Դերասանուհին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Է
       Օրթագիւղ, զառիվերի մը կատարին վրայ էր այն տունը, ուր կը բնակէր դերասանական խումբը։ Զմայլեցաւ Արեգնազ, երբ անդ մտաւ. փոխադրուած էր նոր աշխարհ մը։ Կը պարզուէր հանդէպ իւր աչքերուն Վոսփորի գեղազուարճ տեսարաններէն մին, որքա՜ն տարբեր Գում Գաբուի այն նեղ փողոցէն, ուր կարծես թէ բանտարկուած էր բերդի մը մէջ։ Կը դիտէր ու կը դիտէր, յափշտակուած էր այնքան, մինչ չկրցաւ նշմարել, թէ սենեակն, յորում կը գտնուէր դերասանուհիներուն հետ, գրեթէ մերկ էր , ո՛չ գորգ կար եւ ո՛չ փսիաթ. չէր այն տաքուկ սենեակն, ուր լոյսն եթէ չէր թափանցեր շռայլօրէն, գէթ ցուրտ հովերն ալ չունէին լայնարձակ ասպարէզ, ինչպէս աստ։
       Շատ քալած էր Արեգնազ եւ տաքցած, բայց երբ անցաւ տաքութիւնն, սկսաւ մսիլ. այն ատեն դիտեց շուրջը, փոքրիկ վառարանի մը մէջ կը նշմարուէին երկու երեք նշխարքներ՝ նախկին կրակներու։ Դերասանները կը կարգադրէին մէջերնին, թէ ո՛վ այն երեկոյին պիտի երթար թէ՛ ածուխն առնելու եւ թէ՛ ուրիշ պիտոյքներ հայթայթելու։
       Խումբը վարձած էր այդ տունը, թէպէտ ոչ մի վճարում ըրած չէին մինչ այն ատեն, կ՚ապրէին օրը օրին, կէս կուշտ, կէս անօթի։ Դերասաններէն մին կ՚իջնէր ամէն օր վար, շուկան, կը գնէր քաշ մը ածուխ, զոր կը դնէր թաշկինակին մէջ եւ կը բերէր տուն, կը հոգար նաեւ խումբին նոյն աւուր ուտեստի պաշարը։ Մեծ բան մը չէր այդ պաշարը, մի քանի հաց, մի քիչ պանիր, երբեմն ձիթապտուղ կամ թահին հելվա։
       Եւ սակայն այդ աղքատութեան մէջ ուրախ եւ զուարթ էին դերասաններն։ Երբ մութը կոխեց, թեւ ի թեւ ցատկելով, խօսելով եւ խնդալով իջան զառիվարն, գնացին թատրոն, ուր պիտի ներկայացնէին Հիւկոյի «Մարի Թիւտորը»։
       Դատարկ էր թատրոնը. հազիւ մի քանի օթեակներու մէջ եւ գետնայարկը կը տեսնուէին մի քանի դէմքեր։ Տարաբախտ վիճակին մէջ էր Բարեսէր Ընկերութեան այդ թատրոնը, որ տակաւին նոր շինուած, տարի մը առաջ կեդրոն մ՚էր մտաւոր զբօսանաց եւ հրճուանաց։ Բայց մահն ու դժբախտութիւնները անցեր էին Օրթագիւղի վրայէն։ Մեկնած էր ազնիւ հոգի մը, գեղեցիկ տաղանդ մը, որ կեանք կը ներշնչէր ո՛չ միայն Օրթագիւղի, այլեւ ամբողջ հայ գրականութեան եւ գեղարուեստից։ Իւր շուրջը բոլորած դերասան ու դերասանուհի, բանաստեղծ եւ գրագիր, կը կենդանացնէր ամէն ինչ, եւ այդ թատրոնն, իւր ձեռակերտը փոքրիկ Ակադէմիա մը կը համարուէր։ Յետոյ ուրիշ աղէտներ ծանրացած էին գիւղին վրայ եւ ամէն ոք մոռցած էր թատրոնը, բայց թատրոնական խումբը տակաւին քաջութեամբ կը յարատեւէր ներկայացումներ տալու։
       Տխուր անցաւ այդ գիշերուայ ներկայացումը։ Արեգնազ օթեակի մը մէջ նստած կը դիտէր զարմացած, երբ բացուեցաւ իւր դիմացի օթեակը եւ երկու անձինք մտան. մին Երմոգինէն էր։ Շառագունեցան երեսները, չէր կրնար ուշադրութիւնը տեսարանին նուիրել, կ՚ամաչէր դիմացը նայելու, բայց մերթ ընդ մերթ ակնարկ մը կու տար։ Այդ ակնարկներու ատեն տեսաւ, թէ Երմոգինէ էֆենտի ակնոց մը հանեց դրաւ եւ կը նայէր իրեն ու կը խօսեր ընկերոջ հետ. տարակոյս չկար, թէ խօսքն իւր վրայ էր։
       Երբ խաղը վերջացաւ, այն ատեն միայն Արեգնազ ելաւ իւր օթեակէն եւ գնաց պիւֆէն, ուր համախմբուած էին դերասանք ու դերասանուհիք եւ երկու երեք երիտասարդներ, որոնց մէջ էր Երմոգինէն։
       —Ի՛նչ է այս , կ՚ըսէր դերասանաց Երմոգինէ էֆէնտին , ձայներնիդ չելներ, հոգնած կը խօսիք, խաղը ջլատեցիք, արդեօք իմ խա՞ղս ալ այսպէս պիտի ընէք։
       —Ի՞նչ ընենք , պատասխանեց դերասաններէն մին, շաբաթ մ՚է, էֆէնտի, որ պատառ մը տաք կերակուր չէ սահած մեր կոկորդէն վար, շաբաթ մ՚է պանիր հաց կ՚ուտենք եւ կ՚ուզէք, որ առողջ ու դիմացկուն կուրծքո՞վ տեսարանին վրայ ելնենք։
       Փոքր ինչ անհաճոյ թուեցան այս խօսքերը, եւ մի քանի վայրկեան լռութիւն տիրեց։ Երիտասարդներէն մին հեռացաւ եւ թէյ ապսպրեց ամէնուն համար։ Դերասան ու դերասանուհի լափեցին թէյը, նման այն ճանապարհորդներուն, որք կորսուած աւազուտ անապատի մէջ, կիսամեռ՝ ծարաւէ, կը գտնեն ջուրի աղբիւրը։
       Արեգնազ ալ առաւ իւր գաւաթը, բայց շատ ամչկոտ, շատ շնորհալի կերպով։ Տեսնելով զնա դերասաններուն մէջ, Երմոգինէ զարմացած մօտեցաւ տնօրէնին եւ հարցուց, թէ ով էր այդ աղջիկը։
       —Ա՜հ, ձեզ իրարու ներկայացնելու մոռցայ, ըսաւ տնօրենը եւ հետը առնելով Երմոգինէն, մօտեցաւ Արեգնազին, ներկայացուց երկուքն ալ իրարու, յայտնելով, թէ օրիորդ Արեգնազ դեր մը պիտի ունենայ Երմոգինէ էֆէնտիի մեծ ողբերգութեան մէջ։
       Տնօրէնը մեկնեցաւ եւ Երմոգինէ գամուած տեղը մնաց։ Իբր գրագէտ, իբր բանաստեղծ պարտաւոր էր ցոյց տալ, թէ գեղեցիկ աղջիկ մը, որ երիտասարդ էր, խորին տպաւորութիւն կը թողուր իւր վրայ։ Խօսեցաւ Երմոգինէ, երկար խօսեցաւ։ Բառերը կարգաւ, իբր թէ շարադրուած լինէին , կու գային իրարու ետեւէն. ոչինչ կար նոր, բայց ամէն ինչ նոր կը թուէր Արեգնազին. կենացը մէջ առաջին անգամն էր, որ կը խօսակցէր վկայեալ գրագէտի մը հետ։
       Ետ չմնաց Արեգնազ, յայտնեց, ինչպէս աղջիկներն եւ կիներն գիտեն միայն յայտնել, իւր սքանչացումն Երմոգինէի գրութեանց մասին. խոստովանեցաւ թէ մեծ ուրախութիւն էր իրեն համար, որ դերը մը պիտի ունենայ, եւ Երմոգինէ աւելի ուռած, աւելի փքացած խոստացաւ, թէ պիտի պահանջէ, որ կարեւոր դերն իրեն տրուի։
       Գիշերը կը յառաջանար, պէտք էր բաժնուիլ։ Արեգնազ իւր խումբին հետ գնաց իրենց բնակարանը. անկողին մ՚ալ իրեն պատրաստուած էր։
       Չէր նմանէր իւր տան փափուկ անկողնոյն, բայց Արեգնազ եւ ոչ իսկ ուշադրութիւն ըրաւ. սիրտը գոհ, լի արտաքոյ կարգի ուրախութեամբ եւ ոչ իսկ կրնար ննջել։