Դերասանուհին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դ
       Սեպտեմբեր ամսոյ վերջը տակաւին չէր կրցած պատուելին գործ մը գտնել։ Դիմած էր մի քանի դպրոցներու, բայց ամէն կողմէ պատասխանը մերժողական եղած էր։ Վերջապէս իրեն ըսին դիմել Ուսումնական Խորհուրդին, որ նա գործ մը գտնէ։ Այն ատեն Ուսումնական Խորհրդոյ նիստերը տեղի կ՚ունենային երեքշաբթի օրերը։ Պատուելին ելաւ Գում Գաբուէն եւ ոտքով գնաց մինչեւ Ղալաթիա. պէտք էր խնայողութիւն ընել։ Մէկ ու կէս ժամ քալելէ վերջ հասաւ Ղալաթիա՝ բոլորովին յոգնած։ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջանակները փոխուած գտաւ։ Շատ տարի էր անդ չէր եղած։ Հին քարանձաւի նման գետնայարկի մը տեղը կը բարձրանար հոյակապ շէնք մը։ Այն շէնքին սենեակներէն միոյն մէջ իւր նիստը կ՚ընէր Ուսումնական Խորհուրդը։ Մարմարիոնէ սանդուխի մը աստիճաններէն վեր ելաւ պատուելին. սանդուխին գլուխը կայնած էր բարապան մը, որ թոյլ չտուաւ պատուելիին մօտենալ ժողովատեղւոյն սենեակին դրան։
       —Չըլլա՛ր, չըլլա՛ր, մարդ չը մտներ, ժողովք կայ, սպասէ՛— ըսաւ ։
       Հարկ էր սպասել, նստելու աթոռ մը չկար։ Ոտքերը կը դողդողային. օդը քիչ մը ցուրտ էր եւ ծերունին կը մրսէր։ Ներսէն, տաքուկ սենեակին մէջէն կը լսուէին էֆէնտիներուն վիճաբանութիւնները։
       Հետզհետէ եկան ուրիշ մի քանի վարժապետներ ալ։ Երկուքը միայն երիտասարդ էին, միւսները ծեր։ Ամէնն ալ հին զգեստներ հագած էին, շապիկնին սեւցած, ֆէսերնին իւղոտ, կոշիկնին մաշած, ոմանք երկու, ոմանք երեք շաբաթ ածիլուած չէին. նիհարութիւննին մերկ էր, տխրատեսա՜կ հանդիսարան՝ Հայութեան խնամակալներուն։
       Կը սպասէին, օրը կը տարաժամէր։ Անօթի, ծարաւ, յոգնած խեղճերը կը սպասէին, ծխախոտ անգամ չունէին։ Միջոց մը սենեակէն դուրս ելաւ երիտասարդ մը, Ուսումնական Խորհրդոյ քարտուղարն էր, վարժապետներէն ոմանք գիտէին, թէ ազնիւ երիտասարդ մ՚է. երբ զնա տեսան, վրան գացին։
       —Ամա՜ն, էֆէնտի, կ՚աղաչենք, խօսեցէք ներսը. քիչ մ՚ալ մեզ մտիկ ընեն։ Երթալով գալով հոգինիս ելաւ, մեղք ենք. եթէ գործ մը պիտի ճարեն, թող ճարեն, ընտանեաց տէր մարդ ենք։
       Քարտուղարը ներս մտաւ. ժողովականներն արդէն ոտքի վրայ էին.
       Վարժապետներու խնդիրը ներկայեց.
       —Էֆենտի՜մ, ի՞նչ է այս , գոչեց երիտասարդ ժողովականներէն մին, որ միանգամայն ուսուցիչ մ՚էր , դպրոցները հիւանդանո՞ց են, Էֆէնտիմ, ազգն հիւանդանոց ունի, մէջը ծերանոց ալ կայ, թո՛ղ հոն հրամմեն, թո՛ղ հոն հրամմեն։
       —Այնպէ՛ս է, ճի՛շդ է , կրկնեց ուրիշ մը, որ մասնաւոր դպրոցի մը տնօրէնն էր։
       Եւ այս խօսքերուն հետ միասին բացուեցաւ սենեակին դուռը. բարապանը փութաց կօշիկները շտկելու։ Դուրս ելան հինգ անձեր։ Պաղտասար պատուելին դողաց. մին այդ հինգ անձերէն, շրջապատեալն ամենէն, Երմոգինէ էֆէնտին էր։ Դուրս կ՚ելնէր նա կոկոզավիզ, ամբարտաւան դիմօք. կարծես թէ ինքն էր, նոյնինքն, փոքրիկ լեռներու արարիչն։ Անոր հետ դուրս ելած էր, անոր քովէն կ՚ընթանար— չուզելով քայլ մը իսկ ետ մնալ— ուրիշ նկնահասակ անձ մը, որուն դէմքն այնքան հակակրութիւն կ՚ազդէր, որքան կ՚ազդէր Երմոգինէի դէմքը։ Այդ նկնահասակն, նա եւս կ՚ուզէր ամբարտաւան լինիլ եւ մեծ մարդ երեւնալու համար ուռեցնէր կոկորդն՝ երբ կը խօսէր, նմանելով հնդկահաւի մը, որուն կլնեցնել կու տան փոքրիկ ընկոյզներ։
       Ամենէն վերջը դուրս ելան երկու անձինք. մին երիտասարդ, որուն տեսքն ազնիւ էր, կերպարանքը շնորհալի։ Միւսն՝ սպիտակախառն մօրուքով, պայծառ դէմքով, շողշող աչքերով։ Երբ սոքա տեսան Պաղտասար պատուելին, անմիջապէս մօտեցան անոր եւ սիրալիր հարցուցին, թէ ի՞նչ կ՚ուզէր, ինչո՞ւ եկած էր անդ ։
       Պատուելին պատմեց իւր պատմութիւնը. շատ ցաւ յայտնեցին այդ ազնիւ անձիքն, բայց ըսին, թէ անօգուտ է գալ եւ դեգերիլ։ Ուսումնական Խորհրդոյ մէջ կան, ըսին, երկու երեք անձեր, որք ամէնուն բերնին հացը խլել կ՚ուզեն եւ իրենց պաշտօնը շահի աղբիւր մը ընել։ Նայէ՝ որ լրագիրներու մէջ ազդ մը գրել տաս, թերեւս անկէ օգուտ մը լինի։
       Կամուրջին վրայ բաժնուեցան իրարմէ։ Պատուելին հարցնելով, փնտռելով գնաց գտաւ լրագրի մը սենեակն։ Ամենէն կարեւոր լրագիրն է, կ՚ըսէին։ Ահիւ եւ դողով վեր ելաւ խարխուլ սանդուխներէն։ Փոքրիկ խուցէ մը ներս մտաւ։ Սեղանի նման փայտի մը առաջ նստած էր մարդ մը, որուն համար դուրսը ըսած էին, թէ խմբագրապետ էֆէնտին է։ Զնա բարեւելէ վերջ՝ պատուելին ըսաւ.
       —Էֆենտի, կը խնդրեմ մեզի համար ազդ մը դնէք ձեր լրագրին մէջ։
       —Ի՞նչ բանի համար։
       —Հայկաբանութեան եւ ազգային պատմութեան վարժապետ ենք։ Յիսուն տարի է կ՚աշխատինք, հիմա զմեզ հանեցին, պարապ ենք։ Խնդրեմ ազդ մը դրէք, որ եթէ ուզող մը լինի մայրաքաղաքիս մէջ, երթանք։
       —Շա՛տ աղէկ, մէճիտիյէ մը պիտի տաս։— Եւ այս ըսելով էֆէնտին գլուխը կախեց եւ շարունակեց փորձերը սրբագրել։
       —Կ՚աղաչեմ, էֆէնտի , ըսաւ պատուելին , հիմա մի՛ ուզէք, գործի մտնեմ՝ այն ատեն մէկի տեղ երկուք տամ։
       —Անանկ բան չըլլար։
       —Բայց , էֆէնտի…
       —Բայց մայց չկայ։ Լրագրական սկզբունքի դէմ է առանց մէճիտի ազդ հրատարակել։
       Մէճի՞տ մը, ուսկի՞ց գտնէր։ Խեղճ մարդը մի քանի օրէ ի վեր եւ ոչ իսկ ծխախոտ առած էր։
       Խմբագրատունէն դուրս ելաւ գլխիկոր եւ շուկայէն անցնելով՝ կամաց կամաց քալելով, տուն կ՚երթար։ Յուզուած էր։ Ի՞նչ էր, ի՞նչ եղաւ։ Կը յիշեր յիսուն տարիներու աշխատութիւնները։ Ի՜նչ հաւատքով մտած էր վարժապետութեան եւ մինչեւ ամիս մը առաջ այդ հաւատքէն չէր թերացած։ Յիսուն տարի՜, քանի սերունդներ կրթած էր։ Որքա՜ն ամիրաներու, որքա՜ն հարուստներու տղաներ ազգային հոգւով վառած էր։ Քանի՜ հազար աղքատներու զաւակներ կրթած էր, վրանին գուրգուրալով։ Ջերմ սիրով սիրած էր ազգը ու կը սիրէր։ Կեանքն ազգին նուիրած էր, եւ այսօր՝ կարօտ պատառ մը հացի, իբր մուրացկան կը շրջէր Ղալաթիայէն ի Պոլիս, եւ կը վռնտուէր։
       Տխուր, յուսահատ տուն մտաւ։
       Արեգնազ դէմն ելաւ, ձեռքը պագաւ.
       —Ապրի՛ս աղջիկս , ըսաւ, ու աչքերը լեցուեցան։
       Սեղան նստած, պատառ մը հաց կերաւ եւ պառկեցաւ, խոնջ, վաստակաբեկ եւ վշտալիր։