Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԻԱԿԻ ՍԱՅԼԸ

Իրիկուան դէմ փողոցներէն ամայի,
Սայլ մը կ’անցնի ճռընչելով:
Ձի մը աշխէտ զայն կը քաշէ, ետեւէն
Կ’երթայ զինուոր մը գինով:

Ջարդուածներուն դագաղն է ան` որ կ’ուղղուի
Գերեզմանատունը Հայոց:
Արեւն յետին իր շողերով կը սըփռէ
Վըրան պատանք մ’ոսկեզօծ:
Ձին նիհար է. հունձն այդ իր ժա՛նտ տէրերուն
Ան հազիւ հազ կը տանի:
Ականջներն իր կախած, կարծես խորասոյզ
Կը մըտմըտայ թէ քանի
Դարեր պէտք են ժամանելու համար հուսկ
Մարագն հընձուած սուրբերուն…
Եւ շըրջակայ պատերուն պոչն իր տատան
Կը սըրսկէ մի՛շտ, մի՛շտ արիւն:
Եւ արիւն է որ կը կաթէ յարաբուխ
Անիւներուն յեցերէն,
Սայլն իբրեւ վարդ կըրէր, իբրեւ թէ ըլլար
Արշալոյսին կառքն հրեղէն:
Հոն են դիերն, իրարու վրայ, որդին մօր
Գանգուրներով պատանքուած:
Մին խըրած է իր ամբողջ բռունցքը միւսին
Տաք վէրքին մէջ լայնաբաց:
Դեռ ծերունի մը ծընօտով ջարդուփշուր
Կ’յառէ աչքերն երկընքին,
Որոնց մէջ սեւ անէծք մ’աղօթք մ’իրարու
Նոյն վըրէժով կը խառնեն:
Մէկուն կուշտէն աղիք մը վար սահմըռտկած`
Սայլին ճեղքին կ’առկախի.
Շո՛ւն մ’ետեւէն կու գայ եւ զայն քաշած դուրս
Լափլիզելու կը զբաղի:
Ո՛չ ձեւ ունին, կամ ոչ գըլուխ. կը կըրեն
Հազար տեսակ զէնքի խոց:
Արդէն իրենց մարմինն եղբայր է հողին.
Կ’երթան ահա գերեզմնոց:
Անոնց վըրայ ո՛չ ոք կու գայ արտասուել
Կամ տալ ողջոյնը վերջի.
Քաղքին լռութեան մէջ արեան հոտը միայն
Զեփիւռին հետ կը շըրջի:
Բայց մութին մէջ պատուհանէ պատուհան
Ահա մոմեր կը վառին.
Մամերն են որ գաղտագողի կ’աղօթեն
Վըրան կարմիր դագաղին:
Եւ այն ատեն պատըշգամբի մը վըրայ
Կոյս մը կ’ելլէ գեղանի,
Ու կը նետէ արտասուաթոր բուռ մը վարդ
Սայլին վըրայ` որ կ’անցնի: