ՄԱՐԱԾ
ՕՃԱԽԸ
Այս
տունին
մէջ`
որուն
շեմին
վայրահակ
Այսօր
կու
լայ
ուռենին,
Եռաց
զըւարթ
կեանք
մը
թորգոմ
գեղջուկի:
Ատեն
մ’եղան
հոն
թարմ
հարսեր`
որ
լոյսին
Հետ
արթընցած,
վարդենիի
պէս
հագուած`
Աշխատեցան,
կաթ
կըրեցին
սափորով,
Կամ
դոյլերով
հորը
ջուրի
գընացին:
Ատեն
մ’անոր
դըրան
առջեւ
նըստեցաւ
Ծերուկն,
եւ
թո՛ռը
ծունկերուն
մէջ
առած,
Պատմեց
զըրոյցն
Արտաւազդի,
Վահագնի,
Անոր
հոգւոյն
տեղալով
Վերջին
ազնիւ
մնացորդը
խոնջ
օրերուն.
Կամ`
իրիկուան`
տեսաւ
անցնիլն
առջեւէն
Հարուստ
հօտին`
զոր
իր
որդին
լեռնէն
վար
Դէպի
փարախ
կը
քըշէր.
Եւ
ծեր
ռունգերը
բացած
Ոչխարներուն
բուրդին
բարկ
հոտը
ծըծեց`
Օրհնելով
թիւն
ու
ընտիր
ցեղը
անոնց:
Ատե՜ն
մ’էր
ան…
Այսօր
ոչ
ոք
այդ
տունէն
Կ’ելլէ
կամ
ոտքն
անոր
շեմին
կը
դընէ:
Կոտրած
դըրան
արեան
չորցած
կաթիլներ,
Ներսէն
ձայներ
ագռաւի,
Եւ
յարատեւ
մլաւիւններ
Կը
լեցընեն
գեղջուկին
սիրտը
դողով,
Որ
անցնելու
վայրկենին
այդ
փողոցէն
Խաչ
կը
հանէ
կամ
քայլերն
իր
կ’երագէ:
Կոտորածի
օրէն
(երբ
գիւղը
բոլոր`
Կեանքն
յանձնելով
նենգ
գայլին
քա՛ն
թէ
մարդուն`
Դիմեց
դէպի
ճերմակ
լեռներն
հայրենի)
Այս
բնակարանն
այս
սեւ
խորհուրդն
է
հագած,
Եւ
մեռելի
մ’անփակ
աչքին
հանգունակ
Ան`
արեւուն
եւ
կեանքին
Եղած
է
միշտ
բաց,
նաեւ
միշտ
ալ
զրկուած:
Ըմբոստ
բաղեղն
եւ
ուռենին
հեզանազ
Կը
ծածկեն
մուտքն
անոր
զիրար
գըրկելով:
Գաւիթին
մէջ
կայ
բողբոջումն
լըռիկ
Բաղըրջուկին
եւ
թաւշանման
մամուռին,
Որոնց
մէջ
մերթ
կ’երեւի
Կըտցահարումն
աներկիւղ
Վառեակներուն
դըրացի,
մե՛րթ
ալ
յանկարծ
Փախուստն
անոնց
կարկաչելով
դէպի
դուրս:
Ի՞նչ
կ’ապրի
հոն,
ի՞նչ
գաղտնիք
Կը
մեծնայ
այդ
բնակարանին
մէջ
խոժոռ.
Արդեօ՞ք
անթաղ
դիակներու
ոգիներ
Հոն
կը
ժողվին
լալու
կամ
դափ
զարնելու,
Թէ
վըհուկներ
ճերմակ
եւ
թաւ
յօնքերով
Օձ
կը
կըրթեն
կամ
կը
հիւսեն
պատանքներ:
Իրիկուն
մ’էր
-
լաւ
կը
յիշեմ
-
սիրտ
ըրի
Այդ
շեմէն
ներս
մըտնելու:
Գիւղացիները
ետեւէս,
գըլխաբաց,
Աղօթեցին
յուսակտուր,
ա՜յնքան
Աստուած,
Անոնց
հոգւոյն
մէջ
եւ
հոգւոյն
ի
խընդիր,
Սատանային
սեւ
պատկերն
իր
պատկերէն
Մեծ
եւ
որոշ
էր
գըծած:
Մըթընշաղ
մ’այն
գաւիթին
մէջ
կը
տիրէր,
Եւ
պատերէն`
ուր
կը
շըրջէր
ցողկը
մերթ`
Բորբոսանքի
եւ
շիրմի
հոտ
մը
կ’ելլար.
Կը
լըսուէին
գերաններուն
ծերպերէն
Ճիչերը
սեւ
չըղջիկներուն
սըրաթեւ.
Բոլոր
դըռներն
հոն
բաց
էին.
չէր
լըսուեր
Հաւալոցէն,
կամ
գոմէն
Ո՛չ
եզներու
բարի
պոչիւնն,
եւ
ո՛չ
իսկ
Բեղուն
կըրկռոց
մը
հաւի.
Ամբողջ
մարագը
դատարկ
էր,
դատարկ
էր
Մառանը
բաց`
ուր
բուրեցին
օր
մը
մուշկ
Սաթ
ողկոյզներն
հայրենական
այգիին:
Այնտեղ
ամէն
ինչ
տըխուր,
Հէգ
մնացորդ
մ’էր
կողոպուտի
մը
վայրագ:
Ո՛չ
մէկ
սիւնի,
ո՛չ
մէկ
անկեան
մը
ետեւ
Կը
տեսնըւէր
մարդկային
ձեւ,
կամ
ապրող
Շողիւն
մը
զոյգ
բիբերու:
Կը
լըսուէին
ձայները
լոկ
յարատեւ
Թոնրատունէն`
ուր
սարսուռով
մօտեցայ,
Ու
մըտայ
ներս…
Ո՜վ
խեղճ
տուն,
Լաւ
էր
դու
բանտ
կամ
գերեզման
ըլլայիր,
Այդ
հողդ
ոսկոր
փըտեցընէր.
սիւներուդ
Մէջ
դագաղներ
փորէին.
Լաւ
էր
ըզքեզ
յօրինող
մէ՛ն
մի
կրաքար
Ծովափներուն
փոշի
փոշի
քայքայուէր,
Քան
թէ
կանանչ
երդիքիդ
տակ
ծածկէիր
Մարած
օճախ,
մեռած
սիրտ
հայ
գեղջուկի`
Որուն
համար
կանգնելը
հարկ
չէ
այլ
ինչ
Բայց
թէ
դամբանն
իր
եւ
իր
հէգ
սերունդին.
Աւա՜ղ,
շինել
իր
ձեռքերով…
Մըտայ,
հոն:
Մէջտեղը
տան,
ըստուերին
տակ
այն
խոնաւ
Նըշմարեցի
մարդու
դիակ
մը
պառկած,
Կըռնակի
վրայ,
դէմքը
ճերմակ
կը
յառէր
Լուսամուտին`
ուրկէ`
երդին
վրայ
բուսած
Ճիւղ
մ’ոլոռի
կարկառուն
Մինչեւ
ճակտին
կը
հասնէր.
Երիտասարդ
կուրծքին
վրայ
Կար
վէրք
մը
խոր,
եւ
թերաքամ
ափին
մէջ
Դաշոյն
մը
նոյն
իր
արիւնէն
ժանգոտած.
Աչքերը,
բաց,
միապաղաղ,
կարծես
դեռ
Կը
նայէին
փախած
հոգւոյն
ետեւէն.
Եւ
թուխ
մազերն
իր
խառնակ,
Արիւնաթաթախ,
շըրջասփիւռ,
Կը
մնային
պի՛նդ
մածանուած
այն
սեւ
գետնին:
Ես
հոն
կանգուն
կը
խորհիմ`
Թէ
սիւնն
էր
ինք
այս
յարկին,
բո՛ցն
օճախին,
Որ
յաղթուեցաւ,
որ
բիրտ
ուժին
տակ
տեսաւ
Ծալլըւումն
իր
գուճերուն.
Եւ
մընաց
ա՛յսպէս
ահաւոր
եւ
մինակ`
Ըսպասելով
ընդունա՜յն
Իրեններուն
արցունքին,
Որոնք
իր
սեւ
բախտին
եղան
բախտակից.
Մորթըւեցան
այրերն,
հարսերը
բոլոր
Հանուեցան
լեռն`
հոն
լալու
Ճերմակութիւնն
իրենց
մարմնոյն
լըլկըւած.
Իսկ
ծերուկ
հօր
յետին
մոխիրն
արդ
գուցէ
Թոնիրին
մէջ
կը
սըրսփայ
դեռ
ջերմաջերմ.
Իսկ
իր
մարմինն
երկա՜ր
ատեն
անտերունջ,
Այսպէս
առանց
շիրմի,
առանց
աղօթքի,
Կը
մընայ
լուռ,
եւ
կէսն
արդէն
խաթարուած.
Միայն
կատուն
տիրասէր,
Տան
գորշ
կատուն,
նիհար,
նօթի,
անդադար
Կը
մըլաւէ
շուրջն
անոր,
Եւ
լի
գութով
մը
կը
սպառնայ,
կը
վանէ
Չորս
դին
երամ
մ’ագռաւներու
աղմըկոտ`
Որ
դիակին
ախորժեն`
Լուսամուտէն
կը
մըտնէ
ներս,
ու
յաւէտ
Ամայի
տան
ըստուերին
մէջ
կը
դառնան:
Կը
խոնարհիմ
ես
վայրկեան
մ’հոն
երկիւղած,
Հին
վըրէժ
մ’այդ
հին
մեռելին
վրայ
կ’երդնում.
Յետոյ
առած
զայն
ուսիս,
Աղիողորմ
մլաւիւններովը
կատուին,
Կը
ճեպեմ
դուրս:
Դուրսը
դեռ
Գիւղացիները
գըլխաբաց
կ’աղօթեն: