Դերասանուհին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ
       Երմոգինէի ճառն արդարեւ ազդեցութիւն ըրած էր։ Հաւանօրէն շուտ կ՚անհետանար այդ ճառի տպաւորութիւնն՝ առանց ատենաբան էֆէնտիի գործնական օժանդակութեանը։ Արտաքոյ կարգի գործունէութեամբ Երմոգինէ էֆէնտի հետամուտ եղած էր, որ իւր գաղափարները մարմին զգենուն, ոգին առնուն։ Երանութեան գեղաժպիտ հորիզոնը կը պարզուէր իւր աչքերուն առաջ, երբ կ՚երեւակայէր, թէ իւր ճառը պիտի կրնար շնորհել իրեն օթեւան մը Պէզճեան վարժարանին մէջ։ Մայր Եկեղեցւոյ եկամուտներն ամէն ուսուցչի համար ակնախտիղ են։
       Իւր գործունէութեան մէջ պահ մը Երմոգինէ էֆէնտին յուսահատեցաւ։ Նոր հոգաբարձութեան մը ընտրութիւնը սրտադող պատճառեց նմա. նախորդ հոգաբարձութեան անդամներէն շատերն իւր սերտ բարեկամներն էին։ Բայց բարեբաստիկ աստղի մը ներքեւ ծնած էր նա։ Նորընտիր հոգաբարձութեան ամենէն ազդեցիկ անդամն իրեն յարեալ էր սքանչացման եւ երախտագիտութեան զգացումներով։ Մի քանի ամիս առաջ այդ հոգաբարձուին եղբայրը մեռած էր եւ Երմոգինէ էֆէնտին նորա գերեզմանին վրայ շնորհած էր նմա անցագիր մը առաքինութեան եւ անմահութեան։ Ոմանք կ՚ըսէին, թէ հանգուցեալը դժոխքին մէջ իսկ տեղ մը գտնելու համար կը կարօտէր բարեխօսի մը։
       Նորընտիր հոգաբարձութեան ուրիշ մի անդամն, որ կը փայլէր արտաքոյ կարգի գործունէութեամբ ազգային գործերու ասպարէզին վրայ, իւր ընտրութեան օրը բարեկամէ մը իբր կատակ հետեւեալ խօսքը լսած էր. Բախտդ բանուկ է։
       Կատակը ճշմարտութիւն մը լինելէ հեռի չէր։ Պատրիարքարանն եւ Մայր Եկեղեցին սակարաններ էին իրեն համար։ Երմոգինէ էֆէնտի կարող եղաւ ճարտարութեամբ օգուտ քաղել հոգաբարձու էֆէնտիին այս բարի տրամադրութենէն։
       Պաղտասար պատուելին հրաժարեցնելու շշնկոցը տարածուած էր թաղին մէջ. թաղական խորհրդոյ տարիքոտ անդամներէն մի քանին այս մասին բերանացի դիտողութիւններ ըրած էին հոգաբարձութեան անդամներէն ոմանց։ Ըսած էին, թէ ապերախտութիւն է դպրոցէ հանել բազմերախտ վարժապետ մը։ Բայց Երմոգինէ էֆէնտիի պաշտպանները տարօրինակ կը գտնէին այս առաջարկութիւնը, որուն դէմ յաղթական պատասխան ուսած էին նոյնինքն Երմոգինէ էֆէնտիէ։ Օրինակի համար, կ՚ըսէին, թէ ի՞նչպէս կարելի է զոհել անմեղ մանուկներու ապագան այնպիսի զգացումներու, որք թէպէտ շատ յարգելի լինին, բայց եւ այնպէս գործնական աշխարհի մէջ պէտք է նկատուին լոկ զգացում եւ իրենց դերը լինի երկրորդական։
       Դարձեալ նոյն Երմոգինէ էֆէնտին էր, որ ըսած էր.
       —Դպրոցի մը կառավարութիւնը կը նմանի երկրի մը կառավարութեան. զգացումները պէտք է տեղի տան իրական շահերու։ Ա՛յլ է երախտապարտութիւն անցեալին համար, ա՛յլ է աշակերտաց ներկայ օգուտը։ Եթէ հարկ լինի զոհողութեան, հարկ է ամէն ինչ, նոյնիսկ ամենէն նուիրական զգացումները զոհել իրական օգուտներու։
       Ի հարկէ Երմոգինէ էֆէնտին չէր ուզած ըսել , թէ նպատակն զմիջոցն կ՚արդարացնէ, այդպիսի դաւանութիւն մը, ո՜հ, իւր սկզբունքներուն հակառակ էր։
       Զրահաւորեալ այսպիսի մտածութիւններով, Երմոգինէ էֆէնտի ընդունեց խղճի կատարեալ հանդարտութեամբ Պաղտասար պատուելիին ժառանգութիւնը։
       Հարուածը դառն եղաւ ծերունի վարժապետին։ Նուաստացած էր բարոյապէս, կարեվէր խոցեցաւ սիրտն։ Նիւթական հարուածն անմեկին էր բարոյական հարուածէն։ Կը զրկուէր ապրուստի միջոցէ։ Երեսուն տարիէն աւելի էր, պատուելին վարժապետութիւն կ՚ընէր Պէզճեան եւ Լուսաւորչեան դպրոցներուն մէջ։ Ամէն ինչ կարգ կանոնի դրած էր։
       Վարձած էր ի Գում Գաբու փոքրիկ տուն մը, ուր կը բնակէր քսան տարիէ ի վեր։ Էֆտիկ անունով կին մը կար իւր քովն։ Այդ կինը քառասուն տարիէ ի վեր կը ծառայէր իրեն. այլեւս աղախին մը չէր նկատուէր։ Պատուելիին կնոջն ու աղջկան եւ փեսին մահէն յետոյ՝ մայր ու խնամակալն էր Արեգնազին։ Այդ կինը կ՚եփէր կերակուրը, կը հոգար տան ամէն պէտքերը եւ լաւ կերպով կը տնտեսէր։
       Պատուելին երկու դպրոցներէն առած ամսականովն հանգիստ կ՚ապրէր։ Թէպէտ ոչ մի ինչ աւելցնելու կարող եղած էր, բայց պարտք ընելու հարկին մէջ նաեւ չէր գտնուած։ Պատուելիին վիճակն եթէ փայլուն չէր, ապահովեալ էր։
       Իւր սովորութիւններն ալ կարգի դրած էր։ Առաւօտը դպրոց կ՚երթար, ցերեկին տուն կու գար ճաշելու, վերջը դարձեալ դպրոց կ՚երթար մինչեւ իրիկուն. երեկոները կ՚երկննար մինչեւ Եէնի Գաբու, ուր կը նստէր ծովեզրեայ սրճարաններն եւ լրագիր կը կարդար, կը խօսակցէր բարեկամներու հետ։ Բանաստեղծական սիրտ մը կը կրէր պատուելին. անհուն ծովը կը յուզէր զինքը. շատ անգամ երկար ատեն խորասուզեալ կը մնար մտածութիւններու մէջ, աչքերն յառած Մարմարայի վրայ։ Այդ երեկոները տխուր կը դառնար տուն։
       Թէպէտ ծեր էր, բայց չէր կորուսած կորովն եւ կը դասախօսէր երիտասարդական եռանդով։ Կ՚աւանդէր ազգային պատմութիւն եւ հայկաբանութիւն։ Ուսուցանելու նոր եղանակներն անծանօթ էին նմա, բայց կ՚ըսէր.
       —Նայիմ այդ նոր մէթոտով սորվողներէն ո՞րն իմ աշակերտներուս պէս լուծում կրնայ ընել եւ գրաբար գրել։
       Եւ արդարեւ ամէն տարի քննիչները կը զարմանային պատուելիին աշակերտաց վրայ, որք կը հասկնային խրթին գրաբարներն եւ քերականութեան ամէն կանոնները գիտէին։ Կային քննիչներ, որք կը վարանէին քննել բարձրագոյն դասը։
       Քննիչները կ՚ըսէին նաեւ, թէ չէր գտնուէր Պոլսոյ մէջ դպրոց մը, ուր աշակերտք այնքան լաւ սորված լինէին հայոց պատմութիւնը։ Հաւատքով, ոգեւորութեամբ կը սորվեցնէր պատուելին ազգային պատմութիւնը։ Շատ անգամ սրտէն «ա՜խ » մը քաշելով կը նկարագրէր ազգային պատմութեան արիւնընծայ էջերն։ Իւր աշակերտները կրակոտ հայրենասէրներ կը լինէին։
       Այժմ կը վռնդէին զինքը դպրոցէն։
       Երբ լմնցաւ արձակուրդի ժամանակն, խեղճ մարդը քանի մը օր տունէն դուրս չելաւ։ Սիրտը չէր դիմանար՝ տեսնել իւր աշակերտներն, որք դպրոց կ՚երթեւեկէին եւ ինքը տունը կը մնար։ Բոլոր աշակերտները կու գային զինքը մխիթարելու, վասնզի կը սիրէին հայրագութ ծերունին։