Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՄՈԽԻՐՆԵՐՈՒՆ

Օտարակա՛ն, բարձրանանք սա դիմացի լերան վրայ`
Որուն քովէն կը հոսի եղէգներուն մէջ լալով
Սիհոնն` ուր վաղը կարմիր քըղամիդներ պիտ’ լըւան
Մայրերը մեր ցաւագին: Օտարակա՛ն ըշտապէ,
Զի մերկ ոտքերըս կ’այրին մոխիրներուն վըրայ տաք
Եւ ըսկըսաւ քու երկար պարեգօտիդ քըղանցն ալ
Ճապաղիքի մէջ թըրջիլ: Օտարակա՛ն, ըշտապէ՛…
Կիսայրեաց ցուպս խօսքիս ուղղութեամբ ցո՛յց կու տայ քեզ`
Ահա քաղաքն ու գիւղերն ու արօտներն ու ափերն`
Ուրկէ անցաւ Կրակի Ցեղն Ատտիղասի ձիուն վրայ:
Ծուխերն են հոն եւ բոցե՜րն` որ տակաւին բլուրէն վեր
Հովին շունչով ալեծուփ կը սողոսկին, կ’ամփոփուին,
Յետոյ նորէն լեզուի պէս կատարն ի վեր կ’երկըննան:
Կը վառի հողն իսկ, նայէ՛, բորբ հորիզոնը մեր շուրջ
Հըրափողփող պըսակ մ’է` որուն կեդրոնը կանգուն
Մենք կը դողանք սըգաւոր ոգիներու պէս օտար:
Կը լըսե՞ս ձայնն հեռաւոր եղէգներուն բըռընկած`
Որոնց միջեւ կ’ածխանան յաւէրժհարսերն անտառին:
Նարընջենի ճիւղերու ի՜նչ խընկաբոյր ճարճատիւն,
Ի՜նչ մոխրացող այգեստան, տատրակի ի՜նչ վուվուներ:
Բոցը կ’անցնի, ու քամին գալով անոր ետեւէն
Խանձած սէզերը առած սարերէն վեր կը մրըրկէ.
Ո՜վ դողահար մերկութիւն խըլուրդներու խուղերուն`
Որոնք նըման ոզնիի արտերուն մէջ կ’յայտնըւին,
Ո՜վ աւերակը բլրան վըրայ շինուած հիւղերուն`
Ուրկէ կ’ելլէր հայ գեղջուկն առաւօտեան աղօթքով
Արարչութիւնը հողին արթընցնելու բահին տակ:
Օտարակա՛ն, կը տեսնե՞ս ինչպէս այսօր տնակներն այդ
Փըլա՜ծ ու լո՜ւռ կը սպասեն սուգի առջի գիշերին`
Որ լուսնին տակ արտասուեն աճիւնն իրենց թանալով:
Տանիքն անոնց փըլցուցին ներսը վառուող ճրագին վրայ.
Դըռներն հլու, զոր զեփիւռն իսկ իր շունչով կը բանար,
Ինկան ջախջախ խուժանին բիբերուն տակ արիւնոտ:
Եւ արդ պատերը ժօռատ ծընօտի պէս կը ցըցուին,
Որոնց մէջէն խոյս կու տան հոգիներ բոյլ բոյլ երկինք:
Արտերուն վրայ մոխրակո՜յտ, իսկ դիակնե՜ր ճամբուն վրայ,
Այն ճամբուն վրայ ըսպիտակ` ուրկէ ժիր ցեղն Արամեան
Արեւմուտքի աստուածներն, յարաճուն միտքն Եւրոպին
Ջորիներուն բեռցուցած տարաւ բաժնել Ասիոյ:
Աղբիւրներուն քով զոհե՜ր, ակօսներուն մէջ զոհե՜ր.
Եւ հոն, դիմա՜ցն, ուր ահա արեւը մայր կը մըտնէ,
Սեպ ժայռին դէմ խաչեր են եօթը այրեր մերկանդամ.
Արիւնն իրենց մազերէն (օտարակա՛ն, կ’աղաչեմ),
Փակէ՛ աչքերդ ու միայն եղիր ձայնիս ունկընդիր).
Արիւնն իրենց ձեռքերէն եւ ոտքերէն բեւեռուած
Հողին վըրայ կը վազէ վիմուտներն այն ներկելով.
Կարծես մեկնող արեգակն յուշիկ յուշիկ կ’ընկըղմի
Մեծ աչքերուն մէջ իրենց` սարսափէն բաց մընացած:
Դահճապետներն հեռացեր են խաւարին մէջ արդէն,
Խաղաղութի՜ւն, Ովսաննա՜ բարձունքներուն վրայ կարմիր…
Ո՛հ, ծընօտներս ի՜նչ սարսուռ կը կափկափէ. Դարձիր ա՛ջ,
Եւ տես քաղաքն` որ նըստած դաշտերուն սա սուգին մէջ`
Դեռ իր սըրտէն կը մըխայ մարդազոհի հնոցի նման:
Ազատութեան արշալոյսն անոր ճակատը կըճեայ
Հազիւ էր դեռ բոսորած` երբ որ իր յաղթ հիմերուն
Ներքեւ վիշապի Համիտեան սասանեց տուտն ու թիկունք.
Բարբարոսներն այն ատեն արեւուն դէմ թըքնելով`
Մահուան սերմերը բըռած մեծախընծիղ արթնցան.
Եւ քաղաքին մէկ կէսն ալ կործանեց կէսը միւս:
Եաթաղանին, բըրոցին, եղեռնաւոր բոցին տակ,
Ինչ որ հանճարն էր կանգնել, զայն մոխրակոյտը կըլլեց:
Արդ տաճարները ո՞ւր են` որոնց բուրեան գըմբէթին
Ներքեւ ծիծառն հազիւ հազ գարնան աղօթքն էր ըրեր.
Ո՞ւր վարժոցներն ու պալատն ապագայի լոյսերուն.
Մանուկներու ողջակէզ սըրտեր հոն խունկ կը մըխան:
Ո՞ւր բաղնիքները յըստակ, ջինջ մարմարներն որոնց մէջ
Ցոլացին կոյս աղջիկներն իրենց լոգցած ժամերուն.
Ո՞ւր շիրիմներն հոյակապ, ո՞ւր կոթողներն հինաւուրց
Որոնց վըրայ Հեթումներն յաղթանակներ գըրեցին…
Մա՜հ եւ մոխի՜ր. Թըխայրեաց պատեր միայն աւասիկ
Իրիկուան մէջ կը ցըցուին բուիճներ կանչելով:
Օտարակա՛ն, հիմակ այս Երկրին անցեալն արթընցուր
Յուշերուդ մէջ, եւ ուրիշ Ցեղի մը դարն ափսոսայ,
Խորհէ թէօր մ’ըստորոտը Տաւրոսի բնակեցաւ
Ժիր ժողովուրդ մ’որ կեանքին աստուածացումը երգեց:
Իր կարաւա՜նը անցաւ, եւ տարաւ միշտ հեղեղել
Բարի ցորեանն ամէն հիւղ` ուր ճըրագ մ’հէգ կը պլպլար.
Իր կարաւա՜նը անցաւ, եւ Տարսոնի գոհարներն
Աստղերու պէս թափեցան բամբիշներուն գոգին մէջ.
Եւ այն ճամբան լեռընդմէջ` ուրկէ Գանգէս արշաւեց
Երիտասարդ Մակեդոնն իր շաւղին վրայ կանգնելով
Բագիններ` ուր պաշտուեցաւ գեղեցիկ Միտքը Հելլէն
Աթենասի արձանին լուսակառոյց ձեւին տակ,
Այդ ջինջ ճամբան Ռուբինեան զաւակներուն շինարար
Տեսաւ սայլերը ճռընչող Արեւելքէն Արեւմուտք,
Որոնց վըրայ բեռցուցած էր Հայ վաստակն աննըւաճ
Մարմարն յուռթի լեռներուն, այգիներուն յորդ գինին.
Ո՜վ նախասնունդը երգող եւ քանդակող ազգերուն:
Անցա՜ւ հիմա բոլոր այդ գեղեցկութիւնը կեանքին.
Կըրակի Ցեղը, աւա՜ղ, ժամանակէն աւելի՛
Եղաւ քանդող, ժանտախտէն եւս աւելի կոտորիչ,
Ան կը սիրէ տերվիշի պէս միշտ նըստիլ գոհունակ
Քարի մը վրայ փլատակի եւ կըրծել ոսկրն իր շոպած:

Լըսէ՛, քաղքին պատուարին մէջէ ձայներ մեզ կու գան.
Դահիճ Ցեղն ալ կը տօնէ իր յաղթանակն արիւնռուշտ:
Կիներ, տղաներ մորթելու յաղթանակն իր վատոգի:
Հէգ ոստանին, որուն վրայ լուսինն ահա կ’արտասուէ,
Մէկ մասն է արդ գերեզման, հանդիսավայր մասը միւս
Տաճիկն ահա բըռընկցուց իր խարոյկներն հըրճուանքի,
Հեծեծագին կըմախներ հանդիսաբար կը վառին.
Շուրջը սոթտուած թեւերով խուժանն ուրախ պար կու գայ.
Արիւնազարդ քըրդուհին հինայագեղ մատներով
Կը զարնէ դափ, եւ Իսլամն, օտարակա՛ն, առջի հեղ
Այսօր գինի կը խըմէ մոխիրներուն ի պատիւ:
Կիսայրեացները անդին խաւարին մէջ կը հեծե՜ն.
Բայց վիրաւոր մ’աւասիկ կը կոթողուի մութին մէջ,
Յետոյ ծունկի վրայ ընդքարշ կը մօտենայ խուժանին,
Եւ հեգնօրէն, քըրքըջալիր արիւնտողիք կը թըքնէ
Խարոյկի մէջ տօնական:
Կ’անցնին հովերն ողբագին
Դիակներուն վըրայէն եւ վըրայէն փլատակին,
Եւ արիւնի սերմերով, մոծիրներով հըրդեհի
Կ’երթան հեռու աշխարհներ գարուն մ’ուրախ ծաղկեցնել:
Օտարակա՛ն, հովերն այդ ահա ծովուն վրայ լուսեղ
Առագաստները նաւուդ գոգացուցին փըքուռոյց,
Ա՛լ մեկնէ սա դառն Երկրէն դէպի խաղաղ ափունքներդ,
Զի տատրակները մեռա՜ն, եւ դեղձենին խամրեցա՜ւ:
Երբ նաւդ անհուն սարսափով պատռէ ջուրերն ու փախչի`
Հետապնդուած միշտ կայտռուն դըլփիններէն` որոնք մեր
Ծովախորշերն արգաւանդ եկան փընտռել դիակներ,
Երբ թիկնոցիդ մէջ ծածկած դեռ նայուածքներդ ահաբեկ
Գիրկը հասնիս ոսկիի եղբայրներուդ, - չըմոռնա՜ս
Անոնց ըսել թէ ինչպէս Կիլիկիան մորթեցին
Ազատութեան դափներուն նըւագին մէջ դաւաճան.
Գիտեմ թէ այդ եղբայրներըդ մեծագոգ նաւերով
Գալ պիտ’ ուզեն… օգնութեա՞ն… ո՛հ, ո՛չ… մահուան մնացորդին.
Պիտ’ ուզեն գալ լոկ մեր կոյս, ատոք լեռները պեղել,
Եւ մեր ծոցուոր հանքերէն կըթել մետաղն հրաշափառ,
Կըթել մետա՜ղն ու իրենց եսին կուռքերը կերտել…
Օտարակա՛ն, ա՛լ մեկնէ: Կ’իջնեմ ես ալ աւասիկ
Այս բարձունքէն, ու փաթթուած տառատոկիս մէջ տըրտում`
Նորէն կ’երթամ թափառիլ քաղաքին մէջ զոհերուն:
Մեռելներն հարկ է թաղեմ, եւ ողջակէզն օծանեմ:
Վիրաւորի մը գըլուխ որձաքարին կը հեծէ՜…
Աղբիւրին քով քոյր մը, ո՜հ, կ’ոգեվարի անտերունջ…
Պէտք է փորեմ այս գիշեր գերեզմաններ անհամար,
Եւ լուսեղէն պատանքներ հենում մինչեւ առաւօտ.
Պէտք է կերտեմ շիրիմներ, յուշարձաններ կանգնեմ,
Եւ մարմարին վրայ երգերս տապանագիր քանդակեմ: