Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՈՂԷՔ ՄԵԾՆԱՄ

Սիրտս երազի ծովուն մէջ նո՛ր նետեցի.
Զայն մի՛ փըշրէք եզերքին վրայ զերդ խեցի`
Դեռ ամէն վիհ չըչափած.
Թողէք մեծնամ: Ի՜նչ կենսաւէտ է բնութիւնն,
Հոգիս թողէք անոր ծոցին մէջ` տրոփուն`
Աստուծոյ հետ դէմ դիմաց:
Ո՞ւր կը քաշէք զիս, ապրուստի՛ պահանջներ,
Ո՛վ սեւ երամ ագռաւներու, որ հրաւէր
Կու տաք կեանքի դէպ կըրկէս,
Որ ձեր դժոխքի երգերով երգը քնարի
Խեղդել կուզէք: Հեռո՜ւ, բուեր գիշերի,
Արշալոյսի մէջ եմ ես:
Ո՜րքան մութ է. ո՛հ, կեանքն է այս. խո՜ր անդունդ,
Ուր ամէն շող, գաղափարի ամէն հունտ
Ապառաժի վրայ կ’իյնայ,
Մետաղի՜ հնոց, որուն ծուխին մէջ` ցիրցան`
Լոկ արծաթի ձայնով զիրար կը ճանչնան,
Ծո՜վ` դիմող իր ափը, շահ:
Բայց քաշողն ո՞վ է զիս շողէն` ալիքին`
Բարձրացումէն` ընկլուզումի. ո՞վ լըռին,
Քաշուած բախտիս մութին մէջ,
Միշտ կը կոփէ - նայուածքն յառած նայուածքիս -
Գերեզմանին քարը մատաղ Մուսայիս
Վըրան գրելով. Քուն անվերջ:

Ո՛հ, աչքերս այս ծածկէ կուպրի սեւութեամբ,
Ո՛վ շիրմի մութ, կամ կարկուտի մըռայլ ամպ.
Ծածկէ, ծածկէ նայուածքս, ո՛վ
Թանձըր խաւար ծընընդական կոյրերուն`
Զի ես տեսայ ապագայիս մէջ տըմոյն
Հա՜յրըս ճերմակ մազերով…
Ես գերին եմ իմ գոյութեան պատճառին.
Կը խոնարհի սիրտս իր արեամբ միասին
Զինքը լեցնող սըրտին տակ:
Քնարիս լարին մօրըս մազերն կառչեցան,
Եւ սիրոյ մազն երգի լարէն, ա՛հ, ո՜րքան
Զօրաւոր է եւ անքակ:
Ինծի կ’ըսեն. «Չի՛ ամփոփուիր հայ գըրչին
Մէջ հայ գրողին անձնական կեանքն իսկ մըթին.
Քընարն Հայուն չունի բաստ»:
Ինծի կ’ըսեն. «Աչքերըդ վա՛ր իջեցուր.
Վերացումդ այդ պիտի հասնի մինչեւ ո՞ւր…
Եթէ հաճոյք է երազդ`
Հաճոյքն իժի թոյն պիտ’ ըլլայ քեզ համար.
Երազդ եթէ սերմընցան է, ցանքըդ յար
Պիտ’ կոխոտուի ծըլած կէս:
Վա՛ր նայէ, վա՛ր. ալ բաւական է` խոկուն`
Գըլուխ գըլխի Անծանօթին հետ տըժգոյն`
Կեանքը մոռնաս, մոռնաս քեզ:
Եղծէ՛ բնութեան պատկերն, եղծէ՛ հոգւոյդ մէջ.
Թռիչքըդ փետէ՛. գըրքիդ ներքեւ գըրէ՛. վերջ:
Ըստուերին մէջ կը տեսնե՞ս.
Ծնողքըդ ուղղած է թըշնամի շունչն իր ահա
Այն ջահին դէմ` զոր վառեցիր բագնին վրայ
Գաղափարին լուսերես:
Երթա՜նք, երթա՜նք»: -Ո՛չ, ո՛չ, հեռո՞ւ. թողէք զիս.
Կը ծաղրեմ կեանքն. ի՜նչ կառչեցաք հոգիիս:
Կ’ուրանամ հա՜յրս, այո՛. - դե՞ռ:
Թողէք մեծնամ, հըսկայանամ մըտքիս հետ.
Կոկորդըս մի՛ թողուք բնութեան խընկաւէտ
Կաթն` որ Աստուած է կըթեր,
Երբ կը խըմեմ, դըրած կըզակս հոր’զոնին,
Երկընքի լայն դաշխուրանէն բոց գինին,
Բերք աստղերու ողկոյզին,
Ո՛հ, մի ընէք ձեր խօսքերովը լեղի`
Այդ վերացնող սուրբ ըմպելին ժանտ լեղի.
Շըրթունքներս հո՜ն կը սուզին:
Երբոր սըրտիս ըսկիհին մէջ լեցուցած
Ճառագայթներ եւ ծաղիկներ եւ Աստուած
Ովկիանոսներ, հերոսներ,
Երբ այդ տիտան տարըրներով կը շաղուեմ
Մարդուն համար Օրհնըւած հացը վըսեմ,
Մի խորտակէք, անգութնե՛ր,
Սեղանիս վրայ սըրտէ սկիհն այդ լեցուած`
Տակաւին, ո՛հ, առէք կերէ՜ք մ’իսկ չըսած:
Թողէք աստղե՜րը ափեմ:
Կարկնիս մէկ ծայրն հաստատեցի կորովով
Յաւէրժօրէն խաչուած Սէրին վրայ` միւսով,
Որպէսզի Մա՛րդը չափեմ:
Մի՛ վերցընէք - այդ արարք մ’է անպիտան -
Անոր դողդոջ մէկ սըլաքէն Գողգոթան
Միւս սըլաքէն Մարդկութիւնն:
Այսպէս, արփւոյն տակ, Աստուծոյ յանդիման,
Ըրած Բնութիւնն ինձ մայր, Անհունն` օրօրան,
Թողէ՜ք, թողէ՜ք զիս խոկուն: