Ե
Առաւօտուն
կանուխ
արթնցաւ։
Չէր
ուզեր
ելնել
անկողնէն,
բայց
հարկ
էր
մէճիտը
գտնել
լրագրին
տալու
համար.
հարկ
էր
ճարել
մի
քանի
մէճիտ
եւս։
Ածուխ
չունէին,
հացավաճառը
առջի
օր
դադրեցուցած
էր
հաց
տալ
եւ
ինքը
ծխախոտի
կարօտ
կը
քաշէր։
Պատուելին
գիշերը
շատ
մտածած
էր,
ստակ
հայթայթելու
ուրիշ
միջոց
չէր
գտած,
բայց
եթէ
ծախել
մի
քանի
գիրք։
Երկու
հարիւր
հատորէն
աւելի
գիրք
ունէր։
Գնաց
բացաւ
գրատունը,
որպէսզի
ընտրութիւն
մը
ընէ.
շուարած
կեցաւ։
Ո՞րը
ձգել,
ո՞րն
առնուլ,
ո՞րը
զոհել։
Խե՜ղճ
գրքեր,
վկաներ
իւր
պատանեկութեան
եւ
երիտասարդութեան
ամէն
յիշատակներուն,
մխիթարանք
իւր
ծերութեան։
Քանի՜
յիշատակներ
ամէն
մէկ
գրքին,
ամէն
մէկ
էջին
վրայ,
ուր
կը
տեսնուէին
իւր
մատներուն
հետքերն։
Այդ
գիրքերուն
վրայ
կարդացած
էին
աղջիկն
ու
թոռը։
Հարկ
էր
ուրեմն
բաժանուել
անոնցմէ։
Կարծես
իւր
կեանքին
ամենէն
դառն
րոպէն
էր։
«Լուսաշաւիղ»ը
կ՚առնէր,
զայն
կը
ձգէր
եւ
«Քննութիւն
խնդրոց»ը
կ՚առնէր,
յետոյ
«Չամչեան
պատմութիւն»ը։
Մեկ
ժամէն
աւելի
էր,
որ
կեցած
էր
եւ
կարող
չէր
որոշում
տալու։
Երբ
գիրքերէն
մին
կը
ձգէր
միւսը
կ՚առնէր,
ձեռքին
հանդիպեցաւ
փւքրիկ
հատոր
մը։
Չերազի
«Ազգային
դաստիարակութիւն»ն
էր։
Նոր
գիրքերէն
շատ
քիչ
ունէր
պատուելին։
Չերազի
գիրքն
առած
էր,
վասնզի
վրան
շատ
խօսուած
էր։
Աշխարհաբարի
հակառակ
էր,
Չերազի
լեզուաբանական
գաղափարներուն
շատ
դէմ
էր,
բայց
կը
սիրէր
նորա
յայտնած
ազգասիրական
ոգին։
Յիշեց
թէ
այդ
գրքին
մէջ
սրտայոյզ
էջեր
կարդացած
էր
եւ
այդ
պատճառաւ
կը
պահէր
այդ
գիրքը։
Փնտռեց,
գտաւ.
54էն
64րդ
երեսն
ամբողջ
կարդաց.
տխուր
ժպիտ
մը
ունեցաւ։
Կարծեց
թէ
առջի
օրուան
իրեն
պատահած
դէպքերու
նկարագիրն
էին
հետեւեալ
տողերը.
«Վարժիչների
ապագայն
ապահով
չէ.
նոքա
չարատանչ
տաժանքով
հազիւ
իւրեանց
օրապահիկ
կը
ճարեն։
Մի
օր
մի
վարժապետ
կ՚արտաքսուի
իւր
վարժարանէ.
այս
մարդ
առանց
գործի
կը
մնայ
մի
քանի
ամիս,
երբեմն
մի
քանի
տարի.
ո՞վ
կը
հոգայ
զայն։
Յաճախ
պատահած
է
ինձ
տեսնել
մի
խումբ
մարդեր,
ոտքի
վրայ,
մի
ցուրտ
պատի
տակ
շարուած.
կը
կարծէք
թէ
դատապարտեալնե՞ր
են
նոքա.
—
ո՛չ,
վարժապետներ
են
որք
ամբողջ
ժամեր
կը
սպասեն
անդ…
»։
Հարկն
անողոքելի
էր.
պէտք
էր
ընտրութիւն
մը
ընել,
ըրաւ,
առանց
գիտնալու,
թէ
ի՛նչ
կ՚ընէր։
Չորս
հատ
գիրք
առաւ,
դրաւ
զայնս
կարմիր
թաշկինակին
մէջ
եւ
տունէն
դուրս
ելաւ.
գնաց
ուղղակի
Մերճան
Չարշը,
այդ
կեղտոտ,
ցեխոտ
փողոցն,
Հայոց
մտաւոր
կեանքի
գործունեայ
կեդրոնը։
Կը
ճանաչէր
այդ
տեղի
գրավաճառներն,
որոնցմէ
շատ
առեւտուր
ըրած
էր։
Մտաւ
խանութներէն
մին,
քիչ
մը
յոգնութիւն
առաւ։
Յետոյ
ըսաւ,
թէ
մի
քանի
անպէտ
գրքեր
ունի,
կ՚ուզէ
ծախել։
Զարմացաւ,
տեսնելով,
որ
այդ
չորս
գրքերուն
հազիւ
մէճիտ
մը
կու
տար
գրավաճառը։
Ի՞նչ
ընէր։
Տուաւ
գրքերն,
առաւ
մէճիտն
եւ
գնաց
ուղղակի
լրագրին
սենեակն,
դրամը
վճարեց,
ազդը
գրել
տուաւ։
Այդ
օրէն
վերջն
այլեւս
ամէն
օր
տաժանելի
ուղեւորութիւն
մը
կ՚ընէր
տունէն
Մերճան,
կարմիր
թաշկինակը
ձեռքը,
բայց
երբեք
գոհութեամբ
տուն
չէր
վերադառնար.
կարծես
խղճահարութիւն
ունէր։
Քանի
մը
անգամ
գնաց
լրագրին
սենեակը։
—Բան
մը
չկայ,
բան
մը
չկայ,
—
պատասխանած
էին։
Նոյեմբեր
ամսոյ
վերջն
հասաւ։