Դերասանուհին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ժ
       Կէսօրին գրեթէ մօտ՝ Արեգնազ անկողինն էր դեռ։ Աչքերը կը բանար, պատուհանները ձիւնապատ էին։ Կը ձիւնէր դուրսը։ Չէր ուզեր ելնել անկողնէն։ Փաթթուած վերմակին մէջ, կ՚երազէր իւր սիրոյն վրայ։ Բացուեցաւ իւր սենեակին դուռը։ Դերասանուհի մ՚էր, որ ներս մտաւ եւ հաղորդեց, թէ ծեր մարդ մը, ձկնորսի պէս մէկը եկած զինքը կ՚ուզէր, Գում Գաբուէն կու գար, նամակ մը բերած՝ կ՚ուզէր տալ Արեգնազի ձեռքը։ Դող ելաւ աղջիկը, ցատկեց անկողնէն, վրան բան մը առաւ եւ գնաց քովի սենեակն, ուր կը գտնուէր ծերուկը։
       Քալելով եկած էր Գում Գաբուէն, ո՛չ շոգեկառք, ո՛չ տրամվէյ, ոչ շոգենաւ կը բանէր եւ ճանապարհորդութիւնը պատմելով՝ կը փնտռէր գրպանին մէջ նամակը։ Գտաւ. հանեց տուաւ։ Գունաթափ եղաւ Արեգնազ. պատուելին շատ հիւանդ էր, դրացի մը երկու տողով այդ կ՚իմացնէր։
       Ժամանակ չկար սպասելու։ Անմիջապէս հագուեցաւ, իմաց տուաւ ընկերներուն, թէ պիտի չգար այն գիշերը։ Վար իջաւ, շուկան վարձեց կառք մը՝ ուղղակի Գում Գաբու երթալու։ Փողոցը նեղ էր, կառք չէր մտներ, իջաւ կառքէն փողոցին ծայրը։ Կը մօտենար Արեգնազ իրենց տան, կը տեսնէր, թէ դուռը բաց էր, դրացիները կը մտնէին կ՚ելլէին, անսխալակ նշան վտանգաւոր պարագայի։ Ներս մտաւ. դէմն ելլողին կը հարցնէր, թէ ի՛նչ կար։
       —Բան մը չկայ, բան մը չկայ, մի՛ վախնար , կ՚ըսէին։
       Սանդուխին գլուխը Էֆտիկ դէմն ելաւ լալով, գրկեց Արեգնազն, համբուրեց եւ միասին մտան պատուելիին սենեակը։
       Պառկած էր անկողնոյն մէջ, գունատ, գրեթէ կիսամեռ, դժուարաւ շունչ կ՚առնէր։ Մօտեցաւ Արեգնազ , ձեռքը բռնեց, համբուրեց։ Բացաւ աչքերը ծերունին, «ապրիս» մը ըսաւ կէս ժպիտով մը։
       Քիչ մը նստելէ վերջ դուրս ելաւ Արեգնազ, պէտք էր բժիշկ մը բերել, մարդ մը ճարեց, ղրկեց բժշկին, ինչ որ սովոր են միշտ ըսել ծերերու համար։
       —Կանթեղին իւղն հատե՜ր է։
       Չէր բաժնուէր Արեգնազ մեծ հօրն անկողնոյն քովէն։ Տխուր, պարտասեալ կը հսկէր ծերունւոյն։ Կ՚ուզէր վանել իւր մտքէն վշտալիր յիշատակներ, բայց Երմոգինէի պատկերը կու գար կը ներկայանար իւր մտքին առջեւ։ Բայց ո՛չ առջի գիշերուան թատրոնի պատկերն, այլ ամրան այն գիշերներուն պատկերն, որում պատուելին անօթի, խեղճ, հառաչելով կ՚ըսէր։
       —Աստուծմէ՛ գտնէ այդ մարդը։
       Եւ յետոյ միջոց մը իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ լսեց մեծ հայրը, որ կը մրմնջէր.
       —Ա՜խ այն մարդն, այն մարդն։
       Գիշերը կը յառաջանար։ Քանի մը դրացի կիներ եկած էին, Էֆտիկի հետ բոլորած էին անկողնոյն շուրջը։ Արեգնազ նստարանին վրայ կը հանգչէր մի քիչ, կը մրափէր։ Էֆտիկ, որ անկողնոյն շատ մօտ էր, տեսաւ, թէ հոգեւարքին հռնդիւնն ա՛լ չէր լսուէր, շօշափեց, մարմինը պաղ էր։ Լմնցած էր։ Երկու կնոջ հետ արթնցուցին Արեգնազը, կամացուկ մը դուրս հանեցին։
       —Աստուած քեզի օրեր տայ, եաւրում , կ՚ըսէին։
       Թաղման հանդէսը կատարուեցաւ յաջորդ օրն։ Աշակերտներէն շատերը ներկայ էին. ոչ ազդարարութիւն տպուած էր, ո՛չ լրագիրներուն մէջ բան մը գրուած։ Քրոնիկագրերն եւ ո՛չ իսկ յիշատակութիւն մը ըրին այդ մարդուն համար, որ աւելի քան կէս դար իր ազդեցութիւնը ներգործած էր ազգային հոգւոյն վրայ։
       Արեգնազ անմխիթար էր. սեւեր հագած նստած էր. կ՚ընդունէր «գլուխդ ողջ կենայ »ի եկողները։ Ազգականնե՜ր, ազգականնե՜ր ամէն անկիւններէ կը վխտային։ Այդ շաբթուն լուր ղրկեց դերասանական խումբին, թէ այլեւս ներկայ եղանակին մէջ կարող չէր մասնակցիլ իրենց խաղերուն, իր սուգն անհնարին կ՚ընէր այն։
       Այս լուրն անախորժ եղաւ խումբին։ Սկիւտար, Կետիկ փաշա պիտի ներկայացնէին Երմոգինէի ողբերգութիւնը։ Բերայէն վերստին ուզած էին զայն։ Արեգնազի բացակայութիւնը կը խանգարէր այդ ձեռնարկն։ Նորա դերն ե՞րբ ուսուցանել ուրիշի մը եւ ո՞վ կարող էր յաջորդել արժանաւորապէս Արեգնազին։ Երմոգինէն կատղած էր, իւր փառքը կը բեկանուէր, կարող չէր այլեւս լիովին վայելել իւր յաղթանակները։