ԿԱՐՕՏԻ
ՆԱՄԱԿ
Կը
գըրէ
մայրս.
«Ո՛վ
իմ
որդեակըս
պանդուխտ,
Դեռ
մինչեւ
ե՞րբ
պիտ’
անծանօթ
լուսնի
տակ
Օրերդ
անցնին,
դեռ
մինչեւ
ե՞րբ
հէգ
գըլուխդ
Ես
չըսեղմեմ
լանջքիս
տաք:
Հերի՛ք
օտար
սանդուղներէ
ելլեն
վեր
Ոտքերդ`
որ
օր
մ’ափերուս
մէջ
տաքցուցի.
Հերի՛ք
ալ
սիրտդ`
ուր
իմ
ծիծերս
եմ
պարպեր`
Դատարկ
սըրտէս
դուրս
հիւծի:
Ջահրակին
տակ
թեւերս
աշխատ
յոգներ
են.
Կ’հիւսեմ
պատանքս
ա՛լ
ծամերովս
ըսպիտակ.
Ա՜խ,
քեզ
տեսնեն
անգամ
մ’աչքերս
ու
փակեն
Թող
հոգիս
ա՛լ
իրենց
տակ:
Դըրանս
առջեւ
կը
նըստիմ
միշտ
տըխրալիր
Լուր
կ’ուզեմ
վրադ
ամէն
կռունկէ`
որ
կ’անցնի.
Այն
ճիւղն
ուռի`
զոր
քու
ձեռքով
տընկեցիր,
Վըրաս
կընէ
հովանի:
Իրիկունները
զո՛ւր
դարձիդ
կը
սպասեմ,
Կու
գան
կ’անցնին
գիւղին
քաջերը
համակ.
Մշակը
կ’անցնի,
կ’անցնի
կովարծը
վըսեմ.
Կը
մնամ
լուսնին
հետ
մինա՜կ:
Աւերակ
տան
մէջ
անտերունջ
եմ
թողուած,
Մերթ
շիրիմիս,
միշտ
օճախիս
ծարաւի.
Կրայի
մը
պէս`
որուն
աղիքն
իր
կոտրած
Պատեանին
դեռ
կը
կըցուի:
Եկո՜ւր,
որդեա՛կ,
հայրենի
տունըդ
շէնցուր.
Դուռն
են
կոտրեր,
մառաններն
ո՛ղջ
դատարկեր.
Կը
մըտնեն
ներս
լուսամուտէն
ջարդուփշուր
Գարնան
ամբողջ
ծիծառներ:
Այն
բազմաթիւ
հօտէն,
գոմին
մէջ,
եղո՜ւկ,
Մընացեր
է
խոյ
մը
միայն
քաջարի`
Որուն
մայրն
օր
մ’
-
յիշէ՛
որդեակ
-
դեռ
գառնուկ
Կերաւ
ափիդ
մէջ
գարի:
Թեփով
բըրընձի
եւ
առուոյտով
պատուական
Սընունդ
կու
տամ
արդ
անոր
պերճ
դըմակին.
Տօսախ
սանտրով
կը
սանտրեմ
բուրդն
աղուական.
Ան
զոհ
մըն
է
թնկագին:
Դարձիդ`
պըճնած
վարդերով
գլուխն
իր
համակ`
Պիտի
մորթեմ
կեանքիդ
համար
ծաղկատի.
Իր
արեան
մէջ
պիտի
լըւամ,
քա՛ղցր
որդեակ,
Ոտքերդ
յոգնած
պանդուխտի»: