Դերասանուհին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թ
       Ի Պոլիս այդ ձմրան ամենուրեք օրուան նորութիւնն էր Երմոգինէի ողբերգութիւնը։ «Մասիս »ի երիտասարդ քրոնիկագիրերը ներկայացուցին գեղանկար պատկերներով յիշատակաց արժանի այն գիշերն, «որում հայկական Մուսայն իւր հոգետաւիղ քնարն ի ձեռին, մեզ այցելեց Մասեաց գագաթէն»։
       Հրապուրուեցաւ նաեւ Բերայի Հայ ժողովուրդը։ Նա յիշեց, թէ մի քանի տարի առաջ Նաումի թատերաբեմն կը գրաւէին իւր հոգին Հայ բանաստեղծները, եւ այժմ «Տիկին Անգոյի Աղջիկ »ն էր, որ կը քաշէր զինքն ի Բալէ Քիստալ։ Բերայի հայ երիտասարդութիւնը պահ մը զայրոյթ զգաց. է՞ր չվերանորոգել այդ գեղեցիկ անցեալն. առիթն ինքնին կը ներկայանար. ի նպաստ Բերայի Հայ վարժարանաց պիտի տրուէր ներկայացում մը. սկսած էին բանակցութիւնք ֆրանսական խումբին հետ, սակայն Բերայի Հայ երիտասարդութիւնը բողոքեց ընդդէմ այդ բանակցութեանց։ Զայրոյթը մեծ էր, «ահագնամռունչ որոտմամբ », ինչպէս կ՚ըսէր յետոյ Երմոգինէ էֆէնտին։ Դպրոցաց խնամակալութիւնն հարկադրեցաւ խոնարհիլ հասարակաց կարծեաց առաջ եւ Օրթագիւղի խումբն հրաւիրուեցաւ ներկայացնել Երմոգինէ էֆէնտիի ողբերգութիւնը։
       Երեկոյթը փառաւոր եղաւ։ Ինչ որ Բերա կը պարունակէր նշանաւոր Հայ ընտանիք, այն գիշեր ժամադիր եղած էին Էլտորատոն։ Ծափերը սրտաբուխ էին, պսակները տեղատարափ։ Խելայեղ էր ամէն երիտասարդ՝ ի տես Արեգնազին։ Երմոգինէ խանդաղատեցաւ, թերեւս առաջին անգամը լինելով կենացը մէջ։ Երբ աւարտեցաւ ողբերգութեան ներկայացումն, «հեղինա՜կ, հեղինա՜կ » գոչեցին ամէն կողմէ, եւ օծեցին զինքը կեցցէներով։
       Յետ ողբերգութեան պիտի ներկայացնէին կատակերգութիւն մը, յորում Արեգնազ չունէր բաժին։ Ինքն առանձնացաւ եւ փոխեց զգեստները։ Երմոգինէ կը սպասէր նմա, գնաց գտաւ զնա եւ իւր համակրալից շնորհակալութիւնները յայտնելէ յետոյ՝ հրաւիրեց Արեգնազ ընթրիքի։ Հարկ չէր դուրս ելլել թատրոնէն այդ ցուրտ գիշերը . Էլտորատոն եւ Լիւքսէմպուրկի հիւրանոցը կցուած են միմեանց, հեղինակն ու դերասանուհին մտան հիւրանոցի ճաշելու խուցերէն մին, նստան փոքրիկ սեղանի մը առաջ, փակեցին դուռն եւ սպասաւորը ծառայեց։
       Աննկարագրելի ուրախութեան մէջ էր Երմոգինէն, բայց այն ուրախութիւնը, զոր հպարտութիւնը կը պատճառէ եւ ո՛չ գորովը։ Այո՛, ինքն ալ կը նմանէր այժմ Սարտուի մը, Օժիէի մը, Տիւմա Որդւոյ մը, վերջապէս եւրոպացի թատրերգակ հեղինակի մը, հաստատելով մտերմական յարաբերութիւններ իւր ողբերգութեան գլխաւոր դերասանուհիին հետ։
       Կը ճաշէին, կը խօսէին, կը խմէին, ուրախ էին, երիտասարդութեան եւ փառաց հրճուանօք զուարթ։ Ակնարկութիւններ կ՚ընէր Արեգնազ այն տպաւորութեան մասին, զոր առաջին անգամ թողած էր իւր վրայ Երմոգինէ։ Եւ Երմոգինէ կը բերէր խօսակցութիւնն իւր յօդուածներուն, իւր գրքերուն վրայ. կը տեսնէր, թէ ինչպէ՛ս Արեգնազ բերան գիտէր շատ տողեր։
       Պարզեց Երմոգինէ իւր տեսութիւնները եւրոպական մատենագրութեան մասին, բայց խոստովանեցաւ, թէ սիրող չէր ֆրանսական արդի գրականութեան. իւր մտատիպարը Ֆրանսայի տասնեօթերորդ դարի մատենագրութիւնն էր, բայց եւ այնպէս կը հասկցուէր , թէ Ֆրանսայի արդի գրականութիւնն ու գեղարուեստք անծանօթ չէին իրեն։
       Արուեստներէն անցաւ արուեստագէտներուն. տեղեկութիւններ հաղորդեց Ֆրանսայի դերասաններուն եւ դերասանուհիներուն վրայ։ Օգտուեցաւ առիթէն, որպէսզի շանթակոծէ արեւելեան նախապաշարումները, որոնցմով տոգորուած պոլսեցին կը նկատէ դերասանն ու դերասանուհին իբր արարածներ, որք վաճառականներու հաւասար լինելու իրաւունքէն զուրկ են։ Ո՞չ ապաքէն դեռ երէկ Եւրոպիոյ մէջ վարձակ մը— այսպէս կ՚անուանէր երգչուհին, գրաբար խօսելով նոյնիսկ սրտի տրոփմանց վայրկեաններուն մէջ— Ատելինա Բադդի մը կին կը լինէր ֆրանսացի ազնուականի մը. եւ մի՞թէ արեւելքցիները աւելի նախապաշարեալ պէտք է լինին ընկերական դրից մասին, քան ազնուապետական ժողովուրդները։
       Եւ Արեգնազ կը կարծէր լսել սիրոյ նուագ մը։ Սէրն ու գինին խռոված էին խեղճ աղջկան սիրտն ու միտքը։ Աչքերուն մէջ կը փայլէր այն փայլն, զոր սէրն ու բոցակէզ հուր մը միայն կը պատկերացնեն եւ կը պատկերացնեն միայն աղջկանց աչքերուն մէջ։
       Կ՚ընթանար այդ բոցակէզ հուրն Երմոգինէի աչքերուն մէջ. նա չէր կարող դիմանալ, խոնարհեց գլուխն Արեգնազին մազերուն վրայ, ափերուն մէջ առաւ այդ ոսկեգիսակ մազերը եւ մեղմիկ համբոյրներ դրոշմեց. թուլակի էր դիմադրութիւնն Արեգնազի կողմանէ…
       Ցուրտ էր, շատ ձիւն կուգար, ի՞նչպէս կարելի էր երթալ այդ գիշեր մինչեւ Օրթագիւղ։ Հիւրանոց մ՚էր Լիւքսէմպուրկ, ուր կանայք կարող էին հանգիստ ու ազատ սենեակ գտնել եւ յետոյ յաջորդ օրը, կիրակի մը, հրճուալից ժամեր կ՚անցընէին միասին։ Այսպէս կ՚ըսէր Երմոգինէն, գլուխն յենած Արեգնազի մազերուն։
       Չէ՛, այդ անհնարին էր, ինչ կ՚ըսէին իւր ընկերներն։
       Եւ արդէն կը լսուէին դուրսէն նոցա ձայներն. վերջացած էր կատակերգութիւնը, մեկնած էին հանդիսականները։ Մի քանի անձինք կը հրաւիրէին դերասանական խումբը գիշերային ընթրիքի մը Լիւքսէմպուրկի մէջ եւ ամէնքը կը դիմէին հիւրանոցի սենեակները։ Արեգնազ չէր գիտէր այս ամէնը, բայց կը լսէր ձայներէն. անմիջապէս ոտքի ելաւ, չէր կարելի թոյլ տալ, որ նոքա ներս մտնելով՝ յանկարծ զինքը միայնակ գտնէին Երմոգինէի հետ։ Գնաց խառնուեցաւ խումբին մէջ, ոչ ոք դիտած էր նորա բացակայութիւնը։ Երեւցաւ յետոյ Երմոգինէ, մասնակից էր ընթրեաց, թէպէտ ո՛չ ինք, եւ ո՛չ Արեգնազ ճաշելու ախորժակ ունէին այլեւս։
       Առաւօտեան դէմ էր, երբ դերասանական խումբը մեկնեցաւ թատրոնէն Օրթագիւղ։