Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՀՈՅԱՆՔ

Լերան վրայ, լուսնին տակ,
Հալածուածները նախճիրէն կու լային.
Պառաւ մ’յանկարծ անոնց մէջտեղ կանգնեցաւ,
Ու մէկ ձեռքով յենացուպին կըռթընած`
Միւսը` ջըղոտ բռունցքով ցըցեց դէպ երկինք.
Յետոյ ասա՛նկ ըսկըսաւ.
-Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ Լուսաւորչի, Ներսէսի,
Աստուած Նենգո՛ղ, Աստուած արեա՛մբ մարմնաբոյծ`
Ինչպէս Պիւթոն մ’անապատին մէջ պառկած…
Այսօր ահա կ’ընդվզիմ
Ութսունամեայ հաւատքիս մէջ ջերմեռանդ,
Եւ մայրութիւնս ու հայութիւնս` որոնց յար
Սրտիս մէջ թո՛յն ջամբեցիր,
Իբրեւ երկու խայթ խըղճի
Կայծակնահիւս կողերուդ մէջ կը մըխեմ.
Դու որ մատղաշ տարիքիս
Հարսանեկան քօղս արիւնով ներկեցիր,
Եւ թոյլ տըւիր` որ թեւերուս վրայ ջարդեն
Լուրթ քօղէքներըս բնիկ հողով թըրծըւած,
Դուր որ այս ծեր տարիքիս մէջ տակաւին
Երիկամունքըս լոկ քաղցով լեցուցիր
Եւ սըրբազան ցուպը մեկնող հասակիս
Թաթախեցիր արեան մէջ,
Դու որ Որդւոյդ Խաչն ողբալէն բըլշակնած
Իմ աչքերս այս սահմանեցիր դեռ լալու
Մորթըւած եօթը զաւակ,
Դու` զերդ Վիշապ երկնածին
Երկու թաթերդ երկու ամպի վրայ դըրած,
Ծըռէ՛ եւ տե՛ս. Ողորմութեանդ սըտութիւնն
Հոն վարը, տե՛ս. գիւղե՜ր, գիւղե՜ր եւ գիւղե՜ր
Կը հըրդեհուին, եւ բոցն իրենց կը հասնի
Արարատէն բարձըր եւ բարձը՛ր քեզմէ.
Ահաւասիկ դաշտերուն մէջ խանձոտած
Հազարաւոր խոցուածներ
Իրենց ջարդուած կողերն ընդքարշ կը տանին.
Մեր ոսկըրները կրակին մէջ ճերմըկցած
Կը պատրաստեն ալիւրն ահա նըշխարքիդ,
Եւ մեր արիւնն յորդաբուխ
Կու գայ մինչեւ քու ըսկիհներըդ լեցնել.
Ճամբաներուն վըրայէ
Կը լըսուի ճռի՛նչը թըշնամի սայլերուն`
Որոնց մէջ մեղրն ու կաթը մեր կը կըրեն,
Արիւնը մեր արեգակին, կեանքն հողին
Եւ արծաթները Սեղանիդ նըւիրուած:
Վար նայէ, հո՛ն, մեր թոնիրները բոլոր
Իրենց զըւարթ բոցին վըրայ կը փըլչին,
Եւ կը մարի ծուխն հայրենի ծըխանին,
Եւ կը լըռէ մըշակներուն երգն հանդարտ.
Ամէն հասկ իր քիստերէն վար կը կաթէ
Արիւն, ամէն աղբիւր անցած ճամբուն վրայ
Կը լըւայ վէրք մ’ու ամէն
Յովազ դիակ մը դէպ որջն իր կը քաշէ.
Իսկ կիներն հոս իրենց ծունկին վրայ կու լան
Երիտասարդ գըլուխներ.
Եւ մանուկներն ահաբեկ,
Երեխաներն անօթի
Չը գըտնելով մօր ծիծերուն մէջը կաթ`
Զերդ նըշենւոյ ծաղկած ճիւղերը կիսաբեկ`
Կը մեռնին չոր ըստինքներէ վար կախուած:
Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ Լուսաւորչի, Ներսէսի,
Ուրեմն ա՞յս էր, փոխարէնն ա՞յս էր միթէ
Մեր աղօթքին, մեղրամոմին, կընդրուկին…
Արդ ունկընդրէ՛. Բնութեան հազար փապերէն,
Սեղաններէն զոհերու
Ջինջ աստղերէն կամ սըրտերէն մանկական`
Ուր քեզ դողով կը պահեն`
Ինձ ունկնդրէ՛. Յանո՜ւն այն
Ժողովուրդին` որ քեզ սիրեց եւ առանց
Քու օգնութեանդ խաչուեցաւ,
Յանո՜ւն անոր` որ ողջակէզ ըրաւ քեզ
Ոչխարներէն ամէնէն կոյսն, ամէնէն
Լըծընկէցն իր ցուլերուն,
Եւ իր գինին խըմորած
Սափորներու մէջ պորփիւր
Քու արիւնիդ սահմանեց.
Յանուն անոր` որուն սըրտին վրայ, դարեր,
Իբր ադամանդ կըռուանի
Կայծակնացոլ ոտքըդ դըրիր, ուզեցիր
Որ կըրունկիդ տակ փըշրելով
Եղջիւրներն իր դիմամարտ`
Սըրբարանիդ մարմարներուն վրայ միայն
Յոյսին ձէթերը վառէ.
Եւ յետոյ ա՛լ իր պաշտումէն` կըշտապինդ`
Զայն, իբր Յիսուս մ’ամպերու մէջ թողլըքած,
Է՜լի լամա… ըրիր քացախն իր` թունոտ,
Կողին նիզակն` հաստաբուն,
Յանուն այդ հէգ Ժողովուրդի՛ն կ’ըսեմ ես
Սա մըթընշաղ ժամուն մէջ ո՛ւր որ ըլլաս,
Ո՛ր աստղին մէջ եւ կամ ո՛ր
Թուխ ամպին վրայ շանթ ի բռին,
Իմ կըռուփս ըզքեզ կը գըտնէ
Եւ բերանս իմ կ’հայհոյէ՜…”:
 
- Ըսաւ: - Իր շուրջը տըղաներն ահաբեկ`
Գլուխնին ծածկած թեւերուն տակ իրենց մօր
Ըսկըսան լալ, եւ կիներն ալ աղօթել.
Իսկ գազանները հեռաւոր լեռներէն`
Արարչին սուրբ Անուան համար վրէժխընդիր`
Լուսինն ի վեր երկա՜ր երկա՜ր ոռնացին…
Չը լըսեց ան, կամ չուզեց
Ոչինչ լըսել: Մօտենալով դիւահար
Լայն անդունդի մ’առլեփին,
Մըրմըրթալով, յուսահատ,
Ինքզինքը վար արձակեց…