Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԻԱՊԱՐՏՆԵՐԸ

Պատերազմ է հըռչակուած: Թընդանօթի մը պողպատ
Ծանըր սայլին լըծեր են թիապարտներ մերկիրան.
Անհեթեթ բեռը պէտք է մինչեւ գագաթը տանին.
Սա դիմացի խրոխտ լերան` որ իր գլուխն է մըխըրճեր
Կապոյտին մէջ արեւոտ` իբրեւ հալած կապարի:
Անկէ ո՛չ եզ, ո՛չ գոմէշ ելաւ, եւ ո՛չ ալ ջորին.
Սեպերէն վար սահեցան պճեղներն անոնց կըրկնաճիղ.
Ծալլըւեցան ուժասպառ եւ դողահար ծունկերնին,
Կամ թէ երբուծը անոնց յանկարծակի պայթեցաւ
Բուռըն հեւքէն զըսպըւած թոքերնուն մէջ տապահեղձ:
Եւ արդ մընաց կըրելու հերոսներո՛ւն մըկնագեղ
Բեռը ձուլուած արիւնով, բեռը մահուամբ ծանրակիր:
Ետեւէն բիրտ զինուորներ կը մտրակեն անխընայ
Թիապարտները բոպիկ, մերկ կըռնակով, գըլխեբաց,
Որոց մարմինն` որ ունէր անբըծութիւն մարմարի,
Այսօր թուխ է իբրեւ պղինձ քուրայ մը միշտ հըրամերձ:
Կը տոչորէ անդադար սեւցած հըզօր ծոծրակնին
Ամրան արեւն ու յանկարծ կը կեցընէ, կը խըմէ
Քըրտինքի շիթ մը մարգրիտ` ողնաշարնէն վար սահող…
Վե՜ր վե՜ր. Փոկերը ճարպոտ դժնէ հարուած մըտրակին
Կը շառաչեն կըռնակնուն, մէջքերնուն շուրջ կ’ոլորտին,
Եւ ուսերնէն վար մինչեւ պորտերն անոնց սողալով`
Կը գալարուին լըզուըռտող օձերու պէս քըստմնելի.
Եւ թողած հետքը կապոյտ, կաղապարով խոտորնակ,
Կամաց կամաց կը սկըսի արեան ծիլեր դուրս բըխել:
Հոլա՛յ, վե՜ր, վե՜ր: Ու պարանը անճոռնի, հաստաբեստ,
Մարմինն իրենց կը պըրկէ, միսերնուն մէջ կը թաղուի.
Նեարդներու բեկտումին, ոսկորներու փըշըրման
Աղաղակն է` որ կարծես իրենց ճիգէն կը լըսուի:
Դէմքերնուն վրա՛յ թափուած են խառնափընթոր մազերնին`
Որոնց ծայրէն կը թորի առատ քըրտինք մ’հողին վրայ:
Շունչերնին դուրս կը պոռթկայ ընդհատ ընդհատ ռունգերնէն`
Եւ միացած կուռ սայլին երկրասասան դըղըրդիւնին
Վայրենի նուագ կ’ըլլայ աշխատանքին այդ դաժան:
Ահաւասիկ կը կաթի խարազանուած ուսերնէն
Արիւնն արդար, սուրբ գինին մարտիրոսուած այդ Ուժին,
Որով` խըխում` կ’արբենայ ամուլ լերան ճերմակ հողն
Ուրտեղ նոյնիսկ չի գըտներ գաղտնամես օձը սընունդ,
Ո՛չ ալ կեանքն իր բաշխելու համար արեւն հունտ մը էգ:
Այդ կատաղի վերելքէն` անոնց ոտքին տակ լայնշի
Յանկարծակի կը փըրթին լայնափեռեկ ճեղքուածքով
Ժայռէն մեծղի կըտորներ. եւ ձորին մէջ թաւալող
Պայծառահունչ կրանիդի իւրաքանչիւր կոշտ հատուած
Նեբաններուն վիրաւոր վարդագոյն դրո՛շմը ունի:
Հոլա՛յ, վե՜ր վե՜ր: Այդ մահուամբ յըղի հրանօթն ուռնակուռ
Միջօրէի անողորմ ամառնաբորբ տօթին տակ
Ճաթելու չափ տաքցած է, շիկնալու չափ` հրազօծ.
Երբ կ’ընկըղմի մերթ արեւն երախին մէջ լայնաբաց`
Ան վիշապի մ’աչքին պէս կը ժայթքէ թուխ փայլակներ:
Մինչ խարազանն անընդհատ եղեռնաբար կը շաչէ`
Թիապարտները կարծես, գլուխնին հակած անմըռունչ
Թանձըր ու կախ յօնքերնուն տակ մըտասոյզ, ինքնամփոփ,
Դեռ կը խորհին լեռներու իրենց ազատ կեանքին վրայ,
Ո՜հ, այն լայն կեանքն` ուրկէ շեշտ կայծակներու պէս անցան
Մահ եւ փլատակ դրոշմելով ամէն հինցած շէնքի վրայ.
Այն պայծառ կեա՜նքն` որ իրենց կամքին թռիչքովը միայն
Գաղափարին աստղալից խորաններուն կը սուրար:
Ո՛չ մէկ մտածում պահպանող, ո՛չ մէկ հեշտանք, ո՛չ մէկ կոյս
Կըրցաւ վայրկեան մ’օդին մէջ բըռունցքն իրենց կեցընել,
Որ շեշտակի թագերուն եւ գահերուն վրայ կ’իջնէր:
Իրենց ճակտին շողացող երկնային մէ՛ն մի ճաճանչ
Սանձակոտոր եռանդի մը փոխուեցաւ մրըրկայոյզ.
Իրենց մէջ ոսկր ու արիւն դարձաւ ամէն գաղափար.
Եւ այսպէսով մկանունքնուն ամէն մէկ բուռն յաղթանակ
Մէկ հոյակապ յաղթանակն էր մարդկային մեծ Մըտքին:
Երբոր անոնք կ’անցնէին հորիզոնէն արփամուտ,
Աշխարհ վախով եւ յոյսով տեսաւ կարմիր շուքն անոնց.
Եւ արիւնի մէջ մեռնող շողերուն տակ լըռաւէտ
Իրենց զէնքերը բահեր կը թըւէին` որոնցմով
Խուզարկելու կ’երթային արշալոյսներ նորանոր…
Սակայն հի՞մա. Ա՜հ, հիմա բըռնադատուած են քաշել
Կոյր հըրանօթն` որ պիտի վաղն արձակուի կոյրերէ:
Պարանն` որ ձիգ կըռնակնէն կաշկանդումով մը կ’անցնի
Կը պըղծէ սուրբ ուսերնին` որոնք էին արժանի
Լոկ փառքը կրել մազերնուն արփւոյն շողով սանտըրուած:
Հոլա՛յ, վե՜ր, վե՜ր. Բայց ահա խրոխտ խոյանքով մը վերջին
Թընդանօ՜թն այն տըղընդեր լերան կատարն հանեցին
Այն թընդանօթն` որուն շունչը պիտ’ երթայ լափլիզել
Կատաղաշարժ բանակներ, կամ քաղաքներ մարմարէ.
Խաղաղ գիւղեր` որ ցանուած բըլուրներու լանջքին վրայ`
Արեգակին տակ կ’օծուին, կամ լուսնին տակ կ’աղօթեն:
Թիապարտներն աւասիկ հառաչակուլ հեւալով
Լերան վըրայ լուսողող կոթողուեցան գլուխնին վեր.
Իրենց աչքերն, որոնց մէջ արիւննին է խըռնըւեր.
Արեւուն տակ, պըղինձին մութ ու կարմիր փայլին պէս,
Ըսկըսան շող մ’արձակել: Անոնք տեսան իրենց շուրջ
Հորիզոններն` որոնց վըրայ բերդեր էին կառուցուած,
Պատերազմի ճամբաներ` բանակներու իբր ուռկան,
Եւ հասկըցան` որ աշխարհն իրենց թողած օրէն վեր
Մընացեր է միշտ զառամ, միշտ մեղքին տակ կորակոր.
Այն ատեն դող մը անցաւ ոսկորներուն մէջ յոգնած.
Սըրտերնուն մէջ հին մոլուցքն ու մըռընչիւններն արթընցան,
Եւ զինուորները մինչդեռ կը սկըսէին վերստին
Դառնակոշկոճ, արիւնոտ կրունկներն անոնց շըղթայել,
Անոնք իրենց չհասկըցուած, հեգնութեամբ լի հոգիով
Երեք անգամ օրհնեցին լերան գագաթը հանած
Ինքնափճացման կոյր գործիք, թընդանօ՛թն այն եղեռնի: