Դերասանուհին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Այդ տարին ամրան կիրակի երեկոները կարելի էր նշմարել Գում Գաբուի ծովափին վրայ զբօսնող բազմութեան մէջ ծերունի մը եւ աղջիկ մը, որք հանդարտաքայլ կ՚երթեւեկէին լռիկ ու տխուր։
       Ծերունին կը թուէր մօտ եօթանասուն տարեկան, աղջիկն՝ հազիւ տասն եւ վեց։ Ուրիշ տարիներ եւս պատուելին— որպէս դեռ կ՚անուանէին հայերէն լեզուի բազմամեայ ուսուցիչն— եւ նորա թոռը սովոր էին ճեմել Գում Գաբուի ծովափին վրայ, բայց այն ատեն զուարթերես էին, իսկ այժմ տխրամած դէմքով։
       Անդ էր պատուելին, պարգեւաբաշխութեան հանդիսին, երբ Երմոգինէ էֆէնտին արձակեց իւր մահաշշուկ սլաքներն ընդդէմ խոնջ եւ վաստակաբեկ վարժապետներու կուրծքին. խոր խոցուեցաւ պատուելիին սիրտը։ Յիսուն տարիներէ հետէ հայկաբանութիւն կ՚ուսուցանէր ազգային վարժարաններու մէջ։ Արուեստին սիրահար եւ խղճմտանքով աշխատող վարժապետ մ՚էր։ Յետոյ հրատարակեց Մասիս այդ ճառն, ոյր արձագանքն եղաւ լսելի ամէն ուրեք, մասնաւորապէս ի Գում Գաբու։ Նոր հոգաբարձութիւն ընտրուած էր Պէզճեան վարժարանին եւ կը խօսուէր կրթական նոր ծրագիրներու վրայ։ Երմոգինէ էֆէնտին— նա եւս ուսուցիչ, ի միջի այլոց եւ հայերէն լեզուի , երեւցած էր մի քանի անգամ ի Գում Գաբու։ Պատուելին լսած էր անախորժ շշնկոցներ. սիրտն անհանգիստ էր։
       Մեռած էին պատուելիին կինն, աղջիկն ու փեսան, միակ մխիթարանք թողլով նմա Արեգնազն, որոյ վրայ կը գուրգուրար։ Սիրուն աղջիկ մ՚էր Արեգնազ, խարտեաշ մազերով, ծաւի աչերով։ Մի տարի առաջ ուսումնաւարտ եղած էր։
       Արեգնազ ինքն ալ ներկայ գտնուեցաւ այդ պարգեւաբաշխութեան հանդիսին, բայց կարող չէր լսել, թէ ի՞նչ ատենաբանած էր Երմոգինէ էֆէնտին։ Նորա ճոխաբան լեզուն զերդ հոգեզուարճ քնար հնչած էր իւր սրտին։ Զմայլած այդ երեւակայական երաժշտութեամբ՝ ոչ այլ ինչ հասկնալու կարող եղած էր։ Սրտաթունդ բաբախումներով դիմած էր ի հանդիսավայրն, ուր ուրեմն իւր մտատիպարը պիտի տեսնէր։
       Կարդացած էր Արեգնազ ճառերն ու յօդուածները, զորս ամէնուն հետ ինքն ալ կը համարէր հեղինակութիւն։ Էր այն աղջիկներէն, որոնց աչքերուն առաջ կը պատկերանայ գրագէտ մը՝ լուսանիւթ պսակով։ Արեգնազ չէր տեսած Երմոգինէն, այլ սակայն խանդավառ երեւակայութեամբն իւր սրտին մէջ տպաւորած էր նորա պատկերը։
       Տեսաւ զնա պարգեւաբաշխութեան օրը։ Ատենաբանին կայծակնացոլ շարժումները, բարձրայօնակ հտպտանքները, փոխանակ գրգռելու իւր ծիծաղն, խորին տպաւորութիւններ թողին ի նմա։ Ատենաբանը կը ներկայանար իւր աչքերուն իբր հրակերպեան մի տեսիլ։ Այդ օրէն խեղճ աղջիկը հոգւովն ու սրտովն յարած էր Երմոգինէի եւ սակայն ո՛չ այլ եւս տեսած էր զնա։ Կորսնցուց իւր զուարթաթիւնը։
       Օգոստոսի վերջերը, կիրակի իրիկուն մը, պատուելին ու թոռը կը վերադառնային իրենց սովորական պտոյտէն. մինչեւ Սամաթիայ գնացեր էին։ Կախարդիչ իրիկուն մ՚էր. ոսկեհատ արեւն մարը կը մտնէր եւ իւր բոցանշոյլ ճառագայթները ծիրանեզարդ կը ներկէին Մարմարան, որ կը թուէր անծայրածիր։ Պատուելին ու թոռը շատ զգացուած էին։ Կ՚երթային լռիկ, խորասուզեալ, տխրերանգ մտածութիւններու մէջ։
       Երբ հասան Գում Գաբու եւ մտան եկեղեցւոյ նեղ փողոցն, իրենց դէմն ելաւ ժամկոչն, որ կը դեգերէր այն կողմերն։ Տեսնելով պատուելին, ժամկոչը ձեռքը գրպանը խոթեց ու նամակ մը հանելով տուաւ պատուելիին։ «Աղաները տուեցին » ըսաւ։
       Պաշտօնական կնիք կը կրէր նամակը։ Պատուելին անմիջապէս չբացաւ զայն։ Երբ տուն մտաւ, կազը վառել տուաւ եւ կարդաց։ Դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետին եւ ատենադպրին ստորագրութիւնները կը կրէր։ Նոր հոգաբարձութիւնը կը հաղորդէր պատուելիին, թէ այլեւս հրաժարած է պաշտօնէն։
       Երեսուն տարի էր, Պաղտասար պատուելին կը դասախօսէր Մայր վարժարանին մէջ։ Պարզապէս կը ճամբէին զինքը։ Սիրտն ելաւ, աչքերը լեցուեցան։ Այն իրիկունը ճաշի սեղանը չնստաւ։