զեկոյցէն վերջ   եւ ի՜նչ զեկոյց   ան խօսքը տուաւ ընկերներէն մէկուն, որ, ինքզինքը ծանօթացնելէն վերջ, իր երեք ընկերներուն կենսագրականն ըրաւ, յետոյ խօսքը տուաւ երրորդի մը, թիւ 3, որուն զեկոյցը, իր կարգին, ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ, այս անգամ, Պ. Սարգիսեանի կենսագրական փառաբանականը, զոր Պ. Սարգիսեան՝ քանի մը անգամ, խոր հառաչներով   որուն պատճառը ինքն ալ չգիտէր   ընդսիջեց։ Յետոյ, տեսնելով որ զեկուցանողը մինչեւ երկինքները կը հանէ զինք, գուցէ յանկարծ վար չիյնալու  ահէն   վեր ելնելու եւ մեկնելու շարժում մը ըրաւ, եւ՝

Ինչո՞ւ համար   հարցումին՝

Դուրսը կը սպասեմ, մինչեւ որ ընկերոջս զեկոյցը լմննայ   ըսաւ Պ. Սարգիսեան՝՝ ամօթխած ժպիտով մը։

Բայց ինչո՞ւ համար։

Շիտակը, ես կը ճնշուիմ, երբ իմ մասին խօսուածները կը լսեմ, առարկեց համեստ բարեգործը, թաշկինակովը սրբելով քրտինքը որ, կրած ճնշումէն, սկսած էր երեւիլ անոր ճակտին վրայ։

Թիւ 3 զեկուցանողը, սակայն, Պ. Սարգիսեանի պէս համեստ մէկը չէր։ Երբ ան Սարգիսեանի վրայ հիացողներէն մէկու մը վկայութիւնը յիշելու պէտք զգաց, վկային գրագէտ ըլլալը հասկցնելու համար բանաստեղծական բացատրութիւն մը գործածեց՝ «օղիի չափ մելան խմած մարդ է», ըսաւ ան իւրայատուկ  բացատրութիւն մը՝ որուն վրայ Խորհուրդին անդամներէն Պ. Միրզախանեան չկրցաւ քահ քահ մը զսպել։

Ինչո՞ւ կը խնդար, պարո՛ն, խստօրէն դիտողութիւն ընելու չելնէ՞, յանկարծ, զեկուցանող պարոնը։

Յետոյ, երբ զեկոյցը քիչ մը շատ երկարեցաւ եւ Խորհուրդի անդամներէն Տօքթ. Վառվառեան՝ (այժմ Աթէնք) ձեռքը լրագիր մը առնելով, իր ձանձրոյթը մատնեց, զեկուցանողը չկրցաւ իր զայրոյթը չմատնել.

Պարո՛ն, եթէ չէք ուզեր լսել, կը վերջացնեմ   ըսաւ ան խոժոռ նայուածք մը ուղղելով դէպ ի Տօքթէօրը։

Տօքթ. Վառվառեան՝ զեկոյցը շուտ վերջացած տեսնելու սիրոյն, ներողութիւն խնդրեց եւ լրագիրը վար դրաւ։

Բայց, զեկոյց— կենսագրականը, նոյն օրը չվերջացաւ։ Զեկոյցէն՝ Խորհուրդին անդամները կշտացած էին, բայց ոչ զեկուցանողները, որոննք նոր ժամանագրութիւն մը առին բայց, դժգոհ մնացին, որ, այս անգամ, երկու հոգի ունէին միայն իրենց դէմ, իրենց անվերջանալի զեկոյցները մտիկ ընող կամ չընող։

Անցան քանի մը շաբաթներ։ Օր մը, յարգելի զեկուցանողներէն մէկը, թիւ , ըսենք ասոր, այս անգամ, առանց ժամագրութեան, Խորհուրդին գրասենեակը ներկայացաւ Պ. Սարգիսեանի մէկ տոմսով որով՝ ալիւրի ճէնթըլմէն նուիրատուն կը խնդրէր 2000 րուպլի տալ հաճիլ՝ ներկայացող  ընկերոջը։

Հասկցանք որ փորձանքի մը առջեւ կը գտնուէինք։ Օր մը առաջ, Օտեսացի ծանօթ անձնաւորութենէ մը ստուգած էինք արդէն, որ Սարգիսեան ըսուածը՝ իր անձին վրայ կը կրէր՝  զինամթերքէն վերջ, այն բոլոր մոլութիւնները որոնք անուն մը ունին։

Խորհուրդին մերժումին վրայ, յաջորդ օրը եկաւ ինքը, Սարգիսեան, շքախումբը ետեւէն։ Ան՝ այս անգամ, բոլորովին սպառազէն էր եւ խմած կ՚երեւէր։ Սանդուխները մէկ անգամէն քաշած ըլլալու համար, տուինք 2000 րուպլին եւ ճամբու դրինք զինքը։

Փորձանքը՝ սակայն, խզուած չհամարեց ինքզինքը։ Քանի մը շաբաթ վերջ, ան բուսաւ նորէն։ Երկսայրին հիմայ, խելօք վաճառական դարձեր է։ Իր  զեկոյցին մէջ, ան, այս անգամ, իր նեղութեանը խօսքը կ՚ընէ, տուած ալիւրինը, առանց սակայն բանաձեւելու ըսելիքը։ Երբ ես, որ՝ որպէս Խորհուրդին գործավարը, ընդունած էի զինք, յայտնեցի իրեն թէ՝ Խորհուրդը այլեւս գործ չունէր իր հետը, ան գլուխը տնկեց յանկարծ՝

Ալիւրս ուրեմն։

Հապա՞ ձեզի վճարուած 2000 րուպլին։

Առէ՛ք ձեր 2000 րուպլին։

Ալիւրի գինը՝ մէկ առ մէկ աւելցած էր, րուպլիին գնման կարողութիւնը կէս առ կէս պակսած։

Առ քեզի նոր փորձանք մը։

Անոր սուրերուն, ատրճանակներուն եւ պօմպաներուն չէր որ պիտի կրնայինք հասկցնել թէ ալիւրին գինը՝ օրուան գինով վճարուած էր իրեն։

Եթէ ալիւր ունենայինք ետ պիտի տայինք յօժարակամ, բայց, ալիւր չունէինք, դրամն ալ պիտի ուզէինք տալ, եթէ գիտնայինք թէ վերջինը պիտի ըլլար անոր դիմումը։ Բայց, գիտէինք որ եթէ թուլութիւն ցոյց տայինք, անոր շանթաժին վերջ չպիտի գար այլեւս։ Մերժեցինք։

Սարգիսեան դժգոհ՝ սուրերը շաչեցնելով մեկնեցաւ։ Երկու ժամէն, սակայն, ան վերադարձաւ։ Ան՝ այս անգամ, կ՚երերար։ Յայտնի էր իր գինետան մէջ անցուցած էր ան այդ երկու ժամերը։ Երկսային կուգար, հիմայ, ուրիշ զէնքով մըն ալ զինուած, փիլիսոփայական փաստերու զէնքովը՝ զոր օղին անոր բերած ըլլալու էր։

Գիտէ՜ք, ես 12 անգամ ստոյգ մահէ ազատած մարդ եմ, ըսաւ ան նստելէ եւ ծնօտը՝ ձեռքովը միացուցած երկու սուրերուն երախակալներուն վրայ յելնելէն վերջ։

Կը ցաւիմ   ըսի միտքովս։

Բերնով ի՜նչ ըսել։

Շատ ապրելու նշան է այդ   ըսի։

Ո՛չ   ըսաւ գինովը   Աստուծոյ հետ իմ կօնթուրաթը (bail) վերջացած է եւ ես մեռնելու եմ։

Յետոյ, ուսերը թօթուելով՝

Ի՜նչ է արդէն կեանքը, որ ան մեզի տուած է, զրկանք եւ տանջանք։

Ապա, քիչ մը սպառնալից՝

Բայց, ես իմ էջէլով (բնական մահ) չէ որ պիտի մեռնիմ, այլ, երդում ըրած եմ, հարիւր հոգի հետս պիտի տանիմ։

Դէմս նստողը քէօռ գինով մըն էր եւ ես չէի կրնար չսարսափիլ, բայց, տրամադրութիւն ունեցայ կատակի տալու սպառնալիքը եւ ըսելու՝

Հարի՜ւրը շատ է։

Եւ, շինծու ժպիտով մը՝ զարդարեցի կատակս։

Գինովն ալ ժպտեցաւ, բայց միաժամանակ սկսաւ գօտին խառնել եւ, ի՜նչ կ՚ուզէք որ հանէ անկէ, ռումբ մը։

Կը տեսնա՞ք այս խնձորը, ձեռքէս թողի՞, իմ գտնուած շէնքին հետ օդը կ՚ելնենք միասին։

Ես առաջին անգամն էր որ ռումբ կը տեսնայի, բայց Սարգիսեանի ձեռքինը խնձորէ աւելի բաթաթէսի կը նմանէր, բայց, խնձոր թէ բաթաթէս, անոր տեսքը, զայն բռնողին տեսքէն վերջ, սոսկում միայն կըլնար պատճառել։ Այդ սոսկումին վրայ փիլիսոփայական լափա մըն ալ ես գրի, ուրիշ ճար չունէի այդ րոպէին։

Ինչո՞ւ պիտի մեռնիք, ինչո՞ւ մահուան պատճառ պիտի ըլլաք ուրիշներու, որոնց մէջ անմեղ երեխաներ ալ կրնան գտնուիլ։

Յետոյ, տեսնելով որ «յուսահատը» հանդարտօրէն մտիկ կ՚ընէ զիս, շարունակեցի,

Ինչ ալ որ ըլլայ, կեանքը քաղցր է։ Ամէն մարդու ալ կը հանդիպին դժուարին եւ յուսահատական րոպէներ, բայց, Աստուածը անանկ ստեղծեր է մարդը, որ ան կը դիմանայ ամէն տեսակ փորձութիւններու։

Այս վերջին խօսքերս՝ գինովին, չգիտեմ, բայց, կը զգայի որ ինծի տեսակ մը հանդարտութիւն կը բերէին։

Սարգիսեան՝ փիլիսոփայութիւնը թողուց յանկարծ, եւ անցաւ կանխիկի։

Հազար րուպլի տուէք ինծի   ըսաւ ան, խնձորը գօտիին մէջ դնելով։

Ես՝ առանց ժողովի որոշումին, ձեզի հազար րուպլի չեմ կրնար տալ   պատասխանեցի։

Ճիշդ այդ րոպէին, յիշողութեան հարուած մը միտքիս բերաւ, յանկարծ, փոխադրավարձքին 500 րուպլին։

Բայց, ձեզի կրնամ ետ տալ   շարունակեցի ես   մինչեւ ժողովին որոշումը, ալիւրին փոխադրավարձքին համար, ձեր տուած 500 րուպլին։

Եւ անոր ժպիտին վրայ, որ թէ այս է եւ թէ ոչ, 500 րուպլի դրի անոր՝ խնձորը կամ բաթաթէս բռնող ձեռքին մէջ։

Թո՜ւ, թո՜ւ, ըրաւ, Սարգիսեան, բայց դրամը չմերժեց։

Թո՜ւ թո՜ւոովը՝ ան գուցէ զինք պաշարող սատանաները վանեց, վասնզի ոտքի ելաւ ան եւ այս անգամ ճշդելով հասցէն։

Թո՜ւ չար սատանային, ըսաւ ան՝ հրաժեշտի փոխարէն եւ մեկնեցաւ։

Գինովին մեկնումէն վերջ, Խորհուրդի պաշտօնեաներէն մէկը որ, դաշնակցական մը ըլլալով՝ կը կարծէր թէ քիչ մը հասկնար ռումբէ, մեզի հաստատեց թէ  ռմբաձգին ձեռքը գտնուածը իսկական բաթաթէս մըն էր, բայց, հակառակ որ պաշտօնեան նպարավաճառ ա՛լ էր, անոր հաւաստիքը չկրցաւ մեզի հանդարտութիւն բերել։ Ռումբը այդ օրերուն հազուագիւտ բան մը չէր եւ մենք միջոցներ ձեռք առինք որպէսզի Սարգիսեան՝ անգամ մըն ալ, ոտքը Խորհուրդի շէնքին սեմէն ներս չկոխէ։

Շատ չանցած, արդէն յայտնի եղաւ որ Սարգիսեանի գօտիէն դուրս հանած ռումբը՝ ո՛չ միայն կեղծ չէր, այլեւ ծառայած էր, մասամբ, զինք բռնողին՝ բռնել տալու իր երդումը, 8-10 հոգի ընկերացնելով՝ անոր դէպ ի միւս աշխարհը մեկնումին։

Ապահովութեան Խորհուրդին հետ ունեցածը մէկը եղած էր միայն Սարգիսեան եւ ընկերութեան շահատակութիւններուն։ Օտեսայէն վերջ, ան դարձած էր Թիֆլիսի պատուհասը։ Վրացի ոստիկանութիւնը, որ սովոր էր քիչ մը աչք գոցելու՝ մասնաւորապէս թրքահայ մավզէրիսթներու հայկական շրջանակներու մէջ գործած սխրագործութեանց վրայ, Վրաստանի անկախութեան հռչակումէն վերջ, օր մը, զինուորական ջոկատի մը ընկերակցութեամբ՝ Թիֆլիսի երկաթուղիի կայարանին շուրջը կը պաշարէ Սարգիսեանը եւ համազարկ մը կը բանայ անոր վրան, որուն հետեւանքովը ռումբը կը պայթի եւ պատճառ կ՚ըլլայ 8-10 անմեղներու մահուան։

Սարգիսեանի՝ թո՜ւ թո՜ւներով մեկնումին յաջորդ օրն էր, որ Սարգիսեանի անունով կը հասնէր Կօթիկը եւ զիս ահաբեկող թէլէֆօնի հարուածը։

Մինչ մենք կլանուած էինք թէլէֆօնի հարուածին հետեւելիք Սարգիսեանի այցելութեան հեռանկարներովը, թէլէֆօնի՝ նոր եւ, այս անգամ, աւելի սաստիկ հարուած մը եկաւ ընդմիջելու մեր խորհուրդները։ Կօթիկը չխոյացաւ թէլէֆօնին վրայ, ես նմանապէս, աչքերնիս իրարու յառած՝ քիչ աւելի բացինք զանոնք եւ սպասեցինք։

Քանի մը վայրկեան վերջ, երբ մենք հարուածը դրան վրայ կը սպասէինք քան թէլէֆօնին մէջ, նոր, աւելի խիստ եւ աւելի երկար հարուած մը թնդաց թէլէֆօնին մէջ։

Կօթիկ շարժում մը ունեցաւ, բայց ես զայն կանխեցի, ընկալուչը ձեռքս, հարցուցի՝

Ո՞վ է խօսողը։

Բայց հեռագրատունն է որ ձեզի կը խօսի, եւ ո՛չ առաջին անգամ, ես պաշտօնեանյ մըն եմ։ Փափազեան՝ Ալեքսանդրաբօլէն՝ շտապով ձեզ հեռագրին գլուխը կ՚ուզէ, եւ եթէ անմիջապէս չհասնիք, հեռագրական մեքենան այլեւս տրամադրելի չպիտի գտնէք ձեզ համար։

Ձեր անունը, եթէ կարելի է։

Սարգիսեան։

Մեզի սարսափ բերող թիւրիմացութիւնը պարզուած էր րոպէապէս։

Օթօ մը առնելով, հինգ վայրկեանէն, Կօթիկի հետ մենք հեռագրատունը եղանք, հեռագրական մեքենային գլուխը։

Հեռագրատան պաշտօնէին, ռուս խարտիշուհիի մը բարակ եւ երկար մատներու պտոյտը՝ տաքթիլօթիփին վրայէն, զիս սպասող Փափազեանին կ՚իմացնէ իր ժամանումը։ Որմէ վերջ, մեքենային աղեցն է՝ որ կը սկսի դառնալ թուղթէ կապոյտ երիզին վրայ։

Երէկ Երեւանէն Ալեքսանդրաբօլ հասայ եւ վաղը երեկոյ Թիֆլիս կը հասնիմ։

Վէրքերնիդ ի՞նչպէս է, ի՞նչ լուր։

Պ. Փափազեան՝ Իկտիրի ճանապարհին վրայ, դարանակալ գնդակէ մը վիրաւորուած էր ձեռքերէն։

Վէրքս կը դարմանեմ, բաւական լաւ է։ Ի՞սկ դժբաղդ լուրը միթէ չէ՞ք իմացեր…

Դժբաղդ լո՜ւրը   գոչեցինք միասին, եւ, միաժամանակ, Կօթիկի հետ իրարու երեսը նայելով մենք մեքենային վրայ ծռեցանք, միասին հետեւելու համար ասեղին, որ թուղթի կապոյտին վրայ պիտի դնէր մելանին սեւը։

Կարսը…

«Կա՜րս» կը կարդանք միասին բարձրաձայն եւ հեւագին։ Մեր աչքերը զիրար փնտռելու կ՚ելնեն։ Կօթիկի գոյնը վարդի չէ հիմայ, այլ խաշած բանջարի։

Մեքենային ասեղը՝ անկարեկիր մեր զգացումներուն, անգթօրէն կը շարունակէ գծել։

Մերիններուն կողմէն…

«Լքուած է» կը գոչէ հառաչանքի թօնով մը Կօթիկ՝ ասեղէն առաջ, առանց, սակայն, աչքերը քաշելու ասեղին վրայէն, որ, կարծես Կօթիկին խօսքն է՝ որ կը դնէ թուղթին վրայ։

Լքուած է…

Հաւատալի՞ է։

Մեր աչքերը՝ անգամ մըն ալ դարձան՝ ասեղին տակէն քալող թուղթէ ժապաւէնին վրայէն, մանուկի մը պէս հեգեցինք զայն բծաւորող տառերը եւ իրարու ըսինք,

Կարսը մերիններէն լքուած է։

Կարսը, հայ օջախներուն դուռը եւ Կովկասի բանալին եղող Կարսը լքուած է։

Կօթիկը կը շտկուի եւ ձեռքը գլխին կը տանի, կարծես բռնելու համար բառը, ռուսերէն երկվանկ բառը որ անկէ ճողոպրելով դուրս կը խուժէր։

Պազօ՜ռ (ամօթ)։

Ասեղին թիք— թաքը մեզի ուշքի կը բերէ։ Ան՝ հիմայ, կարծես աւելի ուժգին կը հնչէ մեր ականջին։

Հիմայ, Մանասեանն է որ պիտի խօսի, կը գծէ ասեղը։

Մանասեան՝ մէկը դաշնակցական լիտըրներէն, Ազգային Խորհուրդի ներկայացուցիչն է զօրավար Նազարպէկովի քով։

Թուղթէ ժապաւէնը՝ յուլօրէն կը քալէ ասեղին տակէն։

Մամիկոնեանը կանչեր էի մեքենային գլուխը, ինչո՞ւ ուշացաւ։ Գալուն պէս, ինծի իմաց տուէք։ Հեռագրական մեքենան հազիւ տրամադրեի գտած ենք, չընդհատելու համար՝ ես կը շարունակեմ խօսիլ, դուք մեքենայի գլուխէն մի հեռանաք, մինչեւ որ հասնի Մամիկոնեան, որուն համար է որ կը խօսիմ եւ որուն կը յանձնէք ժապաւէնները։ Եւ, եթէ հնար ունիք, թէլէֆօնի մը եւս ընել տուէք Մամիկոնեանի։

Թէլէֆօնին գլուխը կը վազցնեմ Կօթիկը, որ լուր կը բերէ թէ Մամիկոնեան ճամբայ ելած է հեռագրատունը գալու։

Ասեղը կը քալէ, թուղթը հետը։

Թիֆլիսէն, Չխէնկէլին ուղղակի հրաման տուած է Կարսի բերդապահին քաշուիլ Ալեքսանդրաբօլ եւ քաղաքը առանց պայմանի Թուրքերուն յանձնել։ Նազարպէկովին աւելի ուշ հասած հեռագիրը, քաղաքը յանձնելու որոշումին՝ առ ի տեղեկութիւն յայտնուած ըլլալու իմաստն ունի։ Կարս հասած հրամանը բարոյալքած է թէ՛ զինուորութիւնը եւ թէ՛ մանաւանդ սպայութիւնը, որ իր գլուխը կորսնցուցած է։ Մեզի հասած տեղեկութիւնները՝ այն աստիճան շփոթ են եւ հակասական, որ Նազարպէկով, այս րոպէին, չգիտէ թէ Թուրքերը քաղաքը մտա՞ծ են թէ ոչ, այնպէս որ եթէ ան փորձելու ալ ըլլայ, այլեւս չի կրնար դիմադրութիւն կազմակերպել այս քաոսային դրութեան մէջ։ Անակնկալի եկած խեղճ ժողովուրդը՝ սոսկալի խուճապի մը մատնուած է, զայն փրկելու ուրիշ ճար չկայ, եթէ ոչ քաղաքին յանձնումը՝ գէթ հինգ օր յետաձգել։

Մեքենան՝ պահ մը, կարծես շունչ առնելու համար, կանգ առաւ։ Կօթիկ՝ որ շունչը բռնած էր, առիթը օգտագործեց ետեւէն ետեւ քանի մը չօռթեր (սատանան տանի) արձակելով այս ու այն հասցէներուն։

Մեքենային վերսկսող թիք-թաքը միայն կրցաւ կտրել չօռթերու շարանը։

Միշտ այդտէ՞ղ էք, Մամիկոնեան չեկա՞ւ, օտար մէկը չկա՞յ քովերնիդ։

Այստեղ եմ, Մամիկոնեան չեկաւ, օտար ոչ ոք կայ քովս։

Այս րոպէին   կը շարունակէ ասեղը   Ծամօյեան (Կարսի կառավարիչը) կը հեռագրէ թէ՝ Կարսի ժողովուրդը խելայեղ՝ կը փախչի քաղաքէն, լքելով ամէն ինչը, չկրնալով միասին առնել նոյնիսկ իր ամենէն անհրաժեշտը, թէ գլխաւոր շէնքերը սկսած են վառուիլ։ Ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ՝ Չխէնկելի՝ Կարճիկեանի, Սէյմի Հայկական Ֆրաքսիօնին, Ազգային Խորհուրդին, նախարարութեան եւ հաշտութեան պատուիրակութեան անդամներուն գլխուն վրայէն, կը կարողանայ տալ նման հրաման մը, ասիկա անըմբռնելի է, աներեւակայելի։

Մեքենան՝ կարծես յոգնած այս յայտարարութեանց ծանրութեան ներքեւ, նորէն շունչ կ՚առնէ։ Ան կը լռէ, ձայն տալու համար Կօթիկին, որ, միշտ ռուսերէնով՝ Մանասեանի թուած հաստատութեանց հասցէներուն կ՚առձակէ չօռթերէ աւելի կրակոտ խօսքեր, զորս թէեւ չեմ հասկնար, բայց կը զգամ որ օրհնութիւններ չէին կրնար եղած ըլլալ անոնք։

Մեքենային վերսկսող ձայնը՝ հանդարտութեան կը հրաւիրէ Կօթիկը։

Բայց դո՛ւք, Պ. Մամիկոնեա՛ն որ Անդրանիկի Էրզրում մեկնելուն այնքան հակառակեցաք եւ այնքան ջերմ ջատագով մըն էիք Կովկասի եւ մասնաւորապէս անոր բանալին եղող Կարսի պաշտպանութեան կարելիութիւններուն, դո՛ւք, ձեր զինուորական գործերու ղեկավարի հանգամանքովը, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ զիս՝ իբրեւ ձեր ներկայացուցիչ՝ Նազարպէկովի քով կը ղրկէք եւ թոյլ կուտաք որ Նազարպէկովի հետ, Կարսի յանձնուելէն վերջ միայն, իմանանք զայն յանձնելու որոշումը։ Ասիկա՝ անիմանալի է, անբացատրելի, անլուր։ Կարս՝ ամենաաննպաստ պայմաններու մէջ երկու ամիս կրնար դիմանալ եւ միջոց տալ, որպէսզի  ժողովուրդը՝ իր ունեցածը միասին փոխադրէ։ Ի՞նչպէս պիտի ապրի առանց ուտելիքի, առանց հագնելիքի, առանց անկողինի փախչող այս խեղճ ժողովուրդը։

Կօթիկ չկրցաւ ինքզինքը բռնել, բայց, մեքենայի աշխատութիւնը չխանգարելու համար, ան բաւականացաւ խոր հառաչով մը.

Կարելի չէ՞ արդեօք գէթ երեք օր պայմանաժամ ստանալ   կը քալէ ասեղը   փորձեցէ՛ք, ի սէր այս թշուառ ժողովուրդին, ի սէր անոր մէջ գտնուող  երեխաներուն, ծերերուն եւ հիւանդներուն, որոնցմէ շատերը դատապարտուած են հոն մնալու եւ ջարդուելու. փորձեցէ՛ք, գերագոյն ճիգ մը ըրէք։

Վօթ (ահա) Մամիկոնեան   կը գոչէ յանկարծ Կօթիկ։

Արդարեւ, Մամիկոնեանն էր որ՝ յաւիտենական սիկարը ձեռքը, շշմած դէմքով մը եւ գահավէժ քայլերով, շնչահատ, դէպ ի մեզ կուգար։

Ի՜նչ լուր։

Կարսը ինկած է։

Մամիկոնեան՝ կարծես կուրծքին կռուփի հարուած մը տուած ըլլայի, դէպ ի ետ ընկրկեցաւ եւ ինկաւ աթոռի մը վրայ. անոր մօրուքին մազերը այն աստիճան ցցուեցան, որ դէմքը կարծես կորսուեցաւ անոնց մէջ։ Անոր չլմորած աչքերը՝ մանրամասնութիւններ կը սպասէին ինձմէ եւ ես որպէս այդպիսին, անոր՝ յուզմունքէն դողացող ձեռքերուն մէջ դրի Մանասեանի  խօսքերով սեւցած թուղթէ կապոյտ ժապաւէնները։ Ու՝ մինչ, ժպտուն մեքենագրուհին՝ մեքենային չափ անհոգ, անոր չափ անկարեկիր իր շուրջը տեղի ունեցող տեսարանին, զբաղած էր Մանասեանին իմացնելու Մամիկոնեանի ժամանումը, ես հարցուցի զինուորական գործավարին, թէ ունէ՞ր արդեօք ո եւ է լուր որ ենթադրել տար այս ողբերգական անակնկալը։

Ո՛չ մէկ լուր ունիմ։

Ի՞սկ Ազգային Խորհուրդը։

Չեմ կարծեր։

Նախարարական խորհուրդի հայ  անդա՞մները։

Չեմ յուսար։

Սէյմի հայկական ֆրաքսիօ՞նը։

Չգիտեմ։

Իսկ Կարճիկեա՞ն։

Մամիկոնեանի արտեւանունքը՝ յօնքերուն հետ  վեր բարձրացան, այնքա՜ն վեր, որքան կրնար՝ տարակոյսը արտայայտող այդ միմիքը, գործավարին դէմքին վրայ չափել անոր տարակոյսին շատութիւնը։

Բիէսը խաղցուած էր։  Չէզօք Մամիկոնեանի  բաժինը եղած էր՝ «գործող անձինք»ի ցանկին վրայ «մի՛ ծառայող»ի դերը։

Եւ ամէն ինչ անցած էր մոռացութեան վիհը։ Չէ՞ որ իշխանաւորները բովոր են, միշտ, հաշուի առնելու մեռնողներուն լռութիւնը եւ ապրողներուն երկիւղը։

Երեք անձնաւորութիւններ միայն չէին մոռցած «ամէն ինչը»՝ Անդրանիկ՝ որ Ճալալ օղլիէն երկտող մը գրելով Մամիկոնեանի՝ ըսած էր՝

Էրզրումէն վերջ, ես ըսած էի թէ Մամիկոնեան իրաւունք ունէր հիմայ, քեզ նայիմ, Կարսեն վերջ դուն ալ քաջութիւնը պիտի ունենա՞ս ըսելու թէ՝ իրաւունք չունէիր։

Ապա, Համբարձում Առաքելեան՝ աներկիւղապրող մը, զոր շուտով լռողներուն քովը ղրկեցին։

Յետոյ, Եկօր Մինասեան, դաշնակցական մը որ եօթը ամիս վերջ այս անցքերէն օր մը, Կարճիկեանի գրասենեակը մտաւ եւ մավզէրին փողը Կարճիկեանի ճակտին դնելով, Կարսի վրէժը լուծեց։