Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ

  Սովամահ ժողովուրդին
- “Սով է. հա՜ց, հա՜ց…” -
Ո՞վ կը հեծէ
Շեմին վըրայ խըրճիթիս ո՞վ կը հեծէ:
Սէրըս մարած է օճախիս բոցին հետ.
Մէջս է մոխիր, շուրջըս մոխիր. օ՛հ, ի՜նչ շահ
Մոխիրներու վըրայ արցունք սերմանել:
Բան մը չունիմ, բա՜ն մը. այսօր իմ վերջին
Լումայով թոյն գընեցի,
Ներսը թոյնս իմ կը շաղուեմ:
Վա՛ղը եկուր, գերեզմնոց, ո՛վ Անօթի,
Բուքին մէջէ, կանուխ, երբոր գիւղին շուրջ
Գայլերը դեռ կը յածին,
Վա՛ղը եկուր… պիտի ես
Շիրմիս մէջէն, իբրեւ հաց
Քերթողի սիրտս այդ մախաղիդ մէջ ձըգեմ.
Քերթողի սիրտս արիւնդ, արիւնն որբերուդ
Պիտի ըլլայ ո՛րքան որ Վիշտըդ ապրի…
Վաղը եկուր գերեզմնոց, ո՛վ Անօթի: