ԺԱ
Ձմրան
վերջին
օրերն
անցան
շատ
տխուր
Արեգնազի
համար.
գրեթէ
միայնակ
էր,
ժամանակը
կ՚անցունէր
պարզ
կարեր
կարելով։
Կը
կարէր
ու
կը
մտածէր։
Կը
սպասէր,
որ
Երմոգինէ
այցելութիւն
մը
տար
իրեն։
Բայց
նա
չէր
երեւցած։
Գում
Գաբուի
մէջ
խօսուած
էր
բաւականէն
աւելի
անոր
յարաբերութեանց
մասին
Արեգնազի
հետ։
Այցելել
Արեգնազի՝
տեղի
պիտի
տար
չարախօսութեանց,
եւ
որ
աւելին
է՝
կը
կասկածէր,
թէ
թաղեցիք
գուցէ
անպատշաճ
համարէին,
որ
դպրոցի
գլխաւոր
ուսուցիչն
գայթակղական
ընթացքի
մը
մէջ
կը
գտնուի.
իւր
շահը
կը
պահանջէր
հեռու
մնալ
Արեգնազէ։
Բայց
եւ
ոչ
իսկ
երկու
տող
գրեց։
Եւ
Արեգնազ
կը
սպասէր։
Օր
մը
Էֆտիկ
ըսաւ։
—Իմացա՞ր,
գետնին
տակն
անցնելիքը
նշանուէր
է։
—Ո՞վ։
—Սա
ի՞նչ
կ՚ըսեն,
վարժապետ
մը
կայ,
տետէդ
գործէ
հանեց
տէ,
տեղն
անցաւ։
Արեգնազ
հասկցաւ,
գունաթափ
եղաւ։
—Որո՞ւ։
—Չիյտեմ,
Խատիգեղէն
աղջկան
մը,
երեք
հարիւր
ոսկի
ալ
թրախումա։
Այդ
օրէն
ի
վեր
Արեգնազ
ինկաւ
խոր
տխրութեան
մէջ։
Դեռ
հազիւ
տասն
եւ
եօթն
տարեկան
եւ
արդէն
հմայաթափ
եղած
էր
կեանքէն։
Առաջին
սէրն
էր
եւ
վերջինը
եղաւ։
Վայրկենական
տպաւորութեան
մը
ծնունդ
չէր
այդ
սէրը։
Կը
շարունակէր
կարել,
բայց
ո՛չ
այլեւս
գեղաժպիտ
երազներ
կը
կարճէին
օրուան
ժամերը։
Սպառեցաւ
նաեւ
այն
փոքրիկ
գումարը,
զոր
կրցած
էր
ձեռք
բերել
Օրթագիւղի
եւ
Բերայի
ներկայացումներէն։
Պէտք
էր
ապրիլ,
երիտասարդութիւնը
թոյլ
չէր
տար
նմա
անձնասպան
լինել։
Չէր
կարող
ապրիլ
Գում
Գաբուի
մէջ,
ուր
արդէն
«երեսէ
ինկած
էր»։
Իւր
հաւատարիմ
Էֆտիկի
հետ
մտածեցին
ելնել
Գում
Գաբուէն
երթալ
հեռաւոր
գիւղ
մը,
ուր
ոչ
ոք
լսած
լինէր
իրենց
անունը
եւ
անդ
աշխատել
եւ
սպասել։
Հետաքրքիրները
կարող
են
այսօր
գտնել
Արեգնազն
Ոսկեղջիւրի
գրեթէ
մոռցուած
անկիւններէն
մին,
Այվասար,
ուր
չուած
էր
Էֆտիկի
հետ։
Անդ
յաջողած
էր
գտնել
մարդ
մը,
որ
իրեն
բերէր
զինուորական
զգեստներ՝
կարելու
համար։
Կ՚ապրին
աղքատիկ,
բայց
հանգիստ։
Էֆտիկ
բաւական
ծերացած
է,
բայց
Արեգնազ
ուսած
է
աշխատիլ.
Էֆտիկի
վերջին
փափաքն
է
շնորհքով
մէկը
գտնել
եւ
ամուսնացնել
Արեգնազին։
Նախկին
դերասանուհին
բաւական
մոռցած
է
անցեալը,
թէպէտ
ուշադիր
մէկը
կրնայ
դիտել,
որ
տխրութեան
նշանները
բոլորովին
չեն
փարատած
դէմքէն։
Էֆտիկ
գրեթէ
յաջորդած
է
իւր
ձեռնարկներուն
մէջ։
Ոսկերիչ
մը,
որ
լաւ
գործաւոր
մ՚էր
եւ
բաւական
ուսեալ,
եկած
տեսած
էր
Արեգնազը,
հաւանած
եւ
այս
շաբթու
նշանատուք
ալ
կը
կատարուի։