Ա
«
…
Ո՛հ,
յառաջդիմութիւ՜ն,
յառաջդիմութիւ՜ն,
որ
լուսածղի
թեւերդ
պարզած
սաւառնեալ
գաս
մեր
տխրամած
հորիզոնին
վրայ
յոյս
եւ
լոյս
սփռելու,
ո՜հ
յառաջադիմութի՜ւն ,
յառաջադիմութի՜ւն…»։
Կէս
ժամ
էր,
յորմէհետէ
այսպէս
կ՚ատենաբանէր
Երմոգինէ
էֆէնտին,
հնչուն
ձայնով,
ոլորուն
շեշտերով։
Յուլիսի
այդ
տաք
կիրակին
այրերու
եւ
կիներու
հոծ
բազմութիւնը
գրաւած
էր
Գում
Գաբուի
Մայր
եկեղեցւոյ
միջին
տաճարն,
ուր
կը
կատարուէր
հանդէսն
Պէզճեան
եւ
Լուսաւորչեան
վարժարաններու
պարգեւաբաշխութեան։
Ճերմակ
թաշկինակներն
ամէն
ձեռքերու
մէջ
էին,
ամէն
ճակտէ
քրտինք
կը
հոսէր ,
եւ
սակայն
միշտ
կ՚ատենաբանէր
Երմոգինէ
էֆէնտին։
Խօսած
էր
Կիւթթենպերկի
վրայ
եւ
Քրիստոսի
եօթն
նկարակներուն
վրայ,
Շօբենհաուէրի
վրայ
եւ
Ռօսսինիի
ու
Պիզմարքի
վրայ,
առանց
մոռնալու
—
եւ
ե՞րբ
մոռցած
է—
«գեղեցիկը,
ճշմարիտն
ու
բարին
»։
Բերած
էր,
Ոսկեղջիւրի
ափերէն
բերած,
Խասգիւղի
ողջոյնն
ու
համբոյրները։
Եւ
յետոյ,
պահ
մը,
երիտասարդ
տրիբունը,
տարածելով
աջ
բազուկն
ի
հիւսիս,
եւ
աչքերն
յերկինս
սեւեռած,
անէծք
կը
կարդար
Օրթագիւղի՝
«ուստի
կը
փչէր
խորշակն,
որ
չորցնէ
սրտերու
մէջ
յոյսն
ու
սէր»։
Բայց
դիւրին
էր
նշմարել,
որ
ատենաբան
էֆէնտին
իւր
ճառը
կ՚երկարէր
ոչ
միայն
այնու,
զի
զմայլած
էր,
ինչպէս
միշտ,
իւր
հեշտախօսիկ
ձայնին,
այլ
նաեւ
ակնդէտ
կը
մնար
մեծ
պատահարի
մը։
Յանկարծ
լսուեցաւ
կառախումբի
մը
շվոցն.
հեռուէն՝
շատ
նրբին
կը
հասնէր
այդ
ձայնը,
բայց
ատենաբան
էֆէնտին
լսեց
զայն
եւ
սթափեցաւ։
Կանգ
առաւ,
մի
քանի
րոպէ
ընդհատեց
իւր
խօսքերն,
դարձուց
ականջներն
այն
կողմ,
ուստի
սուլած
էր
կառախումբը.
—«Կը
լսէ՞ք,
առնո՞ւք
զձայն,
յառաջդիմութի՜ւնն
է
անցանէ
աստի։
Լո՛ւր,
Օրթագի՛ւղ,
եւ
սարսէ՛»։
Ծափերու
պայթումն
ողջունեց
այդ
գերիմաստ
գիւտն,
ատենաբան
էֆէնտին
խոնարհեցուց
գլուխն,
յետոյ
երկու
ձեռքերը
սլացան
յերկինս,
վեր
առաւ
գլուխն
եւ
արձակեց.
—«Ո՜հ,
յառաջդիմութիւ՜ն,
յառաջդիմութիւ՜ն,
որ
լուսածղի
թեւերդ
պարզած…»։
Բայց
դեռ
չէր
հասած
ճառին
վախճանը.
խօսեցաւ
մանկավարժական
խնդիրներու
եւ
գերմանական
կրթութեան
վրայ։
Պահանջեց,
որ
շուտ
դրուին
յաջորդներ,
առոյգ,
կորովի
յաջորդներ
այն
վարժապետներու,
որոց
կուրծքերը
մաշած
էին
կրթութեան
պատերազմի
դաշտին
վրայ։
Ուժգին
շեշտեց
այս
կենսական
բարենորոգման
համար։
Յետոյ
յայտարարեց,
թէ՝
պարգեւաբաշխութեան
հանդէսները
վեհաժողովներ
են,
ուր
Հայ
տրիբունները
կը
հնչեցնեն
ճշմարտութեան
ձայնն
ի
լուր
աշխարհի։
Ուր
ուրեմն
իջաւ
բեմէն։
Հանդիսականները
մխիթարուած
ողջունեցին
զնա
որոտընդոստ
ծափերով
եւ
նա
գնաց
տեղ
մը
ճարելու՝
մօտ
պատրիարքական
աթոռին։