Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՄԽԻԹԱՐ՝ ՍՐԲԱԳՐԻՉ ԵՂԲԱՐՑ ՔԱՐՈԶՉԱՑ ՊԱՏԱՐԱԳԱՄԱՏՈՅՑԻՆ

/36/ 1723ին Մխիթար Հռոմէն կընդունի յանձնարարական նամակ մը, գրուած Օգոստոս 23ին, իտալերէն լեզուով, «P. Emmanuele Vartan Armeno di Nakicivan» ստորագրութեամբ, որը պարունակութենէն հասու կ՚ըլլանք թէ Հռոմ ի մէջ արդէն իսկ հայերէնի թարգմանուած է լատին պատարագամատոյցը, Նախիջեւանի ջահկեցի հայ կրօնաւորներուն համար։ Սակայն, U. Աթոռը տպագրելու հրաման տալէ առաջ կ՚ուզէ որ սրբագրութեան ենթարկուի Խաչատուր Վրդ. ի եւ Մխիթար Աբբայի ձեռքով։ Հ. Տոմենիքոյ, թարգմանուած Պատարագամատոյցի ձեռագիրը առած, կ՚ուղղուի Վենետիկ, հետը բերելով երկու յանձնարարական, մին՝ Ս. Աթոռին կողմ է, եւ երկրորդը՝ ձեռագիրը բերողին Մեծաւորէն՝ Հ. Էմմանուէլ Վարդանի կողմ է։ Երկու նամակներուն մէջ ալ կը խնդրուի Մխիթարի աջակցութիւնը։ Նոյն դիմումը կատարուած պէտք է ըլլայ նաեւ Խաչատուր Վրդ. ի։

1723–1724 տարիներուն, Մխիթար բաւականաչափ ծանրաբեռնուած էր. արեւելքէն կը հասնէին նոր պատանիներ, միաբաններու թիւը աճելով, կը զգացուէր պահանջը՝ ընդարձակելու բնակարաններու բաժինը։ Մխիթար աչքէ անցընելով առաջարկուած գործը, շատ անկատար կը գտնէ, կարօտ՝ արմատական փոփոխութեան։ Կացութիւնը կը տեղեկացնէ Ս. Աթոռին՝ 18 Սեպտ. 1723 թուակիր նամակով. կը գրէ Հ. Էմմանուէլի եւս, տալով աւելի մանրամասնութիւններ՝ գործին սրբագրութեան մասին. «զգիր վերապատուութեան /37/ քոյոյ ընկալայ անցելում շաբաթոջ, եւ ծանեայ անդուստ զոր խնդրեալ էիր ի մէնջ, այսինքն՝ սրտի մտօք աշխատիլ առ սրբագրութիւն եւ առ կարգաւորումն Պատարագամատուցին Ձերոյ, զոր յայսմիկ շաբաթոջ պատրի Տօմինիկոն հասեալ աստ մատոյց ինձ եւ Տեառն Խաչատուրոյ վարդապետի վերապատուեցելոյ, հանդերձ գրով Սրբոյ Ժողովոյն. եւ մեք տեսեալ զայն զՊատարագամատոյց, ծանեաք զի բազում ինչ պակասին ի նմա, եւ բազմազան աշխատութեանց կարօտի, մինչեւ ըստ ամենայնի հաւասարեսցի լաթին Պատարագամատուցին Տօմինիքացւոց, որոյ ըստ ամենայնի նման լինիլ բաղձայ պատրի Տօմինիկօն Եւ զի վերստին նորապէս գրիլ հարկաւորի, զոր յօժարութեամբ կամ ի գրել պատրի Տօմինիկօն, եւ մեք հանդերձ Խաչատուր վարդապետին նախապէս եւ հետեւաբար հայիլ եւ սրբագրել։ Արդ, որ ինչ է ի մերս կողմանէ, եւ որքան կարեմք՝ աշխատիմք ոգւով չափ, զի ըստ ամենայնի բարեկարգեցեալ լիցի ի փառս Տեառն եւ ի օգուտ ձերում նահանգին։ Եւ որպէս ինձ թուի, ժամանակ ինչ յամ է գործն, քանզի մինչեւ վերստին գրեսցէ զամենայն, պիտոյ է ժամանակ։ Եւ եղբայրութիւն քո լիցի ապահով, զի զոր խնդրեալ ես եւ ըստ որում բաղձաս, ըստ ամենայնի պատրաստ եմք սիրով հոգալ եւ առնել, եւ յուսամք ի Տէր զի հասուսցէ ի կատարն, նաեւ յաջողեսցէ զտպագրումն ըստ բաղձանաց եղբայրութեան քում» [1] ։

Թէ ի՛նչ կերպով կատարուած է սրբագրութիւնը եւ ինչ են լի– Հատակուած «բազում ինչ պակասին ի նմա, եւ բազմազան աշխատութեանց կարօտի», դժուար է պատասխան մը տալ, որովհետեւ չունինք մեր տրամադրութեան տակ, ո՛չ սրբագրուած օրինակը, եւ ոչ ալ որեւէ հետք պատուած է Ս. Ղազարի դիւանին մէջ։

Սրբագրութեան ծանր գործը կը տեւէ ամբողջ տարի մը. նոյնը կ՚օրինակուի մաքուր կերպով՝ տպագրութեան յանձնելու համար։ Ձեռագիրը կը ղրկուի Հռոմ, որու կ՚ընկերանայ 30 Սեպտ. 1724 թուակիր նամակ մը, շարադրուած լատիներէն լեզուով, ստորագրուած Մխիթար Աբբայի եւ Խաչատուր վարդապետէ, որոնք կը տեղեկացնեն Ս. Աթոռին՝ թէ մեծագոյն ուշադրութեամբ եւ խնամքով կատարած են աշխատանքը, օրինական մաքուր կերպով, եւ թէ պատրաստ է տպագրութեան համար։

/38/ 1728ին Փրոփականտայի մէջ լոյս կը տեսնէ այդ հատորը, Միսալ, որ է Պատարագամատոյց սրբազանի կարգին եղբարց քարոզչաց վերնագրին ներքեւ, որու սկիզբը հրատարակուած են Խաչատուր Վրդ. ի եւ Մխիթարի կողմ է կատարուած յայտարարութիւնները, առանձին առանձին, հայերէն եւ լատիներէն լեզուներով։ Հայերէն օրինակը հետեւեալն է։ «Մեք ստորագրեալքս, զայս կարգին Քարոզչաց Միսալս ի լատինէ առ Հայկական բարբառ անդրած եցեալն ի հրամանէ Սրբոյ Ժողովոյն դէ Փրօփականդայ Ֆիդէ, վերաճանաչելի մեզ յանձնեցեալն, վերաճանաչեցաք եւ վերատեսաք, եւ գտաք բարեպէս եւ մեծագունեղիւ հաւատարմությամբ թարգմանեցեալ։ Առ հաստատութիւն ասացելոց յատկականօք ձեռօք ստորագրեցաք։ Ի Վէնէտիկ, Լ աւուրն Սեպտեմբերի ՌՉԻԴ: Պետրոս Մխիթար Աբբա Աբեղայից Հայոց, ի կարգէն սրբոյն Անտոնի Աբբայի»։



[1]     ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Վենետիկէն, 11 Սեպտ. 1723ին, առ Տէր Մանուէլ Վարդան, Հռոմ։