Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՋԱՐԴԸ
(1895-1896)

Ա

Հրամա՜նը, օ՜ն: Քարոզին մէջ Պիլալի
Կը ցըցէ Ոխն ահա ցուլի եղջիւրներ.
Մըզկիթներու բակերուն մէջ ժիրաժիր,
Մահակներն ա՛լ կը յըղկըւին, կը հիւսուին
Խարազանները թունաւոր օձերով.
Եաթաղաններն հատու են.
Եւ Ալիսի ու Ճորոխի, Եփրատի
Ափունքներուն վրայ դահիճները կըկզած
Կը յեսանեն կայծքարերով կացիններն.
Հրամա՜նը, օ՛ն: Ա՛լ բաւական է մեծցաւ
Արծիւներու համբոյրով
Թորգոմ վիշապն օրոցքին մէջ Մասիսի,
Եւ բաւական է` որ իր վեհ գոռումով`
Սան-Ստեֆանի եւ Պեռլինի հողին վրայ`
Թըմրած սըրտերն համակրութեան խըթանեց,
Եւ վէրքերն իր կորիւններուն շըղթայուած
Թըւեց թըւովն աստղերուն:
Արդ կը տեսնէ՞ք ճիրաններն իր լուսաբուխ
Որոնց խըրած տեղերն հերձ
Կը ճեղքըւին արշալոյսներ, արեւներ.
Նոճիներուն մէջ Վոսփորի կը լըսէ՞ք
Սեւ մրըրկումները վիթխարի իր պոչին…
Հրամա՜նը, օ՛ն:
Օր մը սեւ.
(Այն օրն աստղերը ամբողջ թոյն կաթեցին.
Եւ բուրեցին ոսկրի հոտ
Վարդերն ամէն հովիտներու) - օր մը սեւ,
Եըլտըզ-Քեօշկի անկիւններուն մէջ սընած`
Սուլթանական գանկէ դուրս,
Որջին բերանը լըրտեսող գայլի պէս
Այդ սեւ հրամանը պոռթկա՜ց…

Բ

Լա՛ց, Հայաստա՜ն. ո՛վ թըշուառ կին, ու փետէ՛
Վարսերըդ սեւ. այդ գըլխուդ վրայ դըրժըւած
Ցանէ տաք տաք մոխիրներ:
Լա՛ց, ու պատռէ ծիծերդ ըզմեզ մեծցընող
Երակներէդ թող հոսի թոյն մ’ոխութեան
Ու Թէյմըզի, Հըռենոսի, Վոլկայի
Ակերն ամբողջ լեցընէ ժահր, սեւցընէ,
Զի հոն լուացին քեզ դատող
Պիղատոսներն իրենց ձեռքերն ու հոգին
Երբ յոյսերուդ Արշալոյսին տակ բոսոր,
Առանց խըղճի, ամօթի,
Քեզ նիւթեցին խոր Լըռութի՜ւնը մատնիչ:
Լա՛ց, - աւասի՜կ կը տեսնեմ,
Որ քու սա նեղ վայրկենիդ
Բարեկամներըդ քայլերնին կը դարձնեն.
Եւ ճակտիդ դէմ փակելով
Դեսպանական իրենց դըռները` կ’ընեն
Սեմերէն ներս, նոյն քու մահուանըդ վրայ
Ճառեր ծափով ընդունուած,
Ծըրագիրներ համակիր
Որոնք յետոյ տապանագիրըդ եղան:
Քեզ կը թողուն մինաւոր
Մինչ կ’ամպոտին հորիզոնները չորս դիդ,
Եւ լռութեան մէջ ճամբաներուն կը լըսուին
Կըճըրտումներ ակռաներու թաքթաքուր.
Հազար բուեր ճամբայ կ’ելլեն դէպի քու
Սարերըդ սեւ, եւ գուժկան
Ոգի մ’իր թուխ թեւերը շուրջ կը պարզէ,
Եւ Տաւրոսէն Մասիս, Մասսէն Չամլըճա,
Մեռելութեան մը մէջ խոր
Կոտորածի փողը տըխո՜ւր կը հընչէ…

Գ

Փակէ՛ որջերդ, Հայաստա՛ն,
Արեւուն դէմ մի՛ բանար
Դըռները լայն փապարներուդ` որոնց մէջ
Ես կը տեսնեմ դեղին աչքեր գազանի:
Ծոցըդ փակէ՛, որ խորթ զաւակ մեծցնելու
Եղաւ սովոր եւ յուռթի.
Երկու զեղուն ծիծերդ, Եփրատն ու Տիգրիս,
Թող պահ մ’իրենց մէջ խեղդեն
Բարբարոս տոհմը շէյխերու, պէյերու:
Օ՜ն, երախներըդ խըցէ՛.
Ի՜նչ, չե՞ս տեսներ` որ որդիներդ հարազատ,
Դեռ անպատրաստ եւ անզէն,
Լոկ մուրճերու, սըղոցի
Ձայնին կ’ըլլան ունկնդիր.
Տըրեխներուն վրայ իրենց
Արիւնի տեղ կալերու ցեխն է դեղին.
Ի՛նչ, չե՞ս լըսեր` որ սաղմոսի՛ մէջ միայն
Գիտեն կանչել արշալոյսներն հեռաւոր.
Արօրներուն վրայ յոգնած
Իրենց կուրծքին մազերը դեռ կը բուրեն
Խո՜ւնկ փոխանակ վառօդի:
Օ՛ն, Մա՛յր իմ, Մա՛յր, սա վայրկենիս խեղդէ՛, օ՜ն,
Մէջըդ ամէն խուժդուժ, ամէ՜ն դահճապետ…
Բայց չե՜ս ուզեր դու ինձ լըսել, եւ կամ չե՜ս
Կըրնար վրայէդ ըզգետնել
Քաղաքներուդ աւերակներն` որոնց տակ
Զըմըռսաբոյր մարմինըդ կէս կը թաղուի.
Ու կը թողուս որ ըլլայ ժա՛նտ Մահը քեզ
Բազուկներուն մէջ Ղուրանի ճետերուն.
Կը թողուս լո՛ւռ, անկարեկի՛ր,
Եւ ես ահա կը նըշմարեմ` որ անոնք
Որջերէն դուրս ազատ ճամբուն վրայ կ’ոստնուն:
Միսի գըրգռիչ ախորժակէն կանչըւած`
Կը հաւաքուին ոհմակ ոհմակ, ոռնաձայն.
Իրենց գըլխուն աստղերն ամբողջ կը դեղնին.
Եւ կակաչներն հազարաւոր բլուրներու
Սարսափահար բաժակներնին կը փակեն:
Արիւնի քաղցն ու հին փափաքն աւերման
Թեւերն անոնց կը սոթտէ,
Թեւերն անոնց կը զինէ…
Կը հալածեն Հայորդիներն անպաշտպան,
Հայորդիներն որոնք հազիւ վերցուցած
Իրենց գըլուխն աշխատանքի կարկահէն`
Ըղեղներնուն մէջ կ’ըզգան
Սոյլերը տաք գընտակին.
Կը բարձրացնեն ճիչը կեանքի ծարաւուտ.
Եւ զոհական եզներու զերդ խումբ մ’օրհնեալ`
Որոնց մինչեւ գոմը հասած է հըրդեհն,
Ուղեկորոյս, խօլագոչ,
Կըթոտ ծունկով, բիբերով դուրս կըկոցուած,
Կը փախչըտին շըփոթ, թասուն, յուսահատ.
Մահուամբ լեցուած նայուածքով,
Ծերեր, կիներ, տըղաներ,
Արձակ մազով, ձեռքերնուն մէջ սանդալնին,
Փողոցներէ փողոց, լեռնէ լեռ, մոլոր.
Կեանքի՜ն, կեանքի՜ն, քաղցըր կեանքի՜ն կը վազեն:

Դ

Հոն, կը տեսնեմ քեզ, ո՛վ վայրագ դու Ոգի.
Անզէններուն, տըկարներուն ետեւէ,
Մըրըրկելով փլատակներուն մէջ փոշին,
Ճերմակ ձիուդ վըրայ դեռ քեզ կը տեսնեմ…
Ապարօշիդ մէջ կանանչ,
Իբրեւ իժի ծըւարում.
Ալփասլանի հոգին ըզքեզ կը պսակէ.
Պարեգօտդ այդ պատանքներուն պատանքն է,
Եւ քու ձիուդ գորշ ըսթարին ծոպերէն,
Յաւէրժական բըխումով,
Արիւն մը գաղջ կը կաթի…
Եւ դու խնայել չես ուզեր
Բոլոր անոնց` որոնք թախծոտ թեւերով
Ճամբուդ վըրայ իրենց արե՜ւը կ’ուզեն:
Անձաւներէ անձաւ միայն, վերեւէդ,
Կը հընչէ բառն ագռաւներու կըռինչով.
“Յառա՜ջ, յառա՜ջ”:
Եւ քու ճորտերդ աւազակ
Կը հետեւին մահ սերմանող արշաւիդ…
Կուրծքերէ կուրծք լեարդաբորբ կը մըխան
Իրենց սուրէն արեան ակեր բանալով.
Կը թաւալեն երիտասարդ գըլուխներ`
Որոնց մազերը սեւ, մազերը խարտեաշ
Ցեխերու մէջ կը պլըշկին,
Եւ ծերերու կոկորդներէն պինդ բըռնած`
Գանկերն անոնց պատերուն դէմ կը ջարդեն.
Կը բանան մեր մայրերուն
Ծոցերը սուրբ` որոնցմէ
Կը թափին դուրս եղբայրներ դեռ անանուն,
Հայեր առանց դեռ ձեւի.
Կը տըրորեն, կը փըշրեն
Գարշապարի, բիրի, պայտի տակ կողեր,
Գանկե՜ր, գանկե՜ր, անթիւ գանկեր, լեցնելով
Սալյատակի ճեղքըւածքները բոլոր
Ողնածուծով, ըղեղով…
“Յառա՜ջ, յառա՜ջ”:
Ո՜վ բարբարոս դու Ոգի,
Անցքիդ վըրայ, ձայներն ոսկրի փըշրումին
Մինչեւ երկնի խոր անձաւներն հըրեղէն
Կը հընչըւին… Անցքիդ վրայ կը խեղդե՜ն
Երեխաներն իրենց մօր սեւ ծամերով,
Ու մեր հարսերն յարաշխատ,
Վաւաշ կըրքով մ’ընդգըճած,
Ջըրհորներու պարաններով կը սպաննեն.
Եւ կը զոհեն ո՜վ գիտէ ի՛նչ չար դեւի
Տաճարներու ցուրտ սիւներուն փաթտըւած`
Սուրբ կուսաններն հերարձակ.
Իսկ արտերուն, ա՜խ, արտերուն մէջ չըքնաղ
Ուր Հայուն կեանքն արե՛ւ կ’ըմպէ եւ արեւն
Հոգիին մէջ կը մեռնի`
Վաստակաբեկ դիակներով կը կանգնեն
Գողգոթանե՜ր, Գողգոթանե՜ր սըրբազան,
Եւ բոլորն ալ, լի գա՛նկ մ’իրենց ձեռքին մէջ`
Միահամուռ կը խըմեն
Արիւն ծերի եւ մանկան,
Արիւն կընոջ, եւ արիւնն
Արարատին վըրայ խաչուած Յիսուսին:
Ու կը կրկնեն դեռ ագռաւներն յարատեւ.
–”Յառա՜ջ, յառա՜ջ”:
Ո՜վ բարբարոս դու Ոգի,
Այս Սասունն է, Տաւրոսն է այս, Պրոպոնտոսն,
Ամենայն տեղն` ուր Հայն հունձքին մէջ կանգուն
Հակճիռըս միշտ գալուստիդ`
Կը խընամէ գուցէ գարին վաղորդեան
Ձիուդ` որուն սըմբակին տակ կը դառնայ
Կեանքն հող եւ հո՛ղը մոխիր:
Ա՛լ տըրորուած` իր վազքին տակ կը կաթեն
Վարդերն արիւն, եւ ողկոյզներն արտասուք.
Իր գոռ դափրերն անտարբեր
Ինկածներուն գանկերուն մէջ կը ճըխան.
Ա՛լ կը մաշին պայտերն ոսկրի փըշրումէն,
Եւ իր բաշին վրայ կարմիր
Անգըղներն հիռ կը դառնան…
Այլեւս ահա ամէն ինչ
Փըլատակ է, կողոպուտ է, դիակ է,
Որոնց վրայ կը փաղփի
Հըրդեհն աչքէն արիւն ու բոց հոսելով.
Հըրդեհն (իսլամ ցեղերու հի՛ն վըրիժակ)
Վարսերը շուրջ կը թօթուէ
Եւ վիշապի մըռունչներով կը վազէ
Կալերէն գիւղ եւ գիւղերէն քաղաքներ.
Երկար թեւեր բոցերու
Տուն տուներու կը շըղթայեն, կեանք` կեանքի,
Ու ամէն տեղ, մոխրին վրայ
Մեր պըղծըւած Պատիւը լոկ կը սպառնայ.
Բոցերուն մէջ զերդ շէկ Ոգի մը կանգուն
Կը մըռընչէ, եւ մըռունչով կը պոռթկայ
Դէպ արեւու համբոյրին`
Վըրէժի սերմն անդրանիկ.
Մինչ ոտքերուն ներքեւէ
Խանձումն ու հոտը մարմնի
Մեր սեմերէն, օրոցքներէն դէպի վեր,
Դէպի երկինք կը ճենճերին` որոնց դէմ
Իրենց պինչերը բացած`
Ալլահն ամպին մէջէ, Սուլթանը ցեխին
Հոտոտելով փոխն ի փոխ`
Կը ժըպտին հաշտ իրարու,
Ու Եւրոպան դէմքն իր ետեւ դարձուցած
Կոպերը թաց կը շըփէ -
Մեր ծուխէն աչքն իր բոզի
Կըսկըծելո՜ւն համար լոկ:

Է

Կեցի՛ր, կեցի՛ր, ո՜վ բարբարոս դու Ոգի,
Ելլեսպոնտի եզերքին վրայ ա՛լ կեցի՛ր.
Սա սեւ ժայռին` ուր ծովն իր բանտը կու լայ,
Թող ձիդ խըրտչած Մեռնողներուն հռընդիւնէն`
Գերմարդկային գութի մ’ահեղ սարսուռով`
Իր պինչերէն, իր բաշերէն, ագիէն
Բոլո՜ր, բոլո՜ր մեր արիւնները թօթուէ:
Կեցի՛ր ու հեղ մը հետքիդ վրայ ընկըրկէ՛.
Տե՛ս. աւասիկ ամէն ինչ
Կը գալարուի, կը ճարճատի, կը մեռնի,
Ծուխ է, մոխիր եւ աւեր:
Արեան ծովու մ’ալիքներէն կը ծըփան
Մարդու ահեղ դիակներ.
Դիակ կոյսի, դիակ աստղի եւ վարդի,
Դիակը մեր Ազգին եւ մեր Աստըծոյն…
Տե՛ս. Աճիւնի, արիւնի
Կարմրածուփ լոյծ անապատ մ’է քու առջեւ,
Որուն մէջէ ծանրաբեռնուած աւարով`
Ըսպանիչները գազան
Կը հեռանան լիզելով
Արիւնաքամ սուրերն` որ լերդ կը հոտին:

Զ

Կու գան ցիները հեռաւոր լեռներէ,
Եւ անգըղներն հոտառու
Կու գան իրենց ձագերուն կեր տանիլ մեզ,
Հայ դիակի մ’աչքին կըտուց մըխելու
Կ’հասնի Արծիւն այն հըսկայ
Նօթի Արծիւն այն որ գուցէ օր մ’ամպէն
Վեհաժողովը պիզմարքեան կը հըսկէր.
Շուներն ուրախ պոչերով
Բակերէ դուրս դիակէ դի կը յածին
Եւ ծոյլ լեզուով մը կը լիզեն արիւններն
Մերթ կասկածոտ կենալով
Կիսամեռի մ’աչքերուն
Յանկարծական բացումէն:
…Յետոյ կու գան Մայրերը ո՜ղջ մընացած
Ու ողջ հարսերն ու բոլոր
Մեր ողջ քոյրերը խելայեղ կանչերով:
Նոճիներուն մէջէն խումբն հէգ կը վազէ,
Արձակ կուրծքով ու բոպիկ
Դէպ մեռելներն յօշոտուած`
Որոնց արեան տարբեր հոտն
Ըստ սէրերու տարբերութեան կը կանչէ
Զիրենք այն մեծ Ջայլին` որուն վըրայ դեռ
Ապագաներ պիտ’ ջայլեն:
Ամէն իրենց մեռելներն հոն կը գըտնեն,
Կ’իյնան իրենց մեռելին քով ծընրադիր
Եւ լաչակներն ու կըրկնոցներն ըսպիտակ
Զարթնող սուրբի մ’պատանքին պէս ետ նետած,
Մերկ ծոցերով, աղաղակով, ողբանքով
Ծունկերն իրենց կը ծեծեն,
Կը փեթըռտեն մազերնին,
Իրենց կուրծքէն կը ժայթքի բառ մը ոխով,
-Անէ՜ծք… ու սե՛ւ շիրիմներուն մէջ իսլամ
Բոլոր ոսկրերն իրարու դէմ կը ջարդեն.
-Անէ՜ծք… ու թո՛ւրք մայրերուն մութ ծոցին մէջ
Կաթը կ’ըլլայ սընդիկ կամ խիւս եղիճի.
-Անէ՜ծք… ու վե՛րն, Եըլտըզ-Քեօշկի երդին վրայ
Բու մը հըսկայ կը դընէ բոյնն իր ըսկայ:
Լացէ՛ք, լացէ՛ք, ո՛վ հէգ Մայրեր, հէգ հարսեր,
Աստղերէ ա՛ստըղ ձեր ողբանքը ձըգած`
Այսօր մեր սեւ հողին վրայ
Սա մորթըւած Արշալոյսները լացէ՜ք…
Թող ձեր բիբերն ինկածներուն վրայ հազար
Արտասուելէն իրենց լոյսէն դատարկուին:
Վերջին լացն է. հա՛պա, խածէք ըստինքնիդ.
Յուսհատօրէն դագաղներուն վրայ ծըռած`
Թողէք մէկտեղ կափարիչի տակ գամուին
Ծայրերը ձեր մազերուն,
Եւ խոշտանգուած ձեր իգութիւնն իր յետին
Տըկարութեան մէջ փըշրի:
Օն, հառաչ մ’ալ, արցունք մըն ալ, վերջի՜նն է.
Զի աւասիկ, ահաւասիկ կը տեսնեմ
Արգանդներուն մէջ ձեր լայն`
Նոր Սաղմեր նոր Որդիներու ըստեղծիչ:
Իրենց մըռայլ ձեւին ներքեւ կը պահեն
Հըզօր ճեմքերն Առիւծներու ապագայ.
Ձեր աչքերէն իրենց աչքերը փոքրիկ
Կը բացուին պիշ աստղերու յորդ շողերուն.
Եւ մերթ թագչած խորհուրդին մէջ աղիքի
Կը թափառին, մեծնալով,
Աւերին մէջ իրենց վաղուան ժառանգին.
Իրենց շըրթունքն, ո՛վ Մայրեր, ձեր շըրթունքէն,
Կայծակներու ծարաւով,
Դէպ ամպերու երակներուն կ’երկըննան,
Կ’երկըննան դէ՛պ ի հայկական արիւնին
Գերաստուածեան հաղորդութեան` որուն մէջ
Հայրենիքի Սէրը վեհ
Կրօնքը կ’ըլլայ հազարաւոր կրօնքներու:
Ու վա՜ղը, վա՜ղն, ո՛վ հէգ Մայրեր, լըսեցէ՛ք,
Ձեր արգանդէ՛ն մի առ մի
Պիտի ելլեն անոնք հըսկայ եւ հերոս:
Մեծ պիտ’ ըլլան. մըրրիկն իրենց մազերուն
Պիտի սարսէ վերն աստղերուն մէջ Աստուած.
Պիտի հագնին արծուի մաշկեղ թըռիչներ`
Շանթերն իրենց վըրայ կրելու միշտ պատրաստ.
Գլուխնուն վրայ Ազատութեան արաղչինն
Ուլունքի տեղ պիտի հիւսուի աստղերով:
Օ՛ն, լըսեցէ՛ք, լըսեցէ՛ք, այս, ո՛վ Մայրեր,
Վաղն երբ անոնք թամբեն իրենց նըժոյգներն
Ու անոնցմով, զերդ պողպատի ջըրդեղում,
Վըրէժին մէջ մըկըրտուին.
Երբ թուրք արեան բարկ ծարաւէն մոլեգնած`
Լեռներուն վրայ մըռընչեն,
Ո՛հ, այն ատեն, այս օրուան
Մեր Մեռելները բոլոր
Միահամուռ ոստումով
Պիտի կանգնին գերեզմանին մէջ իրենց,
Ու անհամբեր հեռո՜ւն, հեռո՜ւն ակնապիշ
Պիտի սպասեն վարդահեղեղ գալուստին
Արշալոյսի մ’Արշալոյսի մը` որուն
(Հաւատացէ՛ք ինձ, Մայրեր)
Ես ոտնաձայնը կ’առնեմ…