Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՁԸ

Իսկ ապրող Հայերն ալ` այսպէս ապրեցան
Լերան կողին, նըման վէրքի մը լայնշի
Հեղեղատն այն կը տեսնա՞ք.
Ջուրէն բացուած, այսօր ջուրի ծարաւուտ
Ան ճամբայ մ’է կարմրորակ:
Տըղայ կեանքիս, օգոստոսի մ’արեւով,
Կ’ելլէի ես անկէ վեր,
Դէպի լեռն այն, դէպ իր դաշտերն ընդարձակ`
Ուրկէ ինծի դիւրին էր
Քաղել աստղեր ու անոնցմով պըսակուիլ,
Շընչել ամէ՛ն երկրի հով,
Ու հետեւիլ արծիւներուն ընթացքին
Մատղաշ հոգիս պարզելով:
Ու կ’ելլէի ես այդ կարմիր ճամբայէն…
Հոն ո՛չ սիւք կար եւ ոչ խոտ.
Թիթեռնիկներն այնտեղ ինկած դիպուածով`
Կը փախչէին հեւհեւկոտ:
Արեւն էր լոկ, իմ ուղեկիցս արե՜ւն էր`
Որ մըխած գլուխն հըրաբոց
Աւազին մէջ` կը խըմէր հողն, ու հազար
Պատիճներովն ոսկեզօծ`
Կը ճաթեցնէր ապառաժները` սնելով
Անոնց ծածկած տամկութեամբ:
Ու կ’ելլէի ես այդ կարմիր ճամբայէն
Շուքս ետ թողած, միակ ամպ:
Կեցա՛յ յանկարծ, ու արեւն հետըս կեցաւ
Խարըսխըւած գըլխուս վրայ.
Վերէն` խրամատ ժայռէ մը դուրս սըլացիկ`
Վա՛ր կու գար օձ մը հըսկայ:
Ալիք ալիք օղակներով իր ճապուկ
Դահանակի եւ լալի,
Ու շըչելով` իբրեւ եղէգ մ’հողմակոծ`
Ան կ’իջնէր, ես կ’ելլայի:
Տեսանք զիրար, կեցանք, զիրար չափեցինք…
Իր բոլոր զէնքը անի
Բերանին մէջ հաւաքեց, ես` աչքերուս,
Ես, դեռ անզէն պատանի:
Ոստում մ’ըրաւ նայուածքներուս ուղղութեամբ`
Զերդ շանթը դէպ լըսնոսկին`
Որուն վախճանն հորն է մաքո՜ւր եւ նուաճո՜ղ…
Ոստում մ’ըրաւ մոլեգին,
Եւ փաթթելով ինքզինք մատղաշ իրանիս
Իբրեւ բաղեղ` վարդենւոյն,
Կուրծքը կուրծքիս դըրաւ, ուղղեց շըրթներուս
Կոր գըլուխն իր լիաթոյն:
Ես պարուրուած ոլորտներուն մէջ իր ցուրտ
Մահուան դողով դողացի.
Մինչդեռ աչքերս իր աչքերուն խըմցուցին
Թովչանքն հոգւոյս մըտացի.
Դըրին անոնց բոցերուն մէջ դեղնորակ
Իմաստութիւնը մարդուն,
Ըղեղին լոյսն` որ քընացուց կամ սանձեց
Բընազդը նենգ կենդանւոյն:
Խայթն ամփոփեց. ու ես կեանքի, մահուան մէջ,
Կեանքի, մահուան արցունքով
Արտասուեցի: Ան բերանն իր բացած լայն
Կըզակիս տակ, անվըրդով,
Խըմեց շիթ շիթ կաթող արցունքն այտերէս,
Քամեց բիբերըս բերրի,
Եւ մարեց մէջն օգոստոսի արեւն հուր
Օձն այդ ծարաւ արտօսրի:
Յետոյ շըչաց ու նոր օղակ մ’ընելով
Շուրջը վըզիս` զայն սեղմեց.
Մինչեւ պոչն իր նո՛ր քաղցով ետեւը ճօճուն`
Կը ջախջախէր քար մը մեծ:
Քընթըռնոցներն ամփոփելով իրար մէջ`
Կոկորդըս պինդ պըրկեցին,
Ու ես վայրկեան մ’ըզգացի մէջըս փակուած
Չորս ճամբաները կեանքին:
Եւ ունչերէս ու աչքերէս բըխեցաւ
Արիւնըս դուրս սորսորուն,
Եւ ըզգացին, կարծես, շըրթունքըս դողդոջ
Սըրտիս ամբողջ ջերմութիւնն:
Իսկ ան յեցած կըզակն ուղիղ կըզակիս
Խըմե՜ց արիւնս անդեղեայ:
Մէն մի կըլլուած շիթ, որ կ’իջնէր` կը զգայի
Իր մարմնոյն մէջ, մարմնոյս վրայ:
Ինչպէս շողերը արեւուն կը սուզին
Հին ջրհորներուն մէջ ցամքած`
Ա՛յսպէս կարծես երակներս իմ քամուեցան
Որկորէն վար թըխպամած:
Կըշտացած էր. վիզէս, մէջքէս, ծունկերէս
Լուծեց օղերն յամրաբար,
Միշտ յիշատակն իր օձ-ձեւին թողելով
Շուրջն իրանիս դալկահար:
Կըշտացած էր իմ արցունքով, արիւնով…
Ա՜լ, զերդ ոճիր կենդանի,
Արփւոյն ներհակ, միշտ այդ կարմիր ճամբայէն`
Ան կ’իջնէր, ես կ’ելլա՜յի…