Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԻՆ ԿՌԻՒԸ

927ի ամառը, Անդրանիկ նոր ճամբորդութիւն մը ունեցաւ դէպ ի արեւելք։ Ճամբորդութեան շարժառիթը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ իր կուրծքը կրծող ցաւին հետ իր հոգին կրծող ձանձրոյթը։ Ճամբորդութիւնը՝ ճիշդ է որ կը յոգնեցնէր Անդրանիկը, բայց, չափով մը կը ծառայէր անոր մոռցնել տալու իր ձանձրոյթը եւ փոփոխութիւն մը դնելու անոր կեանքին միօրինակութեանը մէջ։ Ան՝ իր ստեղծած հանդիպումներով եւ առիթներով Անդրանիկին հնարաւորութիւն կուտար նաեւ իր միտքը շեղելու զինք կրծող ցաւին վրայ իյնալով՝ անոր վրայ մտմտալու, աւելի ճիշդը, անոր վրայ նեղանալու եւ բարկանալու իր գէշ սովորութենէն, հանդիպում եւ առիթ, զոր ան կը փնտռէր նաեւ քիչ մըն ալ վերագտնելու համար իր խանդավառութիւնը, խանդավառութիւն, որ երբ կայ, որպէս կեանքի խթան, կը լուսազարդէր իր հոգին եւ որուն բացակայութիւնը, այժմ, այնքա՜ն ձանձրալի կը դարձնէր իր կեանքը։

Յետոյ յոյսը…

Յոյսը որ սիրոյ եւ հաւատքի մարդը, որպիսին էր Անդրանիկ, աշխարհը գալուն, ճչոցովը՝ փոխանակ լեզուի, որ դեռ չունի ան՝ կը խնդրէ եւ կ՚առնէ աւազանէն եւ որ անոր կեանքին լաւագոյն ընկերը կը մնայ եւ չի մեռնիր անկէ առաջ։

Նոր բժիշկ մը, նոր դեղ ու դարմանի մը յոյսը։ Տարուան սկիզբը, Անդրանիկ՝ Պոսթոնի մէջ ունեցած տագնապին առիթով՝ հոն, 15 օր դարմանատուն մը մնացած էր եւ անկէ մեծապէս օգտուած։ Այս իրողութիւնը մեծապէս կը պարարէր անոր յոյսը։

Պոսթոն հասնելուն բժիշկները, որոնց խորհրդակցութեան դիմած էր Անդրանիկ, դեղեր տուած էին անոր, բայց անոր ըսած էին նաեւ որ լաւագոյն դեղերը՝ հանգիստը, Քալիֆօրնիոյ օդը եւ Ռիչընդըսի հանքային ջուրերն էին եւ յանձնարարած էին, այդ տաք եղանակին չմնալ Պոսթոն եւ վերադառնալ Քալիֆօրնիա։ Հակառակ այս խորհուրդին, սակայն, Անդրանիկ՝ ոչ միայն քիչ մը աւելի մնացեր էր Պոսթոն, այլեւ մասնակցեր էր ի պատիւ իրեն սարքուած երեկոյթներուն, եւ ուշ պառկելով, ճառեր լսելով եւ խօսելով, ինչպէս նաեւ հանրային հարցերու շուրջ զանազան վիճաբանութիւններու մասնակցելով՝ քիչ մը աւելի գռգռած էր իր ջիղերը, քիչ մը աւելի տկարացուցած իր սիրտը։

Դէպ ի Քալիֆօրնիա վերադարձի ճամբուն վրայ, Անդրանիկ ինքզինքը աւելի յոգնած զգացեր է, որուն պատճառը ան Պոսթոնի մէջ վարած իր յուզումնալից կեանքը համարելով, միւս կողմէ Քալիֆօրնիոյ օդին եւ վայելած հանգիստին արժէքը փորձած ըլլալով, ան իր յոյսը, այս անգամ, բացառապէս կապած է իրեն յանձնարարուած հանքային ջուրերուն հետ։

Վեց օրեայ ճամբորդութիւնը, սակայն, այն աստիճան տկարացուցած էին Անդրանիկին սիրտը, որ անոր Քալիֆօրնիա հասնելուն, բժշկական նոր խորհրդակցութեան մը անհրաժեշտ կը համարուի։ Խորհրդակցութիւնը յարմար կը նկատէ որ Անդրանիկ՝ իր բնակութիւնը փոխադրէ Սան Ֆրանչիսքօ եւ, միաժամանակ, փորձէ Ռիչընդըրսի հանքային ջուրերը։

Օգոստոսի սկիզբը, Անդրանիկ կը փոխադրուի Չիքօյի ջերմուկներուն օթէլը։ Օրերը կ՚անցնին սակայն, առանց որ այդ ջուրերը օգուտ մը բերէին անոր սիրտին ցաւին. իսկ մինակութիւնը եւ վարած կեանքին տաղտուկն ու միօրինակութիւնը մէկ մէկ պատճառներ կը դառնան աւելցնելու անոր ձանձրոյթին ցաւը։ Ուրիշ մը՝ Անդրանիկի տեղ պիտի սկսէր յօրանջել, մըտմտալ եւ անալիզներով անցնել իր ժամանակը։ Անդրանիկի կերտուածքը թոյլ չտար այս բանը, ոչ մէկը կ՚ընէ ան եւ ոչ միւսը. իր սովորութեանը մարդ՝ ան կը սկսի բարկանալ։ Ան իր սիրտին կը բարկանայ, ինչպէս կը բարկանար ատենին իր զինուորին, երբ անիկա  կը թերանար իր պարտքին մէջ, եւ, որովհետեւ սիրտը զինուորին պէս հլու չէր եւ, ո՛չ միայն չէր հպատակեր, այլեւ կ՚ըմբոստանար, ան՝ Անդրանիկին կը պատճառէր խռովքը, զոր հասարակ զինուորի մը ըմբոստութիւնը կրնայ տալ Անդրանիկի պէս հրամանատարի մը։

Անդրանիկի կերտուածքը։

Անդրանիկ՝ որպէս հոգեւոր էութիւն մըն է որ Անդրանիկ եղած է. իր աշխարհային  կեղեւը, այո՛, անոր  աչքին պահակ զինուորի մը նշանակութիւնն ունի եւ ոչ աւելի, պահակ՝ որ որոշ ժամանակի մը համար միայն հսկողութեան պաշտօն մը ունի. հսկել հոգեւոր էութեան վրայ, բայց  ոչ չարչարել զայն ։ Պիտի շարունակե՞ս չարչարել զայն, աւելի աղէկ  է որ շուտով ձգես զայն։ Ահա Անդրանիկին բարկութիւն բերող մտածումը։ Անդրանիկ գիտէր որ իր կռիւով Թրծուած կեանքը դեռ վերջին կռիւ մը ունէր մղելիք, աշխարհի ամենէն զօրաւոր ուժին, անպարտելի թշնամիին, մահուան դէմ, որ ան կրնար խաղցնել թշնամին, ձգձգել անոր յաղթութիւնը, բայց բնաւ յետաձգել։ Այդ թշնամիէն, պարզ մահկանացուի մը պէս ողորմութի՞ւն խնդրել, ո՞ր մուրալ, թէ ոչ գերմարդու պէս «ըրէ ինչ որ ընելու ես, լմննանք մի անգամ, ըրէ ինչ որ ձեռքէդ կուգայ», ըսել եւ հոգին դուրս հանել աշխարհի այս փտած կեղեւէն։

Անդրանիկի բարկութիւնը   երբեմն հայհոյանքով խառն   այս վերջին ձեւին իմաստն ունէր եւ, այն չափով որ անոր յոյսը կը պակսէր, նոյն չափով անոր բարկութիւնը՝ հայհոյանքը հետը, կ՚աւելնար աստիճանաբար։

Անդրանիկ՝ Չիքօյի ջերմուկներէն օգտուեցա՞ւ։ Այս հարցումին իրեն ընող այցելուներուն՝ ան մէկ պատասխան ունէր։

Ո՛չ օգուտ տեսայ ոչ ալ վնաս։

Եւ այս վերջին բառին վրայ ան սովոր էր փոքրիկ ժպիտ մը դնելու։ Չէ՞ որ բժիռկներու դեղերը եւ հրահանգները, երբեմն ալ, հակառակ արդիւնքը կուտան, Անդրանիկ՝ այս փորձէն զերծ չէր մնացած։

Օգոստոս 29ի կիրակին, սակայն, իրեն այցելութեան եկած Սմբատ (խմբապետ) հարցումին՝

Լաւ եմ այսօր, եկուր ֆրափ մը խաղանք քեզ հետ։

Այս լաւութիւնը՝ ջերմուկին ջո՞ւրն էր որ բերած էր իրեն թէ ոչ իր շատ սիրած զէնքի ընկերոջը այցելութիւնը, Անդրանիկ՝ այդ օրը, լաւ ժամանակ կ՚անցնէ իր հիւրերուն հետ։

Անդրանիկ՝ թղթախաղը չէր սիրեր, բայց, Նոր Տարիին եւ Բարեկենդանին ան սովոր էր անպատճառ իր բաղդը փորձել եւ շահածը հանդիպած առաջին կարօտեալին տալ։ Տարուան ընթացքին ալ, չպատահած բան չէր, որ գտնուած միջավայրին ի պատիւ, ան յիշելու ելնէր իր այս բարեկենդանեան սովորոյթը։

Յաջորդ երկուշաբթի օրը, ջուրին օգտակարութեա՞ն կը վերագրէ իր առջի օրը զգացած լաւութիւնը, թէ ոչ պարզ պատահմունքի մը հետեւանքով, Անդրանիկ՝ քիչ մը աւելի կը մնայ բաղնիքին ջուրին մէջ։ Դուրս ելնելուն, ան սիրտի տագնապ մը կ՚ունենայ, որուն հետեւանքով նոյն եւ յաջորդ օրը երեւան կ՚ելնեն իր սիրտին պարբերական ցաւերը, որոնք երկար չեն տեւեր։ Երեքշաբթի իրիկուն, սակայն, ճաշէն վերջ ան կ՚ունենայ ցաւ մը, որ կը յամառի կը մնայ։ Ոչ միայն զուր կ՚անցնին բժիշկին դեղերը եւ ներարկումները, այլեւ կէս գիշերէն վերջ, սիրտին ցաւը կը ստանայ այնպիսի սուր հանգամանք մը որ Անդրանիկ՝ հակառակ իր սովորութեան, կը սկսի ցաւագին արտայայտութիւններու եւ բացագանչութիւններու մէջ փնտռել զգացած անգութ մորմոքներուն ամոքումը։