Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը. ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀՈՐ ԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ

/89/ Պոլսոյ եւ Մեթոնի սկզբնական ձեռնարկներէն ետք (1700–1715), եթէ 1717–1722 տարիներու շրջանը նկատենք Վենետիկեան առաջին հանգրուանը Մխիթարի գրական առաքելութեան, եւ 1723-1727 տարիներու ժամանակամիջոցը՝ երկրորդը, ինչպէս ցարդ ներկայացուցինք, այնուհետեւ կը նշմարենք որ «Դուռն քերականութեան» եւ «Քրիստոնէական–Տաղարան»ի տպագրութենէն ետք՝ երկու տարուան դադար մը կ՚առնէ այդ ժիր գործունէութիւնը, աւելի եւս կազմակերպուելու եւ հաստատուն քայլերով առաջանալու համար։

Մխիթարեան Միաբանութեան պատմութեան մէջ, 1727 տարին յատկանշական ժամանակաշրջան մըն է. վանական կեանքը կ՚առնէ բնականոն ընթացք, միաբանները եւ աշակերտները կը տեղաւորուին իրենց յատուկ ուրոյն շէնքերու մէջ, կը շատնան հաւատացեալներու ողորմութիւնները, վարդապետները՝ որոնք ամէն օր քաղաք կ՚երթային, զանազան եկեղեցիներու մէջ պատարագելու եւ ողորմութիւն առած կը դառնային վանք, այս տարիէն սկսեալ կը պատարագեն վանքին մէջ, ինքնաբաւ ըլլալով՝ մինչեւ այս թուականը՝ ամէն տարեգլխուն, հաշիւները կը փակուէին պարտքով: 1727 տարին առաջինը կ՚ըլլայ որ կ՚աւարտի առանց պարտքի, մանաւանդ թէ Միաբանութեան արկղիկին մէջ կ՚աւելնայ 250 լիրի փոքրիկ գումար մըն ալ, Վենետիկ հասնելէն ահա՛ տասներկու տարի ետք։

Ընդհանուր այս համայնապատկերին մէջ՝ Մխիթարի ստեղծած Հրատարակչական գործն ալ ունի անշուշտ իր մասը։ Տեսանք վերեւ /90/ թէ Պոլսոյ մէջ Մխիթար առաջին գիրքը կը տպագրէ Տիրացու Ղազարի դրամով, որուն եկամուտը կը յատկացնէ յաջորդ գիրքերուն տպագրութեան, ստեղծելով այսպէս եկամուտի աղբիւր մը։ Նոյն սկզբունքին հետեւելով՝ Մխիթար կը շարունակէ 1717–1727ի շրջանին։ 1715ին, չքաւորութեան պատճառով «Ալպերտ»ի տպագրութեան ծախսին միայն մեկ երրորդը կրնայ հոգալ, բայց այնուհետեւ գիրքէն եկած շահը բաւարար ըլլալով, կը տպագրէ յաջորդ գիրքերը՝ առանց մէկուն օժանդակութեան, եւ այսպէս կը բազմապատկուի ծախու գիրքերէն եկած եկամուտը մինչեւ 1727 թուականը. եւ որովհետեւ մինչեւ այդ տարին տնտեսապէս շատ նեղ կացութեան մէջ էր Միաբանութիւնը եւ կարօտ էր մեծ գումարներու՝ ապրելու եւ վանքը լինելու համար, Մխիթար Միաբանութեան կ՚անցնէ գիրքերէն եկած շահը։ Մինչեւ 1727 թուականը, 2500 տուգաթ անցած է Միաբանութեան՝ գիրքերու շահէն, ինչ որ շօշափելի գումար մըն էր. ճիշտ այդքան ծախսուած է Ս. Ղազարի Նորընծայարանի ամբողջ շէնքը կառուցանելու համար։

Բնականաբար, Մխիթար նուիրուած է հրատարակչական գործին ո՛չ լոկ եկամուտի աղբիւր ստեղծելու համար իր Միաբանութեան համար, այլ՝ նախ ազգին ծառայելու եւ անոր հոգեւոր կարիքները գոհացնելու համար, ինչպէս կը յայտարարուի տպագրուած զիրքերու խորագիրներուն վրայ։

Մխիթար, սակայն, իբր հաշուագէտ եւ իմաստուն մարդ, հսկած է իր գործին վրայ, հետեւած է անոր շարժումներուն, մանրակրկիտ կերպով բռնած է հաշիւ ստացածին ու ծախսածին, շահաբաժինը անցուցած է Միաբանութեան, իր այս գործելակերպը առանց յայտնելու միւս միաբաններուն։ Այապէս գործած է մինչեւ 1727 թուականը։ 1727ին կը կազմակերպէ գործը եւ կը շարադրէ օրինագիրք մը, 20 կանոններով, ուր կը պարզէ թէ ի՛նչպէս այնուհետեւ Միաբանութիւնը պէտք է առաջ վարէ տպագրական առաքելութիւնը։ Իր այս ծրագիրը կը ներկայացնէ միաբանական համագումարի մը ընթացքին, պարզելով անոնց թէ ի՛նչպէս տասը տարիներ Միաբանութիւնը, իր աղքատութեան հետեւանքով, օգտուած է գիրքերու եկամուտէն, ստանալով 2500 տուգաթ, ու հիմա՝ որ այլեւս Միաբանութիւնը դարձած է ինքնաբաւ, արդարութեան սկզբունքէն մղուած պէտք է դարձնէ այդ գումարը հրատարակչականին։

/91/ Այս ամէնը ցոյց կու տան թէ Մխիթար ունէր հաշուի երկու տետրակ, մին՝ Միաբանութեան, եւ միւսը՝ գիրքերու, երկուքը՝ իրարմէ անկախ, հակառակ որ դրամագլուխը եղած է հասարակաց։ Մխիթար ունի յստակ գաղափարներ, եւ անոնց համաձայն՝ ստեղծած է գործունէութեան ընդարձակ ասպարէզ, գործերու հսկայ աշխարհ մը, որու առաջին դրդապատճառն է ապահովել ազգին բարիքը, կամ լաւ եւս՝ իր իսկ բառերով՝ «լուսաւորութիւն ազգին մերոյ հայկազնոյ», եւ ապա՝ երկրորդաբար՝ ստեղծել եկամուտի աղբիւր մը Միաբանութեան համար։ Նիւթական տպարան մը չունէր, անոր համար գործունէութեան այս տեսակը կը կոչէ «Տեսական տպարան»:

Մխիթարի յղացած գաղափարին համաձայն, տեսական տպարանը տարում տարի պետք է տպէ 200 տուգաթի գիրք, որոնք պէտք են ունենալ կրթական ու հոգեւոր կնիք։ 1727ի տարեգլխուն, տասնամեայ գրավաճառութենէն՝ 2500 տուգաթ անցուցած է Միաբանութեան, շտեմարանին մէջ ունենալով 6. 000 տուգաթ արժող գիրք, Արեւելքի մէջ՝ 500 տուգաթ, 350 տուգաթ ալ հաւաքելիք՝ այլ եւ այլ կողմեր ղրկուած գիրքերէն։ 1727ով կը վերատեսնուին հաշիւները, եւ Մխիթար կորոշէ այնուհետեւ գիրքերէն եկած եկամուտը անցնել դրամատուն, մինչեւ դրամագլուխը հասնի 5000 տուգաթի։ Այդ գումարը պիտի ըլլայ անձեռնմխելի, պիտի օգտագործուի միայն անոր շահը, 200 տուգաթը, տարուէ տարի անով տպագրելու համար նոր գիրքեր։ Նորատիպ գիրքերը պիտի անցնին Միաբանութեան, այսինքն՝ գործնականին մէջ պիտի ծառայեն իբր ապրուստի միջոց։

Նախորդ տասնամեայ շրջանին՝ Մխիթար դրամատան մէջ կրցած էր ձեւացնել 2. 500 տուգաթ, ու տարուէ տարի միայն 100 տուգաթ կրնար յատկացնել գիրք տպելու։ Եթէ Միաբանութիւնը տնտեսապէս լաւ վիճակի մէջ ըլլար, 2500 տուգաթը փոխանակ Միաբանութեան անցնելու՝ դրամատան մէջ պիտի մնար, եւ որով կանուխէն պիտի կարենար իրագործել իր ծրագիրը։ 1727ին, Միաբանութիւնը հազիւ ինքնաբաւ ըլլալով՝ չէր կրնար ետ դարձնել տեսական տպարանին ունեցած պարտքը. ուստի կ՚որոշուի 1728 տարիէն սկսեալ, գիրքերէն եկած շահը չանցընել Միաբանութեան, այլ բարդել դրամատան մէջ եղածին վրայ, որպէսզի փութով ձեւանայ ըղձացուած գումարը, ու այնուհետեւ առաջ վարեն գործը։

Անցեալին մէջ, Մխիթար հետեւած էր այս սկզբունքին, տպելով տարին 200 տուգաթի գիրք, որ պետք է պտղաբերէր 800 տու/92/գաթ, որովհետեւ կը քառապատկուէր շահը՝ քան եղած ծախսը։ Այս էր ծրագիրը Մխիթարի, շուտով կ՚ուզէր հասնիլ կազմելու 5000 տուգաթի դրամագլուխը, եւ անգամ մը որ ձեւանար եւ ստանար 200 տուգաթի պտուղը, այդ դրամով տպուած գիրքերը պիտի ծախուէին այնպիսի կերպով՝ որ փոխանակ 800ի, բերէր 600 տուգաթ, որպէսզի գիրքերը աւելի դիւրագին ըլլալով՝ աւելի մատչելի ըլլային ժողովուրդին, առաւելագոյն բարիք սփռելու համար։ Փոքրադիր եւ մանր գիրքերու համար բաւական պիտի ըլլար կրկնապատկել շահը։

Այսպես, օրինակի համար, «Գիրք Մոլութեանց» եւ «Գիրք Առաքինութեանց» միասին, Վենետիկի մէջ կը ծախուէին 20 լիրի, մինչ տպագրութիւնը արժած էր 5 լիր՝ քառապատկուած էր գինը։ 5000 տուգաթի դրամագլուխը հաստատուելուն՝ պիտի եռապատկուէր գինը ու պիտի ծախուէր 15 լիրի, կամ 17ի, եթէ կազմուած ըլլար, 2 լիր յատկացնելով կազմին։ Նոյնը նաեւ փոքրադիր գիրքերուն համար. օրինակի համար, «Աղբիւր բարի»ն որ քառապատկուած գինով կը ծախուէր 36 սօլտիի, պիտի ծախուէր 20 սօլտիի։ Այս ամէնը՝ Վենետիկի համար։ Արեւելքի համար տարբեր էր հարցը, որովհետեւ հոն գիները մինչեւ 1727ը վեցապատիկ աւելի էին, մինչ նոր կարգադրութեամբ՝ պիտի քառապատկուէին. եւ այս ընթացքով շատեր պիտի օգտուէին գիրքերէն, եւ աւելի շատ ալ օրինակներ պիտի տարածուէին ազգին մէջ։

Մինչեւ 1727 թուականը, Մխիթար իր գիրքերը տպել տուած է Պորթոլիի տպարանը, եւ դաշնադրուած՝ որ փոքրադիր (Ալպերտի չափով) գիրքերու 1000 տպաքանակ ունեցող հատորի մը իւրաքանչիւր պրակին համար պիտի վճարէր 6 1 / 2 տուգաթ, 1500 օրինակի համար պիտի վճարէր 8 1 / 2 տուգաթ։ Արդ՝ տրամադրելի 200 տուգաթով կարելի էր տպել գիրք մը, 23 պրակնոց, 1500 տպաքանակով եւ մանր գիրերով։ Եղած 200 տուգաթի ծախսը եռապատկելով, 600 տուգաթի վերածելով՝ իւրաքանչիւր գիրքի կիյնար 50 սօլտի, ինչ որ ժողովուրդին թէ՛ մատչելի էր եւ թէ՛ օգտակարութիւնը շատ։ Այս պայմաններուն տակ՚ կանոնադրութեան 13րդ կանոնը թոյլ կու տալ բոլորովին զեղչեալ գինով տրամադրել գիրքերը անոնց որ տնտեսապէս համեստ վիճակ ունին, եւ կամ ամբողջապէս ձրի տալ աղքատներուն, եթէ բարոյական վստահութիւնը կար թէ առնողը պիտի չծախէր, այլ կարդալով պիտի օգտուէր։

Դրուած այս օրէնքներուն համաձայն սկսած է յաջորդաբար քալել Մխիթար, մանրամասն գրելով՝ տարուէ տարի՝ մուտքն ու ելքը, /93/ ամէն տասնամեակի ալ կատարելով համագումարը. այնպէս որ մինչեւ իր մահուան նախօրեակին հաշիւը վճիտ ու յստակ, մաքուր ցանկերով, ծախու եւ ծախուելիք գիրքերու ցուցակներով, որոնց վրայէն հետեւելով կը տեսնենք թէ իւրաքանչիւր գիրք՝ տարուէ տարի ի՛նչ թափով սպառած է, ի՛նչ ընդունելութիւն գտած է եւ ո՛րքան շահ բերած է հասարակութեան։ Չափազանց երկար պիտի ըլլար հրատարակել զանոնք մի առ մի. սակայն կը գոհանանք տալ միայն Մխիթարի թողած գրաւոր կանոնադրութիւնը՝ նկատմամբ տեսական տպարանին, քաղելով իր հաշուետետրներէն, որոնք խնամքով կը պատուին Ս. Ղազարու մէջ [1] ։

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀՈՐ ԿԱՏԱՐԱԾ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԳԻՐՔԵՐ ՈՒ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՎԱՃԱՌՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հինգերորդ մասն մատենիս, յորում գրին վասն գրեանց վաճառելեաց հանդերձ համայնիւք պարագայիւք

1. - Թէութիւն ասոցիկ գրեանց նախկին եւ նախապետական է այս զի գումարն գրեանց, որք են տեսականի տպարանին՝ ոչ նուազիցի, այլ մանաւանդ աճեսցի, առ այս նախապետական վախճան, զի լուսաւորութիւն ազգին մերոյ լինիցի. եւ առ այս երկրորդական վախճան, զի եկամուտ ինչ յայսմանէ հասարակութեան մերոյ հաստատեսցի։

2. - Քանզի Աբբայ Հայրն մեր, որ ի ձեռն բազմազանից աշխատանաց եւ հնարից կառոյց զտեսական տպարան, (զոր կոչեաց տեսական, զի ի ձեռն կազմուածոյ եւ ի ձեռն գումարից տպեցելոց գրեանց տպագրիլ կարեն հետեւաբար տպագրելի գրեանք, եթէ կառավարն կազմուածոյն հաւատարմաբար եւ ի փառս միոյն Աստուծոյ աշխատասիրել կամեսցի), զայս միայն դիտեաց, եւ առ այս վախճան աշխատեցաւ, զի լինիցի կազմուած ինչ, որով միշտ տպիլ կարիցեն այլք գրեանք ոգեշահք ի լուսաւորութիւն ազգին մերոյ, եւ հետեւաբար լինիցի եկամուտ ինչ մերոյս հասարակութեան։

3. - Եւ Աստուած աջողեաց նմա այնպէս, զի սկսեալ ի թուոյ Փրկչին 1719 մինչեւ ցեզերումն 1727 թուոյն, ի յարդեանց գրեանցն մուծեալ էր ի պէտս հարկաւոր պիտոյից հասարակու/94/թեան մերոյ 2500 տօգաթ։ Եւ ի ներկայիս տակաւին տեսական տպարանն մեր ունի զ6000 տօգաթի գիրք ի տան, որպէս ստորեւ երեւեսցի, եւ զ500 տօգաթի գիրք ունի ի յԱրեւելս, որք թերեւս մինչեւ ցարդ վաճառեցեալք են, թող զկարելիական առնելիսն որք են իբրու 350 տօգաթք։

4. - Եւ այս տպարան մեր գրեթէ ի յոչ նախակայացելոց կառուցաւ յսկզբան, զի ի փոխ առեցելով դրամով տպեցան նախապէս ոմանք գրեանք, եւ ի վաճառից նոցին զփոխն վճարելով, եւ զյաւելեալն գլուխ առնելով առաջացուցաւ տեսական տպարանն մեր։ Եւ զամենայն հաշիւ, զի զծախ սորին առնէր Արբայ Հայրն առանձնաբար եւ որոշակի յայլոց հաշուից եւ ծախից հասարակութեան մերոյ։ Եւ մասնաւորաբար ոչ ումեք յայտնէր զորպիսութեանց սորին մինչեւ ցայժմ։ Քանզի սպասէր ժամանակի յորում լինիցիւր մերձաւոր յոյս հասանելոյ վախճանի իւրում. վասն որոյ այժմ մինչ հասարակութիւն մեր զերծաւ ի լծոյ մեծի աղքատութեան եւ ի մշտակայ պարտուց, (զի հազիւ եզերիւր տարի, յորում ոչ ունիցէաք զպարտս), բացատրեաց բոլորի հասարակութեան մերում զայսմանէ, եւ եդ ի սմին մատենի, ըստ որում եւ գրեմք։

5. - Կազմուածն տեսականի տպարանի մերոյ, որպէսզի կարիցէ ըստ նախասացելոյ թէութեան միշտ կարել տպել զգրեանս տպագրելիս, գոնեա ի տարւոջ 200 տօգաթի գիրք, առ ի լուսաւորութիւն ազգին, եւ հետեւաբար կացուցանել զեկամուտ ինչ մերոյս հասարակութեան է այս, զի ի յարդեանց իւրոց ոչ հաղորդիցէ հասարակութեան մերոյ, մինչեւ գումարեսցին նմա 5000 տօգաթք, եւ զայն դնելով ի պտղաբեր տեղւոջ, 200 տօգաթ պտղովն միշտ տպագրիցէ զգրեանս տպագրելիս, եւ ի տպագրեցելոցն որքան եւ վաճառիցին բնաւքն կարգեսցին ի վայելումն հասարակութեան մերոյ, որպէս զանդաստան ինչ եկամուտ ինքեան։ Եւ այսպէս 200 տօգաթ եկամուտն լինիցի տպարանին վասն տպագրելեաց գրեանց, եւ բնաւք տպագրեցեալք գրեանքն լինիցին հասարակութեան մերոյ, զորս ազատաբար վաճառէ ի վայելումն ինքեան։

6. - Յսկզբան մինչ զձեռն ի գործ էած Աբբայ Հայրն մեր ի կառուցումն տպարանիս մինչեւ ցարդ առ ասացեալ կազմուածն եւ կարգն յառաջացուցեալ էր գոնեա ըստ կիսոյն, (զ100 տօգաթ եկամուտ կացուցանելով տպարանին), եթէ զ2500 տօգաթն նորին ոչ իցէր անցուցեալ ի պէտս ծախից հասարակութեան մերոյ, բայց անցոյց վասն մեծի հարկաւորութեան, եւ այժմ ներկայիս հասարակութիւն մեր ոչ ունի զբաւականութիւն վճարելոյ զայն, վասն որոյ այն որ ի ներկայիս կարելի է, պարտի ի գործ ածել, այսինքն յայսմ հետէ որ ինչ գայ ի ծախսից գրեանցն, եւ այնու տպին այլք գրեանք, զյաւելեալ դրան ոչ /95/ մուծանել ի ծախս Հասարակութեան, այլ գումարել ի մի վայր, զի հետեւաբար դնիցի ի պտղաւոր տեղւոջ, որպէսզի գոնեա զկնի ժամանակաց կացուցանիցի 2000 տօգաթ եկամուտն տպարանին ի յարդեանց իւրոց։

7. - Եւ եթէ ի միջոցի սակաւու ժամանակի ոչ լինիցին այնքան արդիւնք ի վաճառից գրեանցն, եւ հասարակութիւն մեր ունիցի զկարողութիւն բաւական առ ի յետս դարձուցանել զ2500 տօգաթն տպարանին, բարւոք լինի զի յետս դարձուցեալ վճարեսցէ, եւ այնու շուտով կացուցանիցի եկամուտն տպարանին առ տպագրելի գրեանս, եւ հետեւաբար կացուցանիցի եկամուտն հասարակութեան ի բնաւից վաճառեցելոց գրեանց, թէ այնց որք նախապէս տպեցեալք են, եւ թէ այնց որք հետեւաբար տպին եւ վաճառին։ Եւ այնու գումարն գրեանց աճի ի տան եւ կայ մնայ նոյն. քանզի մինչ ի տարւոջն 200 տօգաթի գիրք տպիցին, այնու ի տարւոջն 600 տօգաթի գիրք աճին ի տան, եւ եթէ 600 տօգաթի գիրք վաճառիցի ի տարւոջն, գումարն գրեանց ըստ գնոյն մնայ նոյն, եւ եթէ նուազ վաճառիցի գումարն գրեանց առի ի տան։

8. - Ի սկզբանէ սկսման տպարանիս մինչեւ ցայս վայր այնու կարգաւ գնացեալ եղեւ, գի 200 տօգաթի տպեցեալ գիրքն 800 տօգաթի գիրք աճեցուցանէր ըստ գնոյն, որ աստէն վաճառի. եւ արդէն եւս այնպէս պարտի լինիլ մինչեւ հաստատեսցի եկամուտն տպարանին. բայց յետ հաստատման եկամտի տպարանին, 200 տօգաթի տպեցեալ գիրքն 600 տօգաթի պարտի հաշուիլ, եւ ըստ այնմ դնիլ գին գրեանց թէ տպեցելոց եւ թէ տպելեաց, որպէսզի գրեանքն լինելով դիւրագինք, յօժարեսցի ամենայն ոք գնել եւ ընթեռնուլ եւ լուսաւորիլ։ Եւ գիրքն եթէ փոքրիկ իցէ բաւական է կրկնապատկելն։

9. - Զոր օրինակ, այժմ Առաքինութեանց եւ Մոլութեանցն ի միասին անկազմ վաճառի աստէն 20 լիրէ, եւ մեզ եղեալ են 5 լիրէ. եւ այսպէս քառապատկի, եւ թէպէտ վաճառի 26 կամ 27 լիրէ, սակայն նոյն վեց եօթն լիրէն վասն կազմիցն է, եւ ոչ է ի հաշուի։ Իսկ ի նմին ժամանակի, մինչ եկամուտ տպարանին հաստատիցի, պարտի միայն եռապատկիլ, այսինքն Առաքինութեանց եւ Մոլութեանց ի միասին անկազմ վաճառիլ 15 լիրէ։ Ըստ այսմ եւ այլք գրեանք։ Եւ եթէ փոքրիկ իցէ գիրքն, զոր օրինակ Աղբիւր բարին, մինչ այժմ քառապատկի, եւ 36 սօլտի վաճառի անկազմն, յայնմիկ ժամանակի միայն կրկնապատկեսցի, եւ 20 սօլտի վաճառեսցի անկազմն, եւ որ ինչ գնայ վասն կազմին այն յաւելցի ի վերայ 20 սօլտոյն, եւ այնպէս վաճառեսցի։

10. - Այսոքիկ ասացան ըստ գնոյ տեղւոյն, բայց եթէ ի յԱրեւելս տարեալ վաճառիցի, յայնժամ՝ այլ է բանն, վասնզի /96/ անդէն ոչ ըստ քառապատկին վաճառեցաւ մինչեւ ցարդ այլ ըստ վեցապատկին եւ այլ աւելի։ Վասնզի Առաքինութեանց եւ Մոլութեանցն ի միասին անկազմ կարգեալ ըստ կարգաւորման 5 ղուռուշ վաճառիւր, եւ կազմածն 6, թէպէտ 7 ղուռուշ եւս վաճառեցան ըստ մեծի մասին։ Սակայն ի նմին ժամանակի մինչ եկամուտն տպարանին հաստատեսցի, աստ ըստ եռապատկին դնելի է գինն մեծաց գրեանց, եւ ի յԱրեւելս ըստ քառապատկին, որով դիւրագինք լինիցին գրեանքն, որով ոչ միայն լուսաւորին բազումք, այլ նաեւ վաճառին հոլովք գրեանք։

11. - Դաշնադրութիւն մեր ընդ տպագրողին է այս, զի զթուղթն ինքն դնելով մինչ հազար գիրք տպէ փոքր թապաղայով, որպիսի է թապաղան Ալպերտի, 6 տօգաթ եւ կէս տամք նմա, եւ մինչ 1500 գիրք տպէ, ութ տօգաթ եւ կէս տամք նմա։ Արդ 200 տօգաթովն տպի 23 թապաղով 1500 գիրք, եւ այս մանր գրով։ Եւ մինչ եռապատկի 600 տօգաթ լինի գինն, եւ գոլով 1500, մի գիրքն 50 սօլտի լինի, վասն որոյ եւ 50 սօլտի դնի գին նորին. եւ վասն կազմին եթէ 20 սօլտի վատնիցի, լինի գինն կազմածին 70 սօլտի։ Ըստ այսմ իմանալի է եւ զայլոց։

12. - Եւ վասն կազմից եւ ծախից նորին այս կարգ պահի. զի ի յարդեանց վաճառեցելոց գրեանց միշտ պարտ է տալ կազմել զգրեանսն, եւ որ ինչ ծախ գնայ վասն կազմին ի վերայ միոյ գրքոյ, զայն ոչ է բազմապատկելի, այլ թէ 20 սօլտի գնայ, 20 սօլտի միայն յաւելուլ ի վերայ գրքոյն, եւ թէ 30 գնայ 30 յաւելուլ։ Եւ ի տան գոնեա յիւրաքանչիւրմէ տեսակէ զ100 գիրք կազմեցեալ պարտիմք պահել եւ մինչ պակասիցին իսկոյն զթիւն լցուցանել։ Եւ ի դնելն զգինն այսոքիւք կանոնաւորմամբ, եթէ չորս հինգ սօլտի յաւէտ կամ նուազ լինիցի, չէ փոյթ։ Զոր օրինակ, եթէ գրքոյ միոյ ըստ կանոնաւորման 35 սօլտի կամ 34 սօլտի գին դնել պարտի, ոչ է հարկ այնպէս դնիլ, այլ կամ 30 սօլտի եւ կամ 40, ըստ որում պատկան երեւեսցի։

13. - Ընդ ասացելովքս իմանի եւ այս թէ ջերմեռանդից աղքատաց, որք փափաքին գնել եւ ոչ ունին զկարողութիւն, կամ առաւել դիւրագին եւ կամ ձրի եւս երբեմն տրիլ պարտին, մանաւանդ մինչ ճանաչին թէ ոչ են վաճառելոց զայն, այլ ընթեռնլոց։

14. - Իսկ թիւն եւ տեսակն ներկայապէս ունեցելոց գրեանց տեսականի տպարանի մերոյ, յամ ի Տեառն 1727, եզերեցեալ են սոքին, որք հետեւին,

/97/

 

տօգաթք

Առաքինութեանց 752, որք արժեն

որոց 44-ըն կազմած են, եւ գին կազմին         

1504

20

Մոլութեանց 674, որք արժեն

որոց 44-ըն կազմած են, եւ գին կազմին

869

20

Ալպերտ 804, որք արժեն

որոց 44ըն կազմած են եւ գին կազմին

132

12

Նոր կտակարանք 753, որք արժեն

որոց 29ին կազմած` են, եւ գին կազմին

972

8

Կրթութիւն աղօթից 640, որք արժեն

որոց 39ըն կազմած են, եւ գին կազմին

200

7

Բուրաստան 460, որք արժեն

որոց 46ին կազմած են, եւ գին կազմին

149

4

Պարտէզ եւ Խոկումն 616, որք արժեն

որոց 40ըն կազմած են, եւ գին կազմ ին

155

3

Աղբիւր բարի 935, որք արժեն

որոց 45ըն կազմած են, եւ գին կազմին

300

5

Քրիստոնէական 1576, որք արժեն

որոց 58ըն կազմած են, եւ գին կազմին

508

7

Տաղարան 1122, որք արժեն

որոց 112ըն կազմած են, եւ գին կազմին

120

3

Եօթն պարգեւաց 100, որք արժեն

բնաւքն անկազմ են։

25

 

Բարոյականք 15, որք արժեն

30

Մեկնիչք 200 որք արժեն

100

Քերականիկն աշխարհաբար 640, որք արժեն

50

 

Գումար արժման տօգաթք 6093, որոց 87 տօգանքն են գինք կազմից, եւ 6000 տօգաթքն են գինք գրեանցն։

 

15. - Եւ բաց ի սոցանէ ունի եւս տեսական տպարանն մեր զ500 տօգաթի գիրք ի Կոստանդնուպօլիս, որք ըստ մասին վաճառեցեալք են, որոց դրամքն մինչ հասանիցին գրին ի ստորեւ։ Նաեւ ունի դրամս իբրու 350 տօգաթ ի վերայ ոմանց, յորոց կարելի է թէ բուսանիցի ժամանակաւ։ Քանզի Էրզրումցի երկուց անձանց վերայ, որք կոչին Գաբրիէլ եւ Յարութիւն, ունի իբրու զ185 տօգաթ։ Եւ վախճանեցելոյ Աբրահամ ի մերոյ իբրու 85, ի դոյից որոյ պարտի վճարիլ։ Եւ Մէրտինցի Տէր Մարգարին վերայ ունի իբրու 80 տօգաթ։ Վասնզի սոցունց տրեցան գիրք, զորս տարեալ վաճառեցին, բայց զդրամն ոչ հասուցին ի տէրն։ Նա եւս ունի ի վերայ Պօռթօլո տպագրողին իբր 40 տօգաթ։

/98/

16. - Ըստ վերոյ եդելոյ հաշուին

գին Առաքինութեանց, անկազմն 12 լիրէ եւ կազմովն 15։

գին Մոլութեանց, անկազմն 8, եւ կազմովն 11։

գին Ալպերտի, անկազմ 8 եւ կազմովն 10 կամ

գին կտակարանին, անկազմ եւ կազմովն 10 կամ

գին կրթութեանց, անկազմ 2 եւ կազմովն 2: 10։

գին Բուրաստանի, անկազմ 2 եւ կազմովն 2 : 20։

գին Պարտիզի ընդ Խոկման, անկազմ 1 եւ կէս, եւ կազմովն

գին Աղբիւր բարիին, անկազմ՝ 2 եւ կազմովն 2: 10։

գին Քրիստոնէականին, անկազմ 2 եւ կազմովն 2: 10։

գին Տաղարանին, անկազմ 15 սօլտի եւ կազմովն է։

գին Եօթն պարգեւաց, անկազմ 1 եւ կէս, եւ կազմովն է:

գին Բարոյականին, անկազմ 12 եւ կազմովն 16։

գին Մեկնչին, անկազմ 3 եւ կազմովն

գին Քերականին, անկազմ՝ 10 սօլտի, կազմովն է։

 

17. - Իսկ վասն թուոց վաճառելոց գրեանց եւ զորպիսութեանց նոցին համառօտապէս է այս. զի մինչեւ ցարդ վաճառեցեալք են սոքին։

 

Առաքինութեանց

374

Մոլութեանց

440

Ալպերտ

696

Նոր կտակարան

500

Կրթութեանց

640

Բուրաստան

540

Պարտէզ Խոկմամբ

1351

Աղբիւր բարի

565

Քրիստոնէական

424

Տաղարան

378

 

 

տօգաթ

18. - Եւ այսոքիկ ըստ գնոյն որ աստէն վաճառին հանեն.

4000

Բայց սակայն մեծագունեղ վասն սոցին վաճառեցաւ ի Արեւելս աւելի գնով, իբրու մինն մի եւ կէս, եւ Առաքինութեանց Մոլութեանցն ալ աւելի, եւ ի սոցանէ յաւելաւ առ գինն բնաւից իբրու

2300

Եւ բաց յայնցանէ ի Հին գրեանց մերոց որք էին Թօմա Գեմբեցի, եւ Մեկնիչ եւ Մտածական, զորս վաճառեցաք. նաեւ ի գրեանց ոմանց, զորս ի տպագրողէն գնեալ ընդ գրեանց մերոց յղեալ աստ եւ անդ վաճառեցաք, եղեն արդիւնք տպարանին իբրու

500

/99/ Եւ բաց ի սոցանէ առ բարին, առ ի օգնութիւն տպարանին եղեւ 300 տօգաթ ողորմութիւն ի Յօհաննու Եպս. էն, եւ 150 ի Պարոն Մէլիքէն, եւ սոքին ի միասին եդեալք առնեն

450

սոցունց բնաւից գումարն է

7250

 

Ահա զայսքան գումար տօգաթի ունի տպարանն եկեալ ի ձեռն իւր, բայց թէ ուր ծախեալ է զայնս, ցուցանի ի հետեւեցելում տան։

 

19. - Այնք զորս վատնեաց Աբբայ Հայրն մեր առ տպագրումն գրեանց ի Վէնէտիկ, ի դրամոց եկելոց ի վաճառից, ընդ ամէնն ի միջոցի այնքանեաց ամաց, են

Այնք զորս ծախեաց Արքայ Հայրն մեր ի վաճառից գրեանց ի Հարկաւոր պէտս մերոյ Հասարակութեան, են

Այնք որք անցին ի ձեռս Պարոն Սարգսին, ի վարձ աշխատանաց նորին, զի իբրու 5 ամ ձեռամբ նորին վաճառեցան գրեանքն, ընդ ամէնն եղեն իբրու

 

2400

 

 

 

2500

 

1000

 

 

Գումարն

5900

 

20. - Արդ ի ձեռն տպարանին եկեալն էր 7250 տօգաթք, եւ ելեալն ի ձեռաց միայն 5900։ Ուստի պարտի ցուցանիլ աստէն, թէ ուր իցէ մնացեալ 1350 տօգաթն, որով հաւասարիցի կշիռն։

Այնք գրեանք որք տպեցան ի վաճառիլ եւ կորեան, եւ կամ արեցան ձրիապէս աստ եւ անդ, արժէին

Այնք որք տրեցան ի վաճառիլ, եւ ըստ ամենայնի ոչ կորեան, այլ գոյ յոյս, թէ վաճառօղքն վճարիցեն, զորոց ի վեր անդ յիշեցաւ, արժէին

Իսկ այնք գրեանք, որք ի Կոստանդնուպօլիս են եւ վաճառեցեալք ըստ մասին, եւ նոցունց դրամոցն հաստատուն յոյս գոյ հասանելոյ առ մեզ, արժեն

 

 

 

 

500

 

350

 

 

500

 

 

1350

 

Եւ ահա այսպէս մինչ գումարին՝ բնաւքն առնեն տօգանք 7250։

Եւ այս բաւ լիցի առ համառօտութիւն անցելոց հաշուից մերոյս տպարանի, եւ յայսմ՝ հետէ որ ինչ մտանէ ի ձեռն տպարանին եւ որ ինչ ելանէ, ի մասնաւոր տետրակի գրիլ պարտի ի բոլոր ընթացն տարւոյ, եւ մինչ եզերիցի տարին, համառօտութիւն նորին գրիլ պարտի աստէն ստորեւ սմին, յարմարութեամբ եւ ըստ կարգի եւ մեծաւ զգուշութեամբ, զի մի շփոթեսցին հաշիւք, եւ կամ դրամք տպարանին ընդ հաշուից եւ կամ դրամոց մերոյ հասարակութեան։



[1]     Դիւան Մխիթար Աբբահօր։