Դերասանուհին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ը
       Յաջորդ օրն, առաւօտուն, Երմոգինէ էֆէնտի այցելեց դերասաններու տունը։ Արեգնազ մասնաւոր բարեկամութեամբ գնաց նորա մօտ։ Խօսակցութեանց առարկան էր Երմոգինէի ողբերգութեանց ներկայացումը։ Կարգադրեցին, թէ ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ ներկայացումը, առ առաւելն մի ամիս վերջ։ Հեղինակն ու տնօրէնը դերերը բաշխեցին, Արեգնազ ունեցաւ գեղեցիկ դեր մը. դէմքն ու ձայնը կը բարեխօսէին նորա համար։
       Երանութեան օրեր էին Արեգնազի համար փորձի օրերը։ Կ՚իջնէին թատրոն, ուր շատ անգամ ներկայ էր հեղինակը։ Երմոգինէ կը սքանչանար Արեգնազի վրայ։ Միակ անձն էր ամբողջ խումբին մէջ, որ գիտէր ըստ բաւականին հայերէն լեզուն եւ կը հասկնար այն դերերն, զոր կ՚ուսանէր արտասանելու եղանակն, առոյգ շեշտերն ակներեւ կ՚ընէին, թէ նորեկ դերասանուհին գրական կրթութիւն ստացած է։
       Արտաքոյ կարգի շքեղ կերպով կատարուեցաւ առաջին ներկայացումը։ Օթեակներէն ո՛չ մին պարապ էր։ Օրթագիւղի երիտասարդութիւնը մասնախումբ մը կազմած էր օժանդակելու այդ ներկայացման յաջողութեանը։ Այլեւս ձանձրացած էր այդ երիտասարդութիւնը թարգմանութիւններու հանդիսատես լինելէ. իրեն համար յարգելի էր հեղինակութիւն մը, որքան ալ տկար լինէր։
       Երիտասարդներու եռանդը բորբոքելու մէջ բաւական մեծ բաժին ունեցած էր Արեգնազ։ Տեսած էին թատրոնին մէջ այդ դէմքն, համբաւը տարածուած էր, համակրութիւն կ՚ազդէր երիտասարդներու։
       Արեգնազ ո՛չ մի յոյս ի դերեւ հանեց։ Կարծես փորձառու վաղեմի արուեստագէտ մ՚էր. աներկիւղ կը կատարէր իւր դերը, շարժումները, ձայնը, ամէն ինչ բնական կը թուէր։ Հանդիսականներն յափշտակուած էին այդ թարմ եւ առոյգ ձայնէն, այդ մանկունակ ժպտուն երեսէն։ Ծափահարութիւններն որոտընդոստ էին, ամենքը սրտէ բխած։ Յաղթանակը կատարեալ եղաւ։
       Մոռցուեցան ողբերգութեան բոլոր թերութիւնները. հանդիսատեսները՝ լի եռանդեամբ, «հեղինակ, հեղինակ » կը կոչէին եւ հեղինակն, որ արդէն կը սպասէր, ներկայացաւ բեմին վրա. եւ լսեց կեցցէներն։
       Արեգնազ անպատում ուրախութիւն ունէր ոչ այնքան իւր յաղթանակին համար, որքան Երմոգինէի փառացը մասին։
       Կ՚ըմբռնէր Երմոգինէ, թէ ինչքա՛ն պարտական էր Արեգնազին. մօտեցաւ նորա եւ սրտագին շնորհակալութիւններ յայտնեց։ Արեգնազ առիթը գտաւ յայտնելու նմա իւր բոլոր սքանչացումը։
       Այդ օրէն ի վեր ներկայացումները կը կրկնուէին. դերասանական խումբը գումար մը կրցաւ ձեռք ձգել։ Արեգնազ ունեցաւ իւր բաժինը, նամանաւանդ փունջերն ու ընծաները։
       Գրպանը դրաւ ստակներն Արեգնազ եւ օր մը գնաց Գում Գաբու։ Յորմէհետէ մեկնած էր իւր տունէն, մի քանի անգամ նամակ գրած էր մեծ հօրը, պատասխան ընդունած. բայց բնաւ չէր գնացած նորա մօտ։ Ի՛նչ օգուտ երթալ դատարկ ձեռքերով։ Այլ այժմ կ՚երթար վստահօրէն։
       Ինչպէ՜ս գրկախառնուեցաւ Էֆտիկ, ինչպե՜ս համբուրեցին զիրար։ Մեծ հայրը վերն էր, մի քիչ տկար, կարող չէր վար իջնել, այսպէս ըսաւ Էֆտիկ։ Վազեց վեր ելաւ Արեգնազ, մտաւ սենեակը. անկիւնը նստած էր ծերունին, վերմակ մը ոտքերուն վրայ։ Արեգնազ րոպէ մը կանգ առաւ, շատ փոխուած տեսաւ մեծ հայրը, նիհար, վատոյժ, կարծես հող կը հոտէր։ Պաղած մնաց Արեգնազ, բայց գնաց պագաւ մեծ հօրը ձեռքերը։ Նա ալ ուժով համբուրեց թոռնիկը։
       Շատ ծանր եկած էր իրեն թոռանը մեկնիլը. վերանորոգուած էին իւր բոլոր հին ցաւերը, նորերն ալ վրան բարդուած։ Այդ օրեն ի վեր հետզհետէ կ՚աւելնար. ցորեկներն ինչեւէ՝ ժամանակ կ՚անցուներ, բայց գիշերնե՜րը, ձմրան այդ երկա՜ր գիշերները, ո՛չ ոք կար, բացի Էֆտիկէն, որ իրեն հետ խօսէր, որ գիրք մը կարդար եւ ինք մտիկ ընէր։ Քիչ մը կրնար կարդալ, բայց աչքերը շուտ կը հոգնէին։
       Եւ յետոյ կը տարածուէին չարաշշուկ լուրեր, որոնց չէր ուզեր հաւատալ, բայց սրտադողի մէջ էր։ Երմոգինէ խօսած էր Գում Գաբուի մէջ Արեգնազի վրայ. թուի թէ գովեստներ շռայլած էր եւ հարկ եղած խոհեմութիւնը չէր ունեցած։ Այդ խօսակցութիւնները տարածուած էին տուներու եւ սրճարաններու մէջ։ Պառաւները դրամագլուխ ըրած էին զայն իրենց։ Խեղճ աղջկան պատիւն ոչնչացած էր։ «Աստուած հեռու ընէ, կ՚ըսէին դրացիները, այդ գէշը ոտք պիտի չկոխէ ա՛լ այստեղ »։ Պատրիարքարան պիտի դիմէին, եթէ Արեգնազ վերադառնար այնտեղ։
       Մաս մը այն լուրերէն կը հասնէր պատուելիին ականջը, եւ ծերունւոյն սիրտը տակն ու վրայ կ՚ըլլար։ Անէծքներ կուտար Երմոգինէին, զոր կը համարէր իրենց թշուառութեան սկզբնապատճառը։
       Մոռցաւ պատուելին ամէն ինչ, ի ներկայութեան իւր թոռանը, խօսեցնել կու տար, մտիկ կ՚ընէր, կարօտը կ՚առնէր։ Էֆտիկ ճարեց, ճարճրկեց, լաւ կերակուրներ պատրաստեց, ուրախութեամբ սեղանը դրին նստած սենեակնին, որ շատ տաքուկ էր։ Ամէն բանի վրայ խօսեցան։ Արեգնազ հանեց մեծ հօրը տուաւ մի քանի ոսկի, ունեցածին կէսէն աւելին։ Պատուելին դժկամակեցաւ ընդունիլ, արդեօք արեան գի՞ն էր. բայց Արեգնազ տխրեցաւ, պատուելին առաւ ստակները թոռանը սիրտը չկոտրելու համար։ Բաց աստի, որքա՜ն ժամանակ էր ոսկիին երեսը տեսած չէր։ Սրտանց գոհունակութիւն ունեցաւ։
       Գիշերը մէկ սենեակ պառկեցան. Արեգնազ եւ Էֆտիկ շատ խօսեցան։ Էֆտիկ կարող չէր բերանը բանալ, խել մը բաներ ուզեց հասկցնել։ Արեգնազ, այնքան անմեղ , այնքան միամիտ, չէր կրնար թափանցել Էֆտիկի խօսքերուն հոգւոյն, բայց կը հասկնար, թէ բանի մը վշտացած էր մեծ հայրը։
       Հոգնած էր, չկրցաւ դիմանալ եւ քնացաւ։
       Յաջորդ օրը պէտք էր անպատճառ մեկնիլ. ինչ որ ըրին՝ միւս գիշերը չկեցաւ. կարգադրութիւններ կային, իւր ներկայութիւնն անհրաժեշտ էր, բայց խոստացաւ շուտ վերադառնալ։ Ո՞չ ապաքէն արդէն քիչ ատենէն այլեւս կը վերջանար ներկայացման եղանակը ու ինքն բոլորովին պիտի գար։